«Ինչպէ՞ս կանք»․ հայ ինքնութեան գոյաբանական հարցումը

27 ապրիլ 2026-ին հրապարակեցինք Թալին Սուճեանի «Գաղութատիրական կարգը. հայրիշխանութեան եւ սպիտակներու ժամանակը» խորագրեալ յօդուածը, որ կ’անդրադառնար Ֆրանց Ֆանոնի, Զաւէն Պիպեռեանի, Մարթին Հայտէկկէրի, գաղութատիրութեան եւ մտաւորական լուսանցքայնացման հարցերուն, նաեւ՝ անչափահաս աղջիկներու սեռային շահագործման եւ առեւտուրի յանցանքներով ամբաստանուած Ճեֆրի Էփսթինի բացայայտումներուն, որոնք «խոր ճեղք մը յառաջացուցին հայրիշխանական կարգին մէջ», կը նշէր Սուճեան: Այս յօդուածը զիս մղեց աւելի լայն խորհրդածութիւններու։ Անիկա պարզ գրական կամ ակադեմական ընթերցում մը չէր եւ առիթ կը ստեղծէր աւելի խոր հարցումներու՝ իշխանութեան, յիշողութեան, ինքնութեան եւ մեր ժամանակներուն մէջ հայ ըլլալու բարդ փորձառութեան մասին։

Այդ ընթերցումէն ետք, դժուար էր չվերադառնալ երկու մեծ մտածողներու՝ Ֆրանց Ֆանոնի եւ Մարթին Հայտէկկէրի, որոնք տարբեր ճամբաներով փորձած են հասկնալ մարդը, անոր օտարացումը եւ աշխարհին մէջ գոյութիւն ունենալու դժուարութիւնը։

Ժամանակակից աշխարհին մէջ, ուր ինքնութիւնը ամէն օր կը վերաձեւաւորուի, իսկ յիշողութիւնը՝ կա՛մ կը շահագործուի, կա՛մ ալ կը մոռցուի, աւելի քան երբեք անհրաժեշտ կ’ըլլայ վերադառնալ այն մտածողներուն, որոնք փորձած են հասկնալ մարդուն եւ իշխանութեան միջեւ եղած խոր կապը։ Այս իմաստով, Ֆրանց Ֆանոնն ու Մարթին Հայտէկկէրը կը ներկայանան որպէս երկու տարբեր, բայց զարմանալիօրէն համընկնող մտածողներ։

Ֆրանց Ֆանոն (1925–1961) Մարթինիք ծնած ֆրանսացի սեւամորթ հոգեբոյժ եւ փիլիսոփայ մըն էր, որ հետագային դարձաւ Ալճերիոյ յեղափոխութեան (1954–1962) գլխաւոր մտաւորական ձայներէն մէկը եւ երրորդ աշխարհի ժողովուրդներուն խօսնակը։ Ան միացաւ Ալճերիոյ Ազգային Ազատագրական Ճակատին (FLN)՝ պնդելով, թէ բիրտ ուժի գործածութիւնը անհրաժեշտ է ապագաղութացման համար։ Իր «Երկրագունդին ողորմելիները» նման գործերուն մէջ Ֆանոն խորապէս կը վերլուծէր գաղութատիրական բռնակալութեան հոգեբանական հետեւանքները։ Ան իր գրութիւններուն մէջ կը բացայայտէր, թէ ինչպէ՛ս գաղութատիրութիւնը ոչ միայն քաղաքական եւ տնտեսական համակարգ մըն է, այլեւ հոգեբանական բռնութեան ձեւ մը, որ գաղութացուած մարդը կ՛օտարացնէ իր պատմական ու մշակութային ինքնընկալումէն եւ կը ստիպէ ինքզինք տեսնելու պարտադրուած ստորադասութեան ակնոցով։

Հայտէկկէր (1889 – 1976) հակառակ իր քաղաքական խիստ խնդրայարոյց ժառանգութեան իբրեւ Նացիզմի դերակատարներէն մէկը, ժամանակակից փիլիսոփայութեան առանցքային անուններէն մէկը կը մնայ։ Ան փորձեց վերադառնալ գոյութեան հիմնական հարցումին՝ «ի՞նչ կը նշանակէ գոյութիւն ունենալ»։ Իր մտածողութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ժամանակակից փիլիսոփայութեան, գրականութեան եւ մշակութային տեսութիւններուն վրայ, որովհետեւ ան կը քննէր մարդուն օտարացումը, առօրեային մէջ կորսուիլը եւ ժամանակակից աշխարհի հոգեւոր դատարկութիւնը։

Այս երկու մտածողները, հակառակ իրենց տարբեր ուղղութիւններուն, կը հանդիպին կարեւոր կէտի մը շուրջ՝ մարդուն եւ աշխարհին միջեւ խզումի փորձառութեան։ Մէկը կը խօսի գաղութատիրութեան, բռնութեան եւ ճնշուած մարդու հոգեկան խաթարումին մասին, իսկ միւսը՝ գոյութեան, մոռացութեան եւ ժամանակակից մարդու ներքին օտարացման։

Թալին Սուճեանի յօդուածը այս երկու մտածողներուն միջեւ ստեղծած է խոր եւ կարեւոր կամուրջ մը՝ զանոնք կապելով Զաւէն Պիպեռեանի գրականութեան եւ ընդհանրապէս հայկական փորձառութեան։ Յօդուածը պարզ ակադեմական քննարկում մը չէ։ Ան աւելի փորձ մըն է հասկնալու, թէ ինչպէս բռնութիւնը կը շարունակէ ապրիլ ոչ միայն պետութիւններու եւ բանակներու մէջ, այլեւ ընտանիքներու, լեզուներու, յիշողութիւններու եւ առօրեայ կեանքի կառուցուածքներուն մէջ։

Սուճեան կը յիշեցնէ, որ գաղութատիրութիւնը միայն հողային բռնագրաւում կամ քաղաքական բռնութիւն չէ։ Ան հոգեբանական եւ գոյաբանական ասպատակում է։ Ֆանոն այս մէկը կը բացայայտէ իր ամբողջ խորութեամբ։ Իր «Երկրագունդին ողորմելիները» եւ «Սեւ մորթ, ճերմակ դիմակներ» գործերուն մէջ ան կը նկարագրէ, թէ ինչպէս ճնշուած մարդը ի վերջոյ կը սկսի ինքզինք տեսնել տիրողին աչքերով։ Մարդը կ’իւրացնէ ստորադասութիւնը եւ իր իսկ գոյութեան մէջ կը բաժնուի երկուքի։

Այս փորձառութիւնը օտար չէ հայուն։ Հայ ինքնութիւնը նոյնպէս ձեւաւորուած է ոչ միայն ունեցածով, այլ նաեւ կորսուածով։ Ցեղասպանութիւնը հայուն համար միայն ֆիզիքական բնաջնջում չէր։ Ան նաեւ հոգեկան եւ մշակութային ցնցում էր։ Լեզուն կտրատուեցաւ եւ յիշողութիւնը քայքայուեցաւ։ Սփիւռքը դարձաւ գոյութեան նոր պայման մը, ուր հայը շարունակեց ապրիլ՝ բայց միշտ ալ որոշ բացակայութեան մը զգացումով։

Այս պատճառով ալ, Ֆանոնի մտածողութիւնը կարելի չէ դիտել իբրեւ սոսկ ափրիկեան կամ հակագաղութատիրական իրականութեան վերաբերող տեսութիւն։ Ան կը խօսի բոլոր այն ժողովուրդներուն մասին, որոնք ստիպուած եղած են գոյութիւն ունենալ ուրիշի հայեացքին տակ։ Հայ իրականութիւնը այս իմաստով ֆանոնեան է։ Մենք ալ շատ անգամ մենք զմեզ կը տեսնենք ուրիշին հաստատումով, ուրիշին ընկալումով, ուրիշին սահմանումով։

Բայց Սուճեանի յօդուածը կանգ չ’առներ միայն Ֆանոնի մօտ։ Ան կը դիմէ նաեւ Հայտէկկէրի՝ աւելի վտանգաւոր եւ բարդ հարցադրում մը կատարելու նպատակով։ Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ նացիականութեան կապուած, «ճերմակամորթ» եւրոպական մտածող մը տակաւին կը շարունակէ մնալ համաշխարհային փիլիսոփայութեան կեդրոնը, մինչ Ֆանոնի նման մտածողներ լուսանցքի վրայ կը մնան։

Այս հարցումը պարզ բարոյական քննադատութիւն մը չէ։ Ան կը բացայայտէ, թէ ակադեմական աշխարհը որքա՛ն խորապէս կապուած է իշխանութեան կառոյցներուն։ Հայտէկկէր ընդունելի կը մնայ, որովհետեւ ան կը գտնուի «օրինական» եւրոպական աւանդութեան մէջ։ Ֆանոն, ընդհակառակը, վտանգաւոր է, որովհետեւ ան կը խախտէ այդ աւանդութեան հիմքերը։ Ան կը ստիպէ տեսնել այն բռնութիւնը, որուն վրայ կառուցուած է ամբողջ համակարգը։

Բայց մտաւորականներու լուսանցքայնացումը միայն արեւմտեան համալսարաններու խնդիր չէ։ Ան շարունակուող իրականութիւն մըն է աշխարհի տարածքին, ներառեալ հայկական իրականութեան մէջ։ Յաճախ հասարակութիւնները աւելի դիւրութեամբ կ’ընդունին այն ձայները, որոնք կը վերահաստատեն գոյութիւն ունեցող կառոյցները, քան այն մտածողները, որոնք կը փորձեն հարցականի տակ դնել զանոնք։

Յատկապէս սփիւռքեան հայկական իրականութեան մէջ, ուր կազմակերպական եւ վարչական կառոյցները մեծ մասամբ պահպանողական ուժերու ձեռքը կը մնան, անկախ եւ մտաւորական քննադատող ձայները յաճախ կը դիտուին որպէս անհանգստացնող կամ «վտանգաւոր» ներկայութիւններ։ Հետեւանքը այն է, որ շատ մը գրողներ, մտածողներ եւ նոր գաղափարներ կը մնան լուսանցքի վրայ, կամ կը հանդուրժուին միայն այնքան ատեն, որքան չեն վիճարկեր հաստատուած մտածողութիւնը։

Այս մէկը պատահական երեւոյթ չէ։ Իշխանութիւնը՝ ըլլայ քաղաքական, մշակութային կամ կազմակերպական, բնազդաբար կը միտի պահպանելու իր սեփական լեզուն, յիշողութիւնը եւ ինքնութեան սահմանումները։ Այդ պատճառով ալ, Պիպեռեանի, Ֆանոնի կամ նոյնիսկ այսօրուան քննադատ հայ մտաւորականներուն նման ձայները շատ անգամ կը գտնուին մեկուսացման կամ անտեսման վիճակի մէջ։

Սուճեան այս հակադրութիւնը կը կապէ նաեւ Զաւէն Պիպեռեանի։ Ինչպէս Ֆանոն, Պիպեռեան եւս կը բացայայտէր ընտանիքին, հասարակութեան եւ հայրիշխանական կառոյցներուն մէջ թաքնուած բռնութիւնը։ «Լկրտածը» վէպը պարզ ընտանեկան պատմութիւն մը չէ։ Ան վկայութիւն մըն, թէ ինչպէ՛ս պատմական ճնշումները կը շարունակեն ապրիլ մարդոց ամենօրեայ յարաբերութիւններուն մէջ։

Յատկապէս կարեւոր է Սուճեանի այն դիտարկումը, թէ գաղութատիրական համակարգերը առաջին հերթին կը հարուածեն ընտանիքը։ Որովհետեւ երբ պատմական յիշողութիւնը կը խախտի, մարդը աւելի դիւրութեամբ կը կորսնցնէ իր կապը ինքնութեան հետ։ Այս մէկը հայկական իրականութեան մէջ խորապէս տեսանելի է։ Հայ ընտանիքը շատ երկար ժամանակ դարձած է գոյատեւման հիմնական տարածքը։ Բայց նոյն այդ ընտանիքին մէջ նաեւ փոխանցուած են վախերը, խլացուած ձայները եւ երբեմն ալ ինքնութեան բեռը։

Հոս Հայտէկկէր անսպասելիօրէն կը դառնայ արդիական։ Ան կը խօսի այն մարդու մասին, որ աննկատ կերպով կը կորսնցնէ ինքզինք առօրեային մէջ։ Մարդը կը դադրի հարց տալէ, կը ձուլուի, կը հաշտուի։ Այս մէկը նոյնքան իրական է սփիւռքեան հայուն համար։ Լեզուն շատ անգամ չի կորսուիր պատերազմով, այլ՝ աստիճանաբար յարմարելով։ Ինքնութիւնը չ’անհետանար մէկ օրէն միւսը, այլ դանդաղ մաշումով։

Ահա թէ ինչո՛ւ հայ իրականութիւնը կարելի է դիտել միաժամանակ թէ՛ ֆանոնեան եւ թէ՛ հայտէկկէրեան տեսանկիւնէ։ Մէկ կողմէ, պատմութիւնը մեզի պարտադրած է օտարացում մը, իսկ միւս կողմէ՝ ներկայ աշխարհը մեզ կը մղէ մոռացութեան։ Ֆանոն կը յիշեցնէ, որ մարդը կը կերտուի ուժերու մէջ։ Հայտէկկէր կը յիշեցնէ, որ մարդը պէտք է հարց տայ իր իսկ գոյութեան մասին։ Այս երկուքը միասին մեզ կը մղեն աւելի խոր ինքնախոհութեան մը։

Այսօր հայ ինքնութիւնը կը գտնուի նոր ճնշումներու տակ։ Համաշխարհայնացումը, լեզուական նահանջը, մշակութային միաձուլումը եւ թուային աշխարհը կը փոխեն ինքնութեան բոլոր հին ձեւերը։ Այս պայմաններուն մէջ վտանգը երկակի է։ Կամ ինքնութիւնը կը վերածուի պարզ յուշի եւ ծէսի, կամ ալ ամբողջովին կը լուծուի ներկայ աշխարհին մէջ։

Բայց թերեւս հայ ըլլալը ո՛չ միայն անցեալին կառչիլ է, ո՛չ ալ անցեալէն փախչիլ։ Անիկա շարունակուող հարցում մըն է։ Ոչ միայն՝ «ո՞վ ենք մենք», այլ նաեւ՝ «ինչպէ՞ս կանք»։ Հոս կը մտաբերենք Յարութիւն Քիւրքճեանի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածը, որ տակաւին 1968-ին նոյն այս հարցումը կը դնէր սփիւռքահայութեան առջեւ՝ մերժելով ինքնութիւնը սահմանափակել պահպանումի եւ ձուլումի պարզունակ հակադրութեամբ։ Ան կը պնդէր, թէ հայ ինքնութիւնը կայուն բանաձեւ մը չէ, այլ շարունակաբար վերաձեւաւորուող «հաւասարում» մը՝ պատմութեան, ներկայի եւ համամարդկային փորձառութեան միջեւ։

Այս իմաստով, Ֆանոն եւ Հայտէկկէր մեզի պատրաստ պատասխաններ չեն տար։ Բայց անոնք կը ստիպեն մեզ մտածելու այն լարումներուն մասին, որոնց մէջ կը շարունակենք գոյութիւն ունենալ։ Մէկը կը բացայայտէ պատմութեան բռնութիւնը, միւսը՝ մոռացութեան վտանգը։

Եւ թերեւս հայ իրականութեան ճշմարտութիւնը այս երկուքին միջեւ է։ Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ միաժամանակ կը կրէ թէ՛ վէրք, թէ՛ լռութիւն։ Թէ՛ յիշողութիւն, թէ՛ մոռացութիւն։

Այս պատճառով ալ հայ ինքնութիւնը քարացած ժառանգութիւն մը չէ։ Ան շարժում է։ Ան շարունակուող վերակազմութիւն է։ Եւ թերեւս մեր ժամանակներու հիմնական պահանջը ինքնութիւնը միայն պահպանելը չէ, այլ զայն հասկնալը։ Որովհետեւ միայն հասկնալով է, որ կարելի է գիտակցաբար շարունակել գոյութիւն ունենալ։

Վ. Թէնպէլեան

 

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x