Տարածքային ինքնութիւնը եւ հայու նոր տեսակը

May 8, 2023

Որեւէ ազգի ինքնութեան ձեւաւորման համար հաւանաբար չկայ աւելի անտեսանելի եւ միեւնոյն ժամանակ կարեւոր երեւոյթ, քան տարածքային-աշխարհագրական գործօնը:

Ամէն ժողովուրդի բնաւորութիւնը կը նմանի իր ձեւաւորման տարածքի աշխարհագրութեան: Լեռներու, ծովեզերքներու, հովիտներու բնակիչները իրենց տնտեսական, կենցաղային, կրօնական պատկերացումներով կը տարբերին իրարմէ: Լրիւ տրամաբանական է, որ լեռան բնակիչի առասպելը ձեւաւորուի արջի եւ անտառի մասին, իսկ ծովի բնակիչինը` ջուրի, ձուկերու եւ փոթորիկի: Հայկական լեռնաշխարհը, ըլլալով աշխարհագրականօրէն  բազմազան տարածք, իր տարածքին մէջ յառաջացած հայ ժողովուրդին տուած է մեծ եւ ընդգրկուն բնաւորութեան յատկանիշներ՝ արտացոլելով աշխարհագրութեամբ ձեւաւորուած միջավայրի բնորոշ գիծեր, որոնց  հետեւանքով ալ ձեւաւորուած է մէկ ընդհանուր, բայց նաեւ ընդգծուած տարբերութիւններ ունեցող ժողովուրդ մը: Հետագային զանոնք միաւորող առաջնահերթ գործօններ հանդիսացած են այնպիսի զօրեղ երեւոյթներ, ինչպէս օրինակ լեզուն եւ կրօնը:

Աշխարհագրականօրէն  տարբեր իրավիճակներու մէջ ապրող նոյն ժողովուրդին տարբեր հատուածները իրարմէ ոչ մեծապէս կախեալ զարգացումի ընթացք ունեցած են: Տարբեր եղած է անոնց մօտեցումները յատկապէս տնտեսական-կենցաղային հարցերուն նկատմամբ, որոնք իրենց արտացոլումը գտած են մշակութային դրսեւորումներու մէջ` սկսած հագուստէն մինչեւ զինագործութիւն, արհեստներ եւ առեւտուր: Հասկնալի է, որ աշխարհագրական միջավայրերու բազմազանութիւնը տարբեր հնարաւորութիւններ եւ մարտահրաւէրներ առաջ բերած է բնակիչներու նկատմամբ: Պետութեան գոյութեան պայմաններուն մէջ, միասնական վարչական կեդրոնը ձգտած է համընդհանուր վերահսկողութեան միջոցով համահաւասար պայմաններ ապահովել ողջ բնակչութեան համար, որպէսզի անոնց միջեւ առկայ ընկերային-կենցաղային ու տնտեսական-մշակութային տարբերութիւնները ոչ թէ հեռացնեն երկու տարբեր աշխարհագրական միջավայրի խումբերը, այլ փոխադարձ հետաքրքրութիւն, կարիքներու բաւարարում ստեղծեն, որով թէ՛ զարգացումը համընդհանուր թափով յառաջ կ՛երթայ, թէ՛տարբեր խումբերու միջեւ մշակութային օտարացում տեղի չ՛ունենար:

Այս մէկը ընդհանուր տարածքային ինքնութեան սկզբունքն է, որ յատուկ եղած է նաեւ հայ ժողովուրդին: Վերը նշուած կանոններու օգնութեամբ ալ հնարաւոր եղած է ձեւաւորել մէկ, միասնական, տնտեսապէս ինքնաբաւ ժողովուրդ մը, որ նոյնիսկ պարսկա-բիւզանդական, արաբական տիրապետութիւններու ներքեւ չէ տրոհուած, քանի որ ունեցած է արդէն իսկ տնտեսապէս ամուր կապուած, փոխադարձ մշակութային շփումներով ու միասնական լեզուական եւ կրօնական համակարգ մը: Ի հարկէ տարածքային տեղական առանձնայատկութիւններ միշտ եղած են, բայց անոնք եղած են ոչ թէ օտարացնող, այլ մշակոյթը աւելի բազմազան դարձնող ազդակներ:

Կրնանք ըսել, որ այս իրավիճակը ընդհանուր առմամբ պահպանուած է մինչեւ 8-րդ դար, երբ առաջին անգամ Հայկական Լեռնաշխարհ սկսան ներթափանցել օտար տարրեր: Խօսքը արաբական ցեղերու թափանցումին մասին է, որով սկսաւ լեռնաշխարհի ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութիւնը: Իսկ հիմնական ու գլխաւոր իրադարձութիւնները տեղի ունեցան 1045 թուականէն յետոյ, երբ Հայկական Լեռնաշխարհը այլեւս պաշտպանուած չէր պետական համակարգով եւ դարեր շարունակ ասպատակող արշաւանքներ տեղի կ՛ունենային: Յաճախ Հայաստան կ՛արշաւէին միաժամանակ քանի մը ցեղեր, որոնք լեզուական, կրօնամշակութային, տնտեսական, ընկերային-կենցաղային մեծ հակադրութիւն ունէին ոչ միայն տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդ հայերուն նկատմամբ, այլեւ իրարու միջեւ: 1045-էն սկսած, այս իրավիճակը ուղղակի աղէտալի դարձաւ 12-13-րդ դարերուն, երբ Հայաստան միաժամանակ բաժնուած էր քանի մը ցեղերու միջեւ, որոնք անվերջ պատերազմներու մէջ էին իրարու դէմ: Երկրին տնտեսական ու մշակութային աւերման եւ լեզուակրօնական ճնշումներուն կ՛ուղեկցէին երկու աւերիչ երեւոյթներ. մէկ կողմէ հայերը կ՛արտագաղթէին, միւս կողմէ Հայաստան կը ներթափանցէին տասնեակ հազարաւոր քոչուորական խումբեր, որոնք այնտեղ կը մնային որպէս մշտական բնակիչներ: Դարեր տեւող այդ գործընթացին հետեւանքով, երբեմնի համեմատաբար միատարր  Հայկական լեռնաշխարհը վերածուեցաւ իր տեսակի Բաբելոնի մը, ուր կ՛ապրէին ու կը պատերազմէին բազմաթիւ ցեղեր, գաճաճ, կարճատեւ կեանք ունեցող պետութիւններ եւ այդ ամբողջ քաոսին մէջ առաջին հարուածը կը տրուէր հայերուն: Հայերը աստիճանաբար կը սկսէին թուաքանակով զիջիլ միւս տարրերուն: Հայը իր տան մէջ օտար կը դառնար: Պատերազմներու եւ արտագաղթի հետեւանքով հայկական ամբողջ բնակավայրեր կ՛ոչնչանային, միւսները` կը կտրուէին իրարմէ: Հայկական մէկ գաւառը կը յայտնուէր մէկ պետութեան կազմին մէջ, մէկ այլ գաւառ` ուրիշ պետութեան: Հայկական տարբեր բնակավայրերու բնակիչները հնարաւորութիւն չունէին իրարու հետ շփուելու, քանի որ կը գտնուէին իրարու թշնամի  ռազմավարչական ճամբարներու մէջ:

Այդ իրավիճակը տեւեց դարեր: Նուաճուած տարածաշրջանին մէջ տեղի կ՛ունենային նաեւ տնտեսական յետընթաց, մշակութային այլասերում եւ կրօնական ճնշումներ: Չունենալով միաժամանակ քանի մը թշնամիի դէմ պայքարի ուժ եւ հնարաւորութիւն, հայերը ստիպուած սկսան իրենք յարմարիլ նուաճողներու. այդ համարկումը տարբեր վայրերու մէջ տեղի կ՛ունենար տարբեր ձեւաչափով: Դարերով իրարու հետ ոչ մէկ շփում ունեցող հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածները աստիճանաբար սկսան իրենց աշխարհայեացքը փոքրացնել իրենց գաւառի, գիւղի, քաղաքի չափով: Իւրաքանչիւր տարածաշրջան դարերով ապրեցաւ լրիւ ուրիշ, միւսներուն հետ գրեթէ կապ չունեցող տնտեսական ու քաղաքական կեանք մը: Այդպէս, օրինակ, Գուգարաց աշխարհի հայերը այլեւս երբեք շփում չունեցան Սասունի հետ, Արցախ աշխարհը անտեղեակ էր Վասպուրականէն, Սիւնիքը` Մոկաց լեռներէն, Արարատեան դաշտը` Խնուսէն եւ այսպէս գրեթէ բոլորը: Դարերով իրարու հետ շփում չունենալով, հայկական տարբեր համայնքներ խորթացան, օտարացան իրարու: Անոնց պատկերացումներուն մէջ, մեծ Հայաստանն այլեւս չկար, կար միայն իրենց ձեռքին մէջ գտնուող փոքրիկ գաւառ-Հայաստանը: Մշակոյթն ու գիտութիւնը զարգացան առանձին ձեւաչափով, նոյնիսկ լեզուն մեծ չափով այլակերպեցաւ` կրելով պարսկական, թրքական, թուրքմէնական, մոնկոլական, ռուսական ազդեցութիւն: Կենցաղային մշակոյթը եւս ընդունեց տարբեր դրսեւորումներ: 19-րդ դարուն արդէն Հայկական լեռնաշխարհը յստակ բաժնուած էր Թուրքիոյ, Պարսկաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ եւ այդ երեք Հայաստաններէն ամէն մէկը կը կրէր նուաճողին լեզուական, կրօնական, մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային-կենցաղային ճնշումները: Կը ձեւաւորուէր հայու նոր տեսակ մը, որ ամէն գաւառի մէջ կը տարբերէր միւսէն:

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x