«Քանի՞ հայ կայ աշխարհի մէջ». The Global Armenian Nation

«Քանի՞ հայ կայ աշխարհի մէջ»։

Առաջին հայեացքով, ասիկա պարզ վիճակագրական հարցում մը կը թուի ըլլալ, այսինքն՝ աշխարհի այն երկիրներուն մէջ, ուր հայեր կ’ապրին, մէկ առ մէկ հաշուել, մարդահամարներու տուեալները գումարել, քանի մը աղիւսակ իրարու քով բերել, եւ պատասխանը պատրաստ է։ Բայց որքա՛ն փորձենք այս հարցումին մօտենալ, այնքա՛ն աւելի կը հասկնանք, որ անիկա թուաբանութեան մասին չէ։ Անիկա յիշողութեան, ինքնութեան եւ գոյատեւման մասին է։

Ժղովուրդները սովորաբար իրենց պետութիւններուն մէջ կը հաշուուին։ Բայց հայերը շատոնց դադրած են միայն պետութեան սահմաններուն մէջ ապրող ժողովուրդ մը ըլլալէ։ Մեր պատմութիւնը գրուած է ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Հալէպի, Պէյրութի, Փարիզի, Թիֆլիսի, Լոս Անճելըսի, Պուէնոս Այրէսի, Սիտնիի եւ տասնեակ այլ քաղաքներու մէջ։ Այս պատճառով ալ «քանի՞ հայ կայ» հարցումը երբե՛ք պարզ մարդահամարային հարց մը չէ եղած։ Ան միշտ ալ եղած է պատմական, քաղաքական եւ մշակութային խնդիր։

Աւելին, «հայ» բառին սահմանումը ինքնին յստակ չէ։ Ո՞վ է հայը։ Ան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի՞ է, թէ՞ ան, որ հայկական արմատներ ունի։ Իսկ եթէ հայերէն չի խօսի՞ր։ Եթէ հայ եկեղեցի չերթա՞ր։ Եթէ արդէն երրորդ կամ չորրորդ սերունդի սփիւռքահա՞յ է։ Որո՞ւ պէտք է հաշուենք, եւ ո՞ւր է այն սահմանը, ուր հայկական ինքնութիւնը կը դադրի վիճակագրական տուեալ ըլլալէ եւ կը վերածուի ապրուած փորձառութեան։

Թերեւս այս պատճառով է, որ աշխարհի վրայ հայերու թիւը այսօրուան դրութեամբ ոչ ոք կրնայ բացարձակ վստահութեամբ ըսել։ Ոչ թէ որովհետեւ տեղեկութիւն չկայ, այլ որովհետեւ իւրաքանչիւր երկիր հայը տարբեր կերպով կը տեսնէ կամ քաղաքացիներու արձանագրութեան տարբեր ձեւեր որդեգրած է։ Կան պետութիւններ, որոնք կը հաշուեն ազգային պատկանելիութիւնը, ուրիշներ՝ միայն քաղաքացիութիւնը, ուրիշներ՝ ծննդավայրը կամ մայրենի լեզուն, իսկ բազմաթիւ երկիրներ ընդհանրապէս չեն արձանագրեր ազգային ծագումը։ Արդիւնքը այն է, որ նոյն մարդը մէկ վիճակագրութեան մէջ կրնայ «հայ» ըլլալ, իսկ միւսին մէջ՝ բոլորովին անտեսանելի։

Այս իրականութենէն ծնունդ կ’առնէ The Global Armenian Nation ուսումնասիրութիւնը, որ վերջերս հրատարակեց ամերիկեան Truth and Accountability League (TAAL) կազմակերպութիւնը։ Գրեթէ երկու հարիւր էջերէ բաղկացած այս աշխատութիւնը փորձ մըն է մէկ տեղ հաւաքելու աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող հայերուն վերաբերող մարդահամարային, ակադեմական եւ համայնքային տուեալները, որ կարելի ըլլայ ամբողջական պատկեր մը կազմել համաշխարհային հայութեան մասին։ Հեղինակները, սակայն, առաջին իսկ էջերէն կ՚ընդունին, որ իրենց նպատակը «վերջնական թիւ» մը ներկայացնելը չէ, այլ ներկայիս հասանելի աղբիւրներուն հիման վրայ հնարաւորինս ամբողջական եւ թափանցիկ պատկեր մը առաջարկելը։

Այս ուսումնասիրութիւնը պարզ վիճակագրական տեղեկագրէ մը աւելին է։ Ան կը ստիպէ մեզ մտածելու, թէ քանի՞ հայ կայ աշխարհին մէջ, եւ ի՞նչ կը նշանակէ այսօր հայ ժողովուրդը պատկերացնել իբրեւ համաշխարհային ազգ մը։ Որովհետեւ երբ ազգ մը իր բնակչութեան մեծ մասը կը գտնէ հայրենիքէն դուրս, մարդահամարը այլեւս միայն թիւերու խնդիր չէ. ան կը դառնայ ինքնութեան, յիշողութեան եւ ապագայի մասին խորհելու միջոց։

Ուսումնասիրութիւնը այս իմաստով երկու արժանիք ունի։ Առաջինը՝ համբերութեամբ մէկտեղելու փորձն է այն, ինչ որ ցրուած է տասնեակ աղբիւրներու մէջ։ Երկրորդը՝ մտաւորական ազնուութիւնն է։ Հեղինակները ոչ մէկ տեղ չեն պնդեր, թէ իրենց ներկայացուցած թիւերը վերջնական ճշմարտութիւն են։ Ընդհակառակը, գրեթէ իւրաքանչիւր գլխու մէջ կը յիշեցնեն, որ տարբեր երկիրներ տարբեր ձեւով կը սահմանեն ազգային պատկանելիութիւնը, իսկ շատ մը պետութիւններ ընդհանրապէս չեն արձանագրեր էթնիք ծագումը։ Արդիւնքը այն է, որ երբեմն պաշտօնական մարդահամարն ու համայնքային գնահատականները իրարմէ զգալիօրէն կը տարբերին։

Առաջին հայեացքով, այս մէկը կրնայ որպէս վիճակագրական թերութիւն թուիլ։ Իրականութեան մէջ, երբ ազգ մը չի կրնար ճշգրիտ հաշուուիլ, հարցը միայն մարդահամարի մեթոտաբանութեան մէջ չէ։ Հարցը այն է, որ այդ ազգը կ՚ապրի տարբեր իրականութիւններու մէջ։ Ռուսիոյ հայը տարբեր ձեւով կը ներկայանայ պետութեան, քան Ֆրանսայի հայը։ Ամերիկայի հայը ուրիշ ձեւով կը նկարագրէ իր ինքնութիւնը, քան Լիբանանի կամ Իրանի հայը։ Իսկ կան երկիրներ, ուր հայը պետութեան համար ընդհանրապէս «գոյութիւն չունի», որովհետեւ պետութիւնը ազգային ծագում չի հարցներ։

Ուստի, այս աշխատութիւնը կարդալու ընթացքին, յաճախ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, թէ հեղինակը(ները) ոչ թէ հայերը կը հաշուէ, այլ՝ հաշուելու անհնարաութիւնը։ Թիւերը կարծես ամէն քանի մը էջ ետք կը յիշեցնեն իրենց սահմանափակութիւնը։ Անոնք կը փորձեն չափել բան մը, որ իր բնոյթով շարժուն է։ Ամէն նոր արտագաղթ, ամէն նոր պատերազմ, ամէն նոր սերունդ եւ ամէն խառն ամուսնութիւն կը փոխեն պատկերը։ Այսօր գրուած աղիւսակը վաղը արդէն պատմական փաստաթուղթ կրնայ դառնալ։ Սակայն, հոս է, որ աշխատութեան իսկական արժէքը կը սկսի երեւիլ։ Որովհետեւ անիկա միայն մարդոց թիւը չի հաշուեր։ Գրեթէ ամէն երկրի ներկայացման մէջ փորձ մը կը կատարուի նկարագրելու նաեւ համայնքին ներքին կեանքը՝ եկեղեցիները, դպրոցները, մշակութային միութիւնները, մամուլը, երիտասարդական կազմակերպութիւնները, բարեսիրական հաստատութիւնները, նոյնիսկ այն մարտահրաւէրները, որոնց դիմաց այդ համայնքը այսօր կանգնած է։

Այս մօտեցումը կարեւոր յիշեցում մըն է։ Ազգ մը չի բաղկանար միայն մարդոց գումարէն։ Եթէ վաղը երկրի մը մէջ տասը հազար հայ մնայ, բայց չըլլան դպրոցներ, եկեղեցիներ, մշակութային կեդրոններ, թերթեր կամ կազմակերպուած համայնքային կեանք, այդ տասը հազարը բոլորովին ուրիշ իրականութիւն կը ներկայացնէ, քան նոյն թիւը, որ ապրի կենդանի հաստատութիւններով շրջապատուած։ Թիւերը կրնան նոյնը ըլլալ, բայց ազգին կենսունակութիւնը՝ բոլորովին տարբեր։

Այս կէտը, թերեւս առանց այդպէս բացայայտ ձեւակերպելու, ուսումնասիրութեան ամենէն խոր պատգամն է։ Հայկական սփիւռքը երբեք միայն բնակչութեան աշխարհագրական ցրուածութիւն չէ եղած։ Ան նաեւ հաստատութիւններու պատմութիւն է։ Հայկական դպրոցը, որ դարէ մը աւելի գոյատեւած է օտար երկնքի տակ, երբեմն աւելի կարեւոր է, քան հազարաւոր մարդոց ներկայութիւնը։ Փոքր եկեղեցին մը, որ ամէն կիրակի քանի մը տասնեակ հաւատացեալ կը համախմբէ, կրնայ աւելի մեծ դեր ունենալ ինքնութեան պահպանման մէջ, քան վիճակագրական մեծ թիւ մը։ Այս պատճառով է, որ համայնքներու ճակատագիրը միայն բնակչութեան աճով կամ նուազումով չի չափուիր։ Ան կը չափուի նաեւ անոնց ստեղծած յիշողութեամբ, կրթութեամբ եւ կազմակերպուած կեանքով։

Հոս ընթերցողը կամայ թէ ակամայ կը սկսի ուրիշ հարցում մը տալ։ Եթէ այսօր աշխարհի մէջ, ինչպէս ուսումնասիրութիւնը կը հատստատէ, հայերը բնակութիւն հաստատած են հարիւրէ աւելի երկիրներու մէջ, ապա ի՞նչ բան է, որ տակաւին զանոնք մէկ ազգ կը դարձնէ։ Արդեօ՞ք ընդհանուր լեզուն, որ շատեր այլեւս չեն խօսիր։ Ընդհանուր եկեղեցին, որուն հետ ոչ բոլորը կապուած են։ Թէ՞ պատմական յիշողութիւնը, որ իւրաքանչիւր սերունդ նոր ձեւով կը մեկնաբանէ։ Թերեւս այս հարցումին պատասխանելը շատ աւելի դժուար է, քան աշխարհի հայերը հաշուելը։

Երբ առաջին անգամ այս ուսումնասիրութեան տարածքը կը դիտես, ակամայ կը հասկնաս, որ այսօր հայ ժողովուրդը ոչ թէ աշխարհագրական մէկ կեդրոն ունի, այլ բազմաթիւ կեդրոններ։ Հայաստանը կը մնայ ազգային կեանքի քաղաքական եւ պատմական առանցքը, սակայն համաշխարհային հայութիւնը շատոնց դադրած է միայն Հայաստանի սահմաններով սահմանուող իրականութիւն մը ըլլալէ։ Այսօր անոր պատմութիւնը կը գրուի միաժամանակ Երեւանի, Մոսկուայի, Լոս Անճելըսի, Փարիզի, Պէյրութի, Պուէնոս Այրէսի, Թորոնթոյի, Սիտնիի եւ տասնեակ այլ քաղաքներու մէջ։

Որոշ քաղաքներ, որոնք ժամանակին հայկական մտաւոր եւ մշակութային կեանքի հսկաներ կը նկատուէին, այսօր զգալիօրէն նօսրացած են։ Միւս կողմէ՝ նոր կեդրոններ ծնած են, նոր սերունդներ մեծցած են, նոր հաստատութիւններ ստեղծուած են։ Հայկական աշխարհը, պարզապէս, տեղ փոխած է։

Թերեւս կարելի ըլլայ ազգ մը հաշուել։ Կարելի ըլլայ նաեւ անոր տարածումը քարտէսի վրայ ցոյց տալ։ Բայց կարելի՞ է հաշուել անոր կենսունակութիւնը։ Այս հարցումին ուղղակի պատասխան չկայ ուսումնասիրութեան մէջ, եւ այդ նպատակով ալ պատրաստուած չէ անիկա, սակայն անոր էջերը ընթերցելէ ետք այդ հարցումը անխուսափելի կը դառնայ։ Որովհետեւ ի վերջոյ ազգ մը պարզապէս անհատներու հանրագումար մը չէ։ Եթէ այդպէս ըլլար, աշխարհի մէջ ամէնէն մեծ ժողովուրդները պիտի ըլլային նաեւ ամենէն ամուր ժողովուրդները։ Բայց պատմութիւնը հակառակը բազմիցս ապացուցած է։

Ազգը, խորքին մէջ, յարաբերութիւններու ցանց մըն է։ Անիկա դպրոց մըն է, ուր երեխան առաջին անգամ մայրենի լեզուով գիրք կը բանայ։ Եկեղեցի մըն է, ուր սերունդներ իրարու կը յանձնեն ոչ միայն հաւատքը, այլ նաեւ յիշողութիւնը։ Թերթ մըն է, որ համայնքին լեզուն կենդանի կը պահէ։ Մշակութային միութիւն մըն է, որ երգը, թատրոնը, պարը կամ գրականութիւնը կը փոխանցէ նոր սերունդին։ Երիտասարդական կազմակերպութիւն մըն է, ուր պատանին առաջին անգամ կը զգայ, թէ «հայ համայնք» ըսուածը միայն բառ չէ, այլ ապրուած իրականութիւն։

Թերեւս այս պատճառով է, որ The Global Armenian Nation ուսումնասիրութիւնը իւրաքանչիւր երկրի մասին խօսելով չի բաւարարուիր բնակչութեան թիւը արձանագրելով։ Ան կը փորձէ ներկայացնել նաեւ այն հաստատութիւնները, որոնց շուրջ համայնքը տակաւին կը շնչէ՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններ, մամուլ, բարեսիրական հաստատութիւններ, մարզական միութիւններ եւ հասարակական կառոյցներ։ Կարծես հեղինակները կ՚ուզեն մեզի ըսել, որ ազգ մը հասկնալու համար բաւարար չէ գիտնալ, թէ քանի մարդ կայ. անհրաժեշտ է նաեւ տեսնել, թէ այդ մարդիկ ինչպիսի՛ հասարակական կեանք ստեղծած են։

Ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ իր գնահատականները, կը համադրէ տուեալները եւ կը մօտենայ հնարաւորինս վստահելի պատկերի մը։ Այդ աշխատանքը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ։ Բայց, ի վերջոյ, թիւը՝ որքան ալ ճշգրիտ ըլլայ, միայն սկիզբն է։

Որովհետեւ ազգ մը վերջին հաշուով չի չափուիր միայն իր բնակչութեամբ։ Ան կը չափուի իր ստեղծագործ ուժով, իր հաստատութիւններու կենսունակութեամբ, իր լեզուի ապրող ներկայութեամբ, իր մշակոյթի նորարարութեամբ եւ, ամէնէն առաջ, իր ժողովուրդին կամքով՝ շարունակելու նոյն պատմութիւնը նոր պայմաններու մէջ։

Թիւերը կրնան փոխուիլ։ Քարտէսները կրնան վերագծուիլ։ Համայնքները կրնան մեծնալ կամ նօսրանալ։ Բայց քանի դեռ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ մարդիկ կը շարունակեն իրենց զաւակներուն հայերէն երգ մը սորվեցնել, հայկական դպրոց մը պահել, գիրք մը հրատարակել, թատրոն մը բեմադրել, եկեղեցւոյ զանգը հնչեցնել կամ պարզապէս իրենց հայկական ինքնութիւնը գիտակցաբար ապրիլ, հայութիւնը պիտի չմնայ միայն վիճակագրական միաւոր մը։

Ան պիտի շարունակէ ըլլալ կենդանի ազգ մը՝ թիւերէն անդին։

«Տարբերակ21»

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x