Ինքնութեան դրսեւորման տարբերակներուն մէջ ուշագրաւ է ազրպէյճանական «ամենակերութիւնը»

July 21, 2023

Ազգային ինքնութեան տարբեր իւրայատկութիւնները, որոնք ծնունդն են այդ ազգին անցած ճանապարհին, ունին բաւական հետաքրքրական դրսեւորումներ, որոնք կ՛օգնեն աւելի ամբողջական պատկեր մը կազմելու թէ՛ ինքնութեան ընդհանրապէս, թէ՛ իւրայատկութեանց մասին առանձնաբար:

Հայ ականաւոր ազգագրագէտ Լեւոն Աբրահամեան իր «Ինքնութեան հաստատման չորս յարացոյցները» յօդուածին մէջ ուշագրաւ քննարկումներ կը կատարէ ազգային ինքնութեան հաստատման նախընտրութիւններուն մասին՝ ցոյց տալով, թէ այդ չորս յարացոյցներէն որ մէկը ի՞նչ դրսեւորումներ ունի եւ ինչպէ ՞ս կ՛արտայայտուի գործնականին մէջ:

Խնդիրը ըստ էութեան կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ ինքնութիւնը, ըլլալով անընդմէջ շարունակուող, ձեւաւորուող, զարգացող երեւոյթ մը, չի մնար որեւէ նախնական մակարդակի վրայ: Արդէն կայացած ինքնութիւններուն պարագային, տուեալ ինքնութիւնը կրողները երբ կը փորձեն իրենց ինքնութեան հաստատման «հիմնաւորումներ» գտնել, երբեմն կրնան հեռանալ  իրենց իսկ յայտարարած ինքնութեան չափանիշներէն ու սկզբունքօրէն հակասել անոնց: Այդ պարագային, որոշակի խառնաշփոթ կը յառաջանայ, քանի որ յայտարարուած ինքնութիւնը որոշ չափով կը սկսի «մաքրուիլ» օտար շերտերէն, կամ գտնել աւելի «հարազատ» երեւոյթներ:

Բնականաբար այդ բոլորը կ’աւելցնեն արուեստականութիւնն ու հակասութիւնները, քանի որ գոյութիւն չունի գերմաքուր եւ անաղարտ ինքնութիւն:

Լեւոն Աբրահամեան կ՛առաջարկէ այդ հարցը քննարկել ինքնութեան դրսեւորման չորս հիմնական մոտէլներով՝ «ընտրովի» (selective), «պատմական» (historical), «հեղինակաւոր» (prestigious) եւ «ամենակեր» (ամէն ինչ ուտող-omnivorous):

«Ընտրովի» մոտէլը աւելի բնորոշ է ռուսերուն: Ռուսական ձեւաչափին բնորոշ է ինքնութեան ծառի վերին ճիւղերէն «տաշել-հանել» այն, ինչ որ օտար է, մինչդեռ ինքնութեան կարեւոր մաս նկատուող խորքային փուլերուն մէջ այդ օտարին ներկայութիւնը զինք չ՛անհանգստացներ, թէեւ այդ օտարութիւնը առաւել քան նկատելի է: Օրինակ, այլազգիներու նկատմամբ ռուսական ազգայնականութեան սուր վերաբերմունքը (սափրագլուխներու ատելութիւնը օրինակ կովկասեան ներկայացուցիչներու նկատմամբ) գրեթէ կը չգոյանայ երբ խօսքը կը վերաբերի Փուշքինին: Ռուս ազգի հպարտութիւնը նկատուող գնչուական ծագումով Փուշքինը խնդիրներ չ՛առաջացներ (աւելին, նոյնիքն Փուշքինը, ռուս չըլլալով, ռուսը ռուս կը դարձնէ) եւ ոչ ալ օրինակ գերմանական կամ սքանտինաւեան տոհմերուն ներկայութիւնը ռուսական պետութեան կայացման գործին մէջ: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ պատմական այնպիսի դէպքերու, որոնք նպաստաւոր չեն եղած, բայց հպարտութիւն կը համարուին: Օրինակ Պորոտինոյի ճակատամարտը (Battle of Borodino, 1812) կամ Դեկաբրիստներու (Decemberists, 1825) ապստամբութիւնը: Ասոնք ձախողած երեւոյթներ են, բայց ռուսական ինքնութեան հպարտութիւնը եւ գլխաւոր ցուցանիշներէն կը համարուին:

«Պատմական» մոտէլը Լ. Աբրահամեանը կը նոյնացնէ հայկականին հետ: Հիմնական տարբերութիւնը այն է, որ եթէ ռուսերը իրենց ինքնութեան արմատներուն մէջ օտար տարրի ներկայութենէն չեն նեղանար, այլ բացասաբար  տրամադրուած են ներկային նկատմամբ, ապա հայերու պարագային փորձ կը կատարուի «մաքրելու» օտարը ինքնութեան արմատներուն մէջ՝ փորձելով հայկականացնել ձեւաւորման ամէն ինչը (մեր օրերուն ալ  փորձ կը կատարուի պատմական բազմաթիւ դէպքերու ու նոյնիսկ ներկայիս հանրածանօթ անձերու մէջ հայկական որեւէ բան գտնել): Մենք ասոր բազմաթիւ օրինակները ունինք, երբ սիրողական պատմագրութիւնը կը փորձէ հայկական ինքնութիւնը հասցնել քանի մի տասնեակ հազար տարուան, կամ ձեւաւորման տարրերէն բացառել տարածաշրջանի այլ գործօնները:

Հեղինակաւոր (prestigious) դրսեւորումը Աբրահամեանը կը նմանցնէ վրացականին: Վրացական մոտէլին ուշադրութիւնը եւս սեւեռած է արմատներուն, բայց, ի տարբերութիւն հայկականին (պատմականին), ոչ թէ կը փորձէ ազատիլ օտարի ներկայութենէն, այլ ընդհակառակն, շեշտել ամենահեղինակաւոր նախնիներու նշանակութիւնը ինքնութեան ձեւաւորման մէջ: Ամենահեղինակաւոր ըլլալը վրացիներուն կու տայ եզակիութեան զգացում մը` յատկապէս, երբ խօսքը կը վերաբերի որեւէ նուաճման մէջ առաջինը ըլլալուն: Վրացիները, օրինակ, կը ներկայնան որպէս գինին յայտնագործողները կամ կը պնդեն, որ իրենք կը հանդիսանան միակ ժողովուրդը, որ մնացած է հնդեւրոպական նախահայրենիքին մէջ, կամ կովկասեան լեզուէն ծագած են թէ՛ վրացերէնը, թէ՛ շումերերէնը եւ այլն:

Ի հարկէ, այս երեք մոտէլները միայն մէկ ժողովուրդի բնորոշ չեն, այլ կը հանդիպին շատերու մօտ, կը դառնան քաղաքական գործիք, բայց կան ժողովուրդներ, որոնց մօտ դրսեւորման այդ ձեւը աւելի ցայտուն է:

Եթէ այս երեք մոտէլներու դրսեւորման պարագային փորձ կը կատարուի իւրացնելու օտարը ազգային ինքնութեան ծառի արմատի մասին մէջ, ապա «ամենակեր» (ամէն ինչ ուտող-omnivorous) կամ ազրպէյճանական մոտէլի պարագային ատիկա կը կատարուի բոլոր մակարդակներուն վրայ: Ազրպէյճանական ինքնութիւնը կը տառապի թերարժէքութեամբ, երկատուածութեամբ կամ նոյնիսկ եռատուածութեամբ: Ազրպէյճանցիներուն մօտ կան ծագման աղուանական, մետիական, թրքական տեսակէտները: Ըստ այդմ, ազրպէյճանական կամ «ամենակեր» մոտէլը ստիպուած է համադրելու թէ՛ բոլոր տեսակէտները, թէ՛ իրականին մէջ գոյութիւն ունեցող մշակութային ժառանգութիւնը: Ստացուած շփոթին միակ տարբերակը կը մնայ հնարաւոր ամէն ինչի «ազրպէյճանականացման» փորձը, որ սակայն, ալ աւելի մեծ հակասութիւններ կը յառաջացնէ թէ՛ ծագման, թէ՛ ձեւաւորման ու զարգացման հարցին մէջ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x