Նախաբան. «Սասունցի Դաւիթը հայ ժողովուրդն է, Թուր-Կայծակին` մեր ինքնութիւնը»

April 10, 2023
Սաունցի Դաւիթ. գեղանկարը՝ Յակոբ Կոջոյեանի

2020 թուականի պատերազմէն յետոյ, Հայաստանի մէջ որոշ չափով աւելի զօրացաւ սեփական արմատներուն հանդէպ ուշադրութիւնը: Մարդիկ աւելի շատ սկսան կարդալ հայոց պատմութեան որոշ ժամանակաշրջաններու ու դէմքերու մասին: Սա հասկնալի է: Պարտութեան եւ մարդկային ու այլ բնոյթի կորուստներուն դէմ յանդիման, հասարակութիւնը` հասկնալով, որ ներկայ ժամանակին մէջ ամէն ինչ փուլ կու գայ ու ինքն ի վիճակի չէ կեցնելու դէպքերուն ընթացքը, ենթագիտակցօրէն կը նայի ետ. կը փորձէ իր պատմութեան մէջ գտնել իր կերպարին ուժեղ կէտերը, կը փորձէ իր պատմութեամբ հիմնաւորել իր իրաւունքները, արդարացնել իր գոյութիւնը, ինքզինք համոզել իր ուժին, արդարամտութեան եւ իրաւունքներու հարցին մէջ:

Այդօրինակ «զբաղում»ներէն է սեփական ինքնութեան մասին մտածումները: Այն փոքր ինչ արդէն դասական դարձած ընթացք մը ունի. հինգ հազար տարեկան ազգը կը պայքարի ընդամէնը հարիւր տարեկան ինչ-որ խառնամբոխի մը դէմ, որ հին ազգէն խլած է իր տարածքները, սպաներ է, ոչնչացուցեր է, կը շարունակէ վնասել, բայց միեւնոյնն է՝ վերջնական յաղթանակը մերինը պիտի ըլլայ, քանի որ մենք հին ազգ ենք ու մեր պատմութեան ընթացքին` դիմանալով հազարաւոր դժուարութիւններու, ապացուցած ենք մեր ապրելու իրաւունքն ու ճշմարտութեան յաղթանակը:

Դէպի անցեալ յետհայեացքը ինչ-որ առումով սփոփող դեր կը խաղայ մարդոց համար, բայց եւ կ՛առաջացնէ շարք մը խնդիրներ: Գլխաւոր խնդիրը այն է, որ անընդմէջ ետ նայելով ու առասպելականացնելով ոչ միայն կը բարդանայ ապագային թարմ հայեացք նետելը, այլեւ սեփական ինքնութիւնը կրնայ ձեւախեղուիլ ու վերածուիլ տեսակ մը անհասկնալի բանի: Հայկական ինքնութիւնը, որ ձեւաւորուած է երկար ժամանակի մը մէջ, իրօք անցած է հուրի ու սուրի մէջով, կերտուած է սեփական քաղաքակրթական մշակոյթով, այսօր, պայմանաւորուած հայ-ազրպէյճանական (խորքային առումով՝ հայ-թրքական) պատերազմով` կը ձգտի իր ինքնութիւնը ինչ-որ չափով համապատասխանեցնել ներկային կամ աւելի ետ տանիլ պատմութեան սահմանը՝ հայերը դարձնել եօթը, տասը կամ քսան հազար տարեկան:

Ազրպէյճանցիներու որեւէ յաջողութեան պարագային, մենք նորանոր առասպելներ կը յօրինենք եւ մեր ինքնութիւնը կը դարձնենք տարատեսակ ցանկութիւններով լեցուած խառնուրդ մը: Ասորմէ կը բխի նաեւ ծովէ ծով Հայաստանի մասին խօսած ատեն Տիգրան Մեծի տէրութեան սահմանները մինչեւ Չինաստան կամ հայերու ծագումը մինչեւ նոր քարէ դար հասցնելը, զարմանահրաշ պատմութիւններ յօրինելը, որոնք ոչ մէկ հարց կը լուծեն, ընդամէնը կարճաժամկէտ կը շոյեն մարդոց ինքնասիրութիւնները եւ՝ վերջ:

Երբ կը խօսիս անցեալի մասին, կը փորձես այնտեղ գտնել քու իրական դէմքդ կամ մաքրել քու պատմութիւնդ. այս վիճակին մէջ, մեծ է պատմութեան սեւ անցքերը առասպելներով լեցնելու, ցանկալին իրականի տեղ մատուցելու գայթակղութիւնը: Բայց այդ պարագային, ինքնութիւնը կը հեռանայ եւ անոր տեղը կը գրաւէ իր կեղծ երկուորեակը: Նման հոգեբանական թմրանիւթը աւելի կը բթացնէ մարդոց զգօնութիւնը, կ՛արգելակէ քննադատական միտքը եւ զայն կարճ ճանապարհով կը տանի ոչ մէկ տեղ:

Պէտք է հասկնալ, որ հայ ժողովուրդը նման հնարքներու կարիքը չունի: Հայ ժողովուրդը ինքն իրմով ունի աշխարհի ամենահին պատմութիւններէն մէկը, ամենաիւրօրինակ մշակոյթներէն մէկը, անկրկնելի ճոխ լեզու, սեփական գրային համակարգ: Հայ ժողովուրդը կրցած է թագաւորութիւններ ստեղծել, երբ ներկայի պետութիւններու եւ ազգերու մէկ մասը նոյնիսկ գոյութիւն ալ չունէր: Մեր պատմութեան բարձրութիւնը մեզի թոյլ չի տար աժանագին փնտռտուքներով զբաղիլ: Մենք պարզապէս պէտք է ընդունինք մեզ այնպէս, ինչպէս կանք, որովհետեւ մեր ինքնութիւնը մենք կերտած ենք ինքներս:

Եթէ փորձենք հայ ժողովուրդի ինքնութեան կերպարներուն մասին խօսիլ, ապա կրնանք առանձնացել չորս կերպար եւ մէկ իրավիճակ:

Ինքնութեան համար առաւել կարեւոր հանդիսացած են չորս ուղղութիւններ` լեզուական, կրօնական, քաղաքական, տարածքային եւ մէկ ընդհանուր իրավիճակ մը` պատմական գոյութենական յիշողութիւն:

Հայոց պատմութեան ընթացքը այնպիսին եղած է, որ վերը նշուած չորս կերպարներէն ամէն մէկը պատմական որոշակի ժամանակահատուածի մէջ եղած է հայկական ինքնութեան առաւել արտայայտուած ցուցիչներէն մէկը: Անոնցմէ շատեր մինչեւ հիմա ալ ունին մեծ դեր, ուրիշներ նահանջած են եւ ձեւափոխուած:

Ինչ կը վերաբերի պատմական յիշողութեան, ապա ան կը շարունակէ մնալ առաւել տեսանելի, քանի որ ինքն իրմով ունի միաւորող, բոլոր հայերը մէկ ձեւաչափի մէջ տեղաւորող յատկութիւն մը:

Տարբեր հայեցակարգերու մէջ մշակութային ինքնութեան վերաբերեալ տեսական վերլուծութիւններու ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ չկայ մշակութային ինքնութեան սահմանման առնչուած մէկ ընդհանուր մօտեցում:

Տարբեր գիտական կանոնակարգեր տարբեր մօտեցումներ կ՛առաջարկեն անձի անհատական եւ հաւաքական խումբի սեփական մշակութային ինքնութեան ընկալման մասին, ինչպէս նաեւ փորձ կը կատարուի կարգաւորել միջմշակութային կապերուն մէջ տեղի ունեցող ուժգնացումներն ու թուլացումները:

Ինքնութեան ուսումնասիրման ճանապարհը պիտի անցնինք լեզուաբանական, մարդաբանական, էթնոլոքիական (ethnological), ազգագրական, ընկերաբանական, հոգեբանանական գործօններու ուսումնասիրութեամբ, ինչպէս նաեւ` հայոց պատմութեան որոշակի դրուագներու հանդէպ քննադատական մօտեցումով: Փորձ պիտի ընենք հասկնալու անցեալի դէպքերուն իրական նշանակութիւնը, հասկնալու հայ ժողովուրդի սկզբունքային մօտեցումները այս կամ այն հարցին, փորձելու գտնել, թէ ինչն է բնորոշ եղած հայերուն՝ անցեալին, որ կայ մինչեւ հիմա, եւ ինչն է, որ ժամանակի ընթացքին ծեփուած է այնուհետեւ քերուած՝ յայտնաբերուած եւ ի ցոյց դրուած: Ըստ էութեան կը խօսինք էթնոկենզի մասին:

Հայ ինքնութեան ամենահրաշալի ու վառ օրինակներէն է հայ դիւզազնավէպը` Սասնայ Ծռերը. անոր իւրաքանչիւր կերպար իր յստակ տեղն ու դերը ունի: Եթէ փորձենք ինչ-որ չափով գեղարուեստական օրինակ բերել, ապա Սասունցի Դաւիթը հայ ժողովուրդն է, Թուր-Կայծակին` մեր ինքնութիւնը:  Եւ Դաւիթ իր սուրով կը պատշպանէ եւ կը պայքարի այնպէս, ինչպէս հայ ժողովուրդը կը պաշտպանուի իր ինքնութեամբ:

Յաջորդիւ կարիք ունինք առանձնաբար քննարկելու Սասնայ Ծռերու բոլոր չորս կերպարները, դիտարկելու այդ կերպարներուն ձեւաւորման եւ ընթացքի ուղղութիւնները, կայացումն ու փոփոխութիւնները: Փորձենք «հասու լինել պատմութեան’, ինչպէս, որ կը փորձէ Առնոլտ Թոյնպին իր համանուն գիրքին մէջ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x