Կը հասկնա՞ք, հայե՛ր. մենք պարզապէս զիրար չենք սիրեր, բայց կը սիրենք այդպէս մնալ

Շատ յաճախ կարելի է լսել վշտացած արտայայտութիւն մը՝ «Ինչպէ՞ս հասանք այս վիճակին»։ Խօսքը կրնայ վերաբերիլ եկեղեցւոյ շուրջ բարձրացած աղմուկին, Ազգային ժողովի հերթական՝ աննկարագրելիօրէն նողկալի նիստին, փողոցի մը ասֆալթին վրայ բացուած փոսին, ուրիշ զինուորի մը անձնասպանութեան կամ աղբամանի մը մէջ, իսկ լաւագոյն պարագային՝ պարտէզի մը մէջ, դժբախտ ու լքուած նորածինի մը յայտնաբերումին։ Եւ երբ կը լսես այս երկնամորմոք ողբը, զարմանալի հարցում մը կը ծագի. «Իսկ ինչո՞ւ պիտի չհասնէինք հոս»։ Ո՛չ, իսկապէս, ինչո՞ւ պիտի չհասնէինք «այս օրուան»։ Մինչեւ հիմա ի՞նչ լաւ բան ըրած ենք, որ այս բոլորը չպատահէին։ Չէ՞ որ պարզ է, որ այս բոլորը (ինչ բանի ալ վերաբերի խօսքը) մէկ վայրկեանի մէջ չէ յառաջացած։ Օրինակ՝ ասֆալթը յանկարծ, մէկ ակնթարթի մէջ չծակուեցաւ։ Ուրեմն վատ պատրաստուած էր, ուրեմն զայն պատրաստողները լաւ չէին աշխատած, անորակ գործ ըրած էին…։ Ճիշդ նոյնն է նաեւ ընկերային կամ կրթական որեւէ խնդրի պարագային։ Ուրեմն մենք լաւ չենք աշխատած։ Ուրեմն մենք լաւը չենք եղած։ Կամ՝ այս դատարկ փողոցէն ինչպիսի՜ զզուելի հոտ կու գայ։ Զարմանալու ի՞նչ կայ. աղբը աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր չէ հաւաքուած, շոգին մէջ հոտած է։ Կը հասկնա՞ս. երբ աղբը չես հաւաքեր, կը հոտի։ Սիրելի՛ հայրենակիցս, երբ աղբը չես հաւաքեր, կը սկսի գարշահոտիլ։ Կը հասկնա՞ս ասիկա։

Վերցնենք ամենէն ակնառու դէպքը՝ Կաթողիկոսը դատարան տանելու հարցը։ Եւ մինչ ոմանք կը հրճուին, որ եկեղեցւոյ գլխաւոր կողոպտիչը պատասխանատուութեան կը կանչուի, իսկ ուրիշներ կ’ողբան, որ հայը իր իսկ քահանայապետը կը դատէ, ես բոլորիս համար երկու լուր ունիմ. մէկը՝ վատ, միւսը՝ աւելի վատ։ Վատ լուրն այն է, որ Կաթողիկոսը իսկապէս գործակալ է, իսկ աւելի վատ լուրն այն է, որ Կաթողիկոսը արդար է, իսկ ժողովուրդը այնքան խարդախ ու անողնաշար է, որ թոյլ կու տայ Կաթողիկոսը դատել։ Միջին ճամբայ չկայ։ Կա՛մ մէկը, կա՛մ միւսը։ Եւ թերեւս ունինք երրորդ՝ աւելի վատ լուր մը եւս. թէ՛ Կաթողիկոսը եւ թէ՛ ժողովուրդը վատ են։

Տողերուս հեղինակը քարկոծելը իմաստ չունի։ Ես ընդամէնը դժբախտ արձանագրողն եմ այս սոսկալի վիճակին։ Ես ընդամէնը ականատեսն եմ այն իրողութեան, թէ ինչպէս ժողովուրդս պառակտուած է, եւ իւրաքանչիւր հայ ունի իր հայ թշնամին։

Կրնանք երկար ողբալ մեր վատ բախտին վրայ, բայց տակաւին մենք մեզի կործանած չհամարենք, չվարանինք դարձնելու «հայոց պատմութեան վերջին էջը» եւ փորձենք այս խայտառակ վիճակին նայիլ քիչ մը աւելի սթափ հայեացքով, եթէ, անշուշտ, այդ մէկը ընդհանրապէս կարելի է։

Մենք բնականոն երկիր մը կ’ուզենք, բնականոն եկեղեցի մը եւ, ընդհանրապէս, «խաղաղութիւն՝ ամենեսցուն»։ Բայց արդեօք այդ մէկը հնարաւո՞ր է։ Եւ նոյնիսկ եթէ հնարաւոր ըլլար, հազարաւոր տարիներու պատերազմներէ ետք մենք իսկապէս կ’ուզե՞նք այդ խաղաղութիւնը, թէ՞ ոչ։ Անկախ անկէ՝ սահմանին վրայ պատերազմ կա՞յ, թէ՞ ոչ, մեր հասարակութեան մէջ ներքին ատելութիւնը, թշնամանքն ու անհանդուրժողութիւնը կը շարունակուին։ Եւ ինչո՞ւ այդպէս պիտի չըլլայ։ Մեր դեռահասը ի՞նչով կը սնանի։ Ինչո՞վ լեցուած է անոր օրը։ Քանի՞ էրոթիք ու հումորային տափակ էջ կայ մեր միջին վիճակագրական դեռահասին ընկերային ցանցերուն մէջ։ Իսկ քանի՞ կրթական էջ։ Դո՛ւն քանի՞ էջ բացած ես, սիրելի՛ հայրենակից, քանի՞ ուսուցողական նիւթ հրապարակած ես։ Քանի՞ անգամ դիտողութիւն ըրած ես լուսաւոր ու բարի հայրենակիցիդ, երբ ան փողոցը կ’աղտոտէ։

Գիտէ՞ք, թէ Հայաստանի մէջ քանի՛ ոճրային հեռատեսիլաշար կը նկարահանուի եւ մինչեւ այսօր քանի՛ հատ նկարահանուած է։ Իսկ քանի՞ կրթական։ Գիտէ՞ք, թէ քանի՛ հայ դեռահաս եւ արդէն հասուն աղջիկներ ընկերային ցանցերու վրայ մարմնավաճառութեամբ կը զբաղին՝ 30-40 հազար դրամի դիմաց։ Իսկ անոնց յաճախորդները այլմոլորակայիններ չեն. անոնք հայ ամուսնացած տղամարդիկ են, որոնք պատիւի ու արժանապատուութեան մասին կը ճառեն։ Իսկ գիտէ՞ք թէ քանի՞ հայ աւանդապաշտ տղամարդ այլանդակ մեկնաբանութիւններ կը գրէ քիչ թէ շատ գեղեցիկ աղջիկներու էջին։ Կամ քանի՞ դեռահաս թմրամոլ կայ Հայաստանի մէջ։ Իսկ գիտէ՞ք թէ գիշերային ակումբներու ու փապերու մէջ քանի-քանի հայ երիտասարդ աղջիկ թմրանիւթի ու խմիչքի դիմաց պոռնկութեամբ կը զբաղի։

Չէ, շատերը կ’ըսեն, մենք առաջին քրիստոնեաներն ենք, մենք աստուածընտրեալ ազգ ենք, այս մասին խօսիլ կարելի չէ։ Մեր մօտ ամէն ինչ սրբութիւն է՝ հայրենիքը, մայրը, ընտանիքը, զինուորը․․․․․հայրենիքի մէկ հատուածը վերջերս կորսնցուցինք, թէ քանի անտէր մայր կայ փողոցներուն ու ծերանոցներուն մէջ՝ հաշիւ չկայ, ընտանեկան բռնութիւնն ու դաւաճանութիւնը արդէն աչք կը ծակէ, միջին հաշուով 5 նոր ամուսնացածներէն 2-ը կը բաժնուին, իսկ վերջերս ալ նորէն զինուոր զոհուած, աւելի ճիշդ զոհ գացած ներքին քրէական կանոնակարգին։ Անձնասպան եղած է, թէ սպանած են, այդ արդէն ողբերգութեան հանգուցալուծումն է, իսկ ողբերգութիւնը սկսած է շատ աւելի կանուխ։ Բայց մենք կը սիրենք ամէն ինչ ծածկել, մէկ անկիւն դնել, ձեռք չտալ, չխօսիլ, չնկատել․․․ի դէպ այս ինչ վատ ու նեխած հոտ կը փչէ ինչ-որ տեղէ մը։

Բայց արդեօք մեր երկրին մէջ ամէն ինչ վա՞տ է։ Պիտի ներէք, բայց ամէն ինչ չէ, որ վատ է։ Ուրեմն տակաւին շատ բան ունինք փճացնելու, տակաւին ամէն ինչ ողբերգական աւարտի չենք հասցուցած։ Երկու եկեղեցիէ խաչեր գողցած են՝ եղած-չեղածը 200 հազար դրամ արժողութեամբ։ Իսկ դեռ քանի՜ եկեղեցի ունինք…

Իսկ ո՞վ պիտի ապրի մեր խաղաղած հայրենիքին մէջ։ Այդ մարդիկը արժէքային ի՞նչ համակարգ պիտի ունենան։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ այն գաղափարական յենակէտը, որուն շուրջ անոնք նախ պիտի կառուցեն գաղափարը, ապա՝ անոր նիւթականացուած իրականութիւնը։ Ըսէ՛ք, խնդրեմ։ Ո՞վ։ Ո՞վ պիտի ապրի այնտեղ, որ այլեւս իր Կաթողիկոսը չդատուի, որ իր իշխանութիւնները չմեղադրուին թուրքերու գործակալ ըլլալու, իսկ ընդդիմութիւնը՝ ռուսերու գործակալ ըլլալու մէջ։ Եւ պէտք չէ հեգնանքով յայտարարել, որ մարմնավաճառութիւնը մարդուն յատուկ երեւոյթ է եւ գոյութիւն ունի բոլոր երկիրներուն մէջ։ Կամ՝ թէ բոլոր երկիրներու բանակներուն մէջ զինուորներ կը սպանուին ներքին տարակարծութիւններու հետեւանքով։ Որովհետեւ եթէ այդպէս պիտի դատենք, ապա թերեւս մեր ներքին ֆաշականութիւնը յաղթահարելու համար պէտք է մէկ կողմ դնենք այս կեղտոտ ձեւականութիւնը եւ անմիջապէս մենք մեզ դասակարգերու բաժնենք։ Որոշենք, որ այս ընտանիքներուն աղջիկները պիտի ըլլան մեր հասարակութեան մարմնավաճառները, իսկ այն ընտանիքին աղջիկները պիտի դառնան մաքուր ու բարոյական մայրեր։ Լաւ է չէ՞։ Նոյն ձեւով պիտի որոշենք, որ, ըստ ծագումին, այս զինուորը պէտք է ծեծուի ու ստորացուի, իսկ այն զինուորին միայն պէտք է ստիպել, որ յատակը լուայ, եւ վերջ։ Կրնանք աւելի առաջ երթալ եւ մեր միջեւ բաժնել, թէ ո՛վ պէտք է պարզ արհեստաւոր ըլլայ, իսկ ո՛վ՝ վերնախաւի իտէալական ներկայացուցիչ։ Ինչո՞ւ ոչ։ Ինչպէ՞ս թէ ոչ։ Ինչպէս, թէ ոչ, երբ այսօր ճիշդ այդ բանով կը զբաղինք։ Ինչո՞ւ ոչ, երբ այդ ներքին դասակարգումն արդէն իր գագաթնակէտին հասած է։ Ի՞նչ աշխարհի մէջ կ’ապրիք, եթէ հայերուն եւ Հայաստանին մասին միայն դասագիրքերէն ու առասպելներէն գիտէք։ Ուրեմն՝ կեցցէ՜ առասպելական, դասագիրքային հայ ժողովուրդը, կեցցէ՜ առաջին քրիստոնեայ եւ աստուածընտրեալը…

Թերեւս Տէրը մեզ պիտի դատէ հայ ըլլալնուս համար։ Մենք մեր հայութիւնը կը վերածենք աչք խոթելու վկայականի եւ ըստ մեր հայութեան կը տեսակաւորենք զիրար՝ արժանի, անարժան, հայրենասէր, թուրքին ստրուկ, ռուսին ճորտ, ապա նաեւ՝ կուսակցականներուն, ռոք լսող, ռեփ լսողներուն…Եւ հիմա իւրաքանչիւր հայ ինքնին մէկ ազգ է, մէկ աստուած, եւ միայն ի՛նքն է ճիշդն ու ճշմարիտը։ Ի վերջոյ, կուսակցութիւններն ալ բաժնուած են՝ հայրենիքը ազատագրողներու եւ հայրենիքը ծախողներու։ Գոնէ այդպէս կ՚ըսեն։

Լաւ, ամէն պարագայի, կրնանք նոր խնդիրներ առաջ քշել, խօսիլ տասնեակներով հին ու նոր խնդիրներու մասին, բայց էականը այն է, որ վիճակը վատ է, շատ բան վատ է, սիրելի՛ հայրենակիցս, ո՛ւր ալ գտնուիս։ Կը հասկնա՞ս՝ վատ է, վա՛տ։ Եւ վատ է, որովհետեւ մե՛նք ենք, որ թոյլ կու տանք այդ բոլորին։ Վատ է, որովհետեւ այդ «սորոսականը», թրքամէտը, ռուսամէտը, սեւը, սպիտակը, ազատականը, պահպանողականը, Արցախը սիրողը, Արցախը չսիրողը, Սեւրը պահանջողը, Սեւրէն հրաժարողը, մսակերը, բուսակերը, աջը, ձախը… բոլոր անոնք, զորս դուն կը հաւաքես այս կամ այն պիտակին տակ, նոյնինքն հայ ժողովուրդն են։ Կը հասկնա՞ս, թէ ոչ։ Կը հասկնա՞ս, որ այդ մենք ենք։ Մե՛նք ենք, որ հայը անձնասպանութեան կը մղենք, մարմնավաճառ կը դարձնենք ու կ’օգտագործենք զանոնք։ Մե՛նք ենք, որ ինքնաշարժի վրայ եղած աննշան փոսիկի մը համար պատրաստ ենք ուրիշին կեանքը կործանելու։ Մե՛նք ենք, որ այնքան կը ստորացնենք մեր մէկ մասը, որ ան այլ ելք չի գտներ, քան անձնասպան ըլլալը։ Կը հասկնա՞ս զիս։ Կը հասկնա՞ս, թէ ինչո՛ւ այս պարագային Կաթողիկոսը դատելը բնական է։ Լաւ չէ՛, վատ է, սարսափելի է, բայց տրամաբանական է, որովհետեւ այս բոլորէն անցնելէ ետք անկարելի է պարզապէս միամտօրէն բարեմիտ մնալ եւ շարունակել հաւատալ։ Կը հասկնա՞ս, որ մեր հաւատքն ամբողջութեամբ այնքան փշրուած է, որ մեզմէ շատերը այլեւս ո՛չ ոքի եւ ո՛չ մէկ բանի կը հաւատան։ Որ շատերու համար առաջ շարժելու միակ մղիչ ուժը ուրիշը ատելն է, եւ որ փոխադարձ ատելութիւնն է միակ բանը, որ մեզ տակաւին համակարգի մը կը վերածէ։ Կը հասկնա՞ս, որ մենք պարզապէս զիրար չենք սիրեր։

Իսկ Հայաստանը իր տեղն է։ Իր օրուան ու դարուն ցաւերով եւ առօրեայ պայքարներով։ Հայաստանը իր տեղն է՝ կիսուած ու ամէն օր վերստին բաժնուող։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս բաժնուած էր 9-րդ դարուն։

Արայիկ Մկրտումեան

 

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x