Մի՛ հաւատար ամէն լսածիդ ու կարդացածիդ

Գաղտնիք չէ, որ պատմութեան ընթացքին մարդիկ երբե՛ք այսքան տեղեկութիւն եւ տեղեկութեան հասանելիութիւն չեն ունեցած, որքա՛ն այսօր։ Սակայն նոյն պատմութիւնը եւ մարդիկ թերեւս երբե՛ք այսքան ալ չեն շփոթած, թէ ո՞ւր է ճշմարտութիւնը. թէ ո՞ր տեղեկութիւնը կամ լուրը իրա՛ւ է, եւ ո՞ր մէկը՝ սո՛ւտ։

Ամէն օր, հարիւրաւոր եւ նոյնիսկ հազարաւոր լուրեր, տեսանիւթեր, մեկնաբանութիւններ եւ կարծիքներ կը հասնին մեզի։ Սեղմում մը բաւարար է, որ քանի մը վայրկեանի ընթացքին տեղեկանանք աշխարհի միւս ծայրը տեղի ունեցած դէպքի մը մասին։ Առաջին հայեացքով, այս երեւոյթը կրնայ մարդկային յառաջդիմութեան մեծ նուաճում մը թուիլ։ Սակայն շատ անգամ զգայացունց կամ գայթակղեցուցիչ լուր մը աւելի արագ կը տարածուի, քան ճշգրիտ տեղեկութիւնը։ Ուստի զգո՛յշ. արդեօք մեր տեսածն ու լսածը ճի՞շդ է։

Այսօր տեղեկատուութիւնը այլեւս միայն գիտելիք փոխանցելու միջոց չէ․ ան դարձած է ազդեցութեան եւ երբեմն ալ ուղեղալուացի գործիք մը։ Ընկերային ցանցերու մէջ լուրը շատ անգամ կը տարածուի ոչ թէ իր ճշգրտութեան, այլ ցնցիչ ըլլալուն շնորհիւ։ Ամենէն կրքոտ, ամենէն սարսափելի կամ ամենէն ցնցող տեղեկութիւնը յաճախ աւելի արագ կը շրջի, քան ամենէն ճշգրիտը։

Հետեւաբար, կեղծ լուրերը դարձած են մեր ժամանակներու ամենէն լուրջ մարտահրաւէրներէն մէկը։ Անոնք միայն սխալ տեղեկութիւններ չեն փոխանցեր․ կեղծ լուրերը յաճախ կը կառուցեն ամբողջական պատկերացումներ, կը ձեւաւորեն քաղաքական համոզումներ, կը հրահրեն հասարակական լարուածութիւններ եւ երբեմն նոյնիսկ կը խաղան ժողովուրդներու ճակատագրին հետ։

Խնդիրը միայն կեղծ լուրերու գոյութիւնը չէ։ Կեղծ լուրեր միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են։ Նորութիւնը այն է, որ քանի մը ժամուան մէջ, անոնք կրնան հասնիլ միլիոնաւոր մարդոց։ Ահա թէ ինչո՛ւ քննական մտածողութիւնը դարձած է ժամանակակից մարդուն ամենէն կարեւոր կարողութիւններէն մէկը։

Քննական մտածողութիւն ըսելով՝ չենք հասկնար ամէն ինչ մերժելու կամ ամէն ինչի նկատմամբ կասկածամիտ վերաբերում ունենալու սովորութիւնը։ Ընդհակառակը, քննական մտածողութիւնը հարցումներ տալու արուեստն է․ ո՞վ կը փոխանցէ այս տեղեկութիւնը, ի՞նչ աղբիւրէ կը բխի անիկա, կա՞ն այլ աղբիւրներ, որոնք նոյնը կը հաստատեն, եւ ի՞նչ շահ կրնայ ունենալ լուրը տարածողը։ Այս հարցումները պարզ կը թուին, բայց անոնք շատ անգամ կ’որոշեն սահմանը ճշմարտութեան եւ մոլորութեան միջեւ։

Այս խնդիրը աւելի հրատապ կը դառնայ մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդին համար, որովհետեւ անոնք իրենց առօրեային մեծ մասը կ’անցընեն թուային աշխարհին մէջ, ուր տեղեկութիւնները անվերջ կը հոսին, բայց անոնց առատութիւնը ինքնաբերաբար իմաստութիւն չի ստեղծեր, այլ երբեմն, ընդհակառակը, կը դժուարացնէ ճշմարտութիւնը գտնելու աշխատանքը։

Գիրք կարդալը, տարբեր կարծիքներ ուսումնասիրելը, մէկէ աւելի աղբիւրներու դիմելը եւ փաստերը զգացումներէ ու համոզումներէ անջատելու վարժութիւնը այսօր ոչ միայն կրթական, այլեւ քաղաքացիական պարտաւորութիւններ դարձած են։

Ժողովրդավարութիւնը, ազատութիւնը եւ հանրային առողջ կեանքը չեն կրնար գոյատեւել այնպիսի հասարակութեան մը մէջ, ուր մարդիկ դադրած են մտածելէ եւ սկսած են միայն արձագանգել եւ թութակի պէս կրկնել։

Այս պատճառով, մեր ժամանակներու հիմնական հարցումը թերեւս այն չէ, թէ որքան տեղեկութիւն ունինք, այլ՝ որքանո՞վ կրնանք ճշմարտութիւնը տարբերել աղմուկէն, սուտէն եւ ուղեղալուացի փորձէն։

Որովհետեւ կեղծ լուրերու դարաշրջանին, գիտելիքը այլեւս բաւարար չէ։ Անհրաժեշտ է նաեւ դատողութիւն, առո՛ղջ դատողութիւն։

Իսկ դատողութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ մարդ կը համարձակի հարցադրել, կասկածիլ եւ մտածել։

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x