Փինոքիոյի պատմութիւնը սովորաբար կը ներկայացուի իբրեւ մանկական հեքիաթ մը՝ ստախօսութեան վնասներուն, հնազանդութեան եւ լաւ մարդ դառնալու մասին:
Սակայն Քարլօ Քոլլոտիյի գիրքը` այսինքն Փինօքիոյի պատմութեան բուն օրինակը, շատ աւելի բարդ բովանդակութիւն ունեցող առասպել մըն է` իր անակնկալ, ցաւալի դիպուածներով եւ գաղափարախօսական կարեւոր ուղերձներով, քան Disney-ի արտադրած շարժապատկերը, եւ անոր բարոյական հիմնական պատգամը, թէ` սուտ մը արագ կը բռնուի, կամ անսուտ խօսքը անկաշառ է։
Հոս կը յայտնուի պատմութեան ամենէն հետաքրքրական հակասութիւններէն մէկը։ Փինոքիոյին սուտերը տեսանելի են, անոր քիթը կը մատնէ զինք. ան չի կրնար խուսափիլ իր խաբեբայութեան հետեւանքներէն։ Սակայն Քոլոտիյի գրած պատմութեան մէջ, դրամատէր խաբեբաները յաճախ անպատիժ կը մնան։ Աւելին՝ անոնք կը ղեկավարեն այն հաստատութիւնները, որոնք իբր թէ արդարութիւն եւ կարգապահութիւն կը պահպանեն։ Հարցը այն չէ, թէ Փինոքիօ ինչո՛ւ կը ստէ, այլ՝ թէ ինչո՛ւ անոնք, որոնք ամբողջ հասարակութիւն մը կը խաբեն, երբեք չեն պատժուիր։
Քոլլոտիի ստեղծած նախնական Փինոքիոն, տարբեր փորձառութիւններէ եւ ակամայ սխալանքներէ ետք, վերջապէս կը հասկնայ, թէ իշխող՝ շահագործող խաւի հանդէպ վստահութիւնը՝ մահաբեր է։ Հասարակական կարգը, կամ քաղաքական «ներդաշնակութիւնը» հիմնուած է անիրաւութեան՝ ապօրինի փոխզիջումներու եւ հերձուածողներու հանդէպ ատելութեան, մախանքի վրայ։
Քարլօ Քոլլոտիյի «Փինօքիոյի արկածները» առաջին անգամ մաս առ մաս հրատարակուեցան 1881-ին. 1883-ին լոյս կը տեսնէ ամբողջական գիրքը։ Իտալիոյ միաւորումէն ետք, երկիրը կը գտնուէր ազգային ինքնութեան վերակառուցման, հասարակական նոր կարգերու ձեւաւորման եւ կրթական նոր համակարգի կերտման գործընթացի մէջ։ 1861-ին, Իտալիոյ միաւորման ժամանակ բնակչութեան շուրջ երեք քառորդը անգրագէտ էր, իսկ երկրին տարբեր շրջաններուն միջեւ կրթական եւ ընկերային անհաւասարութիւնները զգալի էին։ 1877-ի Քոփփինոյի օրէնքով տարրական կրթութիւնը պարտադիր դարձաւ վեցէն ինը տարեկան մանուկներուն համար, ինչ որ կը վկայէ այդ ժամանակաշրջանին կրթութեան տարածման ուղղութեամբ տարուած պետութեան ջանքերը։
Այս ճակատագրական պատմական պահը նկատի առնելով՝ Քոլլոտի կ՚ուզէ դպրոցը ներկայացնել ոչ միայն իբրեւ կարգապահութիւն սորվելու, այլեւ քննական մտածողութիւն զարգացնելու վայր. Պէտք է նշել, որ դպրոց չհաճախելու պատճառով է, որ Փինոքիոն դիւրահաւանութեան եւ խաբեբայութեան զոհը կը դառնայ։ Պատմութեան շարունակութեան մէջ, Փինոքիոյի անհնազանդութիւնն ու յամառութիւնը կարելի է մեկնաբանել իբրեւ ընչազուրկ եւ աշխատաւոր դասակարգին ուղղուած խորհրդանշական կոչ՝ հրաժարելու ստրկամտութենէն։

Էնրիքօ Մացցանթիի 1883-ի նկարազարդումը կ’ապացուցէ, որ իսկական Փինօքիոն, Disney-ի յօրինած քաղցր եւ անմեղ երեխան չէ. ան բիրտ բնաւորութիւն ունի, հպարտ է եւ ըմբոստ։
Քոլլոտիի պատմութեան մէջ, կողոպուտի ենթարկուելէ ետք, Փինոքիոն արդարութիւն փնտռելու համար կը դիմէ դատարան, սակայն դատաւորը՝ սոնք կապիկ մը, առանց հարցը քննելու, զինք բանտարկել կու տայ։ Պատմութեան մէկ այլ դրուագին մէջ, երկու աւազակներ կը հետապնդեն Փինոքիոն՝ անոր ոսկեդրամները խլելու նպատակով, եւ ի վերջոյ զինք ծառէ մը կը կախեն։ Քոլլոտի սկզբնապէս այս ողբերգական դրուագով աւարտած էր պատմութիւնը, սակայն ընթերցողներու պահանջին ընդառաջելով՝ հետագային վերակենդանացուց Փինոքիոն եւ շարունակեց անոր արկածները՝ պատմութիւնը հասցնելով աւելի բարեյաջող աւարտի մը։
Քոլլոտիի գիրքին մէջ, խոհեմ ծղրիդը, կը փորձէ խրատել Փինոքիոն, սակայն վերջինս զայրացած՝ մուրճով կը հարուածէ եւ կը սպաննէ զայն։ Disney-ի շարժապատկերին մէջ՝ ծղրիդը կը վերածուի Փինոքիոյի բարոյական դաստիարակին: Disney-ն՝ փրկելու համար ծղրիդը, շնչահեղձ կ’ընէ Փինօքիոյի անսաստ ոգին։

Հո՛ս պէտք է նշել, որ Քոլլոտիի պատմութիւնը կը ներկայացնէ 19-րդ դարու Թոսքանայի գիւղական մշակոյթը, աշխատաւորներու դժուարութիւնները՝ յատկապէս ապրուստ ապահովելու տագնապը. Փինոքիոյի պատմութեան մէջ գտնուող կերպարները՝ այսինքն գիւղացիները, միշտ անօթի են։
Walt Disney ընկերութիւնը, այս յատուկ միջավայրը կը փոխարինէ իբր թէ Ալպեան լեռներու մէջ գտնուող երեւակայական գիւղով մը։ Խնդիրը այն է, որ Disney-ի 1940-ին պատրաստած տարբերակը, պատմութիւնը արմատախիլ ըրած է իր գոյացումի դրդապատճառներէն՝ պատմական բնագիրէն։
2022 թուականին Կիյերմօ տել Թորօ եւ Մարք Կուսթաֆսըն ներկայացուցին իրենց շարժապատկերային ժապաւէնը՝ Guillermo del Toro’s Pinocchio, որ 2023-ին արժանացաւ «Օսքար» մրցանակին՝ լաւագոյն երկարամեթրաժ շարժապատկերային ժապաւէնի համար: Այս գործը Փինոքիոյի պատմութեան ամենէն համոզիչ վերամեկնաբանութիւններէն մէկն է։

Տել Թորօ ոչ միայն կը վերակենդանացնէ Քոլլոտիի պատմութեան մոռցուած, դաժան եւ ցնցող դրուագները, այլեւ անոնց կու տայ նոր քաղաքական նշանակութիւն։ Ան Փինոքիոյի պատմութիւնը կը վերադարձնէ իր ազգային արմատներուն, բայց զայն կը տեղադրէ 1930-ականներու Իտալիոյ մէջ՝ Մուսոլինիի ֆաշիստական իշխանութեան տարիներուն։
Ժապաւէնը կը սկսի Առաջին համաշխարհային պատերազմի վերջին օրերուն։ Ահեղ ռմբակոծումներու ընթացքին Ժեպփեթթոյի միակ որդին՝ Գարլօն, կը զոհուի։ Որդիին անդառնալի կորուստէն խորապէս ցնցուած եւ վիշտէն գրեթէ խելագարութեան հասած հայրը, գիշեր մը, լա՜ւ հարբելէ ետք, որոտացող ամպերու գոչիւնին, ժխորին տակ, իր որդիին յիշատակին` Փինոքիոն կը քանդակէ։
Ըստ աւանդութեան` բարի պարիկը, որ այս շարժապատկերին մէջ աւելի վհուկի կը նմանի քան յաւերժահարսի, կը միջամտէ եւ շունչ կը պարգեւէ փայտէ խաղալիքին։
Տել Թորոյի համար, ծննդաբերութեան տեսարան մը զգայացունց, ահարկու, պէտք է ըլլայ։
Փինոքիոն իր արկածախնդրութիւններուն ընթացքին, կը սորվի ծաղրել ու հրապարակաւ նուաստացնել զինք ստրուկ նկատողներն ու իր վրայ իշխանութիւն եւ ճնշում բանեցնողները։ Ան կը մերժէ ենթարկուիլ, եւ աւելին՝ ծաղր ու ծանակի կը վերածէ ղեկավարներուն, օրինակ` Մուսոլինիի հեղինակութիւնը։

Մուսոլինիի ֆաշիստական Իտալիոյ մէջ դպրոցը գաղափարախօսութիւն քարոզելու եւ հնազանդութիւն պահանջելու կարեւորագոյն հաստատութիւններէն, մեքենաներէն մէկն էր։ Կրթութիւնը՝ ազգայնամոլութիւն սերմանելով, մանուկներուն մտածողութիւնը կը ձեւաւորէր։ Այս պատմական իրողութեան ընդմէջէն Տել Թորօ կը բարձրացնէ կրթութեան իսկական նպատակին հարցը։ Կրթութեան նպատակը ծայրայեղ համոզումներու փոխանցո՞ւմն է, թէ՞ զանոնք քննադատաբար քննելու կարողութեան զարգացումը։
Սակայն այս պատմութիւնը միայն Փինօքիոյին մասին չէ․ ան նաեւ ծնողք դառնալու մարտահրաւէրները կը բացայայտէ։ Ժեպփեթթօ կը սորվի իսկական հայր դառնալ՝ ընդունելով, որ Փինոքիոն ունի իր իւրայատուկ նկարագիրը եւ պարտաւոր չէ նմանելու իր մահացած որդիին՝ Գարլոյին։
Մանկական ֆիլմերը պէտք չէ զերծ ըլլան սարսափէ ու բռնութենէ. կեանքի իրապաշտ ներկայացումը երեխաներուն կը ստիպէ դէմ առ դէմ գալ օրական կեանքի լուռ վտանգներուն ։ Մանուկներուն յատուկ արուեստին ու գրականութեան պարտականութիւնը պատրանքներ քողարկել չէ, այլ՝ բացայայտել կրկէսի վարագոյրին ետին թաքնուածը, կրկէսի տիրոջ գիշատիչ նկարագիրը։

Կրկէսը, այս իմաստով, այլաբանութիւնն է նէոլիպերալ շուկայի ստեղծած ընկերային դրութեան՝ դէպի ազատութիւն կոչին` խաբեբայութեան, եւ վայրենի մրցակցութիւններուն։
Քոլլոտիի գրած եւ Տիզնէյի ու Տել Թորոյի վերամեկնաբանած Փինոքիոյի պատմութիւնը լաւագոյն օրինակն է, որ մանուկներուն ուղղուած գրականութիւնն ու շարժապատկերը պէտք է բացայայտեն շահագործումի բարդ ու յաճախ անտեսանելի եղանակները։
Հրանդ Գալեմքէրեան



