Պետական ինքնութիւն. հաւաքական գոյատեւման անհամեմատելի երաշխիքը

June 5, 2023

Ազգային ինքնութեան նպաստող կարեւոր գործօն մըն է նաեւ պետական համակարգը, երբեմն այնքան կարեւոր, որ աւելի ուժեղ կրնայ ըլլալ քան կրօնքը, լեզուն, աշխարհագրութիւնը եւ այլն: Պատմութեան մէջ պատահած են եւ կը պատահին դէպքեր, երբ յառաջացած պետութիւնը/պետական համակարգը ոչ թէ կը ձեւաւորուի էթնոսի (նոյն ծագումն ու մշակոյթը կիսող հաւաքականութիւններ, ազգեր) ազգային ինքնութեան, գաղափարներուն ու նպատակներուն հիման վրայ, այլ ինքը կը սկսի ինքնութիւն ձեւաւորել: Երբեմն այդ գործընթացը այնքան ուժեղ կ՛ըլլայ, որ պետութեան գոյութիւնը կը դառնայ այդ տարածքին մէջ ապրող հասարակութեան ինքնութեան գլխաւոր եւ գրեթէ միակ ցուցիչը: Նման պայմաններու մէջ, այդ պետութեան կործանումէն յետոյ սովորաբար շատ արագ կ՛անհետանայ նաեւ այդ պետութեան կողմէ տրուած ինքնութիւնը:

Որպէս օրինակ կրնանք բերել Հռոմէական Հանրապետութիւնն ու Կայսրութիւնը, Բիւզանդիան, Պոնտական թագաւորութիւնը եւ այլն:

Այդ պետութեանց բնակիչները մէկ միասնական էթնոս չէին կազմեր, զանոնք կ՛անուանէին պետութեան անունով` հռոմէացիներ, բիւզանդացիներ, պոնտացիներ: Օրինակ, Պոնտական թագաւորութեան բնակիչներ էին հայերը, յոյները, պարթեւները, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդներու ու ցեղերու ներկայացուցիչներ. անոնք գիտէին, թէ ով որ ազգին կը պատկանի, բայց որպէս մէկ ամբողջութիւն` կը դիտուէին որպէս պոնտացի:

Պոնտական թագաւորութեան գոյութենէն ո՛չ առաջ, ո՛չ ալ յետոյ երբեւիցէ «պոնտացի» ազգի մը մասին չէ խօսուած եւ ան բաւական շուտ մոռացուած է` չունենալով ազգային հիմք: Այդ առումով, ի տարբերութիւն պոնտացիներուն, տակաւին կը շարունակուին յիշատակուիլ հռոմէացիները, բիւզանդացիները, բայց ոչ թէ որպէս ազգային ինքնութիւն, այլ պատմական յիշողութիւն պետականութեան մը եւ անոր բնակիչներուն մասին:

Ոչ վաղ անցեալին հիմնադրուած խորհրդային պետութեան (ԽՍՀՄ) մէջ փորձ կ՛ըլլար ջնջելու այդ պետութեան տարածքին մէջ ապրող ժողովուրդներուն ազգային ինքնութիւնները եւ այդ բոլորը փոխարինել պետական ինքնութեամբ մը, որպէսզի հայ, ռուս, վրացի եւ այլ ազգութեան փոխարէն նշուէր «խորհրդային ազգ» եզրը: Այդ փորձը ձախողեցաւ, քանի որ ԽՍՀՄ-ը փուլ եկաւ, եւ անմիջապէս ետք մէկդի դրուեցան ԽՍՀՄ պետական գաղափարախօսութիւնն ու պաշտօնական լոզունգները:

Պետութեան կողմէ յառաջացած ինքնութեան լաւ օրինակ մըն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները (ԱՄՆ): ԱՄՆ-ը, որ ձեւաւորուեցաւ նախկին բրիտանական 13 գաղութներու տարածքներուն մէջ, չունէր ամերիկացի ազգ եւ ինքնութիւն: «Ամերիկացի»ն աւելի շատ տարածքային բնորոշում էր: Անկախացած ամերիկեան հանրապետութեան բնակիչներ էին անգլիացիներ, ֆրանսացիներ, սպանացիներ, ամերիկեան բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ, որոնք բոլորը ընդհանուր առմամբ սկսան կոչուիլ ամերիկացիներ, իսկ պետութիւնը` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կամ ուղղակի Ամերիկա:

Այս մէկը դասական դարձած օրինակ մըն է այն տեսութեան, որ պետական համակարգը եւս կրնայ ազգային ինքնութիւն արարել, եւ ոչ միայն հակառակը: Ներկայիս ամերիկեան հասարակութեան համար մեծ թափով կը ստեղծուի, այսպէս ըսած, ազգային միջավայր մը` ամերիկեան ազգի մը ձեւաւորման եւ կայացման համար: Այդ առումով հրաշալի յաջողութիւններ կ’արձանագրեն բացառապէս ամերիկեան ազգագրութիւն, առասպելաբանութիւն ստեղծող պատկերազարդուած վէպերը (comic books), գեղարուեստական եւ այլ կարգի ֆիլմերը` իրականացնելով ազգագրական հրաշալի գործողութիւն մը:

Այս բոլորը անշուշտ կը նպաստեն ամերիկացի ազգի մը ինքնութեան ձեւաւորման ու կայացման եւ կը հանդիսանան լաւ օրինակ մը, որ յաջողած վարչարարական քաղաքականութիւնը կրնայ տասնամեակներու ընթացքին համակարգուած կերպով իրականացնել այն, ինչը ուրիշ ժողովուրդներու քով հարիւրամեակներ կամ հազարամեակներ կը տեւէ:

Իսկ ի՞նչ  կը սպասուի հայերուն: Ուժեղ պետական համակարգը կրնայ ազգային ինքնութեան պահպանման բացառիկ գործիք ըլլալ, որուն վրայ կը յենին նաեւ ինքնութեան պահպանման միւս գործօնները: Իսկ պետութեան գոյութեան դադրեցումը կրնայ ըլլալ աւելի վտանգաւոր, քան հարիւր հազարնոց թշնամի բանակները:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x