
Վերոնշեալ տողերը կարդալը կրնայ շուարումի մատնել ընթերցողը՝ ինչպէս ինծի պատահեցաւ։
Դիմատետրի (Facebook) վրայ հանդիպեցայ այս գրառումին, զոր բաժնեկցած էր Միջին Արեւելք ապրող երիտասարդ սփիւռքահայուհի մը։ Զայն կարդալու ընթացքին ինքզինքս գտայ խառն զգացումներու միջեւ՝ անվճռական, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հակազդել կամ ի՛նչ իմաստ տալ անոր ետին թաքնուած պատգամին։
Չկրցայ անուն մը տալ այս պարբերութեան: Միտքը կայ, զգացումները եւ արտայայտութիւնները յստակ են, զաւակին մաղթանքները, գուրգուրանքն ու աղօթքը ուղղուած իր սիրելի մօրը`մայրերու օրուան առթիւ, հասկնալի է եւ ընդունելի:
Հարցումը հետեւեալն է: Վստա՞հ այս պարբերութիւնը գրուած է հայերէնով: Այո՝ լեզուն ներկայ է, բայց հայերէնի ո՞ր ճիւղին կը պատկանի, գրաբար, արեւմտահայերէն թէ արեւելահայերէնի: Ոճը՝ անհասկնալի, բառերը՝ գործածութեան անյարմար, շարահիւսութիւնը՝ աղաւաղուած, ուղղագրութիւնը՝ խառնիճաղանճ-խեղճուկ:
Բառերը կարծես կը հակասեն զիրար։ Օրինակ՝ «Հայր Աստուած»-ին անմիջապէս կը յաջորդէ «աստուազ» բառը։ Շփոթի եւ աններդաշնակութեան այս զգացումը առկայ է գրեթէ իւրաքանչիւր տողի մէջ։
Սիրելինե՛ր, ես ալ հայագէտ չեմ, բայց նախանձախնդիր եմ հայերէնի պահպանման ու հարազատութեան: Այս տողերը կարդալը ինծի միաժամանակ անհանգստութիւն եւ ինչ-որ տեղ յանցանքի զգացում կը պատճառէ: Իրապէս, տարրական գրութեան մէջ իսկ կարելի է աւելի մեծ խնամք ու պարզութիւն ակնկալել: Երանի՜ քիչ մը աւելի պատասխանատու գտնուէինք՝ մեր միտքերը պարզօրէն շարադրելու եւ պարբերութիւնները աւելի մեծ զգուշութեամբ ու ճշգրտութեամբ կազմակերպելու համար:
Այս օրերուն ամէն ինչ յառաջդիմած եւ դիւրացած է։ Եթէ անցեալին բառարան գտնելը դժուար էր, այսօր իւրաքանչիւր անձ իր ձեռքին մէջ ունի հեռախօս մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ պրպտելու եւ ուսումնասիրելու։ Բազմաթիւ բառարաններ արդէն ներառուած են այս յաւելուածներուն մէջ։ Մեր տրամադրութեան տակ ունինք Google-ը, ChatGPT-ն, նորագոյն նուաճումը՝ արուեստական իմացականութիւնը (AI), ինչպէս նաեւ զանազան նմանօրինակ գործիքներ. բաւարար է միայն քիչ մը ժամանակ յատկացնել փնտռտուքին։
Սիրելինե՛ր, մեր լեզուն յատուկ է․ անիկա առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ հնդեւրոպական լեզուաընտանիքին մէջ: Մենք՝ հայերս, կը կրենք զայն պահպանելու պատասխանատւութիւնը: Մեզմէ ակնկալուածը ուշադիր ըլլալն է, ժամանակ տրամադրելը եւ զայն ուսումնասիրելն ու պրպտելը: Եկէ՛ք ոչ մէկ ճիգ խնայենք մեր լեզուն կարելի եղածին չափ ճշգրիտ գործածելու, ինչպէս նաեւ՝ աւելիով սորվելու եւ զարգացնելու զայն:
Դիմատետրը (Facebook) միլիոնաւոր մարդիկ կը թերթատեն։ Մենք հայ ենք. եկէ՛ք արժեւորենք եւ պահպանենք մեր լեզուն։ Զայն չաղճատենք ու չխեղաթիւրենք, այլ՝ զտելով օտար բառապաշարէն, աւելի գեղեցկացնենք եւ անոր տանք նոր շունչ, նոր ոգի, նոր ոճ ու նոր բուրմունք։
Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան



