Այսօր, երբ տեղեկութիւնները աննախադէպ արագութեամբ կը տարածուին, իսկ իմաստալից ու խորքային մտածողութիւնը հետզհետէ կը նահանջէ, «մտաւորական» հասկացողութիւնը աւելի քան երբեք դարձած է մշուշոտ եզր մը։ Ընկերային ցանցերու, լայնօրէն տարածուած համոզումներու եւ հանրային մնայուն լուսարձակներու դարաշրջանին, անհրաժեշտ դարձած է վերադառնալ հիմնական հարցումի մը․ ո՞վ է իսկական մտաւորականը, եւ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունի ան ընկերութեան եւ համայնքին հանդէպ։
Հայ իրականութեան մէջ, այս հարցը առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ մեր պատմութեան ընթացքին մտաւորականը միայն գրող, ուսուցիչ կամ մտածող չէ եղած, այլ շատ անգամ յեղափոխական գործիչ ու նաեւ՝ ազգային յիշողութեան, լեզուի եւ մշակոյթի պահապան։ Յատկապէս սփիւռքի պայմաններուն մէջ, հայ մտաւորականութիւնը փորձած է պահպանել մեր ինքնութիւնը, ստեղծել գաղափարական տարածք եւ դիմադրել այլասերումին։ Այս պատճառով ալ, այսօր, երբ հանրային կեանքը աւելի արագ, աղմկոտ եւ մակերեսային դարձած է, մտաւորականի դերին մասին մտածելը պարզ տեսական հարց մը չէ, այլ նաեւ գոյութենական անհրաժեշտութիւն մը։
Մտաւորականը պարզապէս ուսանած ու զարգացած մարդը չէ։ Ան միայն գիրքեր կարդացողը, համալսարանական աստիճան ունեցողը կամ բարդ բառերով խօսողը չէ։ Իրական մտաւորականը այն մարդն է, որ կը փորձէ հասկնալ իր ժամանակը, հարցականի տակ առնել ընդունուած ճշմարտութիւնները եւ բարոյական պատասխանատուութիւն զգալ ընկերութեան ու համայնքին հանդէպ։
Մտաւորականը շատ անգամ անհանգիստ մարդ մըն է։ Ան չի բաւարարուիր պատրաստ պատասխաններով։ Կը կասկածի, կը քննէ, կը համադրէ, կը մտածէ։ Անոր գործը միայն տեղեկութիւն փոխանցելը չէ, այլ նաեւ մտածելու ձեւ ստեղծելը։ Այս պատճառով ալ մտաւորականութիւնը ո՛չ պաշտօն է եւ ո՛չ ալ պարզ ասպարէզ։ Անիկա հոգեկան վիճակ մըն է, հասարակական դիրքորոշում մը եւ որոշ իմաստով՝ առաքելութիւն։
Պատմութեան ընթացքին մտաւորականները տարբեր դերեր ունեցած են։ Ոմանք եղած են իշխանութեան կողքին (որքան շա՛տ են այսօր աշխարհի տարածքին), ուրիշներ՝ իշխանութեան քննադատներ ու անոր դէմ պայքարողներ (երթալով կը պակսին)։ Ոմանք ժողովուրդները առաջնորդած են դէպի աւելի ազատ մտածողութիւն, ուրիշներ՝ գաղափարախօսութիւններու ծառայած (նաեւ փանջունիներ)։ Այս պատճառով, կարծէք «մտաւորական» բառը ինքնին բարոյական երաշխիք մը չէ։ Զարգացած մարդը կրնայ նաեւ վտանգաւոր ըլլալ, եթէ իր գիտելիքը ծառայեցնէ փրոփականտի եւ բռնութեան:
Մեր կարծիքով, իսկական մտաւորականին հիմնական յատկանիշներէն մէկը քննական մտածողութիւնն ու ներքին անկախութիւնն է։ Ան կուրօրէն չի հաւատար ընդունուած գաղափարներուն, չի հանդուրժեր փրոփականտան (պետական թէ կուսակցական) կամ պատրաստի կաղապարները։ Ան հարցականի տակ կ’առնէ նոյնիսկ այն «ճշմարտութիւնները», որոնք հասարակութեան մեծամասնութեան համար անքննելի կը նկատուին։ Անոր միտքը պէտք է ազատ մնայ քաղաքական, կրօնական, տնտեսական կամ ամբոխային ճնշումներէ (մանաւանդ ամբոխային)։
Մտաւորականութիւնը նաեւ բարոյական պատասխանատուութիւն է։ Ֆրանսացի փիլիսոփայ Ժան-Փոլ Սարթր իր A plea for intellectuals (Plaidoyer pour les intellectuels, «Պաշտպանութիւն մտաւորականներուն», 1972) աշխատութեան մէջ մտաւորականը կը նկարագրէ որպէս այն մարդը, որ կը «միջամտէ այն բաներուն, որոնք իրեն չեն վերաբերիր»։ Այսինքն՝ ան չի սահմանափակուիր իր մասնագիտական ոլորտով, այլ կը զգայ պարտաւորութիւնը արձագանգելու անարդարութեան, բռնութեան եւ հանրային կեանքի խնդիրներուն։ Նմանօրինակ միտք մը կը գտնենք նաեւ Էտուարտ Սայիտի գործերուն մէջ։ Իր Representations of the Intellectual («Մտաւորականին ներկայացումները», 1994) դասախօսութիւններուն մէջ, ան կը շեշտէ, որ մտաւորականին հիմնական դերերէն մէկը «ճշմարտութիւնը իշխանութեան դիմաց խօսիլն» է (speaking truth to power)։ Իր «Արեւելաբանութիւն» (*) (Orientalism, 1978) գործին մէջ, Սայիտ ցոյց կու տայ, թէ գիտելիքն ու իշխանութիւնը ինչպէս սերտօրէն կապուած են իրարու, եւ թէ ինչպէս «գիտական» կամ «առարկայական» ներկայացումներ յաճախ կը ծառայեն քաղաքական ու մշակութային տիրակալութեան։ Այս վերլուծութենէն կը բխի նաեւ մտաւորականին պատասխանատուութիւնը՝ քննութեան ենթարկելու տիրող պատկերացումները եւ հարցականի տակ առնելու ընդունուած «ճշմարտութիւնները»։ Այս պատասխանատուութիւնը կը վերաբերի ոչ միայն քաղաքական իշխանութեան, այլ նաեւ կրօնական, տնտեսական, մշակութային եւ նոյնիսկ ամբոխային մտածողութեան ճնշումներուն։
Իսկական մտաւորականը նաեւ իր գիտելիքը չի պահեր փակ շրջանակներու կամ «փղոսկրեայ աշտարակներու» մէջ։ Ան կամուրջ մը կը հանդիսանայ գաղափարներու եւ ընկերութեան միջեւ։ Անոր նպատակը մարդիկը մտածելու մղելն է եւ ո՛չ թէ պարզապէս տեղեկութիւն սպառելը։ Այս իմաստով, մտաւորականը ընկերութեան արթուն խիղճն է։ Անոր արժէքը կը չափուի ոչ թէ իր կարդացած գիրքերուն թիւով, այլ՝ իր սկզբունքներուն հանդէպ ունեցած հաւատարմութեամբ եւ դժուար պահերուն դիրքորոշում որդեգրելու կարողութեամբ։
Հայ իրականութեան մէջ, մտաւորականը նաեւ գոյատեւման նպաստող դեր ունի։ Սփիւռքի, լեզուի, յիշողութեան եւ ինքնութեան պայմաններուն մէջ, հայ մտաւորականը միայն գրող կամ մտածող չէ, այլ նաեւ մշակոյթի պահապան մը։ Ան գրականութիւն, դպրոց, մամուլ եւ գաղափարական տարածք ստեղծելով կը փորձէ պահպանել հաւաքական յիշողութիւնը եւ ազգային ինքնութիւնը։ Անոր հայրենասիրութիւնը, իր առողջ ձեւին մէջ, կուրացնող չէ, այլ՝ սրբագրող եւ կառուցողական։ Ան ցաւ կը զգայ թէ՛ իր հայրենիքի խնդիրներուն, եւ թէ՛ համամարդկային ողբերգութիւններուն համար։
Բայց այսօր մտաւորականի դերը զգալիօրէն փոխուած է։ Ընկերային ցանցերու, արագ տեղեկութեան եւ աղմկալի օրերու այս դարաշրջանին, խորքային մտածողութիւնը սկսած է նահանջել։ Մարդիկ աւելի արագ կարծիքներ կը սպառեն, քան գաղափարներ կը զարգացնեն։ Այս պատճառով ալ, շատեր սկսած են «լուսարձակի տակ գտնուիլը» շփոթել մտաւորականութեան հետ։ Բայց ամէն հանրային դէմք մտաւորական չէ։ Մտաւորականը յաճախ ան է, որ պատրաստ է առանձին մնալու՝ յանուն ճշմարտութեան կամ բարոյական դիրքորոշումի։
Այս ամբողջ իրականութիւնը նոր փուլ մը թեւակոխած է արուեստական իմացականութեան (ԱԻ-ի) զարգացումով։ Նախապէս, գիտելիքի արտադրութիւնը դանդաղ ընթացք մըն էր՝ հիմնուած տարիներու ուսումնասիրութեան, յիշողութեան եւ փորձառութեան վրայ։ Բայց այսօր ChatGPT-ի եւ Gemini-ի նման լեզուական մոտելներ եւ այլ համակարգերը արդէն կրնան յօդուածներ գրել, գիրքեր ամփոփել, թարգմանել, վերլուծել եւ գաղափարներ առաջարկել։ Այս փոփոխութիւնը բնականաբար նոր հարցեր կը յառաջացնէ․ մտաւորական արտադրութիւնը արդեօք շուտով ամբողջովին մարդուն եւ մեքենային համագործակցութեամբ պիտի պայմանաւորուի՞։
Շատերու համար այս մէկը մտահոգիչ հեռանկար է։ Անոնք կը վախնան, թէ արուեստական իմացականութիւնը աւելի մակերեսային պիտի դարձնէ մտածողութիւնը եւ պիտի ստեղծէ արագ, բայց հոգիէ եւ խորքէ զուրկ գրութիւններ։ Այս վախը ամբողջովին անհիմն չէ։ Արդէն այսօր համացանցը ողողուած է մեքենական լեզուով արտադրուած բովանդակութիւններով։ Բայց խնդիրը աւելի բարդ է։ Պատմութեան ընթացքին, արհեստագիտական ամէն նոր միջոց փոխած է մտային աշխատանքի ձեւը։ Տպագրութիւնը փոխած է յիշողութեան մշակոյթը, համակարգիչը՝ գրելու եղանակը, իսկ համացանցը՝ տեղեկութեան հասանելիութիւնը։ Արուեստական իմացականութիւնը թերեւս այս շղթային հզօրագոյն հանգրուանն է։
ChatGPT-ի նման համակարգերը հետաքրքրական են այն պատճառով, որ անոնք միայն տեղեկութիւն չեն պահեր, այլ նաեւ լեզուական եւ գաղափարական կապեր կը ստեղծեն։ Անոնք կրնան տարբեր աղբիւրներ իրարու մօտեցնել, արագացնել հետազօտութիւնը եւ երբեմն մարդուն ստիպել վերատեսութեան ենթարկելու սեփական մտածողութիւնը։ Այս իմաստով, արուեստական իմացականութիւնը կրնայ գործակից մը դառնալ մտաւորականին:
Բայց հոս կը գտնուի հիմնական սահմանը։ Արուեստական իմացականութիւնը տակաւին չի կրնար ունենալ մարդկային փորձառութիւն, վիշտ, յանցանքի զգացում, կորուստի կամ մահուան գիտակցութիւն։ Մեքենան կրնայ գրել պատերազմի մասին, բայց չէ ապրած պատերազմը։ Կրնայ խօսիլ սիրոյ մասին, բայց չէ սիրած։ Կրնայ մեկնաբանել աքսորը, բայց չէ զգացած տեղահանութեան եւ ջարդի հոգեբանական ցնցումը։
Հետեւաբար, հիմնական հարցը այն չէ, թէ արուեստական իմացականութիւնը պիտի փոխարինէ՞ մտաւորականը։ Աւելի կարեւոր է այն, թէ արդեօք մարդը պիտի կարենա՞յ պահպանել ինքնուրոյն մտածելու, կասկածելու եւ ներքին պայքար ապրելու կարողութիւնը, երբ մեքենան սկսի իրեն հետ մտածել, կա՞մ պիտի դառնայ անոր գերին եւ կամաց-կամաց ընդունի անոր մեքենական տրամաբանութիւնը։
Որովհետեւ մտաւորական ըլլալ չի նշանակեր միայն տեղեկութիւն արտադրել։ Մտաւորականութիւնը խիղճ է, պատասխանատուութիւն է եւ երբեմն ալ՝ իր ժամանակի նորմերը կասկածի տակ դնելու խիզախութիւն։
Վ.Թէնպէլեան
(*) Այս գործին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը արդէն հրապարակի վրայ է, նախաձեռնութեամբ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարի:


