«Թոյլ պիտի տա՞նք, որ փողոցը լինի մեր ազգային գործերին ուղղութիւն տուողը»

Վերջերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ 19-րդ-20-րդ դարու տիտաններէն՝ Գարեգին Վրդ. Յովսէփեանի (հետագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, 1943-1952) 1911-ին հրատարակուած արժէքաւոր գործերէն մէկը կը կարդայի, երբ ստորեւ բերուած հատուածը ուշադրութիւնս գրաւեց։ Կարծես այս օրերուն գրուած ըլլար։

Ինչպէս ֆրանսական խօսքը կ՚ըսէ՝ «որքան ալ բան մը փոխուի, նոյնը կը մնայ» (plus ça change, plus c’est la même chose)։ Հայերս կը սիրենք իրարու յիշեցնել, որ «պատմութեան դասերը պէտք է սորվինք»։ Անշուշտ, մարդիկ պատմութենէն կը սորվին, սակայն հասարակութիւնները այդ դասը միշտ չէ, որ կը պահեն իրենց յիշողութեան մէջ։ Կարծէք իւրաքանչիւր սերունդ պէտք է զայն վերստին սորվի։ Եթէ գիտակցի, անշուշտ։

Գարեգին Վարդապետ Յովսէփեանի 20-րդ դարու արշալոյսին Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի առջեւ ծառացած խնդիրները դիմագրաւելու առանցքային պատգամը կարելի է այսպէս ամփոփել․

Ան կը զգուշացնէ, որ Եկեղեցւոյ կեանքն ու ապագան չեն կրնար առաջնորդուիլ պատահականութեամբ, փողոցի տրամադրութիւններով կամ վարչական ընթացիկ գործելակերպով։ Ան կը շեշտէ ազգային-եկեղեցական կեանքի խորքային նորոգման անհրաժեշտութիւնը՝ հոգեւոր վերակենդանացում, կրթեալ ու պատրաստուած հոգեւորականութիւն, ծխական համայնքներու կազմակերպում, քարոզչութիւն, ընկերային ծառայութիւն եւ մշակութային ու կրթական հաստատութիւններու ամրապնդում։ Իր համոզումով Եկեղեցին պէտք ունի այնպիսի առաջնորդութեան, որ վարչական կառավարումէն անդին կարենայ նոր կենսունակութիւն ստեղծել եւ նպաստել ժողովուրդի հոգեւոր եւ բարոյական վերածնունդին։

Յովսէփեան կը գրէ (*)՝

«Թոյլ պիտի տա՞նք, որ փողոցը լինի մեր ազգային գործերին ուղղութիւն տուողը: Պատուաբեր չի լինիլ մեզ համար, եթէ նորից կրկնենք այն սխալները: Անհրաժեշտ է հետզհետէ հող պատրաստել և ազգային-եկեղեցական ընդհանուր ժողով գումարել, քայքայման վիճակին հասած մեր դարաւոր ազգային ժառանգութեան կրօնական վերակենդանութեան, վարչական եւ ծխական բարեփոխութեան խնդիրները լուծել բաւականութիւն տալ ժամանակի հասունացած եւ խելացի պահանջներին, աւելի սերտ յարաբերութիւն եւ միութիւն մշակել եկեղեցւոյ լրութեան մէջ: Պէտք է միջոցներ ձեռք առնել ժամանակի համաձայն մտաւոր եւ բարոյական բարձր մակերեւոյթով` եկեղեցականութիւն պատրաստել եւ նիւթապէս ապահովել գիտնական եւ կրթուած միաբանութիւն ստեղծել, կարգաւորել եւրոպական՝ մտքով Մ. Աթոռի թանգարանն ու մատենադարանը, դիւրութիւններ ստեղծել գիտութեամբ զբաղուելու վանքերի առաջ քաղաքակրթական բարձր նպատակ դնել, ճեմարանը եւ միւս հաստատութիւններն իրենց անկերպարան եւ անապահով վիճակից հանել, կալուածների եւ դպրոցների կառավարութեան եւ բարեկարգութեան աւելի խելացի եւ հաստատուն ձեւ մշակել:

Եկեղեցական արուեստը ճարտարապետութիւնը, նկարչութիւնը, յատկապէս երաժշտութիւնը կարօտ են աւելի հոգատարութեան եւ խնամատարութեան: Մեր եկեղեցական կեանքի ներքին բովանդակութիւնը ու քաղաքակրթական ստեղծական կարողութիւնը աղքատացել է կամ անփութութեան ենթարկուել, մենք չունենք` քրիստոնէական-եկեղեցական բարեգործական հաստատութիւններ՝ հիւանդանոց, անկելանոց եւ որբանոց. չունինք աղքատների կանոնաւոր խնամատարութիւն, հովւութիւն, կամ հոգեշահական գործունէութիւն, համայնական կամ ծխական կազմակերպութիւն: Քարոզչական գործը նոյնպէս մատնուած է անփութութեան եւ մեր առաջնորդները հոգեւոր կեանքի ղեկավարներ չեն, կրօնական-բարոյական կեանքին ուղղութիւն տուող, այլ դիւանական պաշտօնեաներ: Այս բոլոր խնդիրների յաջող խնդիրների յաջող լուծումն ու կանոնաւորումը մեծ կամ փոքր չափով կախուած է կաթողիկոսի անձնաւորութիւնից»:*

Հրաչ Չիլինկիրեան

(*) Գարեգին Վրդ. Յովսէփեան, «Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան եւ Կաթողիկոսական Ընտրութիւն». Բ. Տպագրութիւն. Թիֆլիս, 1911:

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան, ընկերաբան, սփիւռքագետ, Օքսֆորտ համալսարանի Ասիական եւ Մերձաւոր արեւելիքի ուսմանց ամպիոնի դասախօս եւ «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» ծրագրի ղեկավար: Համալսարանական ուսումը Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս եւ Լոնտոն ստացած է, իսկ Ընկերաբանական Գիտութիւններու (sociology) դոկտորական կոչումը Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան ու Քաղաքագիտութեան համալսարանէն (London School of Economics): Տասը տարի պաշտօնավարած է Գեմպրիճ համալսարանի մէջ եւ 2012-էն ի վեր Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս է: Ունի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ (www.hratch.info): Իր վերջին հրատարակութիւններէն են՝ «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ»ի 2019, 2021 եւ 2022 թուականներու տասը երկիրներու մէջ կատարուած դաշտային աշխատանքներու արդիւնքները, եւ վերջերս լոյս տեսած` “Reverse Engineering: A State-Created “Albanian Apostolic Church” in Caucasian Albania. An International Handbook (eds., Jost Gippert and Jasmine Dum-Tragut), De Gruyter Mouton, 2023, եւ “Armenian Communities in the Middle East: Losing the Past in the Future?” in From Pluralism to Extinction?: Perspectives and Challenges for Christians in the Middle East (ed. Sotiris Roussos), London: Transnational Press, 2023 (Տես` (Տես` Տարբերակ21-ի «Գիրքերու հետ» բաժինը):):

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x