Երբ ժողովուրդն ալ կը մասնակցի դիմակահանդէսին

Մեր նախորդ «Համայնքային կեա՞նք, թէ՞ դիմակահանդէս» յօդուածով անդրադարձանք համայնքային կեանքի դիմակներուն՝ այն երեւոյթին, երբ հաստատութիւններու ձախողութիւնները կը քողարկուին յաջողութեան ցուցադրութեամբ, ղեկավարներու անկարողութիւնը՝ հեղինակութեամբ, իսկ անձնական շահերը՝ ծառայութեան ու նուիրումի մասին ճառերով։

Շատ սիրելի բարեկամ մը, անդրադառնալով նախորդ յօդուածին, կը գրէր. «Անուններ կ՚ուզենք։ Մատնանշումներ կ՚ուզենք։ Եթէ ոչ՝ կը մնայ վերացական»։ Արդարացի՛ նկատողութիւն։ Սակայն այս հանգրուանին մեր նպատակը անուններ տալ կամ առանձին անձեր մատնանշելը չէ, այլ համայնքային կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող երեւոյթ մը եւ անոր թերութիւնները վեր հանելը։ Նախ պէտք է խնդիրը տեսնել եւ ընդունիլ, որ գոյութիւն ունի։

Մեր այսօրուան յօդուածով պիտի փորձենք անդրադառնալ դիմակահանդէսի միւս երեսին, որուն մասին սովորաբար շատ աւելի քիչ կը խօսուի՝ ժողովուրդին դերին։

Ի վերջոյ, ո՞վ կը մասնակցի այդ դիմակահանդէսին։ Ո՞վ կը ծափահարէ ղեկավարներուն։ Ո՞վ կը տարածէ յաջողութիւններու մասին հրապարակումները։ Ո՞վ կը շարունակէ վստահիլ նոյն անձերուն, նոյնիսկ երբ տարիներ շարունակ կը դժգոհի անոնց գործունէութենէն։

Եւ, ամենէն կարեւորը, ինչո՞ւ։

Երբ դժգոհութիւնը կը մնայ սալոններու մէջ

Մեր համայնքային կեանքին մէջ տարօրինակ հակասութիւն մը գոյութիւն ունի։ Մարդիկ յաճախ անձնական զրոյցներու ընթացքին շատ աւելի անկեղծ են, քան հրապարակային կեանքին մէջ։ Ընտանեկան հաւաքոյթներու, բարեկամական հանդիպումներու կամ սուրճի սեղաններու շուրջ կարելի է լսել ամենախիստ քննադատութիւնները։ Կը խօսուի հաստատութիւններու տկարութեան, ղեկավարներու անարդիւնաւէտ գործունէութեան, անարդար որոշումներու եւ անձնական շահերու մասին։

Բայց նոյն մարդիկը, երբ կը ներկայանան համայնքային հանդիսութեան մը, երբեմն կը ծափահարեն այն ղեկավարին, որուն մասին նախորդ օրը բոլորովին տարբեր կարծիք յայտնած էին։ Այս հակասութիւնը միշտ չէ, որ կեղծաւորութեան հետեւանք է։ Երբեմն անոր ետին վախ կայ, երբեմն՝ յոգնութիւն, երբեմն ալ այն համոզումը, թէ հրապարակաւ արտայայտուած կարծիքը ոչինչ պիտի փոխէ։

Սակայն ինչ որ ալ ըլլայ պատճառը, հետեւանքը մտահոգիչ է։ Դժգոհութիւնը կը մնայ անձնական շրջանակներու մէջ, իսկ հրապարակային կեանքը կը շարունակէ ներկայացնել համերաշխութեան եւ ընդհանուր գոհունակութեան պատկեր մը։ Այսպէս կը ստեղծուի վիճակ մը, ուր գրեթէ բոլորը կը խօսին խնդիրներուն մասին, բայց խնդիրները հազուադէպ կը դառնան հաւաքական քննարկման առարկայ։

Լռութիւնը միշտ համաձայնութեան արտայայտութիւն չէ

Պէտք է զգուշանալ հասարակութեան լռութիւնը անմիջապէս համաձայնութիւն նկատելէ։ Մարդ մը կրնայ լռել, որովհետեւ իր զաւակը անվճար կը յաճախէ համայնքային հաստատութեան մը դպրոցը։ Ուրիշ մը կրնայ չարտայայտուիլ, որովհետեւ իր գործը կամ ընտանիքին ապրուստը կապուած է նոյն հաստատութեան։ Երրորդ մը կրնայ խուսափիլ քննադատութենէ, որովհետեւ չի փափաքիր խզել տարիներու բարեկամութիւններ կամ խնամիական կապեր։ Փոքր համայնքներու մէջ այս կապերը առանձնապէս զգալի են։ Մարդիկ իրարու առնչուած են ընտանեկան, կրթական, մշակութային, քաղաքական եւ տնտեսական բազմաթիւ կապերով։

Այդ պայմաններուն մէջ ազատ կարծիք արտայայտելը երբեմն իր գինը ունի։ Հետեւաբար արդար պիտի չըլլար նոյն պատասխանատուութիւնը վերագրել այն մարդուն, որ իր դիրքը կորսնցնելու վախով կը լռէ, եւ այն մարդուն, որ իր շահերը պաշտպանելու համար գիտակցաբար կը նպաստէ իրականութեան քողարկման։

Բայց լռութեան պատճառները հասկնալը դեռ չի նշանակեր անոր հետեւանքները անտեսել։ Որովհետեւ երբ դժգոհութիւնը երբե՛ք հրապարակային արտայայտութիւն չի գտներ, որոշում կայացնողները կրնան շարունակել գործել այն տպաւորութեամբ, թէ իրենք լայն ժողովրդականութիւն կը վայելեն։

Ծափահարութեան մշակոյթը

Համայնքային կեանքի մէջ ծափահարութիւնը բնական երեւոյթ է։ Մարդիկ կը ծափահարեն յաջողութիւնները, կը գնահատեն նուիրումը եւ կը յարգեն ծառայութիւնը։ Խնդիրը կը սկսի այն պահուն, երբ ծափահարութիւնը կը դադրի գնահատանքի արտայայտութիւն ըլլալէ եւ կը վերածուի պարտադիր ծիսակատարութեան կամ խնկարկումի արարողութեան։ Երբ իւրաքանչիւր ձեռնարկ կը ներկայացուի իբրեւ բացառիկ յաջողութիւն, իւրաքանչիւր ղեկավար՝ իբրեւ անփոխարինելի անձնաւորութիւն, իսկ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն՝ իբրեւ պատմական իրագործում, գնահատանքը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր արժէքը։

Աւելին՝ երբ հանրութիւնը կը վարժուի ամէն առիթով ծափահարելու, կը դժուարանայ զանազանել իրական ձեռքբերումը սովորական գործունէութենէն։ Հաստատութիւն մը իր պարտականութիւնը կատարած ըլլալուն համար անպայման հերոսացուելու արժանի չէ։ Ղեկավար մը իրեն վստահուած գործը կատարած ըլլալուն համար պայման չէ, որ անփոխարինելի հռչակուի։

Գնահատանքը պէտք է ունենայ չափանիշներ։ Այլապէս ան կը դառնայ ծիսակատարութիւն մը, որուն մասնակցողները երբեմն իրենք ալ չեն հաւատար իրենց արտայայտած խանդավառութեան։

Երբ ժողովուրդը կը հեռանայ

Սակայն համայնքային կեանքին մէջ կայ նաեւ ուրիշ երեւոյթ մը, որուն հետեւանքները թերեւս աւելի ծանր են, քան հրապարակային լռութիւնը։

Մարդիկ աստիճանաբար կը հեռանան։ Ոմանք կը դադրին մասնակցելէ ժողովներու։ Ուրիշներ այլեւս չեն հետաքրքրուիր համայնքին առնչուած ընտրութիւններով։ Երիտասարդներ կը խուսափին կազմակերպական աշխատանքէ, իսկ մասնագիտական կարողութիւններ ունեցող մարդիկ կը նախընտրեն իրենց ժամանակն ու ուժերը տրամադրել այլ նախաձեռնութիւններու։

Այս հեռացումը միշտ չէ, որ անտարբերութեան նշան է։ Երբեմն ան յուսախաբութեան հետեւանք է։

Մարդ մը, որ տարիներ շարունակ փորձած է մասնակցիլ, առաջարկներ կատարել կամ բարեփոխումներ իրագործել, բայց հանդիպած է փակ դռներու, կրնայ ի վերջոյ եզրակացնել, թէ իր մասնակցութիւնը իմաստ չունի։

Եւ երբ այս համոզումը տարածուի, համայնքը կը սկսի կորսնցնել իր ամենէն կարեւոր ուժերէն մէկը՝ նախաձեռնող եւ պատասխանատու անդամները։

Այստեղ կը յայտնուի վտանգաւոր հակասութիւն մը. հաստատութիւնները կը շարունակեն խօսիլ ժողովուրդին ծառայելու մասին, մինչ ժողովուրդին մէկ մասը այլեւս ինքզինք այդ հաստատութիւններուն մասնակից չի զգար։

Սակայն մարդիկ պարզապէս զոհեր չեն

Այս բոլորին կողքին կայ հարց մը, որմէ կարելի չէ խուսափիլ։ Արդեօք հասարակութիւնը միշտ միայն պարտադրուած պայմաններո՞ւ հետեւանքով կը լռէ կամ կը մասնակցի դիմակահանդէսին։

Անշուշտ՝ ո՛չ։

Երբեմն մարդիկ աւելի կը նախընտրեն անձերու հաւատարիմ մնալ, քան սկզբունքներու։ Կը պաշտպանեն ղեկավար մը ոչ թէ անոր գործունէութեան արդիւնքներուն համար, այլ որովհետեւ ան իրենց բարեկամը, ազգականը կամ «մարդն է»։

Երբեմն կը պահանջեն արդարութիւն, բայց կը հանդուրժեն անարդարութիւնը, երբ անկէ կ՚օգտուին իրենց մերձաւորները։ Կը քննադատեն անձնական կապերով կատարուած նշանակումները, բայց նոյն կապերը կը գործածեն, երբ իրենց համար նպաստաւոր են։

Այս վարքագիծը միայն ղեկավարութեան խնդիրը չէ։ Ան կը բացայայտէ հասարակութեան մէջ արմատացած մտածելակերպ մը, ուր անձնական կապերը երբեմն աւելի կարեւոր կը նկատուին, քան հաւաքական շահերը։

Հետեւաբար համայնքային կեանքի առողջացումը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն ղեկավարներու փոփոխութեամբ։ Եթէ հասարակութիւնը շարունակէ նոյն ակնկալութիւնները ունենալ, նոյն առանձնաշնորհումները պահանջել եւ նոյն վարքագիծը հանդուրժել, նոր ղեկավարները կրնան անմիջապէս նմանիլ իրենց նախորդներուն։

Ի՞նչ կը նշանակէ մասնակցիլ

Համայնքային մասնակցութիւնը միայն հանդիսութիւններու ներկայ գտնուիլը, նուիրատուութիւն կատարելը կամ ընտրութեան մը քուէարկելը չէ։ Մասնակցիլ կը նշանակէ նաեւ հարցումներ ուղղել, տեղեկութիւն պահանջել, որոշումները քննարկել, առաջարկներ ընել եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ կեցուածք ճշդել։

Բայց նման մասնակցութիւն կարելի չէ ակնկալել ժողովուրդէն, եթէ մարդիկ չունին մասնակցելու գործնական միջոցներն ու կարելիութիւնները։

Հաստատութիւնները պէտք է պատրաստ ըլլան քննադատութիւն լսելու։ Ժողովները պէտք է ըլլան քննարկման վայրեր, ոչ թէ նախապէս առնուած որոշումները վաւերացնելու արարողութիւններ։ Ընտրութիւնները պէտք է ապահովեն իսկական ընտրութեան կարելիութիւն, իսկ պատասխանատուները պէտք է ընդունին, որ իրենց գործունէութիւնը հանրային քննութեան ենթակայ է։

Միաժամանակ, համայնքի անդամներն ալ պէտք է գիտակցին, որ հաստատութիւններու առողջ գործունէութիւնը միայն ղեկավարներուն պարտականութիւնը չէ։ Համայնքային կեանքը փոխադարձ պատասխանատուութիւն է։

Դիմակահանդէսին հանդիսատեսը

Ի վերջոյ, դիմակահանդէս մը չի կրնար երկար շարունակուիլ առանց հանդիսատեսի։

Բայց համայնքային կեանքի մէջ ժողովուրդը պարզ հանդիսատես մը չէ։ Ան կրնայ ըլլալ քննադատ, մասնակից, նախաձեռնող եւ փոփոխութեան պահանջատէր։ Անշուշտ, բոլոր անդամներէն կարելի չէ ակնկալել նոյն աստիճանի գործունէութիւն կամ հրապարակային համարձակութիւն։ Բայց կարելի է ակնկալել, որ համայնքային կեանքին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը չսահմանափակուի անձնական դժգոհութեամբ կամ ժամանակաւոր խանդավառութեամբ։

Որովհետեւ համայնքը միայն ղեկավարներէ չի բաղկանար։ Համայնքը նաեւ այն մարդիկն են, որոնք կը մասնակցին անոր կեանքին, կը պահպանեն անոր հաստատութիւնները, կը քննադատեն անոր սխալները եւ կը պահանջեն անոր բարեփոխումը։

Եթէ առաջին քայլը դիմակները տեսնելն է, երկրորդը պէտք է ըլլայ հրաժարիլ այն սովորութենէն, որով կը շարունակենք ծափահարել ներկայացման մը, որուն անկեղծութեան մենք իսկ չենք հաւատար։

Համայնքային կեանքի առողջացումը չի սկսիր միայն այն պահուն, երբ ղեկավարը կը հանէ իր դիմակը։ Ան կը սկսի նաեւ այն պահուն, երբ ժողովուրդը կը դադրի պարզ հանդիսատես ըլլալէ։

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x