Հայկական իրականութիւնը զանգուածային խաբկանքի դարաշրջանին

Մեր ապրած անհաւատալի եւ խելայեղ քաոսին մէջ, փորձենք քիչ մը մէկդի դնել նորաձեւութիւնը եւ քաղաքականութիւնը, գործարար փոթորիկներն ու յաջող վաճառականի կերպարը, եւ փորձենք քիչ մը մտածել։ Այս առումով, բազմիցս յիշատակուած Ֆրանքֆուրթեան դպրոցը միշտ օգտակար կ՛ըլլայ, եւ այս անգամ փոքր, բայց նշանակալից ակնարկ մը պիտի նետենք այդ դպրոցի գլխաւոր ներկայացուցիչներէն երկուքին՝ Թէոտոր Ատորնոյի եւ Մաքս Հորքհայմըրի գործերէն մէկուն։

իրենց նշանաւոր Dialectic of the Enlightenment գործին մէջ, Թէոտոր Ատորնոն եւ Մաքս Հորքհայմըր կը ներկայացնեն «Մշակութային Արդիւնաբերութիւն․ Լուսաւորութիւնը իբրեւ զանգուածային խաբկանք» գլուխը՝ որպէս ժամանակակից զանգուածային մշակոյթի եւ անոր միջոցով իրականացուող ընկերային վերահսկողութեան խոր քննադատութիւն մը։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի եւ ֆաշական ու դրամատիրական քարոզչութեան վերելքի պայմաններուն մէջ գրուած այս աշխատութիւնը մինչեւ այսօր կը նկատուի ժամանակակից հասարակութիւններու մշակութային արտադրութեան ամենէն ազդու վերլուծութիւններէն մէկը։ Իբրեւ Ֆրանքֆուրթեան դպրոցի ներկայացուցիչներ՝ Ատորնոն եւ Հորքհայմըր կը քննեն, թէ ինչպէս մշակոյթը, որ նախապէս կը պատկերացուէր որպէս գեղարուեստական արտայայտութեան եւ քննադատական մտածողութեան տարածք, ուշ դրամատիրութեան ազդեցութեան տակ վերածուեցաւ վերահսկողութեան, միօրինակացման եւ ճնշումի գործիքի մը։

Ատորնոն եւ Հորքհայմըր այս բաժինը գրեցին զանգուածային լրատուամիջոցներու՝ ռատիոյի, շարժապատկերի եւ հեռատեսիլի արագ զարգացումին եւ հանրային կարծիքի ու սպառողական վարքագիծի ձեւաւորման վրայ անոնց ազդեցութեան շրջագիծին մէջ։  Այս մէկը այսօր աւելի հետաքրքրական կը դառնայ, որովհետեւ մենք եւս կ’ապրինք համացանցի սրընթաց զարգացման, բայց միաժամանակ նաեւ նկատելի լճացման ժամանակաշրջան մը, երբ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) ստեղծագործական տարածք ըլլալէ աւելի սկսած է վերածուիլ այլասերած եւ ուղղորդող (շահագործող ու վերահսկող) համակարգի մը։ Նացիական քարոզչութեան սարսափները արդէն իսկ ցոյց տուած էին լրատուամիջոցներու ձեռնավարական կործանարար ներուժը, մինչ ամերիկեան զուարճանքի արդիւնաբերութիւնը բացայայտեց, թէ մշակոյթը ինչպէս կրնայ դառնալ դրամատիրական շահոյթի գործիք մը։

Հեղինակները մեծապէս ազդուած էին Մարքսի դրամատիրական համակարգի քննադատութենէն, Ֆրէօյտի հոգեվերլուծութենէն եւ իրենց իսկ ժամանակաշրջանի դիտարկումներէն։ Անոնց աշխատութիւնը կը տեղաւորուի Լուսաւորութեան քննադատութեան աւելի լայն ծիրին մէջ, որովհետեւ իրենց կարծիքով Լուսաւորութիւնը չկրցաւ իրագործել մարդկային ազատագրումի իր խոստումը (այս մէկը կարելի է նաեւ կապել մեր օրերու տկարացած ազատականութեան)։ Լուսաւորութեան բանականութիւնը, ըստ անոնց, այլասերեցաւ եւ վերածուեցաւ գործիքային բանականութեան մը՝ այնպիսի տրամաբանութեան, որ աւելի առաջնահերթ կը նկատէր արդիւնաւէտութիւնը, վերահսկողութիւնն ու շահոյթը, քան մարդկային բարօրութիւնը:

«Մշակութային արդիւնաբերութիւն» եզրը հեղինակները կը գործածեն նկարագրելու մշակութային արտադրանքներու՝ ֆիլմերու, երաժշտութեան, գրականութեան եւ արուեստի զանգուածային արտադրութիւնն ու առեւտրականացումը։ Ի տարբերութիւն իրական գեղարուեստական ստեղծագործութեան, զոր անոնք կը դիտէին որպէս քննադատական մտածողութեան եւ դիմադրութեան տարածք, մշակութային արդիւնաբերութեան արտադրանքները միօրինակացած, կրկնուող եւ միայն սպառման ծառայող արտադրութիւններ են։ Մշակոյթը այլեւս դրամատիրական համակարգէն դուրս գտնուող երեւոյթ մը չէ, այլ անոր անբաժանելի մասը։ Մշակութային արտադրանքները գոյութիւն չունին ներկայ կարգը վիճարկելու. ընդհակառակը, անոնք կը վերահաստատեն զայն՝ ստեղծելով հլու եւ հնազանդ սպառողներ։

Զուարճանքը, իրականութենէն փախուստ կամ քննադատական խորհրդածութեան աղբիւր ըլլալու փոխարէն, կը գործէ որպէս ուշադրութիւնը շեղող եւ ընկերային վերահսկողութեան միջոց։ Այս առիթով տեղին է նաեւ յիշել Հաքսլիի քննադատութիւնը, երբ ան կը գրէ, թէ մարդկութիւնը պիտի կործանի ժամանցի պատճառով, որովհետեւ ան իր մէջ կը խտացնէ այնպիսի անբովանդակ ու դատարկ երեւոյթներ,  որոնք կրնան մարդկային քաղաքակրթութիւնը ստեղծագործ ուժէ մը վերածել նեխող ճահիճի:

Մշակութային արդիւնաբերութեան ուղղուած գլխաւոր քննադատութիւններէն մէկը մշակութային արտադրանքներու միօրինակացումն է։ Ֆիլմերը, երաժշտութիւնը եւ հեռատեսիլային յայտագիրները կը հետեւին կանխատեսելի բանաձեւերու, որոնք կ’երաշխաւորեն առեւտրական յաջողութիւն եւ կը նուազեցնեն ստեղծագործական վտանգները։ Ատորնոն եւ Հորքհայմըր կը պնդեն, թէ այս միօրինակացումը ընտրութեան պատրանք կը ստեղծէ։ Սպառողները կը կարծեն, թէ իրենք եզակի արտադրութիւններ կ’ընտրեն, մինչ իրականութեան մէջ նոյն առեւտրական կաղապարներուն տարբերակներն են, որ իրենց կը մատուցուին։ Սերտօրէն ասոր կապուած է «կեղծ անհատականութիւն» գաղափարը։ Մշակութային արդիւնաբերութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ սպառողները իւրայատուկ անհատներ են՝ իրենց անձնական ճաշակներով ու նախասիրութիւններով, մինչ անոնց ընտրութիւնները զգուշօրէն նախապէս կանխորոշուած են մեծ ընկերութիւններու կողմէ։ Օրինակ, ժողովրդական երաժշտութիւնը շատ անգամ կը կառուցուի կրկնուող կառուցուածքներու եւ մեղեդիներու վրայ, որոնք առաջին հայեացքով անձնական եւ զգացական կը թուին, բայց իրականութեան մէջ առեւտրական կաղապարներ են։

Ատորնոն եւ Հորքհայմըրը կը պնդեն, թէ զուարճանքը երկակի գործառոյթ ունի։ Մէկ կողմէ, ան կը շեղէ մարդիկը իրենց տնտեսական եւ ընկերային դաժան իրականութիւններէն, իսկ միւս կողմէ կը վերահաստատէ այն գաղափարախօսական կառոյցները, որոնք այդ պայմանները կը պահպանեն։ Օտարուած աշխատանքով տիրապետուած հասարակութեան մը մէջ զուարճանքը ժամանակաւոր թեթեւացում կը պարգեւէ, բայց միաժամանակ կը գործէ որպէս տեսակ մը թմրեցուցիչ՝ բթացնելով քննադատական մտածողութիւնը եւ խրախուսելով հնազանդութիւնը։ Անոնց նշանաւոր միտքը, թէ «ուշ դրամատիրութեան մէջ զուարճանքը աշխատանքին շարունակութիւնն է այլ միջոցներով», ճշգրտօրէն կ’արտայայտէ այս միտքը։ Նոյնիսկ իրենց ազատ ժամերուն ընթացքին մարդիկ տակաւին գերի կը մնան դրամատիրական համակարգի տրամաբանութեան՝ սպառելով մշակութային արդիւնաբերութեան արտադրանքները, որոնք ազատագրելու փոխարէն աւելի կը խորացնեն ենթարկուածութիւնը։

Դրամատիրական հասարակութեան մէջ մշակութային արտադրանքներն ալ կը վերածուին ապրանքի՝ ինչպէս որեւէ այլ բան։ Անոնց արժէքը այլեւս ոչ թէ կ’որոշուի գեղարուեստական կամ մտային որակներով, այլ՝ շուկայական արժէքով։ Մեծ եկամուտ ապահովող ֆիլմ մը կամ լայն տարածում գտած երաժշտական գործ մը չի գնահատուիր իր բովանդակութեամբ կամ գեղարուեստական արժէքով, այլ՝ վաճառքի թիւերով եւ առեւտրական յաջողութեամբ։ Նոյնիսկ բարձր արուեստը չկրցաւ խուսափիլ այս ճակատագիրէն։ Թանգարաններն ու պատկերասրահները շատ անգամ արուեստը կը վերածեն ապրանքի եւ ընտրանիական խորհրդանիշի, փոխանակ զայն իսկական ներգրաւման տարածք դարձնելու փոխարէն։

Ատորնոյի եւ Հորքհայմըրի համաձայն, մշակութային արդիւնաբերութեան ամենէն վտանգաւոր հետեւանքներէն մէկը քննական մտածողութեան քայքայումն է։ Զանգուածային մշակոյթի կրկնուող եւ կաղապարային բնոյթը հանդիսատեսը չի մղեր խորհրդածելու ընկերային եւ քաղաքական իրականութիւններուն մասին։ Օրինակ՝ Հոլիուտեան (մեր պարագային նաեւ ռուսական եւ հայկական) ֆիլմերը շատ անգամ կը հիմնուին պարզունակ բարոյական պատգամներու վրայ՝ բարին եւ չարը ներկայացնելով չափազանց պարզ բաժանումներով, իսկ խնդիրներու լուծումը կապելով անհատական հերոսութեան, եւ ոչ թէ համակարգային փոփոխութիւններու հետ։ Հեղինակները նաեւ կ’ուսումնասիրեն թեքնաբանութեան դերը մշակութային արդիւնաբերութեան մէջ։ Թեքնաբանակն զարգացումը մշակութային արտադրանքները աւելի մատչելի կը դարձնէ, բայց միաժամանակ աւելի կը խորացնէ անոնց ապրանքային բնոյթը։ Ռատիոն, հեռատեսիլը եւ շարժապատկերը (այժմ նաեւ համացանցը) կը ստեղծեն հաղորդակցութեան միակողմանի համակարգ մը, ուր արտադրողներու փոքր խումբ մը բովանդակութիւն կը փոխանցէ կրաւորական հանդիսատեսին։

Թէեւ անոնց այս աշխատութիւնը գրուած է 20-րդ դարու կէսերուն, ան զարմանալիօրէն այժմէական կը մնայ թուային լրատուամիջոցներու, ընկերային ցանցերու եւ ալկորիթմներով կառավարուող բովանդակութեան ժամանակաշրջանին մէջ։ Netflix-ը, Spotify-ը եւ YouTube-ը, ի միջի այլոց, կը գործեն նոյն այն միօրինակացման եւ կեղծ անհատականութեան սկզբունքներով, զորս Ատորնոն եւ Հորքհայմըր նկարագրած էին։

Չնայած անոնց գաղափարներուն կարեւորութեան, Ատորնոն եւ Հորքհայմըր յաճախ քննադատուած են մշակոյթի հանդէպ իրենց ընտրանիամէտ մօտեցումին եւ արուեստի հանրամատչելի ձեւերուն նկատմամբ ցուցաբերած արհամարհանքին համար։ Այնուամենայնիւ, «Մշակութային Արդիւնաբերութիւն․ Լուսաւորութիւնը իբրեւ զանգուածային խաբկանք» մինչեւ այսօր կը մնայ կարեւոր աշխատութիւն մը՝ հասկնալու մշակոյթի, դրամատիրական համակարգի եւ ընկերային վերահսկողութեան փոխազդեցութիւնը։

Աշխարհի մը մէջ, ուր մշակութային արտադրանքները հետզհետէ աւելի կ’ենթարկուին շահոյթի տրամաբանութեան, Ատորնոյի եւ Հորքհայմըրի գաղափարները այսօր աւելի այժմէական կը հնչեն, քան երբեւէ։ Մշակութային արդիւնաբերութեան գործելակերպերուն ճանաչումը առաջին քայլն է մշակոյթը վերահաստատելու որպէս իսկական ստեղծագործութեան, դիմադրութեան եւ ազատագրումի տարածք մը։

Մեր պարագային իրավիճակը աւելի տեսանելի եւ աւելի տխուր է, երբ մշակոյթէն մինչեւ քաղաքականութիւն ամէն ինչ կը ծառայէ միայն մէկ նպատակի՝ վաճառքի եւ սպասարկութեան։ Միայն վաճառելու մոլուցքով տարուած հասարակութիւնը կամաց-կամաց կը սկսի զիջիլ իր արժէքներէն եւ արժէքաւոր նկատել միայն այն, ինչ կարելի է վաճառել։ Այս մէկը ոչ ժամանակաւոր խնդիր մըն է եւ ոչ ալ համացանցի պարզ վատ հետեւանք մը, այլ գաղափարական ճգնաժամի յստակ ցուցանիշ։ Եւ հասկնալի է, որ այս պարագային առողջ բան մը հաստատելու կամ պահպանելու մասին մտածումները կը դառնան կա՛մ տխրութեան, կա՛մ ռոմանթիք մտածողութեան առարկայ:

Արայիկ Մկրտումեան

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x