Կայ հետաքրքրական երեւոյթ մը, որ հաւաքական կեանքի հոլովոյթին մէջ յաճախ կը կրկնուի։ Համայնք մը տարիներ, երբեմն տասնամեակներու ընթացքին, մեծ զոհողութիւններով դպրոց կը կառուցէ, եկեղեցի կը հիմնէ, մշակութային միութիւններ կը ստեղծէ, մամուլ կը հրատարակէ, բարեսիրական ցանցեր կը կազմէ եւ կը յաջողի իր շուրջ հասարակական առողջ կեանք մը ձեւաւորել։ Դուրսէն դիտողին համար ամէն ինչ բնական կը թուի։ Կառոյցները գոյութիւն ունին, հաստատութիւնները կը գործեն, ծրագիրները կը շարունակուին, իսկ համայնքը՝ կը ծաղկի։
Բայց յանկարծ, առանց մեծ աղմուկի, հաւաքական կեանքի ամէնէն կարեւոր տուեալներէն մէկը կը սկսի նահանջել։
Մարդի՛կ։ Աւելի ճիշդ՝ անոնք, որոնք վաղը պիտի կրեն այդ հաստատութիւններուն պատասխանատուութիւնը։
Եւ այս բոլորը՝ անկախ արտագաղթի երեւոյթէն։

Պատմութեան մէջ շատ հասարակութիւններ, ընկերութիւններ, քաղաքական շարժումներ, կուսակցութիւններ, կրօնական հաստատութիւններ եւ նոյնիսկ մեծ կայսրութիւններ չեն տկարացած միայն այն պատճառով, որ գաղափարներն ու միջոցները սպառած են։ Յաճախ անոնք տկարացած են, որովհետեւ չեն կրցած պատրաստել այն սերունդը, որ պիտի շարունակէր իրենց գործը։
Ամէն համայնք, մեծ թէ փոքր, ունի հիմնական երկու առաքելութիւն. ստեղծել հաստատութիւններ եւ պատրաստել մարդիկ, որոնք պիտի առաջնորդեն այդ հաստատութիւնները։ Առաջինը տեսանելի է։ Երկրորդը՝ գրեթէ միշտ անտեսանելի։ Եւ թերեւս ճիշդ այս պատճառով, երկրորդը շատ անգամ կը մոռցուի։ Մենք մեծ խանդավառութեամբ կը խօսինք նոր շէնքի մը մասին, նոր սրահի մը մասին, նոր ծրագրի մը մասին, նոր հիմնադրամի մը մասին։ Բայց շատ աւելի քիչ կը հարցնենք. Ո՞վ պիտի ղեկավարէ այս բոլորը քսան տարի ետք։ Կամ, աւելի կարեւոր, ո՞վ պատրաստած ենք այդ պատասխանատուութեան համար։ Որովհետեւ առաջնորդները ապսպրանքով չեն ծնիր։ Անոնք տարիներու ընթացքին կը կազմաւորուին։ Եւ եթէ համայնքը այդ կազմաւորման մասին չի մտածեր, օր մը պիտի արթննայ ու պիտի նշմարէ, որ շէնքեր ունի եւ պատմութիւն…բայց մարդոց պակաս ունի։

Ոչ մէկ բժիշկ հիւանդանոց կը մտնէ առաջին օրը որպէս վիրաբոյժ։ Ոչ մէկ երաժիշտ առաջին համերգի օրն իսկ մենակատար կը դառնայ։ Ոչ մէկ գիտնական առաջին իսկ փորձէն կը ղեկավարէ հետազօտական կեդրոն մը։ Ինչո՞ւ, ուրեմն, համայնքային կեանքին մէջ երբեմն կը սպասենք, որ երիտասարդ մը, որ տարիներ շարունակ հանդիսատես եղած է, յանկարծ օր մը պատրաստ ըլլայ ղեկավարելու ամբողջ հաստատութիւն մը։

Այս տարբերութիւնը շատ կարեւոր է։
Շատ մը համայնքներ երիտասարդներուն հանդէպ մեծ սէր կը ցուցաբերեն։ Անոնց համար ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, կրթաթոշակներ կը տրամադրեն, ճամբարներ կը հիմնեն, մշակութային ձեռնարկներ կը պատրաստեն։ Այս բոլորը անհրաժեշտ են։ Բայց հարցը ուրիշ է։ Արդեօք մենք զանոնք նաեւ կ’առաջնորդե՞նք։ Արդեօք անոնց կը վստահի՞նք որոշումներու կայացումը։ Կը ներառե՞նք զանոնք այն քննարկումներուն մէջ, ուր համայնքին ապագան կ’որոշուի, թէ՞ անոնց ներկայութիւնը կը սահմանափակուի «երիտասարդական բաժին»ով, մինչ իրական իշխանութիւնը կը մնայ նոյն շրջանակներուն ձեռքը։ Շատ անգամ, առանց անդրադառնալու, համայնքները երկու հակասական պատգամ կը փոխանցեն երիտասարդներուն։ Մէկ կողմէ կը յայտարարեն, թէ «դուք մեր ապագան էք»։ Միւս կողմէ, գրեթէ ոչ մէկ իրական դեր կը վերապահեն անոնց։ Արդիւնքը նախատեսելի է։

Կայ ուրիշ երեւոյթ մը, որ շատ աւելի հազուադէպ կը քննարկուի։ Անիկա յաջողած առաջնորդներու երեւոյթն է։ Առաջին հայեացքով այս միտքը հակասական կը թուի։ Ինչպէ՞ս կրնայ լաւ ղեկավարութիւնը խնդիր ստեղծել։ Պատճառը պարզ է։ Լաւ առաջնորդը սովորաբար աշխատասէր է, նուիրուած է, պատասխանատու է եւ դժուարութիւններու դիմաց լուծումներ կը գտնէ։ Ժամանակի ընթացքին մարդիկ բնականաբար կը սկսին անոր վստահիլ։ Ամէն նոր հարց կը հասցէագրուի նոյն անձին։ Ամէն որոշում կը սպասէ անոր կարծիքին։ Ամէն ճգնաժամի ժամանակ համայնքը ինքնաբերաբար նոյն դուռը կը թակէ։ Արտաքուստ ասիկա յաջողութեան նշան է։ Բայց խորքին մէջ ուրիշ բան կը սկսի տեղի ունենալ։ Հաստատութիւնը կամաց-կամաց կը սորվի ոչ թէ գործել, այլ յենիլ։ Անիկա կը դադրի նոր ղեկավարներ ձեւաւորելէ, որովհետեւ ներկայ ղեկավարը ամէն խնդիր կը լուծէ արդէն։ Կը դադրի նոր գաղափարներ լսելէ, որովհետեւ ամէնէն փորձառու մարդը արդէն ներկայ է։ Կը դադրի սխալներու միջոցով սորվեցնելէ, որովհետեւ փորձառու ղեկավարը բնականաբար չի ցանկար, որ գործը վտանգուի։ Ամէն բան տրամաբանական կը թուի։
Եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ վտանգաւոր է։
Որովհետեւ համայնքները չեն տկարանար միայն այն ատեն, երբ վատ ղեկավարներ ունենան։ Անոնք երբեմն կը տկարանան նաեւ այն ատեն, երբ չափազանց երկար ժամանակ նոյն լաւ ղեկավարներուն վրայ կը հիմնուին։ Այս երեւոյթը միայն հայկական չէ։
Ընտանեկան ձեռնարկութիւններու մէջ նոյն խնդիրը յաճախ կը տեսնենք։ Հիմնադիրը տարիներ շարունակ ամէն մանրամասնութիւն անձամբ կը վերահսկէ։ Գործը կը զարգանայ, յաջողութիւններ կ’արձանագրէ, բայց յանկարծ հիմնադիրին հեռանալէն ետք կը պարզուի, որ ոչ ոք գիտէ նոյն պատասխանատուութիւնը ստանձնել։ Ոչ թէ որովհետեւ ընդունակ մարդիկ չկային։ Այլ որովհետեւ անոնք երբեք այդ հնարաւորութիւնը չեն ունեցած։
Համայնքային կեանքին մէջ նոյն օրինաչափութիւնը կը կրկնուի։
Առաջնորդութեան ամենէն դժուար դասերէն մէկը թերեւս այս է. մեծագոյն յաջողութիւնը այն չէ, որ առանց ձեզի ոչինչ գործէ։ Ձեր մեծագոյն յաջողութիւնը այն է, որ օր մը հաստատութիւնը կարենայ նոյնիսկ առանց ձեզի շարունակել իր ճամբան։ Ահա հոս կը սկսի իսկական առաջնորդութիւնը։ Որովհետեւ առաջնորդը միայն ծրագիրներ չի ղեկավարեր։ Ան նաեւ իր յաջորդները կը պատրաստէ։
Բազմաթիւ համայնքներու մէջ, երբ ղեկավարութեան փոփոխութեան ժամանակը հասնի, նոյն հարցումը կը հնչէ. «Ո՞վ պիտի փոխարինէ զինք կամ զանոնք»։ Առաջին հայեացքով, այս մէկը տրամաբանական հարցում մըն է։ Բայց իրականութեան մէջ, անիկա արդէն ուշ տրուած հարցում է։ Որովհետեւ համայնքի մը ապագան չ’որոշուիր ընտրութեան օրը։ Ան կ’որոշուի տասը, տասնհինգ կամ քսան տարի առաջ՝ այն օրերուն, երբ համայնքը սկսած կ’ըլլայ կամ չէ սկսած ձեւաւորել իր ապագայի ղեկավարները։ Անոնք կը հասկնան, որ առաջնորդութիւնը ոչ թէ կոչում մըն է, որ յանկարծ կը յայտնուի, այլ սովորութիւն մըն է, որ կամաց-կամաց կը կազմաւորուի։ Փոքր պատասխանատուութիւններէն կը սկսի, ապա կը մեծնայ, կը փորձարկուի, կը սխալի, կը սորվի եւ տարիներու ընթացքին վստահութիւն կը շահի։ Այդ գործընթացը չի կրնար տեղի ունենալ միայն ղեկավարութեան փոփոխութեան շրջաններուն։ Ղեկավարութիւնը միայն որոշումներ տալու կարողութիւն չէ։ Ան նաեւ փորձառութեան փոխանցում է։
Ամէն հաւաքականութիւն, որ կը փորձէ ապագան դարձնել անցեալի ճշգրիտ կրկնութիւնը, վերջապէս կը կորսնցնէ եւ՛ ապագան, եւ՛ անցեալը։ Իսկ այն համայնքները, որոնք կը վստահին երիտասարդներուն, կը լսեն զանոնք եւ համբերութեամբ կը կազմաւորեն զանոնք, ժամանակի ընթացքին ոչ միայն նոր ղեկավարներ կ’ունենան, այլ նաեւ նոր եռանդ, նոր գաղափարներ եւ նոր կենսունակութիւն։ Համայնքները չեն մահանար այն օրը, երբ վերջին ղեկավարը կը հեռանայ։ Անոնք կը սկսին ծերանալ այն օրը, երբ կը դադրին նոր ղեկավարներ յառաջ բերելէ։
Յաճախ կը կարծենք, թէ համայնքի մը գոյատեւումը կախեալ է անոր անդամներու թիւէն, տնտեսական կարողութենէն կամ պատմական ժառանգութենէն։ Այս բոլորը կարեւոր են։ Բայց պատմութիւնը կը յուշէ, որ անոնք բաւարար չեն։ Կան հարուստ կազմակերպութիւններ, որոնք քանի մը տարուան մէջ անհետացած են։ Կան ազդեցիկ շարժումներ, որոնք իրենց հիմնադիրներուն հեռանալէն ետք արագօրէն մարած են։ Իսկ կան նաեւ փոքր համայնքներ, որոնք դարեր շարունակ կրցած են պահպանել իրենց կենսունակութիւնը՝ ոչ թէ որովհետեւ աւելի մեծ միջոցներ ունեցած են, այլ որովհետեւ մէկ սերունդը միւսին փոխանցած է ոչ միայն պատասխանատուութիւն, այլեւ վստահութիւն։ Վերջապէս, համայնքը շէնքերու կամ ժողովներու ամբողջութիւն մը չէ։ Համայնքը շարունակուող յարաբերութիւն մըն է սերունդներու միջեւ։ Այն օրը, երբ այդ յարաբերութիւնը կը թուլանայ, ամէնէն գեղեցիկ հաստատութիւնն ալ կամաց-կամաց կը սկսի դատարկուիլ իր բուն իմաստէն։ Թերեւս ասոր համար է, որ իսկական առաջնորդները չեն մտածեր միայն իրենց պաշտօնավարութեան մասին։ Անոնք կը մտածեն այն օրուան մասին, երբ իրենք այլեւս այնտեղ պիտի չըլլան։ Ոչ թէ որովհետեւ կը փափաքին հեռանալ, այլ որովհետեւ կը գիտակցին, որ ոչ մէկ ղեկավար անփոխարինելի պէտք է դառնայ։

Համայնքի մը մեծութիւնը երբեք այն չէ, թէ որքան երկար ժամանակ մէկ առաջնորդ կրնայ զայն առաջնորդել։ Համայնքի մը մեծութիւնը այն է, թէ քանի՛ առաջնորդի կրնայ ծնունդ տալ։ Որովհետեւ իրերայաջորդ առաջնորդներ ծնող համայնքներն են, որ կը յարատեւեն։
Եւ թերեւս համայնքի մը ապագան հասկնալու համար պէտք չէ առաջին հերթին նայինք անոր ղեկավարին, վարչութեան կամ տարեկան հաշուետուութեան։ Պէտք է նայինք սրահին վերջին շարքերուն։ Հոն նստած երիտասարդներուն։ Արդեօք անոնք պարզ հանդիսատեսնե՞ր են, թէ՞ արդէն այսօր, թերեւս աննկատ, կը պատրաստուին դառնալու այն անհատները, որոնք վաղը պիտի կրեն համայնքին յիշողութիւնը, պատասխանատուութիւնն ու տեսլականը։
Համայնքները չեն սկսիր մարիլ այն օրը, երբ վերջին մեծ առաջնորդը կը հեռանայ։ Անոնք կը սկսին մարիլ այն օրը, երբ կը դադրին նոր առաջնորդներ դաստիարակելէ։ Եւ թերեւս համայնքի մը առողջութիւնը չափելու ամենէն խոր հարցումը ոչ թէ՝ «Ո՞վ է այսօր մեր առաջնորդը», այլ՝
«Որո՞ւ կը պատրաստենք, որ վաղը մեր առաջնորդը դառնայ»։


