«Ազրպէյճանցի» ըսուած արուեստական (synthetic) ինքնութեան փորձը կը շարունակուի

July 8, 2023

Հաւաքանութեան մը ինքնութեան եւ անոր վրայ ազդող գործօնները նշած ատեն պէտք է նաեւ ուշադրութիւն դարձնել երեւոյթի մը: Խօսքը յերիւրածոյ, արուետականօրէն ձեւաւորուած synthetic identity-ի (ինքնութեան) մասին է, երբ ժողովուրդ մը ազգային ինքնագիտակցութիւն եւ ինքնութիւն կը փորձէ ձեւաւորել ոչ թէ իր սեփակա՛ն կենսափորձին, իրա՛ւ պատմութեան եւ մշակոյթին ճամբով, այլ՝ յարմարցուած, իւրացուած, ինչու չէ ուրիշէն գողցուած տուեալնելով:

Ինքնութեան այդ կերպը սկսաւ կիրարկուիլ համեմատաբար ուշ՝ 20-րդ դարուն, երբ նաեւ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ «յառաջացան» շարք մը պետութիւններ, որոնք մինչ այդ երբեւիցէ պետական կարգավիճակ ու ազգային ինքնագիտակցութիւն չէին ունեցած: Այդ շարքին մէջ կրնանք առանձնացնել յատկապէս ազրպէյճանցիները, յատկապէս, որովհետեւ ազրպէյճանական ինքնութեան, ազգային գիտակցութեան ստեղծումը կատարուեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդի հաշւոյն:

«Synthetic ինքնութիւն, synthetic ժողովուրդ» ըսելով կը հասկնանք՝

«Պատմական որեւէ տարածքի մէջ արուեստականօրէն յառաջացած ժողովուրդ մը, որուն կը վերագրուի տուեալ պատմական տարածքին մէջ իրմէ առաջ ստեղծուած քաղաքակրթական արժեհամակարգն ու մշակոյթը»:

Synthetic ինքնութիւնը, որ իր բնոյթով կլանող է, գիշատիչ, գոյանալու համար ստիպուած է մշակութային հակադրութեան եւ պատերազմի մէջ մտնել այդ պատմական տարածաշրջանին մէջ ապրող արդէն իսկ կայացած ժողովուրդին դէմ: Հիմնական պատճառը այն է, որ այդ հին ժողովուրդին ներկայութիւնը սկզբունքօրէն կը հակասէ նոր յառաջացող synthetic ինքնութեան:

Մինչեւ 1918,  երբեւիցէ «ազրպէյճանցի, Ազրպէյճան» եզրոյթները չէին կիրարկուած եւ յանկարծ 1918-ին ռուսական նախկին նահանգներէն մէկուն մէկ մասին մէջ  իր անկախութիւնը հռչակեց վարչական մարմին մը, որ ինքն իրեն եւ իրեն ենթակայ տարածքներու միաւորումը կոչեց Ազրպէյճան: «Ազրպէյճանը», որ իր բնոյթով աւելի շատ տեղանուն է, քան ցեղանուն, կայացաւ ու զարգացաւ Խորհրդային Միութեան գոյութեան առաջին տասնամեակներուն վարուող ազգային քաղաքականութեան հետեւանքով, երբ խորհրդային ղեկավարութեան ջանքերով տարածաշրջան ցոյց տուող տեղանուն «ազրպէյճանցին» դարձաւ ցեղանուն` «ազրպէյճանցի»:

Նշենք նաեւ, որ Ազրպէյճանը որպէս պետութիւն ձեւաւորուեցաւ նաեւ հայկական տարածքներու վրայ եւ սկսաւ սեփականացնել նաեւ այդ տարածքներու պատմական անցեալն ու քաղաքակրթական ձեռքբերումները: Որպէս սինթեդիք ժողովուրդ, անոնք կը կլանէին տարածաշրջանին պատմութիւնը, զայն կը վերագրէին իրենց, իսկ այն ինչ  որ կարելի չէր «ազրպէյճանականացնել», տրուեցաւ երրորդ կողմի մը: Օրինակ Արցախի մէջ գտնուող քրիստոնէական կառոյցներն ու յուշահամալիրները, կոթողները ազրպէյճանցիները կը վերագրեն ուտի ժողովուրդին, կամ որեւէ այլ մէկուն, միայն ոչ հայերուն: Շատ պարզ այն պատճառով, որ ուտիները Ազրպէյճանի համար սպառնալիք չեն, անոնք չունին պետականութիւն, թիւով շատ քիչ են եւ Ազրպէյճան զանոնք չ՛ընկալեր որպէս իր ինքնութեան թշնամիներ:  Պետականութիւն ունեցող ու դիմադրող հայերը այդ պարագային կ՛ընկալուին ազրպէյճանցիներու ոչ թէ քաղաքական, այլ առաջին հերթին քաղաքակրթական, էթնիքական թշնամիները: Հայերուն գոյութիւնը կը փաստէ ազրպէյճանական ինքնութեան արուեստականութիւնը եւ Ազրպէյճանը, ըստ էութեան, հայերուն դէմ կը վարէ նախ եւ  առաջ էթնիքական, քաղաքակրթական պատերազմ մը, թէեւ այդ բոլորը կը դրսեւորուին առաւելապէս Արցախի շուրջ ծաւալող իրադարձութիւններով:

Ձեւաւորուելով աղուանական, հայկական, իրանական տարածքներուն վրայ, ազրպէյճանական ինքնութիւնը կը փորձէ նաեւ սեփականացնել այդ տարածքներու պատմութիւնը՝ զայն ներկայացնելով որպէս սեփական ձեռքբերում: Հիմնական խնդիրը ի յայտ եկաւ այն ժամանակ, երբ ձեւաւորուող ազրպէյճանական ինքնութիւնը բախեցաւ հակասական, անտրամաբանական տուեալներու (paradox-ի): Ինքզինք յայտարարելով իբրեւ տարածաշրջանի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկը, ազրպէյճանցին հանդիպեցաւ մշակութային երեւոյթներու, որոնք կը հակասեն իր իսկ յայտարարած ինքնութեան: Օրինակ, հայկական պատմաշակութային հազարաւոր ապացոյցները, որոնք կը գտնուին Ազրպէյճանի տարածքին մէջ, ոչ մէկ կերպ չեն համադրուիր ազրպէյճանական յայտարարուած ինքնութեան հետ:

Այդ պարագային, ազրպէյճանական շինուող ինքնութիւնը ստիպուած է սինթեզել իր տարածքին մշակոյթը, վերցնել ինչ որ կարելի է եւ ոչնչացնել այն բոլորը որ կարելի չէ իւրացնել: Այսօր Ազրպէյճանի մէջ կատարուող մշակութային բարբարոսութիւնները, հայկական մշակութային հետքերու վերացումը ոչ թէ պարզապէս տգիտութիւն կամ վայրենութիւն է, այլ «մշակութային պաշտպանութիւն», էթնիքական բրտութիւն, որով երկու հարց կը լուծուի՝ հիմնաւորել սեփականը եւ ժխտել դիմացինը:

Բայց ազրպէյճանական ինքնութիւնը միայն պատմական քաղաքակրթութիւններու սեփականացման հիմքով չէ, որ  կը փորձուի ձեւաւորել: Մեծ դեր ունեցած է նաեւ խորհրդային իշխանութեան կողմէ վարուող քաղաքականութեան հետեւանքով ազրպէյճանցիներուն տրուած պետական գիտակցութեան մակարդակը, երբ ազրպէյճանական ինքնութեան կայացումը ապահովուեցաւ նաեւ պետական մակարդակի միջամտութեամբ: Խորհրդային Միութեան օրով, ատկէ առաջ երբեւիցէ պետական աւանդոյթներ չունեցած Ազրպէյճանը Խորհրդային Միութեան կողմէ նուէր ստացաւ ամբողջ պետութիւն մը, պետական համակարգ մը, կրթական համակարգ, ակադեմիա, ենթակառոյց …ամէն ինչ: Այդ բոլորին, որ ուրիշ ժողովուրդներ կը հասնին դարերով՝ սեփական կենսափորձով, Ազրպէյճանը պարզապէս նուէր ստացաւ: Համայնավարները փորձեցին Ազրպէյճանը զարգացնել տասն անգամ աւելի արագ, փորձեցին այնպէս ընել, որ ազրպէյճանցիները քանի մը տասնեակ տարուան մէջ անցնին այն ճամբայէն, որ ուրիշ ազգեր կ՛անցնին հարիւրամեակներու կամ նոյնիսկ հազարամեակներու ընթացքին: Եւ օրինաչափօրէն, Ազրպէյճանի սինթեդիք պետութիւնը այլասերած է գերարագ զարգացման հետեւանքով, քանի որ միչեւ վերջ չէ կրցած մարսել իրեն պարտադրուածը: Եւ ահա, այս գերարագ զարգացման ճանապարհով վազող ազրպէյճանցիները շատ բան չկրցան ընկալել ՝ դառնալով մշակութային-քաղաքական տոփինկ (doping) ընդունող հասարակութիւն մը, ու այդ քաղաքակրթական թմրեցուցիչը ի վերջոյ անոնց տուաւ ինքնութեան գիտակցութիւն մը, բայց ոչ ինքնութիւն, պատմական անցեալի ծարաւ մը, բայց ոչ պատմութիւն:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x