Ինչպիսի՞ Հայաստան կ’ուզենք եւ ո՞վ պիտի տայ՝ ռուսը՞, եւրոպացի՞ն, թէ՞ ամերիկացին

Երբ կը դիտեմ հայոց ներքին քաղաքական կռիւները, թէ ինչպէս տարբեր խումբեր իրարու կ’անիծեն, կը հայհոյեն, կը համոզեն ու կը դատապարտեն, կը յիշեմ երգիծաբան Լեռ Կամսարը, որ կը գրէր, թէ հայը ձեռքերը գրպանները դրած եւրոպացիներու դունչով այս ու այն կողմ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս եւ ո՛ւր իրեն համար լաւ Հայաստան մը կառուցեն, ուր թուրք չըլլայ։

Մեծ չափով, այսօր ալ նոյն վիճակն է։ Մենք այսօր իրարու հետ կը կռուինք գլխաւորաբար այն հարցով, թէ մեզի ո՞վ աւելի լաւ Հայաստան պիտի տայ՝ ռուսը՞, եւրոպացի՞ն, թէ՞ ամերիկացին։ Նոյնիսկ մեր միտքով չ’անցնիր, որ այդ մէկը անհեթեթ ու խելագար միտք մըն է ու մենք կը շարունակենք Հայաստան պատուիրել, ամէն մէկը իր ճաշակով ու չափերով եւ այնպէս վստահ ու հանգիստ, որ կարծես թէ fast food-ի ճաշարանէ մը սանդուիչ կ’ապսպրենք։ Հետեւաբար, մեր ճաշակներու տարբերութեան վրայ հիմնուելով ալ մենք կը շարունակենք զիրար անէծքակոխ ընել ու ապացուցել, թէ ռուսը եւ ամերիկացին մեզի աւելի լաւ Հայաստան մը կու տան, կը մնայ հասկնալ, թէ ո՞ր մէկուն Հայաստանը ընդունիլ։ Մենք նաեւ մանրամասն կը քննենք, թէ այդ երկիրներէն ո՞ր մէկը մինչեւ վերջ պատրաստ է հասկնալու, թէ մենք ի՛նչ Հայաստան կ’ուզենք եւ կը նեղանանք, երբ անոնք մեր ուզած Հայաստանը չեն սարքեր ու մեզի չեն տար։ Ոչինչ փոխուած է այն պահէն, երբ եւրոպացի գաղութարարները, որոնց մենք անվերջ կը դիմէինք խնդրանքներով, զիրար կը բնաջնջէին մէկ ձեռքին սուր, միւս ձեռքին՝ խաչ։ Մենք այդ ժամանակ ալ ամբողջ Եւրոպան ոտքի տակ կ’ընէինք ու տարատեսակ պատուէրներ կ’ուղարկէինք Եւրոպայի արքաներուն ու անոնց կը ներկայացնէինք, թէ ի՞նչ տեսակ Հայաստան կ’ուզենք։ Նոյնիսկ Իսրայէլ Օրին անոնց կը բացատրէր, թէ քանի՞ հոգիով գան, ինչպէ՞ս սկսին, ինչպէ՞ս աւարտեն, որո՞ւ նշանակեն թագաւոր եւ այսպէս շարունակ։ Հայաստան կառուցելու կապալառուներէն միայն ռուսերը եկան Հայաստան, գրաւեցին, բայց մոռցան մեր Հայաստանը մեզի տալու ու մենք մինչեւ հիմա ալ քէն կը պահենք ռուսերու հանդէպ, որ «մեր երկիրը մեզի չտուին, դարձուցին առուծախի առարկայ եւ այլն»։ Մենք ռուսերուն դէմ կը բողոքենք նաեւ Արցախի ողբերգական ճակատագրին, ինչպէս նաեւ՝ որ անոնք բարեկամ չեղան մեզի։

Բարեւ Ձեզ։ Դեռ ի՞նչ կ’ուզէինք։ Մենք աշխարհի մէջ տեսա՞ծ ենք գէթ մէկ պարագայ, որ երկիր մը երթայ, կռուի, արիւն թափէ, զինուորներ կորսնցնէ, որոշ տարածք գրաւէ, յետոյ նուիրէ հոն ապրող ժողովուրդին, ու ձգէ երթայ իր գործերով։ Աշխարհի մէջ զաւթիչները անըդմէջ զիրար փոխարինած են, իսկ մեր յոյսը մնացած է նոյնը՝ ազատիլ ուրիշին ձեռքերով։ Այս մասին շատ անգամ խօսած ենք, բայց թերեւս կ’արժէ կրկին անդրադառնալ անոր, մանաւանդ որ մենք ոչ միայն չենք տիրապետեր ուրիշներու ձեռքերով կրակէն շագանակներ հանելու հնարքին, այլ նաեւ մենք միշտ նման վտանգներու դիմած ենք ուրիշներու համար՝ առանց որեւէ հատուցում ստանալու։

Այսօր, երբ Սիւնիքի կապուած հայ քաղաքական միտքը փոխադարձ հրաձգութեամբ զբաղած է, կը հնչեն այնպիսի կարծիքներ ու միտքեր, որոնք արտայայտելու համար հարկաւոր է կա՛մ խելագար ըլլալ, կա՛մ աշխարհի ամենէն միամիտ մարդը։ Օրինակ՝ խումբէ մը մէկը միւսին կը հարցնէ, թէ Ամերիկան ինչո՞ւ մեզի ընդամէնը տոկոս կու տայ, ժլատ է, մեզի առնուազն պիտի տար, բայց․․․․ու չես գիտեր ծիծաղի՞ս, թէ՞ լաս։ Ժողովուրդ մը, որ ինքն իր ձեռքով կը քանդէ իր երկիրը, անէծքներ կու տայ, թէ ինչու՞ ռուսը Արցախը չպահեց, կամ ալ Ամերիկան ինչու՞ մեզի 70 տոկոս չի տար։ Դեռ ուրիշ բան մը. գիւտ ըրած ըլլալու թոնով կը գոռան, որ ռուսն ու ամերիկացին իրենց շահերը կը պաշտպանեն։

Բարեւ Ձեզ։ Նոր իմացա՞ք, թէ դեռ կը կասկածիք։ Իսկ վաղը՞ որմէ Հայաստան պիտի ուզենք՝ Հնդկաստանէ՞ն, թէ՞ Չինաստանէն, իսկ թերեւս մէկ այլ գերիշխան պետութիւն մը յայտնուի, որ պատրաստ ըլլայ զոհուելու յանուն Հայաստանի։

Ու ահա այսպէս, այսպիսի խելագար պայմաններու մէջ ալ մենք կը շարունակենք նոր հովանաւոր փնտռել ու ամէն անգամ վստահ ենք, որ այս անգամ կը ստացուի։

Այսքան անհոգ ու այսքան ցաւո՜տ․․․

Հայ ժողովուրդը բնաւորութեան երկու գիծ ունի, որ իր պարգեւն ու անէծքն են միաժամանակ։ Մէկը այն է, որ աշխարհի մէջ ոչնչի հետ հաշտ է ու միշտ փոփոխութիւն կը պահանջէ ու երկրորդ, որ երբեք չուզէր այդ փոփոխութեան համար ինքն իրեն նեղութիւն տալ։ Իր խնդիրներուն համար մեղաւոր են Աստուածն ու Սատանան, մէկուն տուած ցաւը միւսը պիտի բուժէ։ Առաջին քրիստոնեայ ըլլալը դիւրին բան չկարծէք։

Հայոց պատմութեան մէջ մենք առանձնացած ենք երկու դրսեւորումներով՝ մեր թշնամիներու եւ մեր բարեկամներու անվերջ ցանկերով։ Երբ կը հաշուես թշնամիները, թէ ինչքա՛ն եկած ու գացած են, գլուխդ կը կորսնցնես: Երբ բարեկամներդ կը հաշուես, որ խոստացած են, թէ բան մը կ’ընեն, կը հասկնաս, որ Հայաստանը շատոնց պէտք է դրախտ դարձած ըլլար։ Այսօր ալ թշնամիի ու բարեկամի պակաս չունինք, կը մնայ որ պահ մըն ալ զիրար լսենք։ Որովհետեւ այն ռուսը, որ մէկ հայուն բարեկամն է, ուրիշ հայու մը թշնամին է, մէկ հայուն բարեկամը Եւրոպան է, իսկ այս վերջինը իր հերթին խոժոռ կը նայի ամերիկամէտ հայուն, որ չի համակրիր ռուսամէտ հայուն։ Եւ այսպէս ռուսահայը, ամերիկահայը եւ եւրոպահայը անդադար կը վիճին ու կը բախին իրարու։ Ամէն մարդ ունի իր ախորժակը եւ իր ճաշակը, ամէն մէկը՝ իր Հայաստանը՝ իր չափովը, իր պատկերացուցած բնակչութեամբը եւ իր տնտեսութեամբը։ Իսկ Հայաստանի մէջ իրարու դէմ կը պայքարին հայերու տարատեսակ Հայաստանները, որ պիտի բերեն այլազգիները, իրարու դէմ պայքար կը մղեն հայկական գաղափարախօսութիւնները ու անվերջ են հայ-հայկական յարաբերութիւնները, ուր մէկ հայը միւսին մշտապէս հակառակ է ու ընդդիմադիր։

Այս ազգային խելագարութեան հետեւանքը, զոր ամէն օր կը տեսնենք, մեզ կը տանի դէպի ինչ-որ տեսակ մը Հայաստան՝ մեկուսացած երազի մը նման, ուր ամէն մարդ իր սրտին ու երազներուն Հայաստանը ունի։ Բայց ապա փողոց կ’ելլեն կամ Ֆէյսպուք կը մտնեն եւ կը սկսին իրարու հայհոյել՝ պաշտպանելով ամէն մէկը խելագարութեան իր տեսակէտը՝ պարտադրելով Հայաստանի իր ու միայն իր ձեւաչափը:

Իսկ Հայաստան կը շարունակէ մնալ իրական վտանգներու մէջ։

Հայաստան կը շարունակէ ապրիլ իր երկիմաստ կեանքը, ուր ամէն հայ ունի իր երազած Հայաստանը, որ ոչ մէկ կերպով չի համապատասխաներ գոյութիւն ունեցողին։ Միեւնոյն ժամանակ, հայերը Հայաստանը կը «պատուիրեն» իրենց տարբեր ախորժակներով՝ մոռնալով, որ երկար, շատ երկար դարեր շարունակ մենք ընդհանրապէս Հայաստան չենք ունեցած՝ իբրեւ պետութիւն։ Մեր չիրագործուած մտքերը եւ ցանկութիւնները դարեր շարունակ կուտակուած են մեր մէջ ու կը սպառնան փորձանք դառնալու մեր գլխուն։ Մենք ունինք հազարամեակներու անյագուրդ ախորժակ մը՝ կառավարելու մեծ պահանջ, իշխելու կարօտ, տէր ըլլալու անհասանելի ձգտում մը։

Հայաստան, Հայաստան, ամէն հայու համար տեսակ մը դրախտ, ամէն հայու սեփական երազանքը, ուր ոչ մէկ այլ հայ կրնայ մուտք գործել։ Ու այդ Հայաստանը միայն իրն է, իր սրտին Հայաստանը, միայն իր սրտին։ Ու երբ ի մի կը հաւաքես այդ խայտաբղէտ ցանկութիւնները, վշտացած, նեղուած ցանկութիւնները, կը ստանաս դարաւոր ցաւի ու անփութութեան, միամտութեան գոյնզգոյն քարտէզ մը, ուր միախառնուած են ներկայի ու անցեալի ամենէն տարբեր իրականութիւնները։ Այդ բոլորը թերեւս վատ չէին ըլլար, եթէ անոր զուգահեռ ունենայինք գոնէ մէկ, քիչ թէ շատ յստակ նպատակ մը այն Հայաստանի նկատմամբ, ուր կ’ապրինք։

Իսկ ինչպիսի՞ Հայաստան կ’ուզես դուն։

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x