Կրօնական ինքնութիւնը՝ հայ ազգային ինքնութեան կարեւոր գործօն

May 2, 2023

Ազգային ինքնութեան յաջորդ կարեւոր գործօնը անոր կրօնական բաժինն է: Ընդհանրապէս կրօնական ինքնութեան մասին խօսած ատեն պէտք է է կրօնքի պատմութիւնը բաժնել երեք փուլի, որպէսզի հասկնալի ըլլայ, թէ այդ փուլերէն որ մէկը առաւել կամ նուազ չափով նպաստած է ինքնութեան կայացման կամ փոփոխութեան:

Առաջին փուլը փանթէիզմի կամ բնապաշտական ժամանակաշրջանն է, երբ մարդը տակաւին գաղափարապէս բաւականաչափ զարգացած չէր եւ կը հաւատար անոր, որ կը տեսնէր բնութեան մէջ` կայծակ, անձրեւ, արեւ եւ այլն: Այդ շրջանին տակաւին չկար նաեւ ազգ եւ ինքնութիւն, որովհետեւ մարդը դերակատար չէր. ան միայն կ՛ենթարկուէր:

Տնտեսութեան, արհեստագիտութեան, արհեստներու եւ ընդհանուր ընկերային զարգացման զուգահեռ զարգացաւ նաեւ կրօնքը: Գոյացաւ բոլորիս յայտնի հեթանոսական շրջանը, երբ ամէն ազգ ունէր հէնց իր աստուածները, իր սեփականը: Ու հէնց այդ փուլէն սկսեալ հայուն հայութիւնը լեզուին հետ մէկտեղ սկսաւ ամրանալ նաեւ կրօնական շաղախով: Եթէ առաջ կայծակը բոլորինն էր, ապա հիմա արդէն կայծակը Վահագնն էր. եթէ առաջ բնութիւնը բոլորինն էր, ապա հիմա անոր հովանաւորը մայր աստուածուհի Անահիտն էր: Հեթանոսական աստուածները հայերը առանձնացուցին այլ ազգերէն, անոր ինքնութեան տուին ոչ միայն կիրառական պիտանելիութիւն, այլեւ սրբազան հիմք: Հեթանոսական առասպելներուն մէջ աշխարհի կեդրոնը դարձաւ Հայաստանը, աշխարհին տէրերը` հայերը, իսկ հովանաւորները` հայ աստուածները: Ունենալով հայ աստուած, հայ ժողովուրդը ինքզինք զատեց, առանձնացուց այլ ազգերէն` ատորմով իսկ հայկականութիւնը բարձրացնելով նոր մակարդակի: Ընդ որում հայ աստուածները ոչ թէ կրկնօրինակն էին միւս ժողովուրդներու նոյն գործառոյթը ունեցող գերբնական ուժերուն, այլ հայու բնաւորութեան գիծերը կրողն էին: Հրաշալի օրինակ է Վանատուր-Նաւասարդը` հիւրասիրութեան աստուածը: Իսկ հիւրասիրութիւնը հայուն բնորոշող ամենավառ գիծերէն մէկը եղած է մշտապէս: Եթէ օրինակ ճանապարհորդութիւն սիրող յոյներուն մէջ գերագոյն աստուած Զեւսը նաեւ ճամբորդներու հովանաւորն էր, ապա հայերը ունէին հէնց հիւրասիրութեան աստուած: Այս ցոյց կու տայ, որ հայկական ինքնութիւնն այնքան կայացած ու ամրացած էր, որ նոյնիսկ առասպելական մակարդակի վրայ  կ՛արտայայտուէր:

Յաջորդ փուլը միաստուածութեան փուլն էր, որ հայոց մէջ արտայայտուեցաւ քրիստոնէութեան ընդունումով: Քրիստոնէութիւնը որպէս գաղափարախօսութիւն միաւորեց բոլոր աստուածները, եւ այս միաբեւեռութիւնը նպաստեց, որ ժողովուրդը ընթանայ մէկ միասնական ուղղութեամբ: Հարկ է նշել նաեւ, որ անկախ անորմէ, թէ ինչ ձեւաչափով քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց Հայաստան, հայերը այսպէս, թէ այնպէս կա՛մ քրիստոնեայ պիտի դառնային, կամ` մահմետական: Կրօնքի զարգացումը միայն սրբազան իմաստ չունի, այլ կապուած է նաեւ քաղաքական հոլովոյթներու եւ տնտեսական-մշակութային զարգացման հետ: Իսկ քաղաքական առումով, երկու գերտէրութիւններու միջեւ յայտնուած Հայաստանը չէր կրնար խուսափիլ պարսկական կամ հռոմէական ազդեցութենէն, որոնք ի վերջոյ անցան միաստուածութեան (պարսիկներու տկարացման բերումով, զանոնք պիտի փոխարինէին արաբները կամ աւելի ուշ շրջանի արշաւողները):

Քրիստոնէութիւնը դարձաւ ոչ միայն հայկական ինքնութեան ցուցիչներէն, այլեւ հարստացուց ու լրացուց զայն` հայկական ինքնութիւնը միւսներէն առաւել տարբեր դարձնելով: Աւելին, քրիստոնէութիւնը ինչ-որ պահու դարձաւ հայոց ինքնութեան ամենացայտուն գործօնը: Այդ երեւաց յատկապէս միջնադարուն, երբ ամէն կողմէ Հայաստան արշաւող ցեղերը գրեթէ բոլորը մահմետական էին (բացառութիւն կը կազմէին մոնկոլական ցեղերը, որոնք արշաւանքներու սկիզբին հեթանոս էին եւ կրօնական հարցերուն շատ քիչ ուշադրութիւն կը դարձնէին): Քրիստոնէութիւնը դարձաւ ոչ միայն ինքնութեան պահպանման կարեւոր գործօն, այլեւ դարձաւ մշակութային հզօր միջոց, որով հայկական ինքնութիւնը սկսաւ դրսեւորուիլ նաեւ արուեստի եւ մշակոյթի ասպարէզներուն մէջ: Դարերու ընթացքին քրիստոնէական շունչով ծաղկեցաւ եկեղեցաշինութիւնը, որ նոր խօսք ըսաւ համաշխարհային ճարտարապետական արուեստին մէջ, զարգացաւ քանդակագործութիւնը, որուն գլուխգործոց արտայայտութիւնը՝ խաչքարը, բացառապէս հայկական միջավայրի ծնունդ է, ծնաւ միջնադարեան հոգեւոր գրականութիւնը, որ հայկական փիլիսոփայական միտքը հասցուց անկրկնելի բարձրութեան (Դաւիթ Անյաղթ, Գրիգոր Նարեկացի եւ այլն): Կերպարուեստին մէջ յայտնուեցան միջնադարեան գրչագիր մատեանները, որոնց նկարազարդման մէջ հայերը հասան տպաւորիչ ձեռքբերումներու (Թորոս Ռոսլին, Սարգիս Պիծակ):

Բացի գիտական եւ մշակութային ձեռքբերումներէն, քրիստոնէութիւնը եւ անոր կազմակերպական մարմինը` եկեղեցին, միջնադարուն իրենց ուսերուն վերցուցին ընդհանուր ժողովուրդի կազմակերպման աշխատանքը որպէս վարչական մարմին, քանի որ ազնուականութեան վերացումով հայերը զրկուած էին ղեկավար մարմիններէ: Այդ եւս նպաստեց հայու կերպարին մէջ կրօնական սկզբունքի գերակշռման:

Հետզետէ հայուն կերպարը սկսաւ նոյնացուիլ քրիստոնեայի կերպարին հետ միջավայրի մը մէջ, ուր իշխողները առաւելապէս այլակրօն էին եւ յաճախ մոլեռանդօրէն հակադրուած քրիստոնէութեան, ուր հայերը որպէս թշնամի կ՛ընկալուէին թէ՛ ազգային, թէ՛ կրօնական առումով: Հայերուն մէջ յատկապէս 1800-ականներուն յառաջացած «հայ-քրիստոնեայ» բնորոշումը լաւագոյն օրինակներէն է այն բանին, թէ ինչպէս հայերը ինքնութեան նոյնականացումներ կ՛ընէին:

Հիմնական էութիւնն այն է, որ հայ եկեղեցին, իր վրայ վերցնելով ոչ միայն կրօնական, այլեւ ազգային, կրթական, դաստիարակչական, կազմակերպական գործառոյթներ, ժամանակի ընթացքին չմնաց զուտ կրօնական կառոյց: Հայացաւ, դառնալով հայ ինքնութեան մէկ մասը: Քանի դեռ կար պետական համակարգը, հայ եկեղեցին կը պաշտպանուէր անորմով, պետութեան բացակայութեան՝  եկեղեցին ինքը դարձաւ պետական դերակատար: Հետագային, երբ տարածաշրջան ներթափացեցին քրիստոնէական այլ ուղղութիւններ, հայու կերպարին ընկալումը աւելի սուր դարձաւ: Ընդ որում պէտք է շեշտել, որ արդէն իսկ ձեւաւորուած իրավիճակին մէջ, օրինակ 18-րդ դարու, հայը կրնար ըլլալ միայն քրիստոնեայ եւ միայն առաքելական: Բայց սկսան յառաջանալ նաեւ կաթողիկէ, բողոքական եւ այլ համայնքներ: Քանի որ Առաքելական եկեղեցին արդէն իսկ դարձած էր հայ ինքնութեան մէկ մասը, ապա ինչպէ՞ս պէտք էր վարուիլ կաթողիկէ ու բողոքական հայերուն հետ, որոնք դուրս կը մնային այդ չափանիշէն: Ներկայիս աւելի սուր բնոյթ կը կրէ մահմետական հայերու հարցը, քանզի շատ հայերու մէջ թշնամիի կերպարը կը նոյնականացուի մահմետական թուրքին հետ: Ի դէպ, բազմաթիւ թուրքերու կողմէ հայը եւ քրիստոնեան նոյնացած են: Անոնց համար հայ` կը նշանակէ քրիստոնեայ եւ հակառակը:

Թէեւ ներկայիս համաշխարհայնօրէն կրօնքը չունի այն դերը, որ ունէր դարեր առաջ, բայց քրիստոնէութիւնը կը շարունակէ մնալ հայ ինքնութեան մէկ պատկառելի մասը` ունենալով մեծ ու նկատելի ժառանգութիւն ինքնութեան ձեւաւորման եւ փոփոխման գործընթացին մէջ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x