Նահանջ առանց երգի (2-րդ մաս)՝ Արտաւազդ Արքան սատանա՞յ, թէ՞ փրկիչ

September 23, 2023

Շարունակելով մեր փնտռտուքները հայոց առասպելաբանութեան խորերը, մենք կը հանդիպինք նաեւ կերպարի մը, որուն կապուած պատմութիւնը եւս շատ ցաւալի, իսկ որոշ պարագաներու նաեւ շատ անարդար է:  Աւելին` մենք կը հանդիպինք Փոքր Մհերի բախտակցին` Արտաւազդ արքային: Եւ մէկ կողմէ մեր առջեւ կը կանգնի պետականամէտ կերպարը, որ իրօք կը տառապի զինք շրջապատող անհեթութեան պատճառով, միւս կողմէ կը փորձեն մեզ հաւատացնել, որ այդ մարդը իսկապէս սատանայ էր:

Խօսքը  կը վերաբերի Մեծ Հայքի թագաւոր Արտաւազդ Ա.-ին: Այդ նոյն Արտաւազդին, զոր մենք անիծուած կը նկատենք եւ որ մինչեւ հիմա շղթայուած կը պահեն Մասիսի վիհերէն մէկուն մէջ: Ինչո՞վ մեղանչած է Արտաւազդը հայ ժողովրդին հանդէպ, որ անոր մասին առասպել հիւսած է, որ ան չարիք է ներկայացէ ու անվերջ պատիժ կը կրէ:

Արտաւազդ Ա. արքայի իսկական գործունէութեան մասին բաւական քիչ տեղեկութիւններ հասած են մեզի: Արտաւազդ իշխած է Ք.Ա. 160-115 թուականներուն եւ պատմական աղբիւրները գրեթէ լուռ են այդ տարիներուն մասին,  իսկ ահա անոր կերպարին շուրջ ստեղծուած առասպելները այնքան մանրակրկիտ են, որ նոյնիսկ բնաւորութեան գիծեր կը շօշափեն:

Ըստ հին հայկական աւանդազրոյցներուն, դեռ մանուկ ժամանակ, վհուկները Արտաւազդ թագաւորը գողցած են օրօրոցէն եւ անոր փոխարէն դեւ դրած են: Արտաւազդը կը  յիշատակեն որպէս շատ չար, դաժան եւ ժլատ մարդ մը: Իսկ երբ կը մահանայ անոր հայրը՝ Արտաշէս Ա.-ը, ըստ առասպելապատումներու, բազմաթիւ մարդիկ անձնասպան կ’ըլլան, որովհետեւ իրենց կեանքը չեն պատկերացներ առանց արքային եւ չեն ուզեր ապրիլ անորմէ ետք: (Այս մէկը բաւական կարեւոր երեւոյթ է, որովհետեւ կ’ընդգծէ հայերու մօտ եսակեդրոն մտածողութիւնը, քանի հիմա ալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման համակարգը հիմնականօրէն հիւսուած է միայն մէկ անձի շուրջ. գոյութիւն չունի հաւաքականի սկզբունքը, եւ երբ չկայ այդ մարդը, փուլ կու գայ նաեւ համակարգը: Արտաշէս արքայի մահուան ուղեկցող անձասպանութիւնները վառ ապացոյցն են անոր, որ իր գոյութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, հայ ժողովուրդը եսակեդրոնութիւնը գերադասած է համընդհանուրի գաղափարին):

Արտաւազդ, նայելով այդ բոլորին, կը դժգոհի՝ ըսելով. «մինչ դուն գացիր եւ երկրին կէսը հետդ տարիր, ես այս աւերակներուն վրայ ինչպէ՞ս թագաւորեմ»: Մեռնող Արտաշէս արքան այդ բողոքը կը նկատէ նախանձի դրսեւորում իր փառքին նկատմամբ եւ կ’անիծէ զայն, որ երբ Արտաւազդ որսի երթայ Մասիս լեռան մօտերը, թող քաջերը բռնեն զինք, տանին մութ վիհ մը եւ բանտարկեն հոն, թող ան այնտեղ մնայ եւ այլեւս երբեք դուրս չգայ այդտեղէն ու լոյս չտեսնէ: Անէծքը կը կատարուի, քաջերը կը բռնեն Արտաւազդը եւ զայն կը շղթայեն: Արտաւազդ երկու շուն ունի, որոնք կը կրծեն եւ կը թուլցնեն անոր շղթաները, բայց դարբինները կրկին կը նորոգեն անոր շղթաները: Եւ այդ աւանդութիւնը այնքան խոր արմատաւորուած է, որ նոյնիսկ մինչեւ վերջերս, թերեւս մինչեւ հիմա, դարբինները ամէն շաբաթ մուրճը զարնեն զնդանին` հաւատալով, որ կը նորոգեն Արտաւազդի շղթաները:

Առաջին հայեացքով կը նշմարենք, որ բաւական տարօրինակ իրավիճակի մը դէմ յանդիման ենք: Յատկապէս մեր օրերու տեսանկիւնէն, Արտաշէս արքան, որ պատմութեան մէջ ծանօթ է որպէս երկիրը շէնացնող, հողերը միաւորող թագաւոր մը, այսինքն երկրի բարօրութեան հոգ տանող կերպար մը, չես գիտեր ինչո՞ւ կ’անիծէ իր որդին առանց որեւէ լուրջ պատճառի: Արտաշէս արքան պատմութեան մէջ ծանօթ է իր սահմանաքարերով, որոնք կը կարգաւորեն եւ կը կանոնաւորեն հողային սահմանները ազնուականներու եւ գիւղացիներու միջեւ: Այդ պարագային ալ աւելի անհասկանալի կը դառնայ, թէ նման խորաթափանց բարենորոգիչ մը ինչպէ՞ս կրնար նման նեղմիտ վարմունք ունենալ ու անիծել իր որդին:

Բայց եկէք չմոռնանք, որ հիմա  խօսքը կը վերաբերի առասպելի մը, այսինքն այդ բոլորը կրնան վստահաբար յօրինուած ըլլալ: Հարցը այն է, թէ ինչո՞ւ ժողովուրդը իր թագաւորին մասին նման առասպել հիւսած է:

Հարցը ալ աւելի կը բարդանայ Արտաւազդին բաժին ելած անէծքին պատճառով: Ինչո՞ւ Արտաւազդ նման անէծքի արժանի կը դառնայ: Ինչո՞ւ այդ անէծքը ամբողջովին բնական կ’ընկալուի ժողովուրդին կողմէ: Կը ստացուի այն, որ ժողովուրդը նոյնիսկ իր առասպելին մէջ, անէծքի կ’արժանացնէ, շղթաներու կ’արժանացնէ ան, որ նոյնինքն իրեն՝ ժողովուրդին համար կը մտահոգուէր:

Հայ յայտնի գրող Վարդգէս Պետրոսեան իր «Հայկական էսքիզներ» գործին մէջ, այդ մասին խօսելով՝ կը դիմէ Արտաւազդին` ըսելով. «խե՛նթ, ինչի՞դ էր պէտք: Չբողոքէիր, ձգէիր, որ հայրդ իր հետ տանի երկրին կէսը, տրորէիր ամբոխ-գորգը, երկրին միւս կէսն ալ դուն տանէիր հետդ: Ու կը գտնուէր կիսակոյր եւ կիսախեւ երգիչ մը, որ կը փառաբանէր քեզ»:

Անկասկած, Արտաւազդին մասին այս առասպելը խիստ տարօրինակ է: Կ’անիծուի ան, որ չէր ուզեր նման անիմաստ զոհաբերութիւններ կատարուին: Այսինքն Արտաւազդ մարդ մըն էր, որ արքայական ամբարտաւանութենէն անդին կը տեսնէր ու կը հասկնար, որ նման թիւ կորսնցնելը  անիմաստ է, աղէտ է: Այսինքն Արտաւազդ մտահոգուած էր կառավարման հարցով, ան դէմ էր վատնումի աւանդոյթին, ան չէր ուզեր շարունակել չարդարացուած ու ողբերգական կորուստները, կը մերժէր զգացական պոռթկումները ու թերեւս անիծուեցաւ նոյնիքն այդ պատճառով: Արտաւազդ մերժուեցաւ համակարգէն, որ նաեւ խանգարեց զինք: Արտաւազդը սատայականացուցին եւ զայն բանտարկեցին Մասիսի վիհերէն մէկուն մէջ:

Ընդհանրապէս հայ առասպելաբանութեան մէջ ընդգծուած է անտրամաբանական վերաբերում մը իր հերոսներուն նկատմամբ: Ինչպէս որ Փոքր Մհերը կը հրաժարէր համակարգէն, համակարգը զինք չէր ընդունած եւ ան ստիպուած էր մեկուսանալու, այնպէս ալ Արտաւազդը: Ան չի սպանուիր, ան կը դատապարտուի յաւերժ բանտարկութեան,  իսկ այսպէս ըսած marketing-ը զինք այնպէս կը սեւցնէ, որ նոյնիսկ երկու հազար տարի ետք ալ Արտաւազդը դպրոցներու մէջ կը ներկայացնեն որպէս չար, նախանձ դեւ մը:

Իսկ եթէ նկատի առնենք, որ Արտաւազդի առասպելը աւելի կանուխ վերջնական ձեւակերպում ստացած է, քան Փոքր Մհերինը, ապա կրնանք ենթադրել, որ համակարգը կը կանգնեցնէ ու կը դատապարտէ Արտաւազդը, իսկ Փոքր Մհերը՝ կը մերժէ ու կը ստիպէ որ մեկուսանայ: Իսկ եթէ Արտաւազդը չանիծէին, այսինքն համակարգը ընդունէր զգաստացնող քննադատութիւնը ու փոխեր իր կեցուածքը, ապա, շատ հաւանական է, որ Փոքր Մհեր ստիպուած պիտի չըլլար հողը թուլնալուն պատճառով փակուելու քարին մէջ: Հիմնականօրէն, Արտաւազդ եւ Փոքր Մհեր համակարգային մտածողութեան սկզբունքային զոհերն են:

Matrix (1999) ֆիլմին կերպարներէն մէկը միւսին կ’ըսէ, որ Matrix-ին մէջ, այսինքն իրականութեան նմանողութեամբ ստեղծուած շինծու համակարգին մէջ, երբ ոեւէ մէկը կը սկսի պայքարիլ կեղծ իրականութեան դէմ, ապա համակարգին ստրուկ մարդիկը այդ դիմադրողը կ’ընկալեն որպէս ՍԽԱԼ-ԶԱՐՏՈՒՂԻ (Anomaly): Այսինքն համակարգին համար միեւնոյնն է. պիտի պայքարի դէմդ, նոյնիսկ եթէ դուն իր ազատութեան համար կը պայքարիս, յատկապէս, եթէ ազատութեան համար կը պայքարիս:

Այսինքն, եթէ Արտաւազդի մասին առասպելը լուրջի առնենք, ապա կրնա՞նք ենթադրել, որ հայ ժողովուրդը նոյնիսկ առասպելական մակարդով չ’ընդունիր պետական լրջութիւնը եւ կը դատապարտէ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն որեւէ ձեւով դիմադրել զայն:

Հիմա գանք մեր օրերը: Օրինակ, Արկադի Տէր-թադեւոսեանը` Կոմանդոսը, այն զինուորական բացառիկ գործիչներէն էր, որ կը սիրէին բոլորը: Եւ բոլորը մեծ ցաւ ու ափսոսանք ապրեցան, երբ ան մահացաւ: Բայց մեր մտքով չանցաւ զանգուածային անձնասպանութիւններ գործել, ու կրնանք վստահօրէն ըսել, որ Կոմանդոսը ինք երբեք թոյլ պիտի չտար նման բան: Արդեօ՞ք ճիշդ կ’ըլլայ, եթէ մենք սկսինք այրելու մեր տուները եւ անձնասպան ըլլալու, եթէ ոեւէ բացառիկ կարեւոր դէմք մը հեռանայ մեզմէ, թէ՞ մենք կը փորձենք արժանի ըլլալ անոր ու առաջ տանիլ իր գործը:

Արտաւազդ ըստ էութեան մեր առաջին պետական գործիչն էր, որ հանդէս եկաւ սթափութեան ու պետական պահանջկոտութեան կերպարով, դատապարտեց անխոհեմ ու վայրկենական կատարուող իրադարձութիւնները եւ առաջին հերթին դատապարտեց իր հայրը, այսինքն հեղինակութեանը, երբ այդ հեղինակութիւնը սկսաւ չարդարացուած վատնումներու պատճառ դառնալ: Բայց համակարգը զինք չներեց: Եւ այնքան զօրաւոր ատեց զայն, որ նոյնիսկ չսպանեց, այլ դատապարտեց  յաւիտենական  բանտարկութեան, որովհետեւ եթէ դուրս գայ, ապա աշխարհը կրնայ կործանիլ: Իսկ թերեւս ոչ թէ աշխարհը պիտի կործանի, այլ փտած համակա՞րգը: Եւ թերեւս Արտաւազդ պիտի ազատի ու դուրս գայ, որպէսզի Փոքր Մհերը նաեւ կարենայ ազատիլ:

Բայց անոնք կ’ազատին միայն մէկ պարագայի: Երբ մենք ուզենք այդ մէկը: Երբ դադրինք անիծելէ զանոնք եւ անէծքի փոխարէն աղօթքենք անոնց, որոնք չեն ուզեր տրորել մեզ, որոնք կ’ուզեն, որ մենք լրջանանք եւ սթափինք: Որոնք պատասխանատուութիւն կը պահանջեն մեզմէ որեւէ բան ընելու կամ չընելու համար:

Բայց որովհետեւ մենք մեր ամենօրեայ քայլերով ու վարմունքով դեռ աւելի կ’ամրացնենք Արտաւազդի շղթաները եւ կը տկարացնենք հողը Փոքր Մհերի ոտքերուն տակ, քանի դեռ մենք կը նահանջենք մեր էութենէն, մեր ինքնութենէն, անոնք կը շարունակեն մնալ մեկուսացուած, իսկ մենք` աւելի թոյլ ու մասնատուած:

Իսկ մինչ այդ մենք կը գոռաք բանաստեղծ Յովհ. Յովհաննիսեանի տողերը`

Զարկեցէ՛ք դարբիննե՛ր կռանը սալին,

Զարկեցէ՛ք կռանը – շղթայքն ամրանան,

Անիծեալ արքայի կապանքն ամրանան,

Զարկեցէ՛ք դարբիննե՛ր կռանը սալին…

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x