Մեր նախորդ երկու գրութիւններով` «Համայնքային կեա՞նք, թէ՞ դիմակահանդէս» եւ «Երբ ժողովուրդն ալ կը մասնակցի դիմակահանդէսին», անդրադարձանք համայնքային կեանքի մէջ տարածուած երեւոյթի մը, զոր կոչեցինք «դիմակներու մշակոյթ»։ Առաջինով խօսեցանք ղեկավարներու եւ հանրային դէմքերու մասին, որոնք երբեմն իրենց գործունէութենէն տարբեր պատկեր մը կը ներկայացնեն հանրութեան։ Երկրորդով փորձեցինք ցոյց տալ, որ ժողովուրդն ալ իր լռութեամբ, ծափահարութիւններով կամ անտարբերութեամբ կրնայ մասնակցիլ այդ դիմակահանդէսին։
Սակայն ինչո՞ւ այս մշակոյթը կը գոյատեւէ։ Ինչո՞ւ նոյն վարքագիծերը կը կրկնուին, իսկ նոյն մարդիկը տարիներ շարունակ կը պահպանեն իրենց դիրքն ու հեղինակութիւնը՝ անկախ իրենց գործունէութեան իրական արդիւնքներէն։
Պատասխանը մեծ չափով կապուած է մեր համայնքային կեանքին մէջ հաշուետուութեան մշակոյթի բացակայութեան։ Դիմակներու մշակոյթը անպայման հաշուետուութեան բացակայութենէն չի ծնիր։ Մարդիկ տարբեր պատճառներով դիմակներ կը կրեն՝ հեղինակութիւն պահպանելու, քննադատութենէ խուսափելու կամ սեփական շահերը պաշտպանելու։ Սակայն երբ չկայ հաշիւ պահանջելու ազդու դրութիւն մը, դիմակը կրնայ վերածուիլ հասարակութեան կողմէ ընդունուած գործելակերպի։
Երբ երեւոյթը կը փոխարինէ իրականութիւնը
Համայնքային մեր կեանքին մէջ յաճախ կը լսենք ծառայութեան, նուիրումի, ժողովրդավարութեան, թափանցիկութեան եւ հաւաքական շահերու մասին։ Բայց սկզբունք մը յայտարարելը չի նշանակեր զայն գործադրել։ Երբ ղեկավար մը կը ներկայանայ ծառայութեան անունով, բնականաբար պէտք է հարց տալ՝ ինչպէ՞ս։ Ի՞նչ նպատակներ դրած էր իր առջեւ։ Ի՞նչ իրականացուց։ Ի՞նչ չյաջողեցաւ իրականացնել եւ ինչո՞ւ։ Ինչպէ՞ս գործածուեցան իրեն վստահուած միջոցները։
Երբ նման հարցումներ չեն տրուիր, ղեկավարին հանրային պատկերը կրնայ աւելի կարեւոր դառնալ, քան անոր կատարած աշխատանքը։ Կազմակերպուած ձեռնարկները, բեմերէն արտասանուած խօսքերը, հրապարակուած լուսանկարներն ու մեծարանքի հանդիսութիւնները կը դառնան յաջողութեան չափանիշեր։ Սակայն ո՞վ կը հարցնէ, թէ այդ բոլորին ետին ի՛նչ մնայուն արդիւնք եւ արժէք կայ։
Հաստատութիւն մը կրնայ տասնեակ ձեռնարկներ կազմակերպել՝ առանց էական փոփոխութիւն յառաջացնելու։ Ղեկավար մը կրնայ շարունակ խօսիլ երիտասարդութեան կարեւորութեան մասին՝ առանց երիտասարդներուն որոշումներու կայացման իրական մասնակցութիւն ապահովելու։
Այսպիսի պայմաններու մէջ երեւոյթը կը սկսի փոխարինել իրականութիւնը։
Պատասխանատուութիւն եւ հաշուետուութիւն
Հոս անհրաժեշտ է նշել տարբերութիւնը պատասխանատուութեան եւ հաշուետուութեան միջեւ։ Պատասխանատուութիւն ստանձնելը կը նշանակէ որոշ պարտականութիւններ ընդունիլ։ Հաշուետուութիւնը կը նշանակէ բացատրել, թէ այդ պարտականութիւնները ինչպէ՛ս կատարուած են, ներկայացնել արդիւնքները, ընդունիլ քննադատութիւնը եւ անհրաժեշտութեան պարագային կրել սխալ որոշումներուն հետեւանքները։
Մեր համայնքային իրականութեան մէջ երբեմն այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, թէ պաշտօն մը ստանձնելը ինքնին բաւարար է յարգանքի եւ վստահութեան արժանանալու։ Կը գնահատենք մարդուն ստանձնած պարտականութիւնը, բայց միշտ չէ, որ կը քննենք անոր կատարած աշխատանքը։ Կը մեծարենք երկարամեայ ծառայութիւնը, բայց հազուադէպ կը հարցնենք, թէ այդ տարիներուն ընթացքին ի՛նչ ձեռքբերումներ արձանագրուած են։
Բաւարար չէ պատասխանատուութիւն ստանձնել, պէտք է նաեւ այդ պատասխանատուութեան համար հաշիւ տալ։ Իսկ հաշիւ տալը պէտք չէ ընկալուի իբրեւ պատիժ կամ անվստահութեան արտայայտութիւն։ Ընդհակառակը՝ ան վստահութիւնը հիմնաւորելու միջոց է։

Ինչո՞ւ հաշիւ չենք պահանջեր
Սակայն միայն առաջնորդները մեղադրելը միակողմանի պիտի ըլլար։ Եթէ հաշուետուութեան համակարգը տկար է, պէտք է հարց տալ նաեւ, թէ ինչո՞ւ ժողովուրդը հաշիւ չի պահանջեր։ Ղեկավարը կրնայ շատերուն բարեկամը ըլլալ, ազգականը կամ տարիներու ծանօթը, եւ անոր գործունէութիւնը քննադատելը կ’ընկալուիլ իբրեւ անձնական յարաբերութեան խախտում։
Ուրիշ պարագաներու կը գործէ երախտագիտութեան զգացումը։ Կրնայ ըլլալ որ ղեկավարը անցեալին կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած է շատերու, հետեւաբար անոր ներկայ գործունէութիւնը հարցականի տակ դնելը կը նկատուի ապերախատութիւն՝ յիշեցնելով աւատապետական աղայական համակարգը:
Կայ նաեւ հաստատութեան հեղինակութիւնը պահպանելու մտահոգութիւնը։ Կը կարծենք, թէ անոր թերութիւնները հրապարակաւ քննարկելով՝ կը տկարացնենք զայն։ Այս մտածելակերպին մէջ քննադատութիւնը կը շփոթուի թշնամութեան հետ, իսկ լռութիւնը՝ հաւատարմութեան։ Սակայն կարելի՞ է հաստատութիւն մը զօրացնել՝ անոր թերութիւնները անտեսելով։
Երբ քննադատողը կը պիտակաւորուի իբրեւ պառակտիչ, մարդիկ աստիճանաբար կը սկսին լռել։ Ոմանք՝ անձնական յարաբերութիւններ չխանգարելու, ուրիշներ՝ մեկուսացումէ խուսափելու մտահոգութեամբ։ Այս լռութիւնը կը ստեղծէ խաբուսիկ համախոհութեան մթնոլորտ մը։ Բոլորը գոհ կ’երեւին, մինչդեռ տարակարծութիւն արտայայտելու համակարգը խախտած է:
Հաշուետուութիւնը միայն դրամական չէ
Հաշուետուութիւն ըսելով սովորաբար կը մտածենք ֆինանսական հաշիւներու մասին։ Անշուշտ, համայնքային միջոցներու գործածութեան թափանցիկութիւնը անհրաժեշտ է։ Բայց հաշուետուութիւնը այսքանով չի սահմանափակուիր։ Կրթական հաստատութիւն մը պէտք է կարենայ բացատրել, թէ որքանո՛վ կ՚իրականացնէ իր կրթական նպատակները։ Մշակութային միութիւն մը՝ թէ ի՛նչ նպաստ կը բերէ մշակութային կեանքին։ Երիտասարդական կազմակերպութիւն մը՝ թէ որքանո՛վ կը քաջալերէ երիտասարդներուն մասնակցութիւնն ու նախաձեռնողականութիւնը։
Հարցը միայն այն չէ, թէ որքա՛ն գումար ծախսուեցաւ կամ քանի՛ ձեռնարկ կազմակերպուեցաւ, այլեւ՝ ի՛նչ նպատակ հետապնդուեցաւ եւ ի՛նչ արդիւնք ստացուեցաւ։ Հաշուետուութիւնը պէտք է դառնայ հաստատութեան բնականոն գործունէութեան մէկ մասը, ոչ թէ միայն տագնապի պահուն յիշուող պարտաւորութիւն մը։
Անիկա պէտք չէ կախեալ ըլլայ նաեւ ղեկավարին անձնական բարեհաճութենէն։ Գործունէութեան կանոնաւոր տեղեկագրերը, յստակ նպատակները, որոշումներու բացատրութիւնը, անդամներու մասնակցութիւնը եւ ղեկավարութեան պարբերական վերանորոգումը հաստատութենական առողջ կեանքի անհրաժեշտ պայմաններ են։
Դիմակներու մշակոյթէն՝ հաշուետուութեան մշակոյթ
Ի վերջոյ, դիմակներու մշակոյթը միայն անհատական կեղծաւորութեան խնդիր չէ։ Ան կրնայ դառնալ հասարակութեան մէջ ընդունուած յարաբերութիւններու ձեւ մը, ուր երեւոյթը աւելի մեծ արժէք կը ստանայ, քան իրականութիւնը, հաւատարմութիւնը՝ քան քննական մտածողութիւնը, հեղինակութիւնը՝ քան կատարուած աշխատանքին արդիւնքը։
Այս պատճառով ալ դիմակներու մշակոյթը փոխելու համար բաւարար չէ դիմակ կրողները ձաղկել։ Պէտք է փոխել նաեւ այն պայմանները, որոնք դիմակը կը դարձնեն օգտակար եւ ընդունելի։
Պէտք է ստեղծել համայնքային միջավայր մը, ուր ղեկավարին հեղինակութիւնը կը բխի իր կատարած աշխատանքէն, հաստատութեան արժէքը կը չափուի իր ստեղծած արդիւնքներով, իսկ ժողովուրդին մասնակցութիւնը չի սահմանափակուիր ծափահարելով կամ ներկայ գտնուելով, այլ ընդգրկելով նաեւ հարցում տալու եւ հաշիւ պահանջելու իրաւունքը։
Անշուշտ, հաշուետուութեան ազդու դրութիւն մը ինքնաբերաբար պիտի չվերացնէ բոլոր դիմակները։ Բայց կրնայ նուազեցնել անոնց օգտակարութիւնը։
Մեր նախորդ գրութիւններով հարց տուած էինք, թէ ինչո՛ւ ղեկավարները դիմակ կը կրեն եւ ինչո՛ւ ժողովուրդը կը մասնակցի դիմակահանդէսին։ Այս անգամ հարցումը աւելի պարզ է, բայց նաեւ աւելի դժուար.
Ինչո՞ւ մեր համայնքային կեանքին մէջ աւելի դիւրին է ղեկավար մը գովաբանել, քան անկէ հաշիւ պահանջել։
Թերեւս այս հարցումին պատասխանէն պէտք է սկսի փոփոխութիւնը։
Որովհետեւ դիմակները վար առնելու համար բաւարար չէ անոնց գոյութիւնը մատնանշել։ Պէտք է նաեւ ստեղծել համայնքային այնպիսի կեանք մը, ուր անոնց ետին պահուըտիլը այլեւս դիւրին չըլլայ։



