Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ «համայնք» բառը գրեթէ սրբազան հնչեղութիւն ունի։ Մենք առանց վարանելու կ’արտասանենք զայն, երբ կը խօսինք դպրոցներու, միութիւններու, եկեղեցիներու, ակումբներու կամ թաղամասերու մասին։ «Համայնքը պիտի կազմակերպէ», «համայնքը պիտի օգնէ», «համայնքը պիտի պահպանէ», «համայնքին համար», «համայնքին շահը»։ Այս բառը տարիներ շարունակ մեզի համար ոչ միայն կառոյց, այլ ապահովութիւն, պատկանելիութիւն եւ գոյատեւում նշանակած է։
Բայց այսօր անհրաժեշտ է դժուար հարց մը տալ. արդեօք հայ համայնքը տակաւին կենդանի իրականութի՞ւն մըն է, թէ՞ աստիճանաբար վերածուած է խորհրդանշական պատրանքի։
Ժամանակ մը համայնքը բնական երեւոյթ էր։ Անիկա կը կազմուէր նոյն թաղամասերուն մէջ ապրող, նոյն եկեղեցին յաճախող, նոյն դպրոցը գացող, նոյն լեզուն խօսող եւ նոյն պատմական յիշողութիւնը կիսող մարդոցմով։ Համայնքը պարզապէս կազմակերպութիւններու ամբողջութիւն չէր. ան առօրեայ կեանքի հիւսուածքն էր։
Այսօր այդ պայմանները զգալիօրէն փոխուած են։
Սփիւռքի նոր սերունդները բազմալեզու եւ բազմամշակութային միջավայրերու մէջ կը մեծնան։ Հայ դպրոցը այլեւս անկախ իրականութիւն չէ։ Թաղամասերը կորսնցուցած են իրենց նախկին համախմբուածութիւնը։ Շատերու համար հայկականութիւնը դարձած է մասնակի ինքնութիւն մը՝ սահմանափակուած շաբաթավերջի, տօնական կամ յիշատակի առիթներով։
Այս պայմաններուն մէջ «համայնք» բառը երբեմն աւելի շատ կը շարունակէ գոյատեւել լեզուին, քան իրական կեանքին մէջ։
Աւելին, հայկական հաստատութիւնները շատ անգամ սկսած են իրենք զիրենք պահպանելու համար գոյութիւն ունենալ, ոչ թէ անպայման մարդոց հիմնական կարիքներուն ծառայելու։ Ժողովո՞ւրդը պիտի ծառայէ հաստատութեան, թէ՞ հաստատութիւնը՝ ժողովուրդին։ Այս հարցը սփիւռքեան իրականութեան ամենէն զգայուն հարցերէն մէկն է։
Բազմաթիւ երիտասարդներ այսօր հայկական կառոյցներուն նկատմամբ օտարացում կը զգան։ Ոմանք զանոնք կը նկատեն փակ շրջանակներ, մաշած լեզուով խօսող համակարգեր կամ անցեալի յիշողութեան մէջ սառած միջավայրեր։ Անոնք հայկականութեան մէջ երբեմն աւելի շատ պարտականութիւն կը տեսնեն, քան կենդանի փորձառութիւն։
Բայց միաժամանակ, նոյն այդ երիտասարդները ամբողջովին կտրուած չեն իրենց ինքնութենէն։ Անոնք տակաւին կը փնտռեն պատկանելիութիւն, մշակութային խորք, լեզուական կապ եւ պատմական իմաստ։ Պարզապէս անոնք այլեւս չեն ընդունիր ժառանգութիւնը առանց հարցադրումներու։
Ճգնաժամը թերեւս հայկականութեան մէջ չէ, այլ «համայնք» կոչուած հասկացողութեան հին ձեւին մէջ։
Նոր սերունդը հաւանօրէն կը գտնուի անցումային հանգրուանի մը մէջ, ուր համայնքը այլեւս չի կրնար հիմնուիլ միայն աշխարհագրական մօտիկութեան, կուսակցական կառոյցներու կամ պատմական վախերու վրայ։ Թուային աշխարհը, շարժուն կեանքը եւ նոր ինքնութիւնները կը պահանջեն աւելի ճկուն, աւելի բաց եւ աւելի մտածող համայնքային ձեւեր։
Հակառակ այս բոլորին, «համայնք» հասկացողութիւնը տակաւին ամբողջովին մեռած չէ։ Մարդը բնազդաբար կը փնտռէ կապ, ճանաչում եւ հաւաքական իմաստ։ Սակայն եթէ այդ կապը պիտի վերապրի, ան պէտք է փոխանցուի նոր սերունդներուն։ Հոս է, որ կը ծագի այն հարցումը՝ որմէ կարելի չէ խուսափիլ․ ո՞վ պիտի ժառանգէ մեր համայնքները։ Եթէ նոր սերունդները չզգան, որ համայնքը նաեւ իրե՛նց տունն է, իրե՛նց ձայնն ու իրե՛նց ապագան, ապա ոչ մէկ հաստատութիւն, որքան ալ հարուստ կամ կազմակերպուած ըլլայ, կրնայ ապահովել իր շարունակականութիւնը։ Համայնքներու ճակատագիրը ի վերջոյ շէնքերու կամ կանոնագրութիւններու մէջ չէ, այլ այն երիտասարդներուն ձեռքն է, որոնք պիտի որոշեն՝ մնա՞լ, մասնակցի՞լ՝ հաւաքական կեանքի նո՛ր ձեւեր ստեղծելով։
Որովհետեւ երբ համայնքը կը դադրի ապրուած իրականութիւն ըլլալէ եւ կը վերածուի միայն կարգախօսի, ան կամաց-կամաց կը դառնայ պատրանք։
Իսկ պատրանքներով երկար ժամանակ ժողովուրդ մը պահել հնարաւոր չէ։
