Երբ մարդը չի փախչիր ինքն իրմէ — Պեթմէնը, Ճոքէրը եւ ընկերային հիւանդութիւնը

Քրիսթոֆըր Նոլընի «Պեթմէն․ խաւարի ասպետը» ուշագրաւ է ոչ միայն այն առումով, որ ֆիլմին մէջ կը խաղան բազմաթիւ յայտնի դերասաններ, նաեւ որ ֆիլմին մէջ կայ բեմադրական եւ նկարահանումի հրաշալի աշխատանք, տեսողական յատուկ տարրեր, այլեւ այն պատճառով, որ այդ ֆիլմը շատ աւելի խոր եւ կարեւոր ըսելիքներ ունի, քան պարզապէս ոճիրի, գերհերոսի եւ ոստիկանական պատումները: Եթէ մինչ այդ եւ անկէ յետոյ նման թեմաներով հերոսական ֆիլմերը մեծ հաշուով պարզագոյն ներկայացումն է նախատպային բարիի եւ չարի, որ որպէս կանոն կ’աւարտի բարիի յաղթանակով, ապա Նոլընի (ինչպէս նաեւ Թոտ Ֆիլիփսի «Ճոքէր» ֆիլմին մէջ) ֆիլմին կայ յստակ արտայայտուած ընկերահոգեբանական ծանր շերտ մը, որ անմիջապէս աչքի չի զարներ, բայց, մեծ չափով կը հանդիսանայ ֆիլմին իրական ըսելիքը:

«Խաւարի ասպետը» ֆիլմին կերպարները եւս աչքի կը զարնեն բացառիկ խորութեամբ: Պեթմէնը պարզապէս հարուստ ու բարի մարդ մը չէ, ոչ ալ Ճոքէրը պարզապէս խելագար մը: Ինչպէս նաեւ քոմիսար Կորտոնը, եւ միւս ուղեկցող կերպարները ունին իրենց յստակ ըսելիքն ու դերը: «Խաւարի ասպետը» ֆիլմը կրնանք համարել ոչ միայն ոճիրի, գերհերոսի ոստիկանական հեքիաթային ֆիլմ մը, այլեւ ընկերահոգեբանական տրամա: Այս ֆիլմին մէջ կրակոցներն ու պայթումները առաջնկարգ դեր չունին: Առաջնկարգ դերը զրոյցներն են, հերոսներուն առջեւ դրուած մարտահրաւէրները, անոնց հոգեբանական կերպարանափոխութիւնը: Այս առումով, «Խաւարի ասպետը» ֆիլմին հերոսները չեն մնար միայն իրենց ֆիլմի շրջագիծին մէջ, այլ դուրս կու գան ու «կը մօտենան» իրենց աւելի վաղ նմանակներուն: «Խաւարի ասպետն» ու «Ճոքէրը» որպէս ֆիլմեր արդէն համեմատելի են Չարլզ Տիքընզի «Սուրբ ծննդեան երգի», Արթըր Քոնան Տոյլի «Շերլոք Հոլմզի» հետ, ինչպէս նաեւ միջավայրային հարցերով՝ կ’անդրադառնան այնպիսի խնդիրներու, զորս կը քննարկեն նէոֆրէօտեան ու նէոմարքսիզմի կողմնակիցները: Այդ մէկը հասկնալու համար մենք պէտք է որոշ չափով հանրամատչելի ուսումնական որոնում կատարենք:

Եւ այսպէս, արդիւնաբերական յեղափոխութենէն յետոյ, երբ մարդկային հասարակարգերը սկսան ձեւաւորել ժամանակակից մարդկութիւնը, իրենց հետ յառաջ բերին շարք մը ընկերատնտեսական այնպիսի նորութիւններ, որոնք երբեք նախապէս տեսնուած չէին: Նոր դարաշրջանները իրենց հետ բերին առաքինութիւններու եւ յանցագործութիւններու նոր տեսակներ, նոր մտածողութիւն եւ նոր մարտահրաւէրներ: Այդ բոլորը ի հարկէ միանգամայն հասկանալը հնարաւոր չէր, ուստի եւ գեղարուեստական գրականութիւնը սկսաւ ձուլել ու ստեղծել հերոսներ, որոնք կը գրաւէին դէպքերու կեդրոնական տեղը, որոնք կը պայքարէին խնդիրներու դէմ, կը զգային զանոնք, բայց չէին հասկնար, ինչպէս նաեւ հակահերոսներ, որոնք կը դառնային այդ դրական կերպարներու մութ երկուորեակները: Հետագային, գիտական գրականութեան մէջ սկսան ոչ միայն փիլիսոփայական, այլեւ ընկերային գիտութիւնները ուսումնասիրել այն, ինչ որ մինչ այդ հիմնականօրէն կը շօշափուէր գեղարուեստական գրականութեան մէջ: Ընկերային հոգեբանները առաջինն էին, որ, միացնելով մարքսիզմի տրամախօսութեան (dialectic) եւ անգիտակցական Ես-ի խճճուած յարաբերութիւնները, սկսան գիտական հիմքով վերլուծել անհատին ու հասարակութեան կապը, զիրար ազդող ու զիրար լրացնող երեւոյթները: Հետաքրքականը այն է, որ նէոազատականութիւնն ու անհատականացուող արհեստագիտական դարաշրջանը, հեգնելով ընկերահոգեբանական այդ մօտեցումը, ենթագիտակցօրէն աւելի կը խճճուէր իր կողմէ դիտմամբ մոռցուող խնդիրներու մէջ ու անոնց անգիտակցական արտայայտութիւնը կը կատարէր ժամանակակից զանգուածային մշակոյթի ու արուեստի մէջ՝ ցոյց տալով, որ ոչ մէկ խնդիր տակաւին լուծուած է:

Ճոքէրը, Պեթմէնը եւ մշակութային մարդաբանութիւնը. Ֆրոմէն մինչեւ Նոլըն, Տիքընզէն մինչեւ Քրոփոթքին

«Ես հրէշ չեմ: Ես պարզապէս կը տեսնեմ իրականութիւնը» — Ճոքէր

Ժամանակակից զանգուածային մշակոյթը յաճախ կ’ընկալուի որպէս զուարճանքի մթնոլորտ, ուր հերոսներն ու հակահերոսները կը բախին բարիի եւ չարի շրջագիծին մէջ: Սակայն որոշ ստեղծագործութիւններ կը մերկացնեն մեր հասարակութիւններու խորքային հիւանդութիւնները, որոնք պարզապէս պաստառային «սնունդ» չեն, այլ կը բացայայտեն ընկերային ու հոգեբանական մեքանիզմներ: Քրիսթոֆըր Նոլընի Պեթմէն եռերգութիւնը, «Joker» (2019) ֆիլմը, ինչպէս նաեւ կերպարներու շուրջ ձեւաւորուած փիլիսոփայութիւնը, երբ կը դիտարկուին մշակութային մարդաբանի, հոգեբանի եւ քաղաքական տեսաբանի աչքերով, կը դառնան ոչ թէ գերհերոսային հեքիաթներ, այլ՝ քաղաքակրթական ինքնահայեցում: Մենք ժամանակաշրջանի մը ու քաղաքակրթութեան մը ծնունդ ենք, ուր չարն ու բարին ոչ թէ ի վերուստ սահմանուած են, այլ յընթացս կը ձեւաւորուին մեր իսկ կողմէ: Ճոքէրն ու Պեթմէնը ոչ թէ պազրապէս գեղարուեստական հերոսներ են, այլ՝ մերժուած ընկերային ծրագիրներու կենդանի խորհրդանիշեր: անոնք ծնած են մեր հաւաքական անյաջողութիւններէն, հասարակութեան հիւանդութիւններէն, ճնշուած ազատութենէն եւ բարոյահոգեբանական երկակիութենէ:

Հիւանդութեան անունը հասարակութիւն է

1930-ականներուն, Էրիխ Ֆրոմ կը գրէ «Փախուստ ազատութենէ» (Escape from Freedom), ապա «Ողջամիտ հասարակութիւնը» (The Sane Society) գիրքերը՝ բացատրելով, թէ ինչպէս ազատութիւնը՝ փոխանակ մարդը ազատագրելու, կը դառնայ բեռ, սարսափի աղբիւր, երբ մարդը չունի այդ ազատութիւնը վերլուծելու ներքին միջոցները: Ճոքէրը, ինչպէս Ֆենիքսի մարմնաւորած տարբերակին, այնպէս ալ Լեճըրի խելայեղ մարմնացումին մէջ, յստակ կը ներկայացնէ այդ փախուստին հետեւանքը: Ան հիւանդ չէ՝ որովհետեւ անբարոյական է կամ խելագար, այլ որովհետեւ կ’ապրի հասարակութեան մէջ, ուր ազատութիւնը անյաղթահարելի ճնշում է, կարեկցանքը՝ բացակայող, հոգեբանութիւնը՝ ձգուած դրամի տրամաբանութեան: Ֆրոմ կը շեշտէր՝ մոլագարութեան հիմքը յաճախ ոչ թէ բնածին խանգարումն է, այլ ընտանիքի, միջավայրի եւ հասարակութեան հոգեբանական անտես ճնշումը: Ճոքէրը՝ որպէս անհատ, համակարգի զոհն է: Որպէս կերպար՝ մեր մշակոյթի խղճին արտացոլումը: Նոյն ձեւով եւ Պրիւս Ուայնը, բայց ան (ինչպէս եւ Շերլոք Հոլմզը) արդէն մեր առջեւ կը կանգնին սուր խելքով, բարի սրտով մեկուսացուած հերոս մը, որն արդէն կայ, բայց որուն յառաջացումը անհասկնալի է: Այդ մեր հասարակական ու անձնական ենթագիտակցական «պաշտպանութիւնն է մենք զմեզ մեզմէ»: Քանի որ մենք չեն հասկնար եւ չենք կարենար կանխել Ճոքէրի եւ Մորիարթիի ծնունդը, մեզի անհրաժեշտ են Պրիւս Ուայն ու Շերլոք Հոլմզ, որոնք եթէ չեն յաղթեր, ապա գոնէ կը կանգնեցնեն զանոնք:

Ճոքէրը յստակօրէն կը յիշեցնէ Չարլզ Տիքընզի «Սուրբ ծննդեան երգը» պատմուածքի խորհրդանշական երկու երեխաները Ignorance (տգիտութիւն) եւ Want (կարիք): Այս երեխաները կը ներկայացնեն արդիւնաբերական հասարակութեան մերժուած կողմը: Want-ը՝ մարմնավաճառութեան, Ignorance-ը՝ քրէակատարողական պատիժի զոհ: Տիքընզ կը ներկայացնէ, թէ ինչպէ՛ս Տիգիտութեան զոհ մանուկ տղան կը դառնայ յանցագործ, ապա կը յայտնուի բանտին մէջ, իսկ Կարիքին զոհ աղջնակը կը վերածուի մարմնավաճառի ու իր կեանքը կ’աւարտէ հոգեբուժարանին մէջ: Ճոքէրը այդ նոյն երեխան է, միայն թէ արդէն մեծցած: Մարդ մը, որուն դադրած են սիրելէ դեռ մանուկ հասակէն: Մենք չկարողացանք այդ երեխաները պաշտպանել մանուկ տարիքին եւ Ճոքէրը արդէն մեծցած է: Իսկ Պրիւս Ուայնը անոր արդէն չի կրնար յաղթել, որովհետեւ անոր յառաջացումը չի հասկանար:  Ճոքէրը նաեւ Քրոփոթքինի անիշխանութեան անզգայացած ստուերն է: Քրոփոթքին կը հաւատար, որ ազատ մարդը բնականաբար կը ձգտի գործակցութեան եւ հիւմանիզմի: Սակայն երբ ազատութիւնը կը ճնշուի, մարդը կ’այլանդակուի: Ճոքէրը այդ ազատութեան մութ հետեւանքն է: Ան անիշխանական չէ գաղափարական իմաստով: Ան խորհրդանիշ է անիշխանական իտէալներու թաղման: Միասնական, համագործակցող հասարակութեան փոխարէն՝ ան ծնած է ընկերային ճեղքուածքներէ: Անոր քաոսը յուսահատութեան ելք է, ոչ համոզում: Նոլընի ֆիլմին մէջ, Ճոքէր ուղղակի կ’ըսէ Պեթմէնին, որ առանց իրեն ինքը անիմաստ է, եթէ չըլլայ Պեթմէնը, ապա ինք ի՞նչ պիտի ընէ. ընդամէնը փոքր յանցագործներ պիտի հալածէ: Ճոքէրը ուղղակի կը մեղադրէ Պեթմէնին՝ հասարակական այդ կարգը պահպանելու, որ իր կարգին Ճոքէրի ծնունդ կու տայ եւ եթէ չըլլայ Պեթմէնը, այսինքն հասարակական այս կարգերը չպահպանուին, ապա այնտեղ միջավայր պիտի չստեղծուի նաեւ Ճոքէրին համար:

Պեթմէնը՝ բարիի գիշերային ստուերը

Պեթմէնը՝ Պրիւս Ուայնը, միլիառատէր է, արդարութեան ձգտող, բայց նոյնիքն այն համակարգին խնամակալը, որ չկարողացաւ կանխել Ճոքէրին անկումը: Ան կը պայքարի անհատական յանցագործութեան դէմ, բայց չի կասկածիր համակարգին: Ան այն բարին է, որը երբեք չի հարցներ. ինչէ՞ն կը ծնի չարը: Անոր ուժը հաստատութենական է, արհեստագիտական: Ան ինքնուրոյն արդարութիւն կը հաստատէ համակարգի մը մէջ, զոր ինքը կը պահպանէ: Ան արհեստագիտական Շերլոք Հոլմզն է՝ փրկիչ, բայց կոյր՝ ընկերային պատճառահետեւանքներու հանդէպ: Պեթմէնը, ինչպէս նաեւ Շերլոք Հոլմզը, չի հասկնար, թէ ինչո՞ւ այդ զարգացած ու ամէն բանի հնարաւորութիւն ունեցող հասարակութիւնը այդքան հիւանդ է, ուրկէ՞ անոր մէջ կը յառաջանան այդ հիւանդները: Անոնք կը պայքարին տարատեսակ Ճոքէրներու դէմ, բայց երբեք համընդհանուր ապստամբութեան չեն նախաձեռներ. անոնք այդ կարգերու պաշտպանն են: Պեթմէնը բարիի մասին մեր հաստատութենական պատրանքն է: Ան կը պայքարի քաոսի դէմ, բայց քաոսը կը մնայ, քանի որ պատճառները չեն վերանար:

Դրական ազատականութիւնը՝ որպէս քօղարկուած դրամատիրութիւն

«Դրական» ազատականութեան դարաշրջանը կը վաճառուի որպէս դարաշրջան մը, ուր ինքնադրսեւորման, ինքնաճանաչման, անհատական երջանկութեան պաշտամունքը կը քարոզուի։ Սակայն այս ամբողջ համակարգը հիմնուած է դրամատիրաական սպառումի մեքենայութիւններուն վրայ։ Ճոքէրը կը ժպտայ, բայց այդ ժպիտը բռնի է, պարտադրուած: Ան կեղծ «դրապաշտութեան» դիմակը կը մերկացնէ: Երբ ան կ’ըսէ՝ «I smile because I have to», այդ ոչ թէ իր ընտրութիւնն է, այլ հասարակութեան՝ ընդվզում ժպիտ պարտադրելու բռնակալութեան դէմ: Այսօր կը ստիպեն բոլորը ժպտալու, ըլլալու խենթ, ստեղծագործ, անկանխատեսելի, ինքնավստահ: Ճոքէրը նոյնիքն այդ բոլորին այլասերած միացումն է: Ճոքէրը նոյնիքն այն է, ինչ որ մենք կ’ուզենք, բայց պարզապէս չենք խոստովանիր: Թէկուզ միայն մերօրեայ համացանցային «ակրեսիւ ցուցադրամոլութեան» հոսանքն է, որ ծնունդ կու տայ նոր Ճոքէրի մը, զոր մենք կը ցանկանք, բայց չենք խոստովանիր եւ զինք վայելելէ ետք, զայն կը վերածենք այն խելագար հիւանդին, որուն դէմ պայքարի կը հրաւիրենք յաջորդ Պեթմէնը:

Ազատութեան հռչակագիրը կը վերածուի լռեցումի: Դուն կրնաս ըլլալ ով որ ուզես, բայց միայն այն պարագային, երբ չես խանգարեր սպառողին տրամաբանութիւնը: Երբ կ’ընես այն, ինչ որ կը պահանջուի, բայց կը կատարես աւելի կատարեալ կերպով ու նպատակասլաց, կը դառնաս Ճոքէր: Իր ժամանակին այդ միտքը յստակ արտայայտած է Միխայիլ Լերմոնթովը իր «Մեր ժամանակներու հերոսը» (A Hero of Our Time) ընկերահոգեբանական վէպին մէջ, ուր գլխաւոր կերպար Փեչորինը պարզ կը խոստովանի, որ ինքը դարձած է այլանդակ, որովհետեւ բոլորը ցանկացած են իր մէջ այլանդակը տեսնել: Ճոքէրը մեր ժամանակներու իրական հերոսն է, մեր թաքնուած գերագոյն ցանկութիւնը:

Երբ մշակոյթը ճարտարարուեստ է

Թէեւ Ճոքէրը ֆիլմերուն մէջ քննադատութիւն պիտի ներկայացնէր համակարգին դէմ, սակայն ժամանակակից մշակոյթը զինք կը վերածէ ապրանքանիշի: Ան կը դառնայ համացանցային կատակի, ծաղրի միջազգային խորհրդանիշ մը, շապիկի պատկեր եւ համացանցային կերպար: Անոր իսկական պատգամը կը կորսուի շուկայնացումի շղարշին տակ: Սա նոյնիքն այն է, ինչ որ Ատորնո եւ Հորքհայմըր (Max Horkheimer and Theodor Adorno) կը նկարագրէին որպէս «մշակոյթի ճարտարաուեստ»՝ դրամատիրութիւնը ի վիճակի է կուլ տալու նոյնիսկ իր քննադատութիւնը, զայն վերածելու շահոյթի, այնպէս, ինչպէս երկու առնէտ անօթի կը պահեն, որ ի վերջոյ մէկը խժռէ միւսը: Այսպիսով՝ նոյնիսկ Ճոքէրը, որուն գոյութիւնը ինքնին կը դատապարտէ ընկերային անհաւասարութիւնը, կը վերածուի «cool» ապրանքի:

Ճոքէրն ու Պեթմէնը դիմակներ են, զորս մենք՝ որպէս մշակոյթ, կը կրենք: Առաջինը՝ մեր ճնշած ճշմարտութիւնն է, երկրորդը՝ մեր պատկերացուցած բարին: Բայց երկուքն ալ ծնունդ առած են մեզմէ: Այնքան ատեն որ չենք փոխած ընտանիքի, կրթութեան, հոգեկան առողջութեան, մշակոյթի եւ ազատութեան հանդէպ մեր վերաբերմունքը, Ճոքէրները կը շարունակեն յայտնուիլ: Իսկ Պեթմէնները կը շարունակեն պայքարիլ հետեւանքներու, բայց ոչ պատճառներու դէմ:

Հասարակութիւնը պէտք է դադարեցնէ ժպիտի բռնակալութիւնը: Հասարակութիւնը պէտք է յիշէ, որ իւրաքանչիւր Ճոքէրի ժպիտի ետեւը լուռ օգնութեան ճիչ մը կայ: Իսկ ճշմարիտ ազատութիւնը, ինչպէս Ֆրոմ կ’ըսէ, կը սկսի այնտեղ, ուր մարդը այլեւս չի փախչիր ինքն իրմէ:

Բայց քանի որ ժամանակակից դրական-ազատական բռնակալութիւնը նոյնիսկ այնպիսի ցնդաբանութիւններու կը հասնի, որ նոյնիսկ ֆիլմերուն մէջ Զեւսն ու Աքիլլեսը կը դառնան սեւամորթ՝ հաւասարութիւն ապահովելու համար, ապա մեզի կը մնայ կարդալ, շատ կարդալ եւ հիանալ «Խաւարի ասպետը» ֆիլմով, որի նմաններու քանակութիւնը, ցաւօք, կը պակասի օրէցօր:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x