Լեզուական ինքնութիւն

April 14, 2023

Ազգային ինքնութեան, այլ կերպ ըսուած՝ սեփական «ես»-ի կողմնորոշման եւ անոր մէջ յստակութիւն ընդգծող ամենակարեւոր եւ ակնառու ցուցիչը կը շարունակէ մնալ լեզուական գործօնը:

Լեզուն եղած է եւ կը շարունակէ այս պահուն ալ մնալ աշխարհասփիւռ հայութիւնը ազգային ինքնութեան շուրջ համախմբող ամենակարեւոր գործօնը: Ընդհանրապէս, որեւէ ազգի կամ էթնիք խմբաւորման ինքնութեան ընկալման եւ կողմնորոշման մէջ մեծ եղած է եւ է լեզուական միասնականութեան գործօնը: Հայերու պարագային, ան աւելի ակնառու է: Հայոց պատմութեան ընթացքին յատկապէս առաւել բարդ փուլերով պայմանաւորուած` հայոց լեզուն ոչ միայն հանդիսացած է որպէս տարբերակիչ նշան «մենք»ի ու «անոնք»ի ընկալումներուն մէջ, այլեւ աւելի զիրար մօտեցուցած է սեփակական «ես»-ի հայկական ընկալում ունեցող խումբերն ու անհատները, որոնց համար լեզուն կատարած է միաւորող դեր, թէեւ կարելի չէ պնդել, որ ան մշտապէս եղած է գիտակցուած մակարդակի վրայ:

Հայոց լեզուն որպէս միաւորման ամէնաակնառու գործօն ինքզինք բացայայտեց Արտաշէս Ա. եւ Զարեհ թագաւորներու կողմէ Մեծ Հայքի եւ Ծոփքի մէջ իշխանութիւն հաստատելու շրջանին: Յայտնի է, որ Սելեւկեան կառավարիչներ Արտաշէս եւ Զարեհ զօրավարները ապստամբեցան Սելեւկեաններուն դէմ եւ իրենք զիրենք յայտարարեցին անկախ արքաներ, Արտաշէսը` Մեծ Հայքի, Զարեհը` Ծոփքի մէջ: Կրնանք համարել, որ թէ՛ Արտաշէս, թէ՛ Զարեհ իրենց ըմբոստութիւնը յաջողցնելու համար արդէն իսկ կրցած էին քաղաքական համաձայնութեան մը գալ Մեծ Հայքի ու Ծոփքի իրողական տէրերուն հետ եւ անոնցմէ ստանալ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ռազմական եւ ֆինանսական աջակցութիւն: Իսկ այդ հնարաւոր էր միայն այն պարագային, եթէ երկրամասը արդէն միացեալ էր եւ կը գտնուէր մէկ ամբողջական մշակութային-լեզուական դաշտի մը մէջ: Այդ տեսակէտը կը հաստատէ նաեւ յոյն պատմիչ Սդրապոն (Strabo), որ կը նշէ, որ այն տարածքներուն մէջ, որ Արտաշէս եւ Զարեհ միաւորեցին, բնակչութիւնը կը խօսէր մէկ եւ միեւնոյն լեզուն:

Մարդաբանութեան ուսումնասիրողները համակարծիք են, որ մէկ ու միասնական լեզուի կայացումը երկար ու բարդ գործընթաց է, եւ նոյնիսկ կայսրութիւննեու պարագային, առանձին էթնիք խումբերը կը պահպանեն սեփական լեզուն: Հիմնուելով այն տեղեկութեան վրայ, որ կը ներկայացնէ Սդրապոն միալեզւութեան մասին, եւ հաշուի առնելով այն արագութիւնը, որով յատկապէս Արտաշէս միաւորեց այդ բոլոր տարածքները, կրնանք պնդել, որ այդ քաղաքական եւ ռազմական յաջողութիւնը պայմանաւորուած էր առաջին հերթին լեզուական ընդհանրութեան գոյութեամբ: Իսկ այդ ընդհանրական լեզուն հայերէնն էր: Այդ տարածքներու բնակչութիւնը կը խօսէր հայերէն: Այնտեղ ապրող այլ ցեղերու ու ցեղային միութիւններու ներկայացուցիչները կամ արդէն ձուլուած էին կամ անոնց լեզուն միախառնուած էր հայերէնին հետ` դառնալով անոր բաղկացուցիչ մասը կամ բարբառային յաւելումը:

Մենք չենք կրնար յստակ նշել հայոց լեզուի ձեւաւորման  յստակ ժամկէտները, բայց կրնանք  վստահօրէն ըսել, որ Մեծ Հայքի մէջ Արտաշէսի նուաճումներուն շրջանին էթնոկենեզը արդէն աւարտած էր կամ ծայրայեղ պարագային աւարտման փուլին մէջ կը գտնուէր: Ծոփքը եւս հայկական էր, ու այդ ապացուցուեցաւ Տիգրան Մեծի նուաճումներուն ժամանակ, երբ Տիգրան առաջին հերթին ձեռնարկեց Ծոփքի միաւորման, որ, ի տարբերութիւն այլ նուաճումներու, չուղեկցուեցաւ ծանր ռազմական բախումներով, այլ պարզապէս կառավարչական կազմի փոփոխութեամբ, ինչ որ արտայայտութիւն մըն էր այդ տարածքին եւ Մեծ Հայքի բնակչութեանց միջեւ առկայ հարազատութեան լեզուական-մշակութային առումով:

Ինչպէս լեզուն միաւորող դեր կը կատարէ, այնպէս ալ առաջին հերթին օտարութեան ու անծանօթութեան ցուցիչ կրնայ ըլլալ: Իրար լեզու չհասկնալը կը նշանակէ ըլլալ անծանօթներ կամ օտարներ: Իսկ օտարները իրարու հետ աւելի յաճախ կը վիճին եւ կը պատերազմին: Այդպէս, հին ժամանակ հռոմէացիները եւ յոյները միայն իրենք զիրենք կը համարէին առաջին կարգի մարդիկ եւ իրենց բոլոր հակառակորդները  կնքած էին նոյն եւ մէկ եզրոյթով` «բարբարոս», որ այն ժամանակ կը նշանակէր մարդոց խումբ, որոնց իրենք չէին հասկնար, որոնց լեզուն անհասկնալի էր իրենց՝ հռոմէացիներուն եւ յոյներուն: Միայն հետագային այս բառին նշանակութիւնը ձեւափոխուեցաւ եւ «բարբարոսներ» հասկացութիւնը սկսաւ մեկնաբանուիլ որպէս քանդող, աւերող գործողութիւն կատարող խումբեր: Պատահական չէ, որ հայոց մէջ նոյն լեզուի որոշակի շեղումներ եւ տարբերութիւններ ունեցող խօսուածքը կը բնութագրուի մէկ բառով` բարբառ: Այդ բարբառները իրենց հերթին որոշակիօրէն կ՛առանձնացնեն նոյն լեզուի տարբեր խօսելաձեւ ունեցող խումբերը` անոնց մօտ ընդգծելով նաեւ տարածքային ինքնութիւն:

Հետաքրքական օրինակ մըն է լեզուական առումով ընկալման այն օրինակը (թէեւ անոր հետ շատերը համաձայն չեն), թէ ինչու հին սլաւոնները եւ մասնաւորապէս ռուսերը` գերմանացիները կ՛անուանէին  նեմեց, նեմեցներ (ռուսերէնի մէջ այն կը հնչէ ն(յ)եմցի, немцы, немец): Կայ տեսակէտ մը, ըստ որուն, եւ մեկնելով այն փաստէն, որ ռուսերէնի մէջ համր նշանակութեան բառն է ն(յ)եմոյ –немой, ռուսերը այդպէս  անուանած են գերմանացիները, որովհետեւ իրենք չեն հասկցած տուեալ ցեղի խօսքը, լեզուն: Ն(յ)եմոյ –немой նաեւ կը նշանակէ մարդ, որ ի վիճակի չէ խօսելու հասկնալի լեզուով: Ընդ որում հին սլաւոնները նեմեց կ՛անուանէին ոչ միայն գերմանացիները, այլեւ դանիացիները, շուէտները եւ այլն: Սա եւս օրինակ մըն է այն բանին, որ լեզուն հանդիսացած է «մենք»ի ու «իրենք»ի բաժանարար ամենախիստ գործօններէն մէկը` առանձնացնելով ուրիշը եւ ընդգծելով սեփականը, հարազատը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x