Երբ մարդիկ կը վերածուին ճատրակի քարերու

Պատմութիւնը յաճախ կը թուի անվերջ կրկնուող խաղ մը։ Դէմքերը կը փոխուին, կայսրութիւնները կը կործանին, նոր սահմաններ կը գծուին, բայց ուժի տրամաբանութիւնը ընդհանրապէս կը մնայ նոյնը։ Մարդկութիւնը կը շարունակէ շարժիլ մեծ ուժերու, պատերազմներու, գաղափարախօսութիւններու եւ տնտեսական շահերու միջեւ՝ կարծես հսկայական ճատրակի տախտակի մը վրայ։

Այս միտքերը սկսան տողանցել, երբ առաջին անգամ ըլլալով ծանօթացայ եգիպտահայ արուեստագէտ Աննա Պողիկեանի եւ անոր նշանաւոր գործին՝ «The Chess Game»-ին (Տարբերակ21, 23 Մայիս 2026), ուր պատմական դէմքեր, ղեկավարներ, մտածողներ, զինուորականներ եւ անանուն մարդիկ, կանգնած ճատրակի նոյն տախտակին վրայ, կ’որոշեն պատմութեան հոլովոյթը։ Անոնք բոլորը տարբեր ժամանակաշրջաններէ եկած են, բայց միեւնոյն պատմութեան մէջ փակուած կը թուին։ Ոմանք շարժողներն են, ուրիշները՝ շարժուողները։ Այս գործին ուժը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ անիկա պատերազմն ու քաղաքականութիւնը չի ներկայացներ որպէս հեռաւոր պատմութիւն։ Անիկա ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս ուժն ու իշխանութիւնը դարեր շարունակ մարդոց ճակատագիրները վերածած են ռազմավարական հաշիւներու։

                                            Աննա Պողիկեան. «The Chess Game»

Այսօր, երբ աշխարհը կ’ապրի նոր պատերազմներու, տնտեսական մրցակցութեան եւ արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) սրընթաց զարգացման դարաշրջան մը, ճատրակի տախտակին պատկերը կը թուի աւելի իրական, քան երբեք։

Մեծ պետութիւնները կը պայքարին ազդեցութեան համար, փոքր երկիրները յաճախ կը վերածուին բանակցութիւններու կամ բախումներու թատերաբեմի, իսկ սովորական մարդիկ կը շարունակեն վճարել այս մրցակցութիւններուն գինը։ Ուքրանիոյ պատերազմը, Կազայի աղէտը, Միջին Արեւելքի լարուածութիւնները, տնտեսական պատժամիջոցները եւ աշխարհաքաղաքական դաշինքներու վերադասաւորումը կը յիշեցնեն, որ մարդկութիւնը տակաւին ամբողջութեամբ չէ հրաժարած ուժի ու իշխանութեան հին տրամաբանութենէն։

Բայց մեր ժամանակներու խաղատախտակը աւելի բարդ դարձած է։

Նախորդ դարերուն, ուժն ու իշխանութիւնը մեծ մասամբ զինուորական կամ տնտեսական բնոյթ ունէին։ Այսօր, տեղեկատուութիւնն ու թուային համակարգերը նոյնքան կարեւոր դարձած են։ Արուեստական իմացականութիւնը, հսկայ տուեալներու վերահսկողութիւնը եւ ալկորիթմները աստիճանաբար կը վերածուին ուժի եւ իշխանութեան նոր ձեւերու։

Մարդիկ այսօր ոչ միայն զէնքերով, այլ նաեւ տեղեկատուութեամբ կը կառավարուին։

Ընկերային ցանցերը կրնան հանրային կարծիք ձեւաւորել, վախ տարածել, բեւեռացում յառաջացնել կամ ազդել ընտրութիւններու ընթացքին։ Ալկորիթմները կը հետեւին մարդոց վարքագիծին, նախասիրութիւններուն եւ վախերուն։ Ժամանակակից մարդը յաճախ, առանց անդրադառնալու, կը դառնայ թուային ռազմավարութիւններու մասնակից մը։

Այս իմաստով, ճատրակի խաղը այլեւս միայն պետութիւններու միջեւ չէ։ Ան նաեւ պայքար մըն է մարդկային ուշադրութեան, յիշողութեան եւ գիտակցութեան համար։

Արուեստական իմացականութեան զարգացումը ա՛լ աւելի խորացուցած է այս հարցերը։ ԱԻ-ն այժմ կրնայ վերլուծել պատերազմներ, նախատեսել վարքագիծեր, պատրաստել քարոզչական բովանդակութիւն եւ նոյնիսկ ազդել քաղաքական որոշումներու վրայ։ Ոմանք այս բոլորը կը նկատեն մարդկային յառաջդիմութեան նոր փուլ մը, իսկ ուրիշներ՝ վերահսկողութեան աւելի նուրբ ու քողարկուած համակարգ մը։ Հոս հարցը միայն արհեստագիտական չէ, այլ՝ բարոյական։ Ո՞վ պիտի վերահսկէ այս համակարգերը։ Ո՞ւր կ’աւարտի որոշումներ կայացնելու մարդուն դերը, եւ ո՞ւր կը սկսի մեքենային միջամտութիւնը։ Երբ ալկորիթմները կը սկսին որոշել, թէ մարդիկ ի՛նչ պիտի կարդան, ինչէ՛ն պիտի վախնան կամ ինչպէ՛ս պիտի մտածեն, ազատութիւնը կը դառնայ աւելի խրթին ու բարդ հասկացողութիւն մը։

Այս բոլորին մէջ ամենէն մտահոգիչը թերեւս այն է, որ ժամանակակից մարդը կամաց-կամաց կը վարժուի այս խաղին։ Պատերազմները կը վերածուին առօրեայ լուրերու։ Մահերը՝ վիճակագրութեան։ Տեղահանութիւնները՝ քաղաքական վերլուծութիւններու։ Մարդկային ողբերգութիւնները արագօրէն կը սպառին տեղեկատուական հոսքին մէջ։ Մարդ արարածը կը շարունակէ դիտել աշխարհը այնպէս, կարծես անիկա հեռուէն դիտուող խաղ մը ըլլար։

Բայց իրականութեան մէջ, ճատրակի տախտակին վրայ գտնուող քարերը իրական մարդիկ են։ Անոնք ընտանիքներ ունին, յիշողութիւններ, կորուստի փորձառութիւններ եւ վախեր՝ ապագային հանդէպ։ Երբ մեծ պետութիւնները կը մրցին, ամենէն ծանր գինը շատ անգամ կը վճարեն անոնք, որոնք որոշումներ կայացնողները չեն եւ ոչ մէկ կապ ունին այդ խաղին հետ:

Աննա Պողիկեանի գործին մեծագոյն ուժը հաւանօրէն կը կայանայ հոն, որ ան դիտողին կը պարտադրէ հասկնալու, թէ պատմութիւնը վերացական հասկացողութիւն մը չէ։ Անիկա մարդկային ճակատագիրներու ամբողջութիւն մըն է։ Եւ թերեւս մեր ժամանակներու ամենէն վտանգաւոր պատրանքը այն է, երբ մարդիկ կը սկսին կարծել, թէ իրենք խաղատախտակէն դուրս են։

Որովհետեւ պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, որ ճատրակի խաղերուն մէջ, երբեմն նոյնիսկ հանդիսատեսները ի վերջոյ կը վերածուին ճատրակի քարերու։

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x