Նահանջը առանց երգի (3-րդ մաս). Քաջ Նազարը՝ թագաւոր, Փոքր Մհերն ու Արտաւազդը՝ կալանաւոր

January 24, 2024

Հայ առասպելաբանութեան մէջ միայն հերոսներ չկան, եւ Արտաւազդին եւ Փոքր Մհերին դէմ յանդիման կանգնած է չափազանց վտանգաւոր մէկը` Քաջ Նազարը:

Ո՞վ է քաջ Նազարը: Ան վախկոտ, կեղծաւոր, ագահ, խաբեբայ, թուլամորթ, ծոյլ եւ դաժան մարդ մըն է, որ ընդունակ է ոչինչ ընելու, նոյնիսկ կը վախնայ իր սեփական շուքէն, բայց ի վերջոյ կը դառնայ արքայ եւ անոր առջեւ նոյնիսկ հսկաներն ծունկի կու գան: Քաջ Նազարը ինքզինք կը ներկայացնէ ազնուագոյն եւ դրական կողմերով, կը պնդէ, որ ինքը ազնուական տոհմի մէկ ներկայացուցիչն է եւ իր երազները քաջ մարդու կերպարը կը փորձեն փաթթել բոլորին վիզին: Իր համագիւղացիները զինք կ’անուանեն վախկոտ Նազար: Նազարը անգամ մը քանի մը ճանճ կը սպաննէ եւ այդ քանի մը սպաննուած ճանճերը Նազարին կողմից կը ներկայացուին որպէս անզուգական սխրանք, յաղթանակ` հազարներու դէմ: Լուրը, լաւ մշակուած ծանուցումի մը նման ի վերջոյ կուլ կու տայ եղած խեղճուկրակ կերպարը եւ անոր փոխարէն առաջ կը քշուի հզօր ու անյաղթ կերպար մը: Նոյնիսկ անոր դրօշակին վրայ կան նման տողեր՝

«Անյաղթ հերոս քաջն Նազար, Որ մէկ զարկով ջարդէ հազար»:

Այսինքն Նազարը անպարտելի հերոս մըն է եւ մէկ զարկով կը  յաղթէ հազարաւորներուն: Եւ բոլորին համար աննկատ, վախկոտ Նազարը կը դառնայ Քաջ: Նազարին ինքնագովութիւնը կ’արդիւնաւորուի եւ մարդիկ, հմայուած այդ առասպելական սուտէն, կը սկսին հաւատալ, որ ան իրապէս հերոս մըն է: Անոր բախտը կը բերէ եւ քանի մը անգամ յաջողի ջուրէն չոր դուրս գալ եւ ի վերջոյ կը դառնայ թագաւոր: Թումանեան այսպէս կը վերջացնէ իր հեքիաթը. «Յետոյ, մեծ շուքով ու ցնծութեամբ զինքը հռչակեցին թագաւոր եւ բազմեցուցին թագաւորական գահին վրայ։ Քաջ Նազար եղաւ թագաւոր, եօթը հսկաներուն պաշտօններ բաշխեց, եւ այսպէս՝ աշխարհը առաւ իր ափին մէջ։

Կ՚ըսեն թէ՝ մինչեւ այսօր ալ դեռ կ’ապրի ու կը թագաւորէ Քաջ Նազարը։ Ու երբ իր քով կը խօսին քաջութեան, խելքի, հանճարի մասին, ան կը խնդայ ու կըսէ.

– Ի՞նչ քաջութիւն, ի՞նչ խելք, ի՞նչ հանճար. պարապ բաներ են անոնք։ Կարեւորը՝ մարդուս բախտն է ։ Բախտ ունի՞ս… գործդ կարգին է :

Եւ կըսեն թէ՝ մինչեւ այսօր ալ Քաջ Նազարին գործ, կարգին է եւ կը ծիծաղի աշխարհի սուտ ու փուտ բաներուն վրայ»:

Այսպէս ալ կ’աւարտի այս անիւթոբիք հեքիաթը: Քաջ Նազարը կը մնայ թագաւոր եւ կը ծիծաղի յիմար աշխարհին վրայ, որ այդպէս ալ չհասկցաւ, թէ ինք ով է: Բայց արդէն ուշ է: Նազար արքայ է եւ իր մասին կարելի չէ աւելորդ-պակաս խօսիլ: Անոր չըրած գործերը արդէն իսկ կը նկատուին մեծագործութիւններ: Ծանուցումը կը յաջողի եւ ամբողջովին անշնորհք Նազարը, որ նոյնիսկ ի վիճակի չէր պարզ քալելով տուն երթալու, կը դառնայ աշխարհին տէրը:

Եւ այսպէս հեքիաթը կ’աւարտի ծանարագոյն տարբերակով: Նազարին իսկութիւնը չի բացայայտուիր: Ստորնագոյն մակրադակի գտնուող մարդը այդպիսով կը դառնայ արքայ եւ նոյնիքն անոր մէջ կը կայանայ մեծ ողբերգութիւնը, որ Նազարը կը դառնայ ղեկավար, կառավարիչ, երբ ինքն իրեն ոչինչ կատարելու ընդունակ է: Հիմնականօրէն մարդիկ կը ծիծաղին այդ կերպարին վրայ եւ որքան ալ որ զարմանալի է, այդ կերպարէն չեն վախնար, զայն կը ծաղրեն, բայց եւ այնպէս՝ կ’ընդունին: Մարդոց հաճելի են Նազարին սրամտութիւնները, անոր ակնառու յիմարութիւնները, վախի արտայայտութեան ողբերգակատակերգական տարբերակները եւ բախտաւոր ըլլալը: Մինչդեռ մարդոց առաջին վերաբերումը պէտք էր ըլլալ զգուաւորշութիւն՝ Նազարին նկատմամբ: Նազարը վախկոտ է, ծոյլ եւ խաբեբայ, այդ իսկ պատճառով ալ` խորամանկ, պարծենկոտ եւ դաժան: Մարդկային բոլոր արգահատելի գիծերը իր մէջ ունեցող կերպարը ի վերջոյ հը դառնայ հասարակութեան տէրը եւ պատրաստ է ամբողջ ժողովուրդ մը զոհել իր անասնական ցանկութիւնները կամ նոր սուտ մը արդարացնելու համար:

Իր հանճարեղ գործով, Թումանեան տակաւին 1912-ին ցոյց տուած է ամբողջ ժողովուրդի մը ողբերգութիւններէն մէկը, բայց այդ բոլոր իմաստութենէն մենք վերցուցած ենք միայն մէկ փոքր մասը: Մենք կը ծիծաղինք Քաջ Նազարին վրայ՝ փոխանակ զգուշանալու, մինչդեռ Քաջ Նազար ի վերջոյ կը յաջողի «արքայ դառնալ», այսինքն հասնիլ սեփական ասպարէզի գագաթին, այդ ընթացքին խախտելով բազմաթիւ օրէնքներ, խթանելով կաշառակերութիւնը, նպաստելով բազմաթիւ բացասական երեւոյթներու ստեղծումին ու իրենց չափով չարիք դառնալով պետութեան եւ հասարակութեան համար:

Երբ մենք միայն կը ծիծաղինք Քաջ Նազարի կերպարին վրայ, կը նշանակէ, որ մեր զգայունութիւնն ու սթափութիւնը բթացած է այնքան մը, որ ի վիճակի չենք տարբերելու վտանգաւորն ու ծիծաղելին: Քաջ Նազար անվնաս ու պարծենկոտ մարդ մը չէ, ան դաժան եւ նենգ կերպար մըն է, իսկ Քաջ Նազարին մասին պատումը ոչ թէ մանկական հեքիաթ մըն է, այլեւ շատ սուր զգուշացում մը չափազանց վտանգաւոր կերպարներու մասին, որոնք գոյութիւն ունին նոյնիսկ այսօր՝ մեզի հետ, մեր շուրջը:

Քաջ Նազարը կեղծ հերոս մըն է, եւ վտանգաւոր մարդ մը: Եթէ չկայ գիտակցութիւն, ապա չկայ նաեւ պայքարի իմաստ: Ճիշդ այդ գիտակցութիւնը չունենալով ալ հսկաները խոնարհեցան Նազարին առջեւ, մէկու մը՝ զոր կրնային ճզմել միայն երկու մատով: Խոնարհեցան, որովհետեւ ինքնագիտակցութիւնը չէր ներեր տարածուած կարծիքը մէկ կողմ դնելու եւ սեփական վերլուծումներ կատարելու:

Եւ ամէն ինչ աւելի կը ծանրանայ, երբ կը յիշես, որ ի հակադրութիւն Նազարին` իսկական ուժեղները կը տապալին. Սասունցի Դաւիթը դաւադրաբար հը սպաննուի, Արտաւազդը կը շղթայուի, Փոքր Մհերը կը մեկուսանայ ժայռի մը մէջ: Ինչո՞ւ այսպէս: Ինչո՞ւ նոյնիսկ առասպելական մակարդակի վրայ, մեծագոյն ուժերը կ’արժանանան ծանրագոյնին, իսկ Քաջ Նազարը` արքայական գահ կը ստանայ: Արդեօ՞ք այս անէծք մը չէ, որ կը տեւէ երկար դարեր ու ժողովուրդը իր առասպելով կը հաստատէ, որ «չարը կը յաղթէ»: Կամ այս դառն փորձառութեան մասին հերթական յիշեցո՞ւմ մըն է, իսկ թերեւս՝ զգուշացո՞ւմ մը: Միաժամանակ այս առասպելներն ու հեքիաթները ամբողջական պատկեր մը կը ներկայացնեն: Ամբողջովին տրամաբանական է, որ երբ Քաջ Նազարն է թագաւորը, ապա Փոքր Մհերն ու Արտաւազդը ազատութիւն պիտի չտեսնեն եւ երբ անոնք դուրս գան իրենց զնտանէն, ապա Քաջ Նազարը կ’ոչնչանայ տեղն ու տեղը: Բայց ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս ընել, որ անոնք ազատին զնտանէն, երբ նոյնիսկ պատումներուն մէջ Նազարը գահին վրայ կը մնայ, իսկ անոնք` զնտանը: Արդեօ՞ք ժողովուրդը կրնայ պայքարիլ իր դեւերուն դէմ, ազատել Արտաւազդն ու Փոքր Մհերը: Արդեօ՞ք ժողովուրդը կը փափաքի զանոնք ազատել եւ վռնտել Նազարը: Ինչո՞ւ ժողովուրդը կ’անիծէ Արտաւազդը եւ կ’ընդունի Նազարը:

Եւ քանի՞ դար է, որ Նազարը նստած է գահին, իսկ Արտաւազդն ու Փոքր Մհերը` շղթայուած: Արդեօ՞ք ժողովուրդը կրնայ ազատիլ իր իսկ վախերէն ու հոգեբանական շղթաներէն, երբ նոյնիսկ առասպելներուն մէջ այս տեսակի դերաբաշխում կայ: Իսկ թերեւս ժողովուրդը իր բոլոր սերունդներուն կը պատգամէ ազատել հերոսները ու ազատիլ Նազարէն, բայց մենք մոռացած ենք այդ մէկը ու հեքիաթ կը համարենք մեր ազգային հոգեբանական մեծ խնդիրը: Երբ անհատը կ’ընկճուի, անոր կ’օգնէ հոգեբանը, իսկ ո՞վ պիտի օգնէ ժողովուրդին, որուն հերոսները շղթայուած են, իսկ անազնիւ դահիճը` գահին բազմած:

Նահանջ առանց երգի (2-րդ մաս)՝ Արտաւազդ Արքան սատանա՞յ, թէ՞ փրկիչ

Նահանջ առանց երգի՝ Փոքր Մհերի «պատգամը» (մաս 1)

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x