Հայ ինքնութենէն դէպի հաստատութենական հասունութիւն

Պետական հաստատութիւններու եւ մարդկային յառաջդիմութեան միջեւ կապը առանձնայատուկ կերպով տեսանելի կը դառնայ հայկական իրականութեան մէջ՝ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ սփիւռքի պարագային։ Հայերը ընդհանրապէս կը բնորոշուին իբրեւ աշխատասէր եւ յարմարող ժողովուրդ մը, որ օժտուած է մտաւոր կարողութիւններով։ Սակայն հայերը յաճախ դժուարացած են այս յատկութիւնները վերածելու հաւաքական յառաջդիմութեան։ Պատճառը տաղանդի պակասը չէ։ Խնդիրը աւելի բացակայութիւնն է արդար, կայուն եւ վստահութիւն ներշնչող կառոյցներու, որոնք կրնան այդ ներուժը կազմակերպել եւ վերածել երկարատեւ զարգացման։

Հայաստանի արդի հանրապետութիւնը կազմաւորուեցաւ պատմական չափազանց դժուար պայմաններու մէջ՝ Խորհրդային Միութեան փլուզում, պատերազմ, տնտեսական շրջափակում, արտագաղթ եւ տկար հաստատութիւններ։ Այս պայմաններուն մէջ, հանրային վստահութիւնը պետութեան հանդէպ շատ կանուխ խախտեցաւ։ Փտածութիւնը, մենաշնորհային ցանցերը, քաղաքական հովանաւորութիւնը եւ անհաւասար հնարաւորութիւնները տարածեցին այն համոզումը, թէ յաջողութիւնը աւելի կապուած է անձնական ծանօթութիւններու, քան արժանիքի։ Այս մէկը խոր ազդեցութիւն ունեցաւ հանրային հոգեբանութեան վրայ։ Բազմաթիւ քաղաքացիներ հիասթափեցան քաղաքականութենէն եւ սկսան անվստահութեամբ մօտենալ հաստատութիւններուն։ Հետեւանքը միայն տնտեսական անկում չէր, այլ նաեւ մարդկային մեծ արտահոսք։ Հազարաւոր հայեր լքեցին երկիրը, որովհետեւ այլեւս չէին հաւատար, թէ իրենց կարողութիւնները կրնան արդար պայմաններու մէջ զարգանալ։

Այսօր ալ, հակառակ վերջին տարիներուն արձանագրուած բարեփոխումներուն եւ որոշ յառաջդիմութեան, Հայաստան կը շարունակէ ապրիլ արդիականացման եւ ժառանգուած քաղաքական մշակոյթի միջեւ առկայ լարում մը։ Թէեւ պետական կառավարման, թափանցիկութեան եւ թուայնացման ոլորտներուն մէջ նկատելի զարգացումներ արձանագրուած են, դատական իշխանութեան անկախութեան, քաղաքական բեւեռացման եւ հաստատութենական վստահութեան հարցերը տակաւին ամբողջովին լուծուած չեն։

Սփիւռքի իրականութիւնը տարբեր է, բայց նոյնքան կապուած այս հարցերուն։ Սփիւռքեան հայկական համայնքները երկար տարիներ գոյատեւեցին յարաբերաբար ուժեղ հաստատութիւններու միջոցով՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ, կուսակցութիւններ, մշակութային միութիւններ, բարեսիրական կազմակերպութիւններ եւ մամուլ։ Այս կառոյցները հիմնական դեր խաղցան ցեղասպանութենէն եւ տեղահանութենէն ետք հայկական ինքնութիւնը պահպանելու գործին մէջ։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, շատ մը սփիւռքեան կառոյցներ վերածուեցան վարչական համակարգերու, որոնց հիմնական մտահոգութիւնը ինքնապահպանումն էր, ոչ թէ արդիականացումը եւ երիտասարդականացումը։

Որոշ համայնքներու մէջ, յատկապէս աւելի հին սփիւռքներուն մէջ, ղեկավարութիւնը մնաց նեղ շրջանակներու ձեռքը, որոնք յաճախ մերժեցին քննադատութիւնը, մտաւորական անկախութիւնը եւ ընդդիմացան սերնդափոխութեան։ Արդիւնքը եղաւ այն, որ շատ մը երիտասարդ հայեր սկսան օտարանալ կազմակերպական կեանքէն (Նաեւ կարդալ՝ «Արտագաղթ սփիւռքի կառոյցներէն, ինչպէ՞ս…» մեր յօդուածը): Խնդիրը անպայման հայ ինքնութեան մերժումը չէ, այլ հիասթափութիւնը այն անճկուն եւ ինքնսիրահարած կառոյցներէն, որոնք երբեմն աւելի շատ կը պարգեւատրեն հնազանդութիւնը, քան ստեղծագործական միտքը։ Անկախ մտաւորականները, արուեստագէտները եւ քննադատող ձայները շատ անգամ կը գտնուին լուսանցքի վրայ, որովհետեւ անոնք հարցականի տակ կը դնեն ժառանգուած պահպանողական ու անթեք մտածողութիւնը եւ հնամաշ իշխանութիւնները։

Այս մէկը աւելի կարեւոր կը դառնայ, որովհետեւ սփիւռքը Հայաստանի սահմաններէն դուրս սեփական պետութիւն չունի։ Հետեւաբար անոր հաստատութիւնները պարզ վարչական մարմիններ չեն, այլ մշակութային միջավայրեր, որոնք կը ձեւաւորեն ինքնութիւնը, մասնակցութիւնը եւ պատկանելիութեան զգացումը։ Երբ այս միջավայրերը կը դառնան չափազանց փակ, առճակատող կամ միայն անցեալով ապրող, երիտասարդ սերունդները կամաց-կամաց կը հեռանան՝ ոչ անպայման հայութենէն, այլ կազմակերպուած հայկական կեանքէն։

Այսպիսով թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ սփիւռքը կը դիմագրաւեն նոյն հիմնական մարտահրաւէրը՝ ինչպէ՞ս ստեղծել համակարգեր, որոնք կը ներշնչեն վստահութիւն, մասնակցութիւն, արդարութիւն եւ վերանորոգում։ Հայերը ամբողջ աշխարհով մէկ ունին հսկայական մարդկային ներուժ՝ գիտութեան, թեքնաբանութեան, կրթութեան, գործարարութեան եւ արուեստի մէջ։ Սակայն տաղանդը միայնակ բաւարար չէ հաւաքական բարգաւաճում ստեղծելու համար։ Մարդիկ աւելի ստեղծագործ եւ արդիւնաբեր կը դառնան, երբ հաւատան, թէ հաստատութիւնները արդա՛ր են, քննադատութիւնը հանդուրժելի՛, արժանիքը կը գնահատուի, եւ անհատական ներդրումը իսկապէ՛ս կրնայ ազդեցութիւն ունենալ ապագային վրայ։

Թերեւս մեր ժամանակներուն հայկական հիմնական հարցերէն մէկը այս է։ Խնդիրը միայն ազգային գոյատեւումը չէ իր աւանդական իմաստով, այլ նաեւ հաստատութենական հասունութիւնը։ Ոչ մէկ հասարակութիւն կրնայ անվերջ գոյատեւել միայն պատմական վէրքերով, զգացական կապերով կամ հայրենասիրական կարգախօսերով։ Երկարատեւ զարգացումը կը պահանջէ այնպիսի համակարգեր, որոնք կրնան մարդկային միտքը, եռանդը եւ ստեղծագործութիւնը վերածել հաւաքական յառաջդիմութեան։ Հակառակ պարագային, նոյնիսկ ամենէն տաղանդաւորներն ու նուիրեալները աստիճանաբար կրնան օտարանալ այն համայնքներէն, որոնց կ’ուզեն ծառայել։

Հայաստանի եւ սփիւռքի ապագան հաւանաբար աւելի կախեալ է արդարութեան, հաշուետուութեան, թափանցիկութեան եւ վստահութեան մշակոյթներ կառուցելու դժուարին աշխատանքէն քան ինքնութեան շուրջ ստեղծուած խօսոյթներէն: Որովհետեւ ի վերջոյ հասարակութիւնները կը բարգաւաճին ոչ միայն այն ժամանակ, երբ մարդիկ կը սիրեն իրենց ազգը, այլ երբ կը հաւատան, թէ իրենց հաստատութիւնները արժանի են իրենց ճիգին, ներդրումին եւ հաւատքին:

Վ.Թէնպէլեան

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x