Քաղաքական ինքնութիւն. Քաղաքականութեան եւ հայրենասիրութեան միաձուլումը եւ կուսակցականութիւնը

May 17, 2023

Ի տարբերութիւն կրօնական կամ լեզուական գործօններուն, քաղաքական գործօնը բնորոշ է աւելի փոքր խումբերու եւ աւելի շատ կ՛արտայայտէ խմբային նախատրամադրուածութիւններ, քան թէ համաժողովրդական նպատակ մը: Քաղաքական ինքնութիւն ըսելով կարելի է հասկնալ տուեալ հասարակութեան կողմէ ընդունուած (կամ անոր պարտադրուող) ընկերային պահուածքի քաղաքական չափորոշիչները եւ քաղաքական հոգեբանութիւնը:

Ժամանակակից աշխարհին մասին խօսելու ատեն, մենք կը նկատենք, որ քաղաքական չափորոշիչը այնքան ուժեղ ազդեցութիւն ունի, որ շատ ժողովուրդներու մասին խօսելու ատեն մէկ անգամէն կ՛ընդգծուի անոնց ոչ միայն կրօնական ու տնտեսական, այլեւ քաղաքական բնորոշումը: Այսօր շատ դժուար է պատկերացնել հանրապետական Բրիտանիա, կայսերական Ֆրանսա, ժողովրդավարական Ռուսաստան, ամերիկեան թագաւորութիւն կամ գերմանական կրօնական թագաւորութիւն: Այդ ազգերուն եւ պետութիւններուն համար քաղաքական չափորոշիչը դարձած է ինքնութիւնը ընդգծող կարեւոր երեւոյթ մը եւ նոյնիսկ նպաստած է այդ ինքնութեան կայացման:

Հայոց համար  քաղաքական ինքնութեան արդի շրջանի սկիզբը կարելի է համարել 1880-ականները, երբ սկսան ստեղծուիլ հայկական առաջին քաղաքական կուսակցութիւնները, որոնք որդեգրեցին արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող տնտեսական, քաղաքական, կրօնական ուղղութիւններ` ըստ այդմ հասարակութեան ընկերային պահուածքին մէջ դառնալով քաղաքական չափորոշիչներ: Այդ չափորոշիչները պահ մը այնքան զօրացան, որ նոյնիսկ մտան ազգային դաշտ` հարց յառաջացնելով, թէ առկայ քաղաքական չափորոշիչներէն որոնք են առաւել մօտիկ ազգային ինքնութեան ու անոր պահպանման: Սկսաւ յառաջանալ քաղաքական հայու կերպարը, որ աւելի ուշ վերափոխուեցաւ կուսակցականի: Այդ քաղաքական եւ ապա կուսակցական չափորոշիչները սկսան ընկալուիլ որպէս ազգային բնաւորութեան պահպանման ամենակարեւոր գործօններէն:

Պէտք է նշել, որ քաղաքական չափորոշիչները (կուսակցութիւններ, կուսակցական ծրագիրներ) իրենց հետ բերին նորութիւններ, որոնք բնորոշ չէին հայ հասարակութեան եւ անոնց հապճեպ, չմշակուած ներդրումը ուղեկցուեցաւ համակարգային սխալներով, որով նախնական գաղափարը էականօրէն փոխուեցաւ ու վերածուեցաւ տեսական իտէալի եւ գործնական հնարաւորութիւններու միջին համեմատականին: Հայ քաղաքական ինքնութիւնը սկսաւ զարգանալ ոչ թէ ըստ իրեն անհրաժեշտ կարիքներու, այլ չափանիշ ընկալուող եւրոպական ուղղութիւններու հիման վրայ: Ուղղութիւններն ու գաղափարները լաւ էին, բայց հայկական չէին, բնորոշ չէին հայկական միջավայրին: Անոնք եւրոպական միջավայրին ծնունդ էին, կը հանդիսանային եւրոպական հասարակութեան ձեռքբերումներ:

Ընկերվարութիւնը, ազատականութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, ֆաշիզմը, նացիզմը, համայնավարութիւնը Եւրոպայի պարագային ոչ թէ դուրսէն բերուած նորութիւններ էին, այլ գործնական փորձով ձեռք բերուած արդիւնքներ: Եւրոպական հասարակութիւնը իր կայացման ճամբուն վրայ ինքը մշակեց, կայացուց եւ ապա փորձարկեց վերը թուարկուած քաղաքական չափորոշիչները: Անոնցմէ ոմանք արդարացուցին ակնկալութիւնները (ազատականութիւն, ժողովրդավարութիւն, ընկերվարութիւն), որոշները` ոչ (ֆաշիզմ, համայնավարութիւն): Այդ իսկ պատճառով ալ եւրոպական ժողովրդավարութիւնը հիմնուած է սեփական փորձի ու անհրաժեշտութեան գիտակցման վրայ: Ի տարբերութիւն անոնց, հայկական քաղաքական ինքնութիւնը զարգացաւ ոչ թէ ստեղծելով սեփական քաղաքական գիտակցումը, այլ արձագանգելով համաշխարհային իրադարձութիւններուն: Հայաստան բերուած ընկերվարութիւնը, ժողովրդավարութիւնը կամ ազատականութիւնը (1880- 1900-ականներուն) չունէին որեւէ տնտեսական հիմնաւորում, ազգային հոգեբանական-փիլիսոփայական հիմք: Այլ էր նաեւ տուեալ օրուան քաղաքական առօրեան: Բացի ատկէ, հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ստեղծուած էին հիմնականին մէջ ազգային-ազատագրական դրդապատճառներով եւ չունէին տնտեսական ու ընկերային պահուածքի սեփական սկզբունքները. անոնք վերցուցած էին եւրոպական չափանիշները: Այդ իսկ պատճառով ալ հայկական քաղաքական խումբերը, չկրնալով մշակել ընկերային չափորոշիչներ, հիմնականին մէջ կեդրոնացան ազգային-ազատագրական պայքարին վրայ` ձախողցնելով քաղաքական հայու ձեւաւորման գործընթացը: Հայու մտածելակերպին մէջ քաղաքականութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը միաձուլուեցան իրարու հետ` դանդաղցնելով եւ փճացնելով երկու գործընթացներն ալ: Պատահական չէ, որ մինչեւ 1920 թուական հայ քաղաքական դաշտը խիստ խայտաբղէտ միջավայր մըն էր, ուր ոչ թէ քաղաքական չափորոշիչներու քաղաքական-գաղափարական պայքար կար, այլ խմբային կռիւ մէկը միւսին դէմ:

Ասոր հետեւանքը եղաւ այն, որ յստակօրէն ձեւաւորուեցաւ կուսակցականութիւնը որպէս քաղաքական հոսանքի ներկայացուցչականութիւն եւ կուսակցական հայը իր ինքնութեան առաջնահերթ ցուցիչը համարեց ոչ թէ հասարակական չափորոշիչները, այլ իր խմբային ընկերային ձգտումները: Այդ ձգտումները մատուցելով որպէս ազգային ինքնութեան կարեւոր մաս մը` հայ հասարակութիւնը յառաջացուց հայու նոր` կուսակցական չափորոշիչներով առաջնորդուող տեսակ մը, որ, ի տարբերութիւն Եւրոպայի, ոչ թէ առաջնորդուեցաւ ընկերային պահուածքի քաղաքական հոգեբանութեամբ, այլ իր խմբային-կուսակցական ձգտումներով եւ սկզբունքներով:

Հայ քաղաքական ինքնութեան յաջորդ փուլը խորհրդային ժամանակաշրջանն էր, երբ մանր կուսակցական պայքարին փոխարինեց համայնավար կուսակցութեան բռնատիրութիւնը: Փորձ կը կատարուէր ստեղծելու նոր` «խորհրդային» մտածողութեան մարդը, փորձ կը կատարուէր անոր տալու նոր ինքնութիւն մը, որ հիմնուած ըլլար համայնավար գաղափարախօսութեան վրայ. այդ «նոր» մարդուն լեզուն ռուսերէնն էր, ան աթէիստ էր, անոր տնտեսական գործունէութիւնը անվճար պէտք է ըլլար (30-ականներուն նման փորձ մը եղաւ), իսկ հայրենիքը` ողջ աշխարհը:

Մօտ 70 տարի զրկուած ըլլալով սեփական քաղաքական համակարգը զարգացնելու հնարաւորութենէն, Խորհրդային Հայաստանի մէջ հայ քաղաքական ինքնութիւնը վերջնականապէս այլասերեցաւ` դառնալով պիւրոքրադական-դիւանակալական համակարգին հետ միաւորուած երեւոյթ մը, որուն ընթացքին կորսուեցան նախախորհրդային ժամանակներուն քիչ թէ շատ կայացած գաղափարական սկզբունքները: 1991-ին անկախացած Հայաստանի մէջ քաղաքականութիւնը վարուեցաւ ոչ թէ գաղափարական ելակէտով, այլ խմբային-կուսակցականութեան մօտեցումով եւ հասարակութիւնը դուրս մղուեցաւ քաղաքականութենէն` կորսնցնելով իր քաղաքական ինքնութեան կայացման հնարաւորութիւնը: Հայաստանի մէջ քաղաքական չափորոշիչները սկսան գործել աւանդոյթի ուժի եւ եւրոպական մարմիններու եւ հեղինակութեան պարտադրանքի հիման վրայ: Եւ եթէ լեզուի կամ կրօնքի պարագային ինքնութեան գործօնները կատարած էին միացման ու համախմբման դեր, ապա քաղաքական չափորոշիչները հայերու պարագային ունեցան այլ դերակատարում՝ չապրելով իրենց բնական բնաշրջումը:

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x