Անպատասխան հարցում մը. ո՞վ է հայը եւ ի՞նչ է անոր գոյութեան նպատակը

August 17, 2023

Բոլոր մարդոց համար բնորոշ է մտածումի այն փուլը, երբ ան կը սկսի ինքն իր մասին խորհիլ, իբրեւ առանձին միաւոր: Ան կը սկսի մտածել, թէ ինք ո՞վ է, ի՞նչ է ներկայացնէ, ինչո՞ւ այս կամ այն դէպքերը կը պատահին իրեն: Ան կը մտածէ ճակատագրին եւ զայն փոխելու մասին, կը հաւատայ կամ չի հաւատար գերագոյն ուժերուն: Մարդը կը սկսի մտածել, թէ ի՞նչ է իր առաքելութիւնը: Արդեօք իրեն վիճակուա՞ծ է մեծ ու զարմանալի ճակատագիր ունենալ, թէ իր ամբողջ կեանքը պիտի անցնէ կքած մանր հոգերու տակ եւ այդ հոգերը պիտի կտրատեն իր երազանքին թեւերը եւ ինքն ալ պիտի մոռնայ, թէ ինչպէ՛ս կը մտածէր աշխարհը փոխելու, զայն փրկելու, ինչ որ զարմանահրաշ բացայայտում մը կատարելու մասին: Եւ բոլորն ալ կ’ուզեն հրաշալի ճակատագիր մը ունենալ՝ խորիմաստ ու անքննելի առաքելութեամբ լեցուն:

Եւ ինչպէս որ անհատը կը խորանայ իր էութեան ու առաքելութեան մէջ եւ կը փափաքի, որ ան ըլլայ ոչ թէ սպառողական, այլ ստեղծարար, արարիչ, այնպէս ալ ազգերն ու ժոովուրդներն կ’ուզեն իմաստաւորել իրենց գոյութիւնը, նպատակներ սահմանել, ինչ որ նուաճումներ ունենալ, փրկել, գրաւել…

Պատմութենէն կը տեղեկանանք, որ բոլոր մեծ միապետերը, որոնց իշխանութիւնը դուրս եկած է իրենց երկրի տարածքէն, փորձած են իրենց ուժը ցոյց տալ ուրիշներուն, նուաճել եւ հիմնաւորել, որ իրենց վիճակուած է մեծ առաքելութիւն մը: Հին աշխարհի բոլոր արքաները կը յայտարարէին, որ իրենք կատարողներ են աստուածային կամքի: Իրենց անձնական նպատակը չքննարկուող աստուածայնութեամբ առաջնորդելով՝ անոնք իրենց գործողութիւնները կը հիմնաւորէին որպէս միակ ու ճշմարիտ:

Քաղաքակրթութեան զարգացման եւ մասսայականացման զուգահեռ, զանգուածը եւս սկսաւ մտածել, թէ ի՛նչ առաքելութիւն դրուած է իր ուսերուն: Եւ եթէ առաջ միայն արքան վստահ էր, որ արարչագործութեան գլխաւոր դերերէն մէկը իրեն վերապահուած է, հետագային, խումբերը, ապա եւ հասարակութիւնները նաեւ սկսան սեփական դերակատարութեան ու առաքելութեան մասին մտածել: Հին աշխարհը անհատներուն կը պատկանէր, միջնադարը` խումբերուն, նոր եւ արդի ժամանակաշրջանը` ազգերուն ու ժողովուրդներուն: Եթէ հին աշխարհին մէջ եւ կանուխ միջնադարուն, անհատը առաւելապէս կը ստանձնէր որեւէ քաղաքակրթութեան ղեկը, ապա միջնադարուն, այդ դերը ստանձնեցին խումբերը` օրինակ ազնուական տոհմերը, ռազմավանական միաբանութիւնները, առեւտրական տուները եւ այլն: Խումբերէն յետոյ այդ քաղաքակրթական ինքնութիւնը դարձաւ հասարակութիւններու եւ պետութիւններու պատասխանատուութիւնը: Տնտեսական, պետական եւ այլ ինքնութիւններու զարգացման բերումով, ազգերը եւ պետութիւնները սկսան որդեգրել նաեւ սեփական քաղաքակրթական ինքնորոշման ու ինքնութեան առաքելութիւններ: Օրինակ ռուսերու մօտ ամրացաւ սլաւ ժողովուրդներու հովանաւորի ու պաշտպանի դերը, Միացեալ Նահանգները վստահ է, որ ինք ժողովրդավարութեան եւ օրինականութեան պաշտպանն է աշխարհի մէջ, գերմանացիները երկու աշխարհամարտ սկսան՝ համաշխարհային տիրապետութեան եւ գերման ժողովուրդի գերակայութեան հաստատման կարգախօսերով, ֆրանսացիները` ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան առաքելութեան հաստատումը որդեգրեցին, թուրքերը` իսլամ աշխարհի պաշտպան-խալիֆաները ըլլալու երազանքը  եւ այլն:

Իսկ ինչի՞ մասին կը մտածէ հայ ժողովուրդը: Հիմնականօրէն ի՞նչ կ’ուզէ եւ ինչի՞ կը հաւատայ: Ի՞նչ է անոր աշխարհաքաղաքական ինքնորոշումն ու քաղաքակրթական ինքնութիւնը: Ի՞նչ է հայ ազգին դերը, անոր գոյութեան իմաստը: Ինչո՞վ կ’առաջնորդուի հայ ժողովուրդը իր վաղուայ օրուան մասին մտածելու ատեն եւ այս կամ այն որոշումը ընդունելու ժամանակ: Ի հարկէ, հայերու պարագային, առնուազն այս պահուն, անիրապաշտ է համաշխարհային ծաւալով յաւակնութիւններ ունենալը, բայց չէ՞ որ հնագոյն ազգերէն մէկը ըլլալով ու արժէքներ ստեղծելով, հայերը նաեւ քաղաքակրթական պատասխանատուութիւն ունին իրենց ստեղծածը պահպանելու: Եթէ այս պահուն մէկ հարուածով լուծուին տարածքային բոլոր հարցերը եւ մենք ոչ մէկէն որեւէ պահանջ չունենանք, ապա ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր յաջորդ քայլը: ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր օրուան կարգախօսը:

Ի՞նչ կարգավիճակ ունի հայ ժողովուրդը, որքանո՞վ ան համարկուած (integrated) է մօտ ու հեռու աշխարհին եւ զինք շրջապատող իրականութեան հետ, միջազգային (շրջանային) ի՞նչ ուժ, դեր, ներդրում եւ առաքելութիւն ունի:

Ո՛չ մէկ պատասխան: Հայաստանի մասին խօսելու ատեն կարելի է միայն մէկ բանի հանդիպիլ` Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ռազմագիտական կարեւորութեան նշումը աշխարհաքաղաքական այս կամ այն իրավիճակի շրջագիծին մէջ: Իսկ ի՞նչ է հայ ժողովուրդին դերը հոս: Ի՞նչ բան կախեալ է նոյնիքն հայէն, այլ ոչ թէ զուտ տարածքէն: Ի՞նչ է աշխարհին հետ յարաբերելու այն օրինաչափութիւնը, զոր մենք որպէս ժողովուրդ անգիր պիտի գիտնանք: Չէ որ հազարամեակներով հոս ապրած եւ այսօր ալ ապրող հայը ունի իր քաղած դասերը, սխալները, ձախողութիւնները, տապալումները, ձեռքբերումները, յաջողութիւնները: Հայը ամբողջ յաւերժութիւն մը ապրած է եւ այսօր անոր դերը իր իսկ հայրենիքին մէջ հասած է զերոյի: Չկայ ազգային եւ պետական ոչ մէկ պատկերացում, թէ ի՞նչ կը ներկայացնէ հայը եւ ի՞նչ է անոր գոյութեան թէ՛ նպատակը, թէ՛ կենսապայմանը: Նոյնիսկ քննարկում գոյութիւն չունի պետական, պատմական, ազգային, ընկերային, տնտեսական, կրթական, գիտական, ռազմավարական պատկերացումներու մասին: Եւ եթէ այսօր մենք կը սահմանափակուինք միայն կարեւորելով տարածաշրջանը եւ ոչ թէ ժողովուրդը, արդեօք այդ մէկը նշան չէ՞, որ քաղաքակրթօրէն մենք զիջած ենք մեր դիրքերը` ընդհուպ մինչեւ քաղաքակրթական ինքնութեան կորուստ: Որովհետեւ եթէ կայ ու կը պահպանուի ազգային, պետական ինքնութիւնը կամ առնուազն կը պահպանուին յատուկ երանգներ, ապա սկզբունքային-քաղաքակրթական առումով, արդէն տասնամեակներէ ի վեր, ոչ մէկ քննարկում կը կատարուի:

Միաժամանակ, այս հարցերուն սկզբունքային քննարկումը կը բացակայի ո՛չ միայն պատկան մարմիններու, այլեւ (եւ որ աւելի մտահոգիչ է), ուսումնագիտական շրջանակներու մէջ: Եւ այս բոլորին հետեւանքը այն է, որ գոյութիւն չունի յստակ պատկերացում մը ո՛չ ներկային, ոչ ալ ապագային մասին:

Չքննարկելով քաղաքակրթական սկզբունքներն ու անոնց շարունակականութեան, նորոգման ու վերաթարմացման ելակէտերը, հայ քաղաքակրթական ինքնութիւնը առհասարակ կորուստի վտանգին առջեւ կը գտնուի:

Այնպէս ինչպէս անհատը կրնայ խճճուիլ իր առօրեային մէջ, չհասկնալ, թէ ի վերջոյ ի՞նչ է իր նպատակը, առաքելութիւնը, ի՞նչ է իր կեանքին իմաստը, ազգերը նոյնպէս կրնան «կորսուիլ կենցաղի մէջ» եւ կորսցնել իրենց քաղաքակրթական էութիւնը: Ազգային ինքնութիւնը կարելի է պահել որոշ ժամանակ մը, բայց ան աստիճանաբար կը վերածուի տարածաշրջանային-ցեղային հետաքրքրութեան միայն: Այնպէս, ինչպէս այսօր շատերու համար կրնայ անհեթեթ կամ առնուազն անիրական թուիլ ցեղային մակարդակի վրայ որեւէ հասարակութեան մէջ քաղաքակրթական խորք տեսնելը` համարելով, որ անոնք տակաւին չունին ազգային ինքնութիւն, ապա նոյնը կրնայ պատահիլ նաեւ մեզի, եթէ մենք ապագային ալ չըմբռնենք մեր ապրելու իմաստը, մեր առաքելութիւնը, մեր նշանակութիւնը, դերը եւ թէ ի՞նչ միտքով ու նպատակով պիտի արթննանք յաջորդ առաւօտուն:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x