Նահանջ առանց երգի՝ Փոքր Մհերի «պատգամը» (մաս 1)

September 16, 2023

«Սասնայ Ծռեր» հերոսավէպի (Epic, Էպոս)  չորրորդ ճիւղի վերջաւորութեան, Սասունցի Դաւիթի որդին` Փոքր Մհերը ինքնակամ կը փակուի/ ինքզինք կը բանտարկէ Ագռաւաքար ժայրին մէջ:

Հերոսավէպին մէջ կը պատմուի, որ չճանչնալով իր հայրը՝ Փոքր Մհեր կը մենամարտի անոր հետ, որուն համար հայրը կ’անիծէ զինք, որ ան զաւակներ չունենայ: Անէծքը կը կատարուի եւ Մհեր, որ կ’ամուսնանայ գեղեցկուհի Գոհարին հետ, չի կրնար զաւակ ունենալ: Ան կը շարունակէ պայքարիլ թշնամիներու դէմ, կը յաղթէ անոնց, կը սպանէ Չմշկիկ Սուլթանը եւ կը լուծէ հօր սպանութեան վրէժը: Այնուհետեւ, Մհեր կը տեսնէ, որ հողը այլեւս չի դիմանար իր ոտքերուն տակ, կը մտնէ Ագռաւաքար ժայռին մէջ ու կը պատգամէ՝

Քանի աշխարք չար է,
Հողն ալ ղալբցեր (ծուլացեր) է,
Մէջ աշխարհքին ես չեմ մնար։
Որ աշխարհք աւերուի, մէկ ալ շինուի,
Երբ որ ցորեն եղաւ քանց մասուր մի,
Ու գարին էղաւ քանց ընկոյզ մի,
Էն ժամանակ հրամանք կայ,
որ ելլնենք այդտեղէն։

Հիմա փորձենք հասկնալ, թէ ինչի՞ մասին է խօսքը: Ծանօթ է, որ հողը երկրագործ ժողովուրդին համար սրբութիւն է, սկզբունք է, հոգեբանութիւն է եւ փիլիսոփայութիւն: Հողը կեանք է, հողը ամէն ինչ է, որովհետեւ հողէն կը ծնի անոր կեանքին համար անհրաժեշտ ամէն ինչ: Երկրագործ հայը հոգիով, սրտով կապուած է իր հողին: Իսկ եթէ հողին հետ որեւէ բան լաւ չէ, ապա աշխարհին հետ որեւէ բան լաւ չէ, որովհետեւ հողը նոյնիքն աշխարհն է իրեն համար: Փոքր Մհերը հայ վերջին դիւցազուն է, որ իր երկիրը շէնցելու փոխարէն կը մտնէ ժայրին մէջ:

Ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ Մհեր կը նահանջէ: Ինչո՞ւ ան, որ մրցակից կը խնդրէ Աստուծմէ եւ կը մենամարտի հրեշտակին հետ, կ’արժանանայ նման պատիժի:

Քարի մէջ փակուելով Մհեր քանի մը պայման կը դնէ, թէ ո՞ր պարագային դուրս կու գայ անկէ: Ան փակուած է, որովհետեւ աշխարհը չար է, հողը ծուլացած է: Ան կ’ըսէ, որ ետ կու գայ, երբ ցորենը դառնայ մասուրի չափ, գարին դառնայ ընկոյզի չափ: Բնականօրէն, այս բառերը չեն նշանակեր, որ Մհերին կը հետաքրքրեն գարիի եւ այլ բոյսերու չափերը, այլ այդ պատգամը ունի շատ աւելի խորին եւ դառն իմաստ մը. նոյնը եւ հողին հետ կապուած: Հողը ամէն ինչ է հայուն համար: Եւ եթէ հողը սկսի չպահել, սահիլ, թուլնալ՝ կը նշանակէ, թէ համակարգը չի գործեր: Եւ երբ համակարգը կը սկսի չաշխատիլ, այսինքն հողը թուլացած է, ապա Մհերը որպէս ուժ, երեւոյթ եւ կերպար, կը սկսի դառնալ աւելորդ այդ համակարգին համար: Եթէ Մհերին (ուժ, կարողականութիւն) չի կրնար պահել հողը (համակարգ, փիլիսոփայութիւնը, մտածողութիւնը), ապա այդ ենթադրել կու տայ, որ համակարգը այլեւս չի գործեր, համակարգը սպառած, հինը անպիտանի դարձած է, եւ ինքնութիւնը սկսած է նահանջել ինքն իրեն ու իր սկզբունքներէն:

Փոքր Մհեր ճիշդ այդ մէկը կը փորձէ բացատրել մեզի: Ան ցոյց կու տայ, որ հողն անգամ ֆիզիքապէս այլեւս չի կրնար պահել, կը սահի, այսինքն բան մը սխալ է: Այսինքն համակարգը կը մերժէ երեւոյթը, փճացած ու թուլցած համակարգը կը մերժէ ուժն ու զօրութիւնը: Եւ Փոքր Մհեր ստիպուած է լքել այդ հողը, ան ստիպուած է մեկուսանալ, որովհետեւ իրեն համար գործելու դաշտ չկայ այլեւս:

Իւրայատուկ է նաեւ Մհերին պատգամը, երբ ան կ’ըսէ, որ ինք ետ չի գար, մինչեւ ցորենը մասուրի չափ չի դառնայ, այսինքն արմատական փոփոխութիւններ, համակարգային փոփոխութիւններ չպատահին: Մհերը, այսինքն ուժը ետ կու գայ, երբ տեղի ունենան համակարգային եւ արմատական փոփոխութիւններ: Երբ ցորենը դառնայ մասուրի չափ, կը նշանակէ, որ համակարգը արդէն փոխուած է եւ նոր արդիւնքներ սկսած է տալ, աւելի ուժեղ, աւելի որակով, աւելի մեծ ներուժով: Այսինքն հողը այնքան զօրացած է, սերմը այնքան մեծ ներուժ ունի, որ ցորենը մասուրի չափ դարձած է: Մասուրի չափերով ցորենը, որ չափազանցութեան հնարագիտութիւն է, իրականութեան մէջ հաւանաբար նոյն այն իմաստը ունի, որուն մասին արդէն խօսեցանք: Եւ այդ մէկը կը նշանակէ, որ հողը արդէն թոյլ չէ, չի սահիր, պինդ է, հաստատ է: Եւ պինդ ու ամուր հողը արդէն կրնայ պահել Մհերը, եւ զայն որպէս մեծ ուժի մարմնացում, արդէն կրնայ գալ եւ կանգնիլ հողին վրայ եւ պայքարիլ:

Փոքր Մհերը մեր վերջին դիւցազունն է: Զայն չեն սպանած կամ գերավարած թշնամիները: Ան ստիպուած մեկուսացած է, որովհետեւ իր հողը տկարացած է եւ ֆիզիքապէս զինք չէ պահած:

Եթէ համեմատենք մեր օրերուն հետ, ապա մեր պահանջած/երազած փրկիչը տակաւին չի գար, որովհետեւ մենք դեռ պատրաստ չենք անոր: Մենք պատրաստ չենք ընդունելու մեր հերոսը, մենք կը վախնանք անոր ուժէն, չենք ճանչնար զայն, որովհետեւ մենք թոյլ ենք, մեր համակարգը չ’աշխատիր, մենք արմատական փոփոխութիւններու պատրաստ չենք եւ Մհերին փոխարէն մեզ կը մոլորեցնեն կեղծ մարգարէները: Մենք արդէն վարժուեր ենք թշուառութեան եւ խեղճութեան, մենք կը նայինք ուրիշի ձեռքերուն` յուսալով, որ ան շատ չատէ մեզ ու թերեւս արհամարհական պատառներ շպրտէ, ու մենք ալ ապրինք այս անհեռանկար ու աննպատակ ձեւով: Մինչդեռ մենք հերոս ունինք: Դիւցազուն: Մենք ունինք հայուն ուժը մարմնացող կերպար, զոր, կարելի է ըսել, մենք ենք վռնտած: Ան չէ արտագաղթած եւ չէ հայհոյած, ան մեկուսացած է մեր երկրին մէջ, ան մեկուսացած առանձնացած է մեր հոգիին մէջ, քարացած՝ մեր խղճին մէջ:

Հակընդդէմ կ’արծիքներ կան, որ Փոքր Մհերը կը սպասէ, որ ամէն բան լաւ ըլլայ, որ նորէն գայ, բայց եթէ ամէն ինչ լաւ ըլլայ, ապա գայ եւ ի՞նչ ընէ: Ան հիմա պէտք է մեզի, երբ ամէն բան վատ է: Կարելի է ենթադրել, որ այս կարծիքին մէջ սխալը մեկնարկային կէտով պայմանաւորուած է: Մհեր ոչ թէ կը մեղադրէ, որ հոս վատ է, կ’երթամ եւ եւ ետ կու գամ, երբ լաւ ըլլայ, այլ կը հասկցնէ, որ հողը այլեւս զինք չի կրնար պահել, համակարգը կը մերժէ զինք: Այսինքն մեր փիլիսոփայութիւնը, մեր մտածողութիւնը կը մերժէ այդ ուժը, այդ կերպարը: Ան կ’ուզէ գործել, պայքարիլ, բայց ինչպէ՞ս պայքարիս այդ հողին համար, երբ նոյն այդ հողը (մտածողութիւնը) կը մերժէ քեզ:

Փոքր Մհերը, մեր դիւցազունը, մեր հաւաքական ոգին ու մեր էութիւնը կը սպասէ, թէ ե՞րբ մեր միտքն ու հոգին պիտի ազատագրուին, ե՞րբ մեր հողը/համակարգը այնքան պիտի պնդանան, որ մեր հաւաքական էութիւնը` Մհերի գլխաւորութեամբ դուրս պիտի գայ ընդարմացումէն, վերստին դառնայ այն, ինչ կար եւ դադրի սեփական էութենէն նահանջը, եւ փոխարէնը հայ ժողովուրդի սիրտին մէջ բոցավառ հնչէ իր նպատակն ու իր երազանքը: Իսկ երբ հողը զօրանայ եւ Մհերը կարենայ վստահօրէն քալել, այդ կը նշանակէ, որ համակարգը զօրացած է եւ այդ համակարգը ունի իր առաջնորդը:

Բայց առայժմ հայոց աշխահի հողը տակաւին թոյլ է:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x