«Homo Consumens»․ Սպառողականութեան պաշտամունքը եւ մարդուն մշակութային մահը

Շարունակելով քննական մտքի եւ զայն առաւելապէս մշակութային ոլորտի մէջ կիրառելու կենսական կարեւորութեան թեման, մենք այս գրառումով կ’ամբողջացնենք նախորդ նիւթով արծածուած մտքերը՝ զանոնք լրացնելով կամ աւելի մանրամասն բացատրելով: Մենք կրկին կը հիմնուինք արդէն բազմիցս յիշատակուած Ֆրանքֆորթեան դպրոցին վրայ, որովհետեւ, ըստ էութեան նոյնինքն Ֆրանքֆորթեան դպրոցի առաջարկած գաղափարները այսօր աւելի արդիական եւ կարեւոր են ժամանակակից իրականութիւնը հասկնալու համար: Երկրորդ՝ որովհետեւ Ֆրանքֆորթեան դպրոցը քննական տեսութեան հիմնական միջուկն է․ փաստօրէն, սխալ պիտի չըլլայ ըսել, որ հոսկէ կը սկսի ամէն ինչ: Թէպէտ, ինչպէս միշտ, ակունքները կարելի է գտնել դեռ շատ հին դարերուն:

Քննական տեսութիւնը ամբողջութիւնն է մօտեցումներու, որոնք կը քննադատեն հասարակութիւնն ու մշակոյթը՝ ցոյց տալով, որ մեր կենցաղը, այն, ինչ որ սովորաբար բնական կը համարենք, ինչպէս նաեւ մեր մարդկայնական գիտելիքը, իրականութեան մէջ գաղափարախօսական կառուցումներ են: Եւ այստեղ «գիտելիք» բառը չափազանց կարեւոր է:  Մենք կ’ապրինք աղաւաղուած իրականութեան մէջ, բայց նոյնիսկ չենք ալ կասկածիր անոր մասին, որովհետեւ այդ իրականութիւնը այնքան հմտօրէն եւ խորամանկ կերպով կառուցուած է: Քննական տեսութիւնը կը փորձէ բացայայտել ու լուսաբանել այն համընդհանուր պատրանքները, որոնց մէջ կ’ապրին մարդիկ:

Շատ կարեւոր է, որ մենք չբաւարարուինք միայն կեանքի «ականատես»ը կամ «դիտորդ»ը ըլլալով՝ պարզապէս նկարագրելով այն, ինչ կը տեսնենք, բացայայտելով օրինաչափութիւններ եւ խուսափելով «լաւ», «վատ», «կը հաւնիմ», «չեմ հաւնիր» տեսակի արժէքային դատողութիւններէ։ Այդ պարագային մարդը կը կորսնցնէ իր մշակութային դիմագիծը եւ կը վերածուի պարզ արձանագրող մեքենայի մը։ Քննական տեսութեան ներկայացուցիչները, ընդհակառակը, գիտակցաբար կը կատարեն նման արժեւորումներ։ Անոնք յստակ արժէքներ կը կրեն եւ կը պաշտպանեն զանոնք։  Ահա՛ այս մէկն է, որ քննական տեսութիւնը կը զանազանէ այլ մօտեցումներէ։ Աւելին, քննական տեսութիւնը կը պնդէ, որ մարդկայնական գիտելիքը իր բնոյթով անկարող է լիովին առարկայական ըլլալու։ Ան միշտ գաղափարախօսական որոշ ներգրաւուածութիւն ունի, կողմնորոշուած է որոշ արժէքներու եւ տեսանկիւններու կողմէ։ Ուստի ան չի կրնար ամբողջովին կրաւորական կամ չէզոք ըլլալ։

Օրինակ՝ ֆեմինիսթական տեսութիւնները կը պնդեն, որ հասարակական յարաբերութիւնները կառուցուած են այնպէս, որ վերարտադրեն հայրիշխանութիւնը, այսինքն՝ կնոջ ստորադաս դիրքը տղամարդուն նկատմամբ։ Մարդիկ կ’ապրին իրենց առօրեան եւ շատ անգամ չեն նկատեր այս երեւոյթները, մինչդեռ անոնք կը սկսին մանկութենէն իսկ՝ խաղալիքներէն, հեքիաթներէն, երեխային հետ խօսելու ձեւերէն, այն պատկերացումներէն, թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ աղջիկը կամ տղան, իսկ հետագային՝ կինը կամ տղամարդը։ Այս բոլորը կը ձեւաւորեն խեղաթիւրուած իրականութիւն մը, ուր ամէն ինչ յարմարցուած է տղամարդկութեան ու կանացիութեան արուեստական չափանիշներուն, ուր կիները միշտ ստորադաս են տղամարդոց, եւ բոլորը ասիկա կ’ընկալեն որպէս բնական կանոն: Նմանապէս, գաղութատիրական եւ յետգաղութատիրական ուսումնասիրութիւնները կը փորձեն բացայայտել տիրապետութեան, ստորադասման եւ վերահսկողութեան այն մեքանիզմները, որոնք գոյութիւն ունէին գաղութատէր կեդրոններուն եւ գաղութներուն միջեւ։ Առաջին հայեացքով կրնայ թուիլ, թէ մենք կ’ապրինք ազատ, ժողովրդավարական եւ հաւասարակշռուած աշխարհի մը մէջ, բայց այս ուսումնասիրութիւնները կը պնդեն, որ իշխանութեան անհաւասար բաշխումն ու մշակութային տիրակալութեան տարբեր ձեւերը տակաւին կը շարունակեն ազդել ժողովուրդներու, պետութիւններու եւ ընկերութիւններու միջեւ եղած յարաբերութիւններուն վրայ։

Այս է քննական տեսութիւնը ընդհանուր գծերով: Այժմ քանի մը բառ «Ֆրանքֆորթեան»-ին մասին:

Ֆրանքֆորթեան դպրոցի ներկայացուցիչները նորմարքսականներ էին, եւ անոնց քննադատութեան առանցքը նոյնինքն դրամատիրութիւնն էր՝ այն վայրի դրամատիրութիւնը, որուն կը հակադրուէր իրաւունքներու գաղափարաբանութիւնը: Մարքսի մասին անոնք կ’ըսէին, որ մենք կը ծնինք եւ հասակ կ’առնենք ոչ թէ չէզոք, այլ դրամատիրական իրականութեան մէջ: Դրամատիրութիւնը կը ձեւաւորէ հասարակութեան որոշակի տեսակ մը, մարդու որոշակի տեսակ մը եւ մարդոց միջեւ յարաբերութիւններու որոշակի համակարգ մը: Այս կը նշանակէ, որ ընկերային ամբողջ իրականութիւնը՝ իր բոլոր կապերով ու մանրամասնութիւններով, կառուցուած է այնպէս, որ վերարտադրէ գոյութիւն ունեցող կարգը: Մենք կը մտածենք, թէ ընտանիքը պարզապէս ընտանիք է, դպրոցը՝ պարզապէս դպրոց, լրատուամիջոցները՝ պարզապէս լրատուամիջոցներ, հայրենիքը՝ պարզապէս հայրենիք: Բայց իրականութեան մէջ, ամէն ինչ այլ կերպ է:

Այս ամբողջ դրութիւնը պատահական կերպով չէ ձեւաւորուած։ Համակարգը կառուցուած է այնպէս, որ հարստութիւնն ու իշխանութիւնը կեդրոնանան փոքրամասնութեան մը ձեռքը, իսկ ժամանակի ընթացքին այդ փոքրամասնութիւնը աւելի կը բազմապատկէ իր ազդեցութիւնն ու կարողութիւնը, մինչդեռ մեծամասնութիւնը գրեթէ ոչինչ ունի։ Ողբերգութիւնը այն է, որ մարդիկ ամենայն անկեղծութեամբ կը կարծեն, թէ ամէն ինչ կարգին է։

Իրենց «Լուսաւորութեան տիալեքթիք» (Dialectic of Enlightenment) աշխատութեան մէջ Մաքս Հորքհայմըրն ու Թէոտոր Ատորնոն կը ներմուծեն «մշակութային արդիւնաբերութիւն» (culture industry) հասկացողութիւնը։ Մշակութային արդիւնաբերութիւնը այն միջավայրն է, որուն մէջ մենք այսօր կ’ապրինք։ Անոնց ժամանակին, սակայն, անիկա տակաւին իր զարգացման նախնական փուլին մէջ էր՝ քսաներորդ դարու առաջին կէսին։

Լրագրական հաղորդումները, հեռատեսիլային մեծ ցանցերը եւ ընդհանրապէս ամբողջ զանգուածային մշակոյթը մեծ մասամբ կը կառուցուին պատրաստի կաղապարներով։ Առաջին հայեացքով կրնայ թուիլ, թէ ամէն ինչ տարբեր է, սակայն բաւ է քիչ մը աւելի ուշադիր նայիլ, որ տեսնենք, որ էութիւնը գրեթէ ամէնուր նոյնն է։ Նկարահանման ձեւերը նման են իրարու, մարդիկ նոյն ձեւով կը շարժին, նոյն բառապաշարը կը գործածեն, պատմողական նոյն կառուցուածքները կը կրկնուին։ Ամէն ինչ կը համապատասխանեցուի նոյն չափանիշներուն եւ ճաշակային կանոններուն։ Այս երեւոյթը հրէշաւոր չափեր ստացած է նոր արհեստագիտութիւններու դարաշրջանին, երբ ընկերային ցանցերը «պլոկըրներուն» եւ բովանդակութիւն ստեղծողներուն հնարաւորութիւն կու տան կայծակնային արագութեամբ կրկնօրինակելու որեւէ տարածուած կերպար։ Յանկարծ կը նկատենք, որ ամբողջ համացանցը լեցուած է միանման գեղեցկութեամբ, միանման գայթակղութեամբ միանման պարով եւ այլն: Ամէնուր կը տիրէ նմանութիւնը։ Թէեւ մշտապէս կը խօսուի անհատականութիւնը ընդգծելու մասին, իրականութեան մէջ այդ գործընթացը շատ անգամ կը յանգի միօրինակութեան։ Եթէ համեմատենք հարիւր ֆիլմի ազդեր, հարիւր պլոկ, հարիւր գիրք կամ հարիւր երգ, շատ յաճախ պիտի տեսնենք, որ անոնք կառուցուած են նոյն սկզբունքներով։ Տարբերութիւնները մակերեսային են, մինչդեռ խորքին մէջ անոնք նոյն իրողութեան բազմաթիւ տարբերակներն են՝ նոյն կաղապարի բազմաթիւ արտայայտութիւնները։

Եւ ասիկա պատահական չէ:

Զարգացած դրամատիրական ընկերութիւններու մէջ ամէն ինչ կը վերածուի առեւտուրի (պիզնեսի), ներառեալ՝ մշակոյթը։ Եթէ նախապէս մշակոյթը իր մէջ արժէքներ ու իմաստներ կը կրէր, ապա մշակութային արդիւնաբերութիւնը, այսինքն՝ արդի մշակոյթը, կառուցուած է բացառապէս եւ միայն դրամ վաստկելու համար։ Այլեւս գոյութիւն չունին ստեղծագործողներ եւ արժէք գնահատողներ․ կան միայն արտադրողներ եւ սպառողներ:

Ժամանակակից աշխարհին մէջ յայտնուեցաւ նաեւ բառ մը, որ կարծէք թէ անխուսափելիօրէն պիտի ծնէր․ «բովանդակութիւն» (content)։ Ամենէն տխուր, ամենէն նողկալի, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ ամենաճշգրիտ բառերէն մէկը։ Այսօր գոյութիւն ունի միայն «content»-ը։ Ոմանք զայն կ’արտադրեն, ուրիշներ՝ կը սպառեն։ Այլեւս չկայ ո՛չ խորք եւ ո՛չ ալ իմաստ, կայ միայն «բովանդակութիւն», որ նոյնիսկ մասնագիտական հմտութեան մակարդակի հասած է՝ շնորհիւ զանազան «տնօրէններու» (managers)։ Մեր խելախօսները (smartphones) մեզի կը ներկայացուին իբրեւ սարքեր, որոնք «մեզի թոյլ կու տան նոր մակարդակի վրայ սպառելու այդ նոյն բովանդակութիւնը»:

Մշակութային արդիւնաբերութիւնը զուարճանքի (ժամանցի) առեւտուր մըն է, որ կը գործէ զանգուածային արտադրութեան մեթոտներով։ Ասկէ՛ ալ կը յառաջանայ ամէն ինչին իբրեւ փորձնական նմուշի նայելու սովորութիւնը։ Ամէն ինչ ապրանք է, իսկ լաւ ապրանքը այն է, որ լաւ կը վաճառուի։ Այդ պատճառով ալ, անոնք նախ կը ստեղծեն «փորձնական թողարկում» մը կամ «փորձնական շարք» մը, ապա կը նային՝ անիկա կը յաջողի՞, թէ՞ ոչ։ Եթէ յաջողութիւն գտնէ, կը սկսին անվերջանալի շարունակութիւններ, ալպոմներ, արարներ ու եղանակներ։ Այնքան, մինչեւ ճզմեն մինչեւ վերջ, սպառեն վերջին կաթիլը ու անդին նետեն: Եւ արդէն տխուր իրականութիւն է որեւէ լաւ ֆիլմ կամ ֆիլմաշար այնքա՛ն երկար նկարահանելը, որ անոր սկզբնական հարազատ հմայքը կը վերածուի զզուելի դատարկութեան մը՝ պատճառելով միայն ձանձրոյթ կամ ատելութիւն:

Մշակութային արդիւնաբերութիւնը հասարակութեան կառավարման եւ դրամատիրական կարգի վերարտադրութեան գլխաւոր գործիքներէն մէկն է: Անոր միջոցով զանգուածներուն կը պարտադրեն կեղծ արժէքներ եւ պահանջներ՝ մարդկիկը շեղելով գլխաւոր հարցերէն: Մարդիկ այլեւս չեն մտածեր, թէ ինչո՞ւ հասարակութիւնը այսպէս կառուցուած է, ինչո՞ւ դպրոցին մէջ կը դասաւանդեն նոյնիքն այս առարկաները, ինչո՞ւ ամէն բան կազմակերպուած է այս ձեւով, ինչո՞ւ համաշխարհային հարստութեան մեծ մասը կեդրոնացած է բնակչութեան մէկ տոկոսին ձեռքը:

Ատորնոյի եւ Հորքհայմըրի կողքին, մէկ այլ կարեւոր մտածող է Հերպըրթ Մարքիւզը՝ «Միաչափ մարդը» (One-Dimensional Man) իր աշխատութեամբ։ Մարքիւզ կ’ըսէ, որ առատութեան հասարակութիւնը, ուր խանութներու դարակները ողողուած են ապրանքներով, իսկ մարդիկ մեծաւ մասամբ կրնան գնել զանոնք, իրականութեան մէջ կը վերածուի սպառողականութեան պաշտամունքի (cult of consumption)։ Մարդիկ կ’ապրին սպառելու համար։ Անոնք կ’աշխատին երեկուընէ աւելի վաստկելու, եւ հետեւաբար՝ երեկուընէ աւելի գնելու համար։ Ուստի, մենք ստիպուած ենք Հայզինկայի «Homo Ludens»-ի (Խաղացող մարդը) տեսութիւնը շարունակել նոր կերպարով մը՝ «Homo Consumens» (Սպառող մարդը)։ Ըստ էութեան, Պոտրիար իր «Խորհրդանշական փոխանակում եւ մահ» (Symbolic Exchange and Death) գիրքին մէջ արձանագրած է մարդուն մշակութային մահը։ Անիկա իր գերեզմանէն յարութիւն առած է իբրեւ ծախսող ու սպառումի փոխակերպուած հրէշ մը:

Այս տրամաբանութեան ենթարկուած է ամբողջ կեանքը:

Բայց ինչո՞ւ այդպէս է:

Ըստ Մարքիւզի, զանգուածային լրատուամիջոցները՝ ռատիօն, հեռատեսիլը, թերթերը, հանդէսները, իսկ այսօր նաեւ համացանցը, անընդհատ նոյն պատգամները կը փոխանցեն մարդոց․ «հարուստ եղի՛ր», «հանգստացի՛ր շքեղ հիւրանոցներու մէջ», «նոր ինքնաշարժ մը գնէ՛», «iPhone գնէ՛», «PlayStation ունեցի՛ր», «նուշի կաթով սուրճ խմէ», «ելեկտրոնային սիկարեթ ծխէ», «քաղաքի կեդրոնին մէջ գտնուող փարթամ շէնքի մը մէջ ապրիր»։ Քանի որ այս բոլոր պատգամները մարդուն կը հասնին օրական 24 ժամ, ան վերջ ի վերջոյ կ’իւրացնէ զանոնք եւ կը սկսի կարծել, թէ իր իսկական ցանկութիւններն են։ Օրինակ՝ երբ ան թանկարժէք հեռաձայն մը կը գնէ, որուն համար ամբողջ տարի մը դրամ խնայած է, անկեղծօրէն կը հաւատայ, թէ այդ իր անձնական փափաքն էր։ Մարդը իրերը կը գնէ, զանոնք մէկ-երկու անգամ կը գործածէ, ապա կը դնէ պահարանի մը մէջ։ Երբեմն նոյնիսկ կրնայ ինքն իրեն հարց տալ․ «Ինչո՞ւ այս բոլորը գնեցի»։ Բայց շատ չանցած՝ դարձեալ պիտի սկսի նորէն գնել։

Այս վարքագիծը անտրամաբանական է եւ շատ անգամ ակնյայտ՝ նոյնիսկ մարդուն համար։ Սակայն այս մէկը պատահական երեւոյթ չէ։ Զանգուածային լրատուամիջոցներուն եւ գովազդին միջոցով հասարակութիւնը կը ղեկավարուի, իսկ դրամատիրութիւնը շարունակաբար կը վերարտադրուի։ Մարքիւզ ժամանակակից մարդը կը կոչէ «միաչափ մարդ»։ Այս գաղափարին հիմքը այն պատկերացումն է, որ եւրոպական մշակոյթին մէջ, ինչպէս նաեւ այլ մշակոյթներու պարագային, մարդը միշտ ընկալուած է որպէս երկակի էակ՝ ունենալով թէ՛ նիւթական, թէ՛ հոգեւոր կողմ։ Անուանումները կրնան տարբեր ըլլալ, սակայն խօսքը նոյն երեւոյթին մասին է։ Մարքիւզի կարծիքով, սակայն, ժամանակակից մարդուն մօտ աստիճանաբար գերիշխող դարձած է միայն նիւթական կողմը։ Ան այլեւս քիչ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ արժէքներու, իմաստի որոնման կամ բարդ մտային ու բարոյական հարցերու հանդէպ։ Անոր համար առաջնահերթ են կենցաղային յարմարաւէտութիւնն ու սպառելու հնարաւորութիւնը:

Խնդիրը այն է, որ եթէ այդ յարմարաւէտութիւնը կամ սպառելու հնարաւորութիւնը վերանան, մարդը մնայ դատարկութեան առջեւ: Որովհետեւ ան միաչափ է․ սպառումէ զատ այլ բան չունի: Բոլորը չեն կրնար հարուստ եւ յաջողակ դառնալ: Այստեղէն ալ հոգեկան հիւանդութիւններու տարածումը, անձնասպանութիւններու թիւին աճը եւ համատարած դժբախտութիւնը: Մարդը կը պտտի ապրանքներու, ծառայութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ընտրութեան պատրանքին մէջ, սակայն չի հասկնար, թէ ո՛վ է ինք, ուրկէ՞ կու գայ, ո՞ւր կ’երթայ եւ ընդհանրապէս ինչո՞ւ հոս է։ Եւ այս պայմաններուն մէջ իրմէ կը սպասուի նաեւ հայրենասէր եւ բարոյական ըլլալ։ Բայց արդեօք նման մարդը կրնա՞յ առհասարակ ազգային ինքնութեան մասին մտածել։

Եւ ինչո՞ւ պէտք է գիտնանք այս բոլորը․ թեկուզ միայն անոր համար՝ որ հասկնանք, թէ խրամատին միւս կողմը կանգնած հրթիռէն աւելի վտանգաւոր է այն աննկատ միօրինակացումը (standardization), որ կամաց-կամաց մեզ կը սպաննէ մշակութապէս եւ բարոյապէս։

Արայիկ Մկրտումեան

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
2 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Viken L. Attarian
Viken L. Attarian
1 month ago

Յարգելի Պրն. Մկրտումեան,

Շատ հետաքրքրական եւ բաւական մանրամասնօրէն ներկայացուած է ձեր յօդուածը: Ուրեմն՝ ամէն բանէ առաջ, կ’ուզեմ շնորհաւորել: Հայերը, պէտք է որ հայերէնով կարդան այս նիւթերը: Հայերէնով լեզուամտածողութիւն մշակելու համար:

Պիտի ուզէի ձեր ուշադրութեան յանձնել կարեւոր կէտեր որոնք նիւթին հետ շատ սերտօրէն կ’առնչուին եւ անպայմանօրէն աւելի կը յստակացնեն անոր ընկերաբանական բարդ վերլուծումները:

  1. Սպառողականութիւնը, ամերիկեան դրամատիրութեան պաշտօնական դասակարգային ստեղծումն է գլխաւորաբար հակադրուելու համար մարքսիսթական դասակարգային վերլուծման որ զանոնք կը բնորոշէր արտադրամիջոցներու (Means of Production) եւ դրամագլուխի (capital) սեփականատիրութեամբ: Աշխատաւոր եւ ռամիկ դասակարգները սեփականատէր չեն, եւ ուրեմն, կամ պէտք է մնան ստրուկ եւ կամ ալ պէտք է պահանջեն իրենց իրաւունքները որոնց համար պէտք է միասնական պայքար մղել դրամատէր դասակարգին դէմ: Մարքսիզմի միտք բանին այս է, իր պարզագոյն ներկայացմամբ, որովհետեւ ոչ ոք պիտի ուզէ ապրիլ որպէս ստրուկ: Մարքսիզմը կը թելադրէ թէ այդ պայքարը անխուսափելի է եւ անպայմանօրէն պիտի աւարտի յեղափոխութեամբ:
  2. Ռուսաստանի համայնավարական յեղափոխութեան արդիւնքով, որ կը զուգադիպէր Ա. աշխարհամարտի սպանդի արհաւիրքի անդրադարձումին, նաեւ որուն կը յաջորդէին արժէքներու փլուզումներ, միջազգային տնտեսական գերտագնապ եւ հսկայական ընկերային ցնցումներ, սարսափ մըն է որ բերաւ արեւմտեան դրամատիրական երկիրներու եւ գլխաւորաբար ԱՄՆի մէջ: Սպառողական ընկերութեան սկզբունքին հունտերը այդ ժամանակ է որ սկսան ցանուիլ ընկերաբաններու կողմէ եւ մանաւանդ երբ Բ. աշխարհամարտէն ետք Ամերիկան դարձաւ սպառողականութեան դրախտը (որովհետեւ պատերազմով քար ու քանդ չէր եղած): Հոն է որ բնակչութիւնը սկսան համոզել թէ դասակարգերը կապ չունին դրամագլուխի կամ ալ արտադրամիջոցներու հետ, այլ միմիայն անհատներու սպառողական կարելիութիւններու հետ, ըստ իրենց եկամուտին: Կան բարձրագոյն եւ բարձր սպառողական կարելիութիւն (եկամուտ) ունեցողները (upper income class) կայ բարձրամիջին դասակարգը (upper middle class), կայ միջին դասակարգը (middle class) կայ ցածրամիջին դասակարգը (lower middle class), արտառոցօրէն հնչող բարձրացածր դասակարգը (upper lower class) եւ կայ ցածրաեկամուտ դասակարգը (lower income class):
  3. Նպատակը անշուշտ մարդիկը համոզելն էր թէ իրենք բանուորական եւ դասակարգային միասնութիւն մը չեն կազմեր եւ ուրեմն պայքարի հարց ալ չկայ: Ամէն քաղաքացի բոլոր իրաւունքները ունի եւ եթէ ճիշդ բաներ ընէ իր կեանքին ընթացքին (ուսում, խնայողութիւն, հնազանդ քաղաքացիւթիւն), կրնայ մնայուն կերպով բարելաւել իր վիճակը եւ բարձրանալ այս սպառողական դասակարգերու սանդուխն ի վեր: Այս է բուն կեղծիքը որ ստեղծեց դրամատիրութիւնը եւ այդ ալ կլլել տուաւ իր քաղաքացիներուն, զանոնք ալ իրարմէ բաժնելով:
  4. Դրամատիրական ընկերային յարաբերութիւնները միմիայն նիւթական են: Չկայ համայնքային, ընկերային եւ նոյնիսկ ընտանեկան զօրակցութիւն: Որքան շատ տրոհուի ընկերութիւնը, այդքան աւելի շատ կը սպառեն: Ընտանիքի մը անդամները տարբեր հետաքրքրութիւննե՞ր ունին: Ուրեմն ամէն մէկը կրնայ ունենալ իր հեռատեսիլը որ տնտեսութեան (դրամատէրին) համար աւելի լաւ է: Կինը սննդականոնի՞ մը կը հետեւի որ իրեն սիրած երգչուհին կը յանձնարարէ, ուրեմն նախընտրելի է որ ունենայ իր անձնական սառնարանը որպէսզի չգայթակղուի ընտանիքին սառնարանին մէջ գտնուող ուտելիքներէն: Ընտանիքին անդամները իրարու հետ չե՞ն հասկցուիր, ամէն մէկը կրնայ ունենալ իր հոգեբոյժը որ իրեն խորհուրդներ կու տայ, որոնց մեծամասնութիւնը հետեւեալ եզրակացութիւնը ունի – «եթէ ուրախ չես պէտք է խզես յարաբերութիւնդ, հեռանաս ընտանիքէդ, ելլէս տունէդ» եւ մասամբ նորին:
  5. Սպառողական ընկերութիւնը խորապէս անհատապաշտ եւ նիւթապաշտ է որովհետեւ անոր ստեղծումին ծրագիրն իսկ այդ է: Մարքսը այդ գուշակած էր եւ զայն կը կոչէ օտարացում (alienation): Օտարացած անհատ մը փաստօրէն չ’ապրիր, որովհետեւ ո’չ միայն չի կրնար ուրիշներու հետ զօրակցիլ, այլ նովնիսկ չի կրնար որեւէ յարաբերութիւն մշակել: Նիւթականէն զատ ուրիշ բանի արժէք չի գիտեր եւ իր աշխարհին մէջ ուրիշ եզրեր չկան: Իր քաղաքական ընտրութիւններն ալ կը կատարէ ուրեմն ըստ իր եկամտական աստիճանաչափին, ո’չ աւելի եւ ո’չ պակաս: Իր անհատի նիւթական բարօրութիւնը ունենալով որպէս միակ չափանիշ: Պետութիւն մը կրնայ զիրենք ուրախ պահել հացով եւ կրկեսով եւ ցեղասպանութիւն, կողոպուտ, ոճիր կատարել աշխարհով մէկ եւ նոյնիսկ իր երկրին մէջ ալ: Եւ անշուշտ, աւելի լաւ գործածել «բաժնէ’ որ տիրես»ի սկզբունքը անհեթեթ հարցերով աւելի տրոհելով ընկերութիւնը (միասեռականները իրաւունք ունի՞ն ամուսնանալու թէ ոչ, պատուաստները պէ՞տք է առնել թէ ոչ, պետական պաշտօնեաները իրաւունք ունի՞ն լաչակ հագուելու թէ ոչ):
  6. Եւ վերջապէս՝ կարդալով ձեր անձնական ուսումնական եւ մասնագիտական երթուղին պիտի խնդրէի որ կարեւոր քննադատական վերլուծում մը կատարէիք Հայաստանի ընկերութեան եւ անոր սպառողապաշտումի մէջ մխրճուածութիւնը այսպիսի ախտաճանաչական ակնոցով մը: Ի վերջոյ, նմանօրինակ հաւաքականութիւն մը իր անհատներուն նիւթական բարօրութիւնը պիտի ունենայ որպէս միակ չափանիշ եւ ազգ մը ըլլալու, մնայուն մշակոյթ մը կերտելու, ապագայի տեսլապաշտութիւն մը ունենալու եւ կամ ալ ոգեղէն արժեչափերու ստեղծումով հետաքրքրուած պէտք չէ ըլլայ: Տեսութիւնը գոնէ՝ այդ պիտի թելադրէր: Ի՞նչ է անոր պատկերը այսօր իսկ:

Սպասելով ձեր ապագայի գրութիւններուն,

Բարեկամօրէն

Վիգէն Լ. Ադդարեան

Արայիկ
Արայիկ
1 month ago

Ողջույն պրն Ադդարեան,

Շնորհակալություն ուշադրության և կարևոր դիտարկումների համար։
Հայաստանն իրոք կարոտ է բազմատեսակ լուրջ ուսումնասիրությունների և դրանց հանրայնացման։ Դժբախտաբար Հայաստանում չեն եղել ու չկան այնպիսի դպրոցներ կամ շրջանակներ, ինչպիսիք գերմանական նեոմարքիստներն ու նեոֆրեյդիստներ են։ Այդ իսկ պատճառով մեզանում արտահայտված բազմաթիվ երևույթներ անգամ ախտորոշված չեն։

Ես արդեն իսկ իմ պատմաբան ընկերոջ հետ կատարել եմ վերջին հազար տարվա պատմաքննական ծավալուն անդրադարձ, որը, դեռևս հանրայնացնելու հետ կապված խնդիրներ ունի։ Հաջողության դեպքում, կարծում եմ այն կարևոր ասելիք ունի։

Սիրով կդիտարկեմ Ձեր առաջարկն ու մոտ օրերս կանդրադառնամ Հայաստանում գոյություն ունեցող վիճակին, ինչպես նաև դրանց պատճառներին։

Հարգանքով՝
Ա․Մկրտումյան

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x