4 յունիս 1918, Պաթում. Երբ իրականութիւնը կը դառնայ առասպել՝ հերոսով եւ հակահերոսով

1918 յունիսի 4-ին, Պաթումի մէջ կնքուեցաւ հայ-թրքական պայմանագիր մը, որով Թուրքիա ճանչցաւ Հայաստանի հանրապետութիւնը։ Ճակատագրի հեգնանքով Թուրքիան եղաւ առաջինը, որ ճանչցաւ ազգի մը անկախութիւնը, զոր կը փորձէր բնաջնջել, բայց ճանչցաւ, որովհետեւ հայերու հերոսական դիմադրութիւնը մայիսեան հերոսամարտերուն թուրքերը զրկեց առաջ շարժելու հնարաւորութենէն։ Մայիսեան հերոսամարտերու մասին առիթ ունեցած ենք խօսելու եւ այս անգամ կ’ուզենք անդրադառնալ յունիս 4-ի պայմանագրին, բայց ոչ թէ զայն քննարկելու նկատառումով, այլ այդ պայմանագրին մասին որոշ քննարկումներ վելուծելու նպատակով։ Վերջին շրջանին, երբ տեսակ մը մոտա դարձած է պատմական դէպքերու քննութիւնը, շատերը կը փորձեն վերատեսութեան ենթարկել բացարձակապէս ամէն ինչ եւ դէպքերը բացատրել անձնական վերլուծումներով։ Այդ վերլուծումներուն մէջ կը հանդիպինք թէ՛ սթափ ու հետաքրքրական, թէ՛ բացարձակապէս անհասկնալի որոնումներու։

Յունիս 4-ի պայմանագրին մասին խօսելու ատեն, ոմանք կ’ըսեն, որ այդ պայմանագիրը խայտառակութիւն էր, որովհետեւ ՀՀ-ը կը ձեւաւորուէր ընդամէնը 12 հզր․ ք/քմ տարածքով եւ շատ հարցերու մէջ, ինչպէս օրինակ արտաքին յարաբերութիւններու՝ ենթակայ էր Թուրքիոյ։ Կը նշուի, որ յունիսի 4-ի պայմանագիրը կնքուած է զայն կնքողներու անտեղեակութեան պայմաններուն մէջ։ Այլ խօսքով, յունիսի 4-ին, հայկական կողմը տեղեակ չէր, որ մայիսեան հերոսամարտերը տեղի կ’ունենան եւ թուրքերը հապշտապ ստիպած էին զանոնք կնքելու ոչ շահաւէտ պայմանագիր մը։

Այս ի հարկէ հետաքրքրական ու մխիթարական կը հնչէ, յատկապէս դաւադրապաշտներուն համար, որովհետեւ յոյս կու տայ, որ յունիսի 4-ի պայմանագիրը կրնար շատ աւելի լաւը ըլլալ, եթէ հայկական կողմը տեղեակ ըլլար, թէ ինչ կը կատարուի մարտի դաշտին վրայ։

Բայց արդեօ՞ք այդպէս էր։ Արդեօ՞ք հայկական կողմը իրօք չէր գիտեր, որ ճակատամարտեր տեղի ունեցած են, չէր գիտեր, որ հայկական զօրքերը յաղթած են։ Եւ եթէ տեղեակ ըլլար, կրնա՞ր պատահիլ, որ հայերը աւելի լաւ պայմաններով պայմանագիր մը կնքեն։

Նախ անհաւանական է հնչէ, որ հայկական կողմը անտեղեակ ըլլար այդ բոլորին։ Մայիսի 28-էն մինչեւ յունիսի 3-ը գրեթէ մէկ շաբաթ անցած էր։ Միթէ՞ առհասարակ հնարաւոր է, որ հայկական պատուիրակութիւնը ուղղակի նստած էր ու գոնէ մէկ անգամ չհետաքրքրուէր, թէ ի՛նչ կը կատարուի Երեւանի մէջ: Միթէ՞ ճակատամարտէն յետոյ Երեւանէն ու Թիֆլիսէն գոնէ մէկ հեռագիր չէ ուղարկուած, մամլոյ հաղորդագրութիւն մը չէ եղած եւ Պաթում գտնուղ հայերը անտեղեակ են եղած։ Ո՛չ, ի հարկէ։ Այդ մէկը նոյնիսկ տեսականօրէն կարելի չէ։

Բաց աստի, նոյնիսկ եթէ Պաթումի մէջ հայկական կողմը տեղեակ չէր մայիսեան հերոսամարտերուն, ապա միթէ՞ անոնք պիտի չզարմանային, որ թուրքերը կ’առաջարկէին պայմանագիր ստորագրել, ու այդ՝ այն ժամանակ, երբ նոյնիքն թրքական կողմը մայիսեան հերոսամարտերէն առաջ կը մերժէր հայերու հետ որեւէ բան քննարկել։ Միթէ՞ հայկական կողմին չէ հետաքրքրած, թէ թուրքերը ինչու՞ յանկարծ հայերուն պայմանագիր կ’առաջարկէին։

Մենք նաեւ առիթ ունեցած ենք խօսելու մայիսեան հերոսամարտերու հսկայական նշանակութեան մասին։ Ոչ միայն հայերու փրկութեան, այլ առաջին համաշխարհային պատերազմի իրավիճակին կապուած։

Ի դէպ, յունիսի 4-ի պայմանագիրը խայտառակութիւն համարելու մեծագոյն ջատագովները կոմունիստներն էին։ Խորհրդային գիտական եւ գեղարուեստական բազմաթիւ հրատարակութիւններու մէջ, ամէն կերպով փորձ կատարուած է նսեմացնելու յունիսի 4-ի պայմանագիրը եւ զայն ներկայացնելու որպէս Առաջին Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու անփորձութեան կամ ուղղակի դաւաճանութեան հետեւանքը։ Օրինակ «Անյայտ զինուորի յիշատակարանը» եռահատոր գեղարուեստական գիրքին մէջ, ուր նաեւ կայ Սարդարապատի ճակատամարտին նկարագրութիւնը մասնակիցի աչքերով, յունիսի 4-ը կը ներկայացուի որպէս ոճրային անփութութիւն եւ ուղղակի դաւաճանութիւն։ Ընդ որում փորձ կը կատարուէր «դաւաճան» ներկայացնելու բոլոր դաշնակցականներն ու ՀՅԴ-ն ընդհանրապէս։ Հասկնալի է, որ խորհրդային քարոզչական մեքենան ամէն ինչ կ’ընէր այլանդակելու որեւէ ձեռքբերում, որ իրագործուած էր իրենցմէ առաջ։ Այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է ըսել, որ այդ վատն էր ու կոմունիստներն են լաւը։ Կը նշանակէ, թէ պէտք է քանդել ամէն ինչ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը ներկայանցել որպէս ձախողած գերեզմանոց մը, նուաստացած ու ամօթալի։

Ու հիմա, ինչ որ անհասկանալի պատճառներով, հայկական հասարակութեան մէջ կը քննարկուին յունիսի 4-ի պայմանագրին «ամօթալի» վարկածները, ընդ որում ներկայացնելով այնպիսի անհեթեթ վերլուծումներով, որ կրնայ վիրաւորական նկատուիլ որեւէ տրմաբանող մտքի։

Լաւ, ենթադրենք, թէ 1918 յունիսի 4-ին հայկական պատուիրակութիւնը «անտեղակ տգէտներու ու դաւաճաններու» խումբ էր, որ «թուրքերուն նուիրեց հայոց յաղթանակը», ապա ինչու՞ 1994-ին կնքուեցաւ Բիշքեկի համաձայնագիրը, երբ հայկական կողմը կրկին փառաւոր յաղթանակ տարած էր ու հսկայական տարածքներ ազատագրած։ Եթէ 1918-ին տեղեակ չէին, 1994-ին՝ վստահ տեղեակ էին։ Այս անգա՞մ ինչը ստիպեց պարտուած թուրքին հետ հաւասարէ հաւասար պայմանագիր ստորագրելու։

Մենք պարզապէս չենք ուզեր ոչ մէկ բանի ուղիղ նայիլ։ Մենք կը մերժենք ընդունիլ, որ իրականութիւնը երբեմն կը պարտադրէ որոշ բաներ։ Մեզի համար աւելի դիւրին է դաւադարապաշտութեամբ ցանկալին մատուցել իրականի տեղ։ Երբ չես գիտեր իրականութիւնը, ապա մեծ է ցանկութիւնը անոր անյայտ մասերը երեւակայութեամբ կարկատելու։ Բայց անկէ իրականութիւնը աւելի չի հարստանար, ճշմարտութիւնը աւելի ճշմարիտ չի մնար, ընդհակառակը կը բթանայ միտքն ու հոտառութիւնը, որեւէ բան հասկնալու կարողութիւնը։ Իրականութիւնը կը դառնայ ատելի ու անհասկնալի, ու կը մնայ միայն մէկ բան՝ դաւադրութիւնը, որ մեզի համար արդէն հոգեբանական թմրանիւթ դարձած է։ Իրականութիւնը կը դառնայ առասպել՝ հերոսով եւ հակահերոսով։ Եւ այդպէս մենք կը բացատրենք գրեթէ ամէն ինչ։ Եւ այդպէս կը հասկնանք ամէն ինչ։

Նման կերպով կ’ընդունուին Աւարայրը, Տիգրան Մեծի գործունէութիւնն ու Տիգրանակերտի պայմանագիրը, Մլեհը, 1699-ին Karlowitz-ի մէջ սկսած բանակցութիւնները (Պալքաններուն մէջ օսմանցիներու պարտութիւնը)․․․շատ բան։

Իրականութիւնը այն է, որ մայիսեան հերսամարտերու շնորհիւ հնարաւոր եղաւ փրկութիւն գտնել սեփական ձեռքերով։ Հնարաւոր եղաւ պաշտօնապէս պայմանագիր կնքել մէկու մը հետ, որու միակ ցանկութիւնը մեզ բնաջնջելն էր։ Եկէք հասկնանք բնաջնջուելու եւ ապրելու տարբերութիւնները։ Յունիսի 4-ի պայմանագիրը չէր կրնար դրախտային ըլլալ։ Յունիսի 4-ը պարզապէս չէր կրնար պարզապէս մեզի Մեծ Հայքը նուիրել։ Չմոռնանք, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ կ’ապրէր, աւելի ճիշդ կը գոյատեւէր հայ ժողովուրդը 1918 մայիսին ու անկէ ետք։ Ցեղասպանուած, սովի, շրջափակման, հիւանդութիւններու ու քաղաքական անկայունութեան պայմաններու մէջ իրաւական առումով հաստատել ու մարտական ճանապարհով ապրելու կամք պարտադրել, դարաւոր երազանքէ յետոյ սեփական պետութիւն ստեղծել․․․․Այս է այդ հրաշքը, որ պէտք է հասկնա՛լ ու փայփայե՛լ, ոչ թէ կեղտ լեցնել հեռուէն ու հարիւրամեայ հեռաւորութենէն մեղադրել, թէ «այս ինչ վատ պայմանագիր կնքած էք»։ Ընդ որում ջուր լեցնել ազգային թշնամի կոմունիստներու-բոլշեւիկներու ջաղացքին ու վատաբանելու սկսիլ մեր Առաջին Հանրապետութիւնը։

Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ այդ դժոխային իրավիճակին մէջ հնարաւոր էր աւելի լաւ պայմաններ պարտադրել թուրքերուն, հրամեցէ՛ք ասպարէզ։ Այժմ, պարոնա՛յք, տեղեկութիւնը անվճար է, արագ եւ դիւրին։ Հրամեցէ՛ք ու մեզի յաղթանակներ բերէք, կիրառէք ձեր հսկայական խելքը, որ կը թուի, թէ ունիք եւ մեզ փրկէք ի չարէն։

Կրնա՞ք։ Ի հարկէ չէք կրնար։ Որովհետեւ խօսիլը բան մըն է, ընելը՝ մէկ այլ բան։

Ողջ լերուք եւ ձեր ձեռքերը հեռո՛ւ Առաջին Հանրապետութենէն։  

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Սեդօ Պոյաճեան
Սեդօ Պոյաճեան
1 year ago

Մեր ազգային նուաճումները նուաստացնելու եւ մրոտելու արուեստը կատարելագործեցին ու մշակոյթի վերածեցին հայ բոլշեւիկները։ Պաթումի Դաշնագրի պարագան մէկ նմոյշն է պոլշեւիկեան այդ մշակոյթին։ Ցաւալիօրէն վերանկախացած Հայաստանի յաջորդական իշխանաւորները՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը իր մեծխօսիկութեամբ, Սերժ Սարգսեանն ու Ռոբերտ Քոչարեանը իրենց լռութեամբ եւ Նիկոլ Փաշինեանը՝ բանիւ ու գործով, իւրացուցին այդ ախտաւոր մշակոյթը։ Այսօր քաղաքական այս փուճ մշակոյթէն է որ կը տիրէ երկրին մէջ։

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x