Ո՞վ է հայը այսօր. ո՞վ եմ ես, ինչո՞ւ եմ ես, ո՞ւր կ’երթամ

21-րդ դարուն «ո՞վ է հայը» հարցադրումը դուրս կու գայ ազգային ինքնութեան սովորական սահմաններէն ու կը վերածուի գոյաբանական, արժեհամակարգային, հոգեբանական եւ քաղաքակրթական ճգնաժամի ցուցիչի: Պատմութիւնը, աշխարհաքաղաքականութիւնը, տեղաշարժը, արհեստագիտութիւնը, դարաշրջանի թելադրանքները, սպառնալիքներն ու խաբկանքները՝ ձեւաւորած են իւրատեսակ հայ իրականութիւն մը, որ միաժամանակ կը կրէ թէ՛ հազարամեայ ժառանգութիւն, թէ՛ ներկայի գոյատեւման անորոշութիւն:

Ինքնութեան փլուզում եւ որոնում

Ինքնութեան փլուզման եւ որոնման դարաշրջանին՝ Հայը կանգնած է ինքնութեան վերաիմաստաւորման եզրին: Դարեր շարունակ իր գոյութիւնը կապելով ազգային պատմութեան, քրիստոնէութեան, լեզուի եւ պատմական հայրենիքի՝ ան այսօր կանգնած է իրականութեան մը առջեւ, ուր այդ բոլոր հիմքերը կասկածի տակ կը դրուին: Աւելի քան սուր են արտայայտուած լեզուական մարտահրաւէրները, քանի որ սփիւռքի մէջ, երկրորդ եւ երրորդ սերունդները յաճախ կը կորսնցնեն հայերէնը՝ զրկուելով ինքնութեան ամենէն հիմնարար գործիքէն: Հայաստան-սփիւռք երկատուածութիւնը կը յանգի այն իրողութեան, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայերը յաճախ զիրար օտար կ’ընկալեն, եւ ոչ որպէս համահայկական մարմնի մը տարբեր մասերը: Անոնք զիրար կ’ընդունին «հայկականութեան» գաղափարի մը մշուշոտ ընդհանուրութեան զգացումով, սակայն ունին նաեւ բազում հիմնական հակասութիւններ, որոնք կ’առաջնորդեն ինքնամերժութեան: Պատմութեան ընկալման հակասութիւնը այսօր, աւելի քան դրսեւորուող իրարամերժումի ցուցիչներէն է: Մէկ մասը կը փնտռէ փառքի ոսկեդարեր՝ մերժելով ներկան, իսկ միւսը կը փորձէ ջնջել անցեալը՝ ինքնադրսեւորուելու համար ներկայով: Այս մօտեցումները կը ձախողին ու նաեւ ունին կործանարար մէկ այլ ներուժ՝ այդ հայկական տարբեր խումբերը իրարմէ աւելի կը հեռացնէ: Ասոր կը գումարուի քաղաքական պառակտումը, տեղեկատուական աղմուկը եւ գիտակցութեան մշտական բեւեռացումը՝ ինչ որ կը յանգեցնէ ինքութեան «մահուան» վտանգին:

Արժեհամակարգային դատարկութիւնն ու ճգնաժամը հայ իրականութեան առանցքային խնդիրներէն են: Հայը՝ անկախ իր վայրէն, յաճախ կանգնած է երկու բեւեռներու միջեւ, ուր մէկ կողմէ աւանդական արժէքներն են՝ ընտանիք, հաւատք, ազգ, պատիւ, որոնք յաճախ կը վերածուին դատարկ կարգախօսերու կամ գերխիստ պարտաւորութիւններու, միւս կողմէ ալ անխուսափելի են՝ համաշխարհային ազատական արժէքները՝ անհատի ազատութիւն, ինքնադրսեւորման իրաւունք, յետարդիական բաց մտածելակերպ, որոնք յաճախ կ’ընկալուին որպէս «ազգի քայքայման» գործիք: Այս իրավիճակին մէջ, ոչ մէկ գաղափար այլեւս կ’աշխատի. անոր փոխարէն հայը կը դառնայ նման՝ առանցք չունեցող եւ ցիրուցան ուղեծիրի մէջ շարժող մարմնի: Այս երկփեղկումը ոչ միայն չի յանգեցներ արժէքներու վերաիմաստաւորման, այլեւ կը խորացնէ հիասթափութիւնն ու քայքայումը: Հայ երիտասարդին համար յաճախ անհասկնալի է՝ ի՞նչ կը նշանակէ «ըլլալ հայ»: Արդեօ՞ք այդ մէկը աւանդոյթի շարունակութիւն է, ճնշող պա՞րտք մը, թէ՞ ազատ ընտրութեան մշակութային որոշում:  Հայ հասարակութիւնը կը կրէ հաւաքական հոգեցնցումներու ամբողջական շղթայ մը․ ցեղասպանութիւն, սովետական ստրկութիւն, 1988-ի երկրաշարժը, 1990-ականներու պաշարումը, պատերազմներ, պարտութիւններ, արտագաղթ, կորուստ։ Այդ բոլորը խիստ կը սրին այսօր Հայաստանի մէջ դրսեւորուող ներքաղաքական խայտառակ անմակարդակութեամբ, որ իրարու դէմ կը տրամադրէ ոչ միայն Հայաստանի հայերը, այլեւ սփիւռքի հայերը իրարու մէջ եւ սփիւռքի ու Հայաստանի հայերը: Այս հոգեցնցումները այնքա՛ն խոր են, որ վերածուած են ներքին ինքնաոչնչացման մեքանիզմի: Հոգեբանական տիպական շերտեր են՝ մեղաւորի մնայուն փնտռտուք, թշնամիի անխուսափելի կերպար, ապագայի նկատմամբ անվստահութիւնը, ինքնախաբէութեան եւ փախուստի մեքանիզմներ (արտագաղթ, հեգնանք, պատմական մոլեռանդութիւն):

Բայց ո՞ւր երթալ:

Հայը չի կրնար շարունակել այս ձեւով ապրիլ: Անհրաժեշտ է արժեհամակարգային, մտածողութեան եւ կազմակերպուածութեան յեղափոխութիւն մը: Այդ ուղղութեամբ կարելիութիւններ են հետեւեալ առանցքները, այնպէս, ինչպէս ինքնութեան նոր իմաստաւորում, հայ ըլլալը պէտք է դուրս բերել զուտ արեան, կրօնի կամ լեզուի չափանիշներէն եւ վերաձեւակերպել որպէս մշակութային պատասխանատուութիւն՝ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեամբ: Այլ կերպ ասած՝ հայ ըլլալը պիտի վերածուի գործի եւ գիտակցութեան, ոչ թէ միայն ժառանգութեան: Յաջորդ կարեւոր ուղղութիւնը արժէքներու վերաձեւումն է: Աւանդոյթները պէտք է զտել ու վերաիմաստաւորել, ոչ թէ վերացնել կամ կոյր շարունակել: Ազատութիւնն ու ինքնութիւնը արժէքներ են ոչ թէ հակադիր, այլ` զիրար ամբողջացնող: Կարելի է ըլլալ ազատ հայ, բայց ոչ ապազգային կամ նահապետական: Հոգեբանական առողջացումը, որ կ’ենթադրէ հաւաքական գիտակցութեան մաքրում «պարտուածութեան» եւ «փրկիչի սպասման» պատկերացումներէն: Հայը պէտք է դառնայ ինքնուրոյն որոշումներ տուող եւ իր պատասխանատուութիւնը կրող միաւոր:

Պետական համակարգը ոչ թէ պէտք է փլուզէ հայ մարդու արժանապատուութիւնը, այլ ամրացնէ զայն՝ կրթական, մշակութային, հոգեբանական դաստիարակութեամբ: Նոր հայը պիտի դառնայ պետութեան քաղաքացին, ոչ թէ վկան: Հայը այսօր՝ ճակատագրի, պատմութեան եւ ապագայի խաչմերուկին վրայ կանգնած է: Ան միաժամանակ անցեալի ժառանգորդ է, ներկայի կրող, եւ ապագայի անորոշ ճարտարապետ: Ինքնութիւնը, որ դարեր շարունակ պահած է զինք որպէս գոյ, այսօր պէտք է վերածել մտածողութեան ու ծրագրումի՝ ո՞վ եմ ես, ինչո՞ւ եմ ես, եւ ո՞ւր կ’երթամ: Արդի հայը պիտի դառնայ գիտակից, իր անցեալը վերաիմաստաւորած, ներկան ճանչցող ու ապագան կերտող քաղաքացի: Այլապէս հայը կը մնայ որպէս յուշ՝ մեծ մշակոյթի, խոցուած հոգեցնցումի, բայց ոչ՝ ընթացիկ կեանքի: Այս մտահոգութիւնը ոչ միայն ընդհանուր թեմայով պիտի աւարտի, այլեւ շօշափէ այնպիսի սկզբունքներ, ինչպէս` «արհեստագիտական ժամանակներու հայ երիտասարդը», «հայ ընտանիքի փոխակերպումը», «լեզուի ապագան», «սփիւռքեան ինքնութեան հորիզոնները» եւ այլն:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
2 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Armenag
1 year ago

Շատ խելացի ու շնորհալի երիտասարդ մըն է Արայիկը, սակայն ընդգրկած այս նիւթը յաջող չէ շարադրուած. իր դրած հարցումը՝
այնպէս ալ կը շարունակէ մնալ մութ ու շփոթ, — ո՞վ է հայը:
Հարկ է նման հարցումի պատասխանել յստակ ու ճշգրիտ չափա-
նիշերու սահմանին մէջ. ինք երկար զառածած է՝ առանց պատասխան
գտնելու, առանց պատգամ փոխանցելու: Որովհետեւ չունի նման պ ատգամ մը:

Արայիկ
Արայիկ
1 year ago
Reply to  Armenag

Շնորհակալություն մեկնաբանության և կարծիքի համար։ Այո՛, ճիշտ եք նկատել, պատասխան չկա ու պատգամ ։ Պատասխան առհասարակ չկա, կարող ենք միայն մասնակի ընդգծումներ անել ազգային ինքնության այս կամ այն բաղադրիչի հետ կապված, բայց չունենք ամբողջական պատկեր։ Հայոց պատմության ընթացքում ինքնության կարևոր բաղադրիչները երբեմն փոփոխվել են, երբեմն տարրալուծվել ու կողք-կողքի ընթացել այլ ազգերի համանման երևույթների հետ։
Այս գրառմամբ ես նպատակ չունեմ պատասխաններ կամ պատգամ տալու, այլ միայն հարցեր։ Մենք շատ հաճախ ճիշտ հարցեր անգամ չենք տալիս։ Ես ցանկացա հարց ուղղել ընդհանուր առմամբ։ Նախ հարց և ապա քննարկում, եթե թեման առհասարակ կհետաքրքրի։

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x