Featured

Կեանքի եւ մահաքունի միջեւ՝ Սուրէն Խտըշեանի բեմական վրձինով

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, 14 Մայիս 2025։

Լեցուն սրահի մը առջեւ բեմադրուած Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղը հմայեց ներկաները իր անկեղծ զգացումներով, հարազատ թեմաներով, հիւմըրով եւ խորիմաստ պատկերներով, որոնք յաճախ կը լարէին հանդիսատեսը։ Խօսակցական առօեայէն քաղուած բառամթերքի գործածութիւնը ոչինչ կը փոխէր թատերախաղի արժէքէն, այլ աւելի հարազատ կը դարձնէր զայն: Թատերական լուծում մը, որմէ պէտք չէ վախնալ ու խուսափիլ, մեր կարծիքով: Ներկաները, նոյնանալով դերակատարներու վաւերական խաղարկութեան հետ, անգիտակցաբար կը մղուէին հարցադրելու ու զննելու իրենց ներքին պայքարները, հակասութիւնները, վերլուծելու լուռ տագնապները, եւ ակամայ կը միանային մարդու անվերջանալի որոնումին՝ կեանքի իմաստին։

Թատերախաղին առանցքը կը հանդիսանար քոմայի (մահաքունի) մէջ գտնուող հիւանդ մը՝ Հայկը եւ իր շուրջը գտնուող հարազատները՝ յաճախ լուռ, յաճախ պոռթկացող տառապանքներով: Սակայն, «Կեանք»ը աւելին է, քան բժշկական տրամա մը. ան բանաստեղծական արտացոլումն է այն թաքնուած քոմային, քոմաներուն, զորս մեզմէ շատերը կ’ապրին ամէն օր, երբ կը հրաժարին նպատակ մը հետապնդելէ, ստեղծագործելէ, իրենց ներքին ձայնը լսելէ:

Վահէ Պէպէրեանի փիլիսոփայական ըմբռնումը՝ թէ նպատակ հետապնդելէ, ստեղծելէ դադրիլը կեանքէ հրաժարիլ է, խորապէս կ՚արտայայտուի թէ՛ բեմին վրայ եւ թէ՛ ներկայացման գրքոյկով փոխանցուած իր բացատրական խօսքին մէջ։ հոգեմտաւոր քոմայի գաղափարը՝ հիւանդին ֆիզիքական վիճակին զուգահեռ, յատուկ չէ միայն Լոս Անճելըսի, ուր կը պատահին թատերախաղին գործողութիւնները. ան խիստ հարազատ կը թուի, մանաւանդ Պէյրութի նման քաղաքին մէջ, ուր երբեմն գոյապայքարը կրնայ կուլ տալ երազները։ Բայց ան հարազատ է նաեւ ամբողջ մարդկութեան. համամարդկային վիճակ է:

 Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութեամբ, թատերախաղը կը զարգանար ներգործող կշռոյթով: Լոյսի եւ երաժշտութեան ստեղծագործ կիրառութեամբ, ան յաջողած էր հմտօրէն հաւասարակշռել լռութեան եւ պոռթկումի պահերը՝ յուսահատութեան եւ դիմադրութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը, պայքարը: Զգալի էր, որ իր ցուցմունքներով, ան ոչ միայն կ’առաջնորդէր իր դերասանական կազմը, այլեւ կը շնչէր անոնց հետ, իր իսկ խոստովանութեամբ: Անոր տասնհինգ տարուայ կապը իր «Թեաթրոն» թատերախումբին հետ շօշափելի էր, եւ այս մտերմութիւնը ճառագայթէր բեմէն:

Բեմադրական հնարամիտ ընտրութիւն էր դարձող բեմի օգտագործումը, որ կ՚երթեւեկէր երկու հիմնական միջավայրերու միջեւ՝ հիւանդանոցի սենեակին, ուր հիւանդը անշարժ կը պառկէր, բայց «կեանքը» ներկայ էր հոն, կը շարունակէր շնչել իր հարազատներուն եւ թատերագիր Ռուբէնի հետ իր լուռ ու միակողմանի «երկխօսութեամբ», եւ տան, ուր ան կ՚ապրէր, կը պայքարէր եւ առօրեայ կեանքի տագնապներ կը դիմագրաւէր, կը յանձնուէր, կը վիճաբանէր կնոջը Սոնային հետ, կը դառնար պարտուողական եւ ենթագիտակցութեան ճնշումին տակ, պատճառ կը դառնար արկածի եւ հոգեմտաւոր քոմայէն ետք՝ ֆիզիքական ինքնաքոմայի։ Այս մնայուն փոփոխութիւնը՝ տեսանելի եւ ապրումներու մակարդակներով լոյս կը սփռէր ֆիզիքական անշարժութեան եւ կենսունակ անցեալի, կեանքի եւ պարտուողական ինքնամեկուսացման միջեւ առկայ մարդկային անվերջանալի հակադրութիւններուն վրայ։

Վարպետ Սուրէնը վարպետօրէն մեզի կը փոխանցէր վաւերական թատերագիր Վահէ Պէրպէրեանի փիլիսոփայական աշխարհահայեացքը:

Դերասանական կազմը ամբողջովին տպաւորիչ էր։ Յարութ Մանուկեան (հիւանդապահ Ռուբէնի դերով), Կարէն Տարագճեան (Հայկի եւ թատերագիր Լեւոնի դերերով), Գոհար Քերոբեան (Սոնա՝ Հայկին կինը), վաստակաշատ Այտա Սրապոնեան Մահսերեճեան (Մարի՝ Հայկին մայրը), Հուրի Պապահէքեան (Շաքէ՝ Հայկին եւ Սոնային դուստրը), Սարին Օհանեան Մարգարեան (Արազ՝ Հայկին եւ Սոնային երկրորդ դուստրը) եւ Ռաֆայէլ Կիւմիւշեան (անխօս հիւանդը, մեզ կը յուշէր, թէ լռութիւնը երբեմն կրնայ ամենազօրաւոր ձայնը ըլլալ) լաւապէս յաջողեցան դրսեւորել կերպարներուն հոգեկան վիճակները եւ իրենց հաղորդականութեամբ՝ յաջողեցան հանդիսատեսը պահել լարուած ու նոյնացած բեմին հետ: Վարձքերնիդ կատա՛ր:

Բնականօրէն, յաջող այս ներկայացման շղթան պիտի չամբողջանար առանց օժանդակ անձնակազմի մը, յանձին՝ Հրայր Խտըշեանի (երաժշտութիւն, յօրինում), Կարէն Տարագճեանի (բեմայարդարում), Գօգօ Մկրտիչեանի (բեմայարդարումի իրագործում) Նաթալի Քիւլխանճեանի (գծանկարչական ծրագրող), Մարտիկ Օթճեանի (բեմադրիչի օգնական) եւ Նարինէ ՔԷհէյեանի (բեմավար): Նշենք, որ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեան ստանձնած էր նաեւ լոյսի եւ ձայնի պատասխանատուութիւնը՝ բեմայարդարման իրագործման իր մասնակցութեան կողքին: Ձեր բոլորին վարձքը կատա՛ր:

Հեղինակ Վահէ Պէրպէրեանի ներկայութիւնը այս երեկոյթին ներկաներուն խանդավառութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին։ Վահէն Լիբանան կը գտնուի՝ ներկայացնելու իր մենախօսութիւններէն «PայTs»-ը, սակայն այդ երեկոյ բեմ բարձրացաւ ոչ թէ stand-up comedian Վահէն, այլ այժմէական ու խորաթափանց թատերագիր մը՝ իր ամբողջական մեծութեամբ։

Վահէին «Կեանք»-ը եւ Սուրէն Խտըշեանի անոր բեմադրութիւնը թատերական պարզ ներկայացում մը չէր, այլ ինքնագիտակցութեան հրաւէր, ապրելու եւ ստեղծագործելու կոչ մը՝ ընդդէմ յուսահատութեան եւ հոգեմտաւոր քոմայի։

Արթիւր Գրիգորեան եւ Յասմիկ Մարտիրոսեան. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական սփիւռքի մէկ մասնիկը

Պուխարեսթի Միջազգային ճազային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակի դափնեկիր, Երեւանի պետական երաժշտանոցի պսակաւոր արուեստից աստիճանով վկայեալ, Պոսթընի Berklee երաժշտանոցէն վկայեալ եւ մրցոյթի դափնեկիր սաքսոֆոնահար եւ երգահան Արթիւր Գրիգորեան[1] արդէն 13 տարիներ է հաստատուած է Տուպայ իր կնոջը՝ սաքսոֆոնահար Յասմիկ Մարտիրոսեանի եւ զաւակներուն հետ:

Երաժշտուհի Յասմիկ Մարտիրոսեան, որպէս դասական երաժշտութեան (Principal 1 Saxophone player) սաքսոֆոնահար, աշխատանքի կը սկսի յուլիս 2021-ին,  «Expo 2020 Dubai-ի (այժմ «Expo City Dubai) պետական «Firdaus Orchestra» կանանց նուագախումբին մէջ:    Վերջերս, նուագախումբին միացած է հանրաճանաչ երաժիշտ, խմբավար-ղեկավար լիբանանահայ Յարութ Ֆազլեանը, որուն մասին մեծ խանդավառութեամբ կը պատմէ  Յասմիկ, թէ որքան ոգեւորութիւն պատճառած էր իրեն հայ մայէսթրոյի մը ղեկավարութեամբ աշխատանքը – հայու հոգիի կանչը-…, խանդաղատանքով կը պատմէ Յասմիկ:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքին հետ ունինք սերտ կապեր:  Ունինք WhatsApp խումբ մը, ուր յաճախակիօրէն կապի մէջ ենք իրարու հետ, եւ,  բարեխառն եղանակի օրերուն, մենք կը հաւաքուինք մեր խումբի անդամներուն՝ սուրիահայեր, լիբանանահայեր եւ հայրենիքէն եկածներու հետ եւ միասին մեր երախաներով այգիներ ու այլ վայրեր կ’երթանք: Ներկայ եղած ենք Էմիրութիւններու հայ համայնքի կազմակերպած Նոր Տարուայ խրախճանքին, կը ջանանք ներկայ լինել եկեղեցւոյ պատարագներուն: Թէեւ եկեղեցի հասնիլը որոշ չափով դժուար է՝ հաշուի առնելով երթեւեկի խճողումը, սակայն պէտք է ըսել, որ համայնքը աշխոյժ է իր ձեռնարկներով։ Միշտ ալ կը մաղթենք, որ այդ ձեռնարկները բազմանան եւ մեծ թիւով հայեր միացնեն իրարու, կը նշեն արուեստագէտներ Արթիւր եւ Յասմիկ։ «Ես ներկայ գտնուած եմ արուեստագէտ բարեկամիս՝ սփիւռքահայ նշանաւոր երգիչ եւ բեմադրիչ Նորայր Գազանճեանի ներկայացումին՝ Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը» գործին, որ կը ներկայացուէր Շարժայի Բիեռ Քէօսէեան սրահին մէջ, 2015-ին», կը պատմէ երաժիշտ Արթիւր Գրիգորեան։

«Մեր Երախտագիտական խօսքը կը յայտնենք Էմիրութիւններու հայ համայնքի ղեկավարներուն, որոնք իրենց ջանքերով աւելի կը զարգացնեն համայնքը եւ կը ջանան համախմբել բոլորը՝ առաւելագոյն թիւով հայեր», կ’ըսեն Արթիւր եւ Յասմիկ:

Սաքսոֆոնահար Արթիւր Գրիգորեան աշխատանքի բերումով Տուպայ կը տեղափոխուի եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը յաջողի  սաքսաֆոն եւ դաշնամուր նուագակցութեան գործի պայմանագիր կնքել The Fridge entertainment հաստատութեան հետ[2], 2012-ին: Այդուհանդերձ, Արթիւր  չէր մտածեր որ երկար ժամանակով Տուպայ կը մնայ, բայց The Fridge entertainment ընկերութիւնը անոր կը տրամադրէ Տուպայ կեցութեան վիզա, որու հիմամբ Արթիւրի աշխատանքը կ’ամպրապնդուի: Մինչ այդ  Արթիւր ամուսնացած էր երաժշտուհի  Յասմիկ Մարտիրոսեանի հետ եւ 2011-ին, բախտաւորուած էին ունեն առջինեկ դուստրով՝ Սուսաննա: Սկզբնական շրջանին, Յասմիկ յաճախ կ’այցելէ Տուպայ, իսկ  2012-ի  վերջաւորութեան,  ան կը հաստատուի Տուպայ իր դուստրին հետ: Այնուամենայնիւ, անընդհատ կասկածի մէջ մնալով, որ գուցէ Էմիրութիւններու մէջ իրենք չկարենան համակերպիլ ու խորհելով նաեւ որ Տուպայի մէջ իրենց կեցութիւնը երկար չի տեւեր, որոշում կը կայացնեն, որ Սուսաննա իր  ուսումը ստանայ Երեւանի մէջ, ուր կը յաճախէ Մխիթար Սեբաստացի դպրոցը[3]:  Բայց եւ այնպէս Սուսաննա իր արձակուրդները կ’անցնէ իր ծնողքին հետ Տուպայի մէջ: 2016-ին, Արթիւր եւ Յասմիկ կը բախտաւորուին երկրորդ դուստրով՝ Սթեֆանի, որ կը մնայ Տուպայ եւ կը յաճախէ GEMS Metropole School British School in Motor City[4], երբ արդէն Արթիւր եւ Յասմիկ համոզուած էին, որ «տակաւին երկար տարիներ պիտի մնան Տուպայ»,- ժպիտով կ’ըսէ Յասմիկ: Երկու դուստրերն ալ ծնած են Երեւան:

Երաժիշտներու տան մէջ  Արթիւրի եւ Յասմիկի դուստրը արդէն փայլուն ապագայ խոստացող Ճազ երգչուհի է: Սուսաննայի սէրը երաժշտութեան հանդէպ նկատուած էր  մանկութեան տարիներուն. երբ երաժշտութիւն կը հնչէր տան մէջ, Սուսաննա կը կրկնօրինակէր զայն օգտագործելով  իր ձայնը:  Ճազի հնչիւնները Սուսաննայի համար առանձնայատուկ գրաւչութիւն ունին երաժշտական աշխարհին մէջ: Նկատելով իրենց դուստրին տաղանդը Յամիսկ եւ Արթիւրը զայն կ’ուղղորդեն երաժշտական դպրոց՝  ճազ (վոքալ) երգեցողութիւն բաժանմունք:  6 տարեկանին, Սուսաննա կը սկսի իր երաժշտական կրթութիւնը՝ յաճախելով   Ռոմանոս Մելիքեանի անուան քոլեճին կից Վ. Ումրշատի անուան  երաժշտական դպրոցը՝ հետեւելով վոքալի դաընթացքներու: Ներկայիս Սուսաննա կը շարունակէ ուսումը Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան երաժշտակշան դպրոցին մէջ: Սուսաննա յաճախակի համերգներ կու տայ ճազային խումբերու հետ, ինչպէս՝  «Arthur Grogoryan and friends»,   “Arm.Strong.Dixie,” “Sher Oston” Big Band Dubai: Սուսաննա ներգրաւուած է նաեւ Հայաստանի ճազ խումբերու մէջ եւ ելոյթներով հանդէս կու գայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Տուպայի մէջ:    Improvised Live Session by Karen Mamikonyan, Artur Grigoryan, ft. Susanna Grigoryan https://youtu.be/8qG8kNnYYfM?si=BikrxNNqngQUGhfZ 

23 փետրուար 2023-ին, Սուսաննա  կ’ընտրուի մասնակցելու «Firdaus Studio »-ի Տուպայի  Expo city-ի մէջ կազմակերպած հեղինակաւոր « Տաղանդներու բացայայտում» ծրագրին (Talent Discovery project hosted by Firdaus Studio at Expo City Dubai), ուր տաղանդաշատ Սուսաննայի երգեցողութիւնը կ’արժանանայ ), ուր տաղանդաշատ Սուսաննայի երգեցողութիւնը կ’արժանանայ (քիչ մարդոց հասանելի առիթ մը) բարձրորակ ձայնագրութեան:

Ինքնակենսագրական

Երաժիշտ Արթիւր Գրիգորեանի արմատները հօրենական կողմէ Կոստանդնուպոլիսէն են: Ջարդի ժամանակ փախած են Յունաստան, (Սալոնիք) Թէսաղոնիկէ, ուր ծնած է Արթիւրին մեծ հայրը: Որմէ ետք, մեծ հայրը նաւով եկած է Հայաստան, իսկ Արթիւրին մեծ հօր եղբայրը գաղթած է Արժանթին:  Արթիւրի մօրենական կողմը՝ մեծ հայրն ու մեծ մայրը, Նոյեմբերեան [5] շրջանէն են, Ոսկեպար գիւղ, Հայաստանի Տավուշի մարզի հիւսիս-արեւելքը: Մօրենական  կողմի մեծ հօր սերունդը տեղափոխուած են արեւմտեան Հայաստանէն, կը պատմէ Արթիւր:

Երաժիշտ Արթիւր Գրիգորեան ծնած է  27 հոկտեմբեր 1983-ին, Երեւան: Յաճախած է Երեւանի Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական դպրոցը, այնուհետեւ աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը պսակաւոր արուեստից տիտղոսով՝ մասնագիտանալով սենեկային եւ նուագախմբային երաժիշտութեան մէջ: Ան արդէն տասնհինգ տարիէ մասնագիտացած է երաժշտական ասպարէզին մէջ։

Տե՛ս Արթիւրի ինքնակենսագրութիւնը այս յղումով՝ _ARTUR GRIGORYAN  CV.pdf

Սաքսոֆոնահար Յասմիկ Մարտիրոսեան: 3 Մայիս 2025, Տուպայ:

Երաժշտուհի Յասմիկին արմատները մօրենական կողմէ Մուշէն են: Ջարդերու ընթացքին յաջողած են գոյատեւել մինչեւ 1941. պապիկիս հօր սպանութիւնէն յետոյ, իր մայրը երեխաներուն հետ փախչեր  է Հայաստան: Այն ատեն պապիկս 9 տարեկան է եղեր, կը պատմէ Յասմիկ:

Յասմիկ Մարտիրոսեան ծնած է 17 մարտ 1984-ին, Երեւան:   2001-2006 տարիներուն աւարտած է Երեւանի պետական երաժշտանոցը մագիստրոսի աստիճանով՝ սենեկային եւ նուագախմբային մասնագիտութեամբ: Յասմիկ կը նուագէ նաեւ դաշնամուր եւ կը զբաղի սաքսոֆոնի ուսուցչութեամբ:

«Գոհարափայլ» երաժշտական խումբ,Արթիւր եւ Յասմիկ

Յասմիկ դասաւանդած է «Երեւանի թիւ 13 երաժշտական մասնագիտական դպրոց»-ին մէջ  2002-2012 տարիներուն, ինչպէս նաեւ՝ Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան մասնագիտական դպրոց»-ին մէջ, 2004-2005: Աշխատակցած է  Երեւանի «Գոհարափայլ» երաժշտական խումբին, 2005-2011 տարիներուն: «Գոհարափայլ» երաժշտական խումբի  միջազգային շրջագայութիւններու ժամանակ, խումբին հետ ան հինգ անգամ ելոյթներ ունեցած է Պէյրութի ճազ փառատօնին, նաեւ՝ Նիկոսիոյ, Համպուրկի, Գերմանիոյ, Պոլսոյ ճազի փառատօներուն: «Գոհարափայլ» խումբը յաճախակի ելոյթներ ունեցած է նաեւ Գիւմրիի մէջ:  Տե՛ս Յասմիկի ինքնակենսագրութիւնը այս յղումով՝ _Hasmik Resume (1).pdf 

ԱՌ Ի ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ

[1]   Artur is award winning saxophonist and composer. Fifteen years in professional music scene. Graduated with BA in music In Yerevan and studied in Berklee college of music in Boston.     http://basheventsgroup.com/portfolio/artur/

[2]  The Fridge is the region’s leading independent artist and entertainment agency, providing elite acts for more than 3,000 events a year. Established in 2007 by Shelley Frost, the award-winning production team creates original shows for theatres, festivals, nightclubs, and exhibitions, as well as conceiving and staging its own productions.. The Fridge is the perfect platform to showcase fresh and exciting performers through curated programming such as the award-winning Fridge Concert Series.  https://thefridge.me/home  https://alserkal.online/community/the-fridge

[3] «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիր, ուսումնական հաստատութիւն Երեւանի մէջ։ Կ՚իրականացնէ ամբողջական միջնակարգ (նախակրթական, հանրակրթական, աւագ), արհեստագործական, միջին մասնագիտական եւ լրացուցիչ կրթական ծրագիրներ։ Հիմնուած է 1989-ին, այն ժամանակ Խորհրդային Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ եւ կը կրէ Մխիթար Սեբաստացիի անունը։

[4] Gems Metropole School in Motor City, Dubai.  https://www.gemsmetropoleschool-dubai.com

[5] Նոյեմբերեանի շրջանի տարածքը հին ժամանակներէն ի վեր եղած է Հայաստանի կազմին մէջ՝ Երուանդունիներու (մ.թ.ա. 570-201) եւ Արտաշէսեաններու (մ.թ.ա. 189-1) թագաւորութեան ժամանակ։ 9-րդ դարու վերջաւորութեան մտած է Բագրատունեաց թագաւորութեան, 972-1113՝ Կիւրիկեան թագաւորութեան, ապա՝ Զաքարեան իշխանապետութեան մէջ։

ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ՇՂԱՐՇ

Առաւօտեան շշուկով երազի պէս ես դու,
Հեռուից արշալոյսի քնքուշ, փայլող աչքերով,
Քո շուրթերը զարդարուած վարդագոյն երանգով,
Այտերդ կարմրում են առաւօտեան հպումից:

Նրբագեղ, ինչպէս դաշտի եղնիկը,
Գրաւիչ շնորհներով դու յայտնւում ես,
Մեղրի բոյրով եւ սաթի փայլով,
Քո ժպիտն ու հասունութիւնը փայլում են:

Գարնան բերկրանքի մեղմ զեփիւռի պէս,
Քո սիրոյ գրկում հոգիս թռչում է,
Քնքուշ շշուկներով ջերմ ու ճշմարիտ,
Ես գտնում եմ իմ մխիթարութիւնը քո մէջ:

Բարութեան փարոս, մաքուր եւ արդար,
Այս ծաւալի մէջ դու իմ եդեմն ես,
Քնքուշ սիրով, որը սահմաններ չի ճանաչում,
Քո գրկում երջանկութիւն եմ գտել:

*
WHIPER OF MORNING

Grish Davtian

You are the whisper of the morning dream,
With dawnlight glancing in your gentle eyes,
A distant star with soft and tender gleam,
Whose lips wear rose-hue under waking skies.
Your cheeks blush warm beneath the sun’s caress,
As if the light itself would linger there—
In dawn’s embrace, in beauty’s quiet dress,
You rise like incense in the golden air.

Graceful you move, like fawns in meadow wide,
With every step, a charm the world adorns.
Your presence flows with elegance and pride,
Like amber kissed by honeyed breath of morns.
Your smile—a mirror of a soul grown wise,
Yet bright as youth in first ecstatic bloom—
A gleam of spring beneath unclouded skies,
A perfume sweet dispelling every gloom.

Like vernal winds that soothe the dreaming tree,
Your love uplifts the corners of my soul;
In whispered truth and soft serenity,
You make the broken and the wounded whole.
I find my solace cradled in your song,
Where every note is tenderness made sound—
Within your arms, where all my aches belong,
A deeper joy than any else I’ve found.

You are the light of goodness, pure and bright,
A beacon through the wilderness of pain—
With love unmeasured, reaching past all sight,
In you, my Eden blooms and shall remain.
No law, no line, no bound your love can know,
It floods the dark with calm, the cold with flame;
And in your arms, where morning roses grow,
I found both peace and passion without name.

 

Սփիւռքի կառոյցները միայն բեմ չեն կրնար ըլլալ

Քանի մը ամիս առաջ, «Սփիւռքի Մեծ Բացական՝ Ղեկավարութիւն» վերնագրով յօդուածի մը մէջ անդրադարձած էի, թէ ինչպէս Սփիւռքի «դասական» կազմակերպութիւնները խոր ճգնաժամի մէջ են, թէ  սփիւռքեան ղեկավարութեան քանակական եւ որակական նօսրացումը հիմնական ու գոյութենական խնդիր է, եւ կառոյցները չեն յարմարած 21-րդ դարու իրականութիւններուն։ Առանց արմատական ինքնաքննադատութեան, երիտասարդներու եւ կանանց ներգրաւման, բաց երկխօսութեան եւ ժամանակակից աշխատելակերպի որդեգրման, կառոյցները դատապարտուած են աստիճանաբար կազմալուծուելու։ Միասնականութեան մասին դատարկ կարգախօսերը գործնական քայլերով պէտք է փոխարինուին՝ նոր տեսլականով ու նոր առաջնորդներով՝ հիմնուած վստահութեան, արդիական մեթոտներու եւ համադրուած ջանքերու վրայ։

Այս յօդուածին մէջ կը փափաքիմ առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել երիտասարդութեան վրայ եւ որոշ գործնական առաջարկներ ընել:  

Անուրանալի է, որ տասնամեակներու ընթացքին, սփիւռքեան ազգային կամ համայնքային կառոյցները — եկեղեցին, միութիւններ, կուսակցութիւններ, մշակութային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ —համայնքային կեանքի ողնաշարը եղած են։ Անոնք ջամբած են հայրենասիրական ոգի, փոխանցած են հոգեւոր դաստիարակութիւն, մշակոյթ ու լեզու, եւ ստեղծած են պատկանելիութեան մթնոլորտ մը աշխարհի տարբեր ծագերուն տարածուած հազարաւոր հայերու համար։ Սակայն, ժամանակները փոխուած են։ Նոր սերունդի մտածողութիւնը, աշխարհահայեացքը ու սպասումները այլ են։ Իսկ հարցումը, որ կը մնայ անպատասխան՝ սերունդներու այս կամուրջը ինչպէ՞ս պիտի կերտուի կամ ձեւաւորուի։

Կառոյցը միջոց Է, ոչ՝ նպատակ

Առաջին հերթին անհրաժեշտ է ըմբռնել պարզ բայց կարեւոր իրողութիւն մը՝ ազգային կառոյցները ինքնին նպատակ չեն։ Ակումբը, միութիւնը կամ կուսակցական կառոյցը միջոցներ են, ոչ թէ վերջին կայարան։ Այդ կառոյցները կը գործեն որպէս անցումային օղակներ, որոնք մարդը կը կապեն իր ինքնութեան, մշակոյթին ու արմատներուն։ Սակայն երբ կառոյցը դառնայ ինքնանպատակ՝ առանց հաշուի առնելու թէ ո՞վ ներգրաւուած է եւ ինչո՞ւ, ան կը դադրի կենսունակ ու իմաստալից ըլլալէ։

Շատ յաճախ հայկական կազմակերպութիւններու քննարկումներուն մէջ բացակայ է այս ճշմարտութիւնը։ Կարծրացած է այն ենթադրութիւնը, որ «ակումբ»ը կամ «համայնքային կեդրոնը» կամ նոյնիսկ եկեղեցին, բոլորին կողմէ նոյն կերպ կը մեկնաբանուի, կամ բոլոր «օգտատէրները» նոյն հետաքրքրութիւնը, ակնկալութիւնները ունին, նոյն գնահատականը կընեն: Որեւէ լուրջ կազմակերպութեան մը ղեկավարութիւն պէտք է ունենայ այն խոնարհութիւնն ու իրատես կամքը՝ հարց տալու, թէ «Ի՞նչ կ՛ուզեն մեր երիտասարդներն ու նորահաս սերունդները։ Ի՞նչ կ՛ակնկալեն տեսնել մեր կազմակերպութիւններուն մէջ»։

Փաստերը ի՞նչ կըսեն

Ըստ վերջին տարիներուն հայկական սփիւռքի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն (1), սփիւռքի կազմակերպութիւններու դերին մասին 16-35 տարեկան հայ երիտասարդներուն մօտ քանի մը կարեւոր մտածումներ կը նկատուին։ Շատեր յատկապէս անջատուած կը զգան համայնքային կազմակերպութիւններէն եւ անոնց առաջնորդներէն։ Օրինակ՝ Մոնթրէալի մէջ, Քեպէք ծնած երիտասարդուհի մը կըսէ, թէ հայկական վարժարանին մէջ չէր կրնար ընդունուած կառոյցի կարծիքէն տարբեր կարծիք յայտնել. թոյլատրելի չէր։ Ըստ 2019-ին Արժանթին, Մոնթրէալ եւ Լիբանան կատարուած ուսումնասիրութեան, 16-24 տարեկաններու 84 տոկոսը եւ 25-34 տարեկաններու 76 տոկոսը հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու հետ կապ չունէր։ Նոյն երեւոյթը արձանագրուած է նաեւ ԱՄՆ-ի եւ Թորոնթոյի մէջ 2022-ին, ուր բոլոր տարիքի մասնակցողներու մեծ մասը՝ յատկապէս երիտասարդները, համայնքային կուսակցական կազմակերպութիւններուն մէջ գործուն մասնակցութիւն չունէին։

Երիտասարդներու մեծ մասին համար համայնքային կազմակերպութիւններու ծրագրերը չեն հետաքրքրեր զիրենք։ Ըստ 2019-ի ուսումնասիրութեան, 34 տոկոսը նշած էր, որ երիտասարդներու հետաքրքրութիւններուն չհամապատասխանող ծրագրերու պակասը լուրջ խնդիր է։ Ըստ 2021-ի Եւրոպայի համայքներու արդիւնքներու, 16-24 տարեկաններու 56 տոկոսը առաջնահերթ կը նկատէր հայոց պատմութեան, լեզուի, արուեստի, երաժշտութեան, հայկական խոհանոցի եւ պարի շուրջ դասախօսութիւններու եւ միջոցառումներու կազմակերպումը։ Նմանապէս, ըստ 2022-ին Միացեալ Նահանգներու եւ Թորոնթոյի մէջ կատարուած հարցախոյզի արդիւնքներու, «երիտասարդներու համար հետաքրքրական միջոցառումներու բացակայութիւնը» հիմնական խնդիր էր 18-24 տարեկաններու (46%) եւ 25-34 տարեկաններու (34%) համար։

Կարճ ասած, այս տարիքային խումբերը կը զգան թէ չեն ներկայացուիր եւ հեռացած են աւանդական կառոյցներէն։ Որակական հարցազրոյցներու ընթացքին երիտասարդ մասնակիցներ նշած են, որ համայնքային կազմակերպութիւնները չեն յարմարիր ժամանակներու փոփոխութիւններուն եւ չեն արտայայտեր ամբողջ համայնքի կարծիքը։ Շատեր կը նշեն, որ կուսակցութիւնները եւ աւանդական կառոյցները չեն արդիականացած եւ չեն արտացոլեր նոր սերունդի մտածելակերպը։ Այդուհանդերձ, կրթական եւ մշակութային ծրագրերուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը շատ բարձր է. 2022-ին, Թորոնթոյի հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ 18-24 եւ 25-34 տարեկան երիտասարդներու համար «համայնքի տարանջատումը» կը մնայ հիմնական մտահոգութիւն։

Նոր սերունդը լսել, ոչ թէ ենթադրել

Բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կ’ենթադրեն որ եթէ իրենք որոշ ծրագրեր յղանան եւ ստեղծեն՝ գեղեցիկ աֆիշներով եւ խելացի շուկայնացումով (marketing-ով), երիտասարդները ինքնաբերաբար պիտի «կլանեն» զանոնք։ Սակայն այս մօտեցումը չի համապատասխաներ ժամանակակից երիտասարդութեան ակնկալութիւններուն։ Այսօրուան նոր սերունդը կը փնտռէ իմաստ, ինքնութիւն, տարածք, ուր իր ձայնը նշանակութիւն ունի։

Երիտասարդները իսկապէս ներգրաւելու համար պէտք է սկսիլ լսել զանոնք։ Ոչ միայն անհատական զրոյցներով, այլեւ հետեւողական հարցադրումներով, հետազօտութիւններով՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ ունին համայնքէն, եկեղեցիէն, կուսակցութիւններէն, միութիւններէն, եւ ընդհանրապէս հայկական կազմակերպութիւններէն։

Այս գործընթացը կրնայ շօշափելի կերպով իրագործել`ստեղծելով երիտասարդական խորհուրդներ, կազմակերպելով բաց ֆորումներ եւ քննարկումներ, ուր պատանիներու եւ երիտասարդութեան ձայնը ոչ միայն կը հնչէ եւ կ՚արձանագրուի, այլ կը դառնայ առաջնորդող ուղեցոյց։

Նոր մեթոտներ նոր սերունդին համար

Համայնքներու ապագան կախեալ է նոր սերունդէն, որ այսօր լուռ է, բայց ունի ձգտում եւ տեսլական։ Կառոյցները միայն բեմ չեն կրնար ըլլալ, ուր երիտասարդները կը լսեն, այլ հարթակ՝ ուր անոնք կը խօսին։

Անհրաժեշտ է ստեղծել առցանց եւ արհեստագիտական հարթակներ՝ խթանելու կապեր եւ համագործակցութիւն։ Միայն ֆիզիքական ներկայութիւնը այլեւս բաւարար չէ՝ այսօրուան ժամանակակից երիտասարդին հասնելու համար։

Երիտասարդներուն համար պէտք է մշակել անձնական եւ մասնագիտական զարգացման ծրագրեր. Օրինակ՝ հիւր խօսողներու մասնակցութեամբ քննարկումներ, ձեռնարկատիրութեան ու ինքնարտայայտման աշխատանոցներ, որոնք կ՚ամրացնեն կապը ազգային պատկանելիութեան եւ անհատական կերտումին միջեւ։

Սփիւռքեան կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, «ազգային ծառայութիւն», «յանձնառութիւն» եւ «պարտականութիւն» քարոզելէ առաջ, նախ մարդ  կերտելով պէտք է զբաղին. Նկարագիր եւ ինքնութիւն ձեւաւորելու մասին մտածել: Երիտասարդը պէտք է զգայ, որ ինք դեր ունի համայնքին մէջ, ոչ թէ միայն ունկնդիր է: Երիտասարդներուն ներշնչել, լիցքաւորել եւ ուղեկից ըլլալ անոնց որպէս գործակիցներ։ Երիտասարդը պէտք է զգայ, որ ինք համայնքի ձեւաւորման մասնակից է, ոչ միայն ստացող։

Ճկուն եւ երիտասարդակեդրոն մօտեցումները պէտք է առաջնորդուին ոչ թէ ծրագրերու քանակով, այլ անոնց ազդեցութեամբ։ Հարցը այլեւս «ինչպէ՞ս անոնք կրնան մեզի միանալ» չէ, այլ՝ «ինչպէ՞ս մենք կրնանք իմաստալից ըլլալ անոնց աշխարհին մէջ»։

Վերջերս Վարագ Գեթսեմանեան (2) Լիբանանահայ համայնքի հիմնական խնդիրներու մասին դիպուկ յօդուածի մը մէջ մատը վէրքին վրայ դրած էր: Այսօր յստակ տեսանելի է, որ հաստատութենական համակարգը անկարող է նոր հայեցակարգեր ձեւաւորելու։ Ան «կը շարունակէ շարժիլ աւանդոյթի ուժով միայն, հանրային, համայնքային եւ ազգային կեանքը սահմանափակելով հետաքրքրութիւններու շատ նեղ եւ շատ յաճախ ժամանակավրէպ օրակարգերով», կընդգծէ Դոկտ. Գեթսեմանեան։ Շատեր, դժգոհ համակարգի մտաւորական պարապութենէն, կը ձգտին դուրս գալու անոր սահմաններէն՝ արարելու նոր տարածքներու մէջ։ Սակայն անոնք կը բախին կարծրացած ինքնութեան շրջանակներու, որոնք արգելք կը հանդիսանան նորարարութեան։

Եթէ եկեղեցին, կուսակցութիւնները եւ համայնքային մշակութային, ուսումնական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները իսկապէս լուրջ են իրենց առաքելութեան մէջ, ապա անոնք պէտք է դուրս գան միապաղաղ աւանդոյթներու սահմաններէն, ընդարձակեն իրենց տեսլականը եւ ստեղծեն այնպիսի ներառարական ու ստեղծագործ միջավայրեր, ուր երիտասարդութիւնը կրնայ յայտնաբերել իր դերը, արտայայտել իր ձայնը եւ ի գործ դնել իր կարողութիւնները։

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան

* Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան (https://oxbridgepartners.com/hratch/) ընկերաբան, սփիւռքագէտ, հայկական հաստատութենական նորարարութեան ծրագրային հեղինակ եւ գործադիր է:

_______

(1) «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ», Armenian Diaspora Survey, 2019, 2021, 2022. www.armeniandiasporasurvey.com.

(2) «Ազդակ», 14 Ապրիլ 2025. https://www.aztagdaily.com/archives/646001. Տես նաեւ «Տարբերակ 21»ի խմբագրին հետ Գեթսեմանեանի զրոյցը,

(3 Մայիս 2025).

Երուանդ Մարգարեան եւ Նառա Առաքելեան. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական սփիւռքի մէկ մասնիկը

Երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան՝ 28 տարիներու ճազ նուագախումբի մենակատար եւ թռոմփեթահար, արդէն չորս տարի է կը բնակի Տուպայ, իր կնոջը՝ տաղանդաշատ դաշնակահար եւ յօրինող Նառա Առաքելեանի հետ: Զոյգը բարձր կը գնահատէ տեղւոյն հայ համայնքին մէջ եկեղեցիներու արարողութիւններն ու քարոզները, միօրեայ վարժարաններու գործունէութիւնը, դասախօսութիւններն ու մշակութային ձեռնարկները։ Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու հայ գաղութի մշակութային կեանքը զարգացնելու եւ անոր միջազգային ճանաչում ապահովելու առաջադրանքով, անոնք առանց երկմտանքի իրենց ներդրումը կը բերեն տեղւոյն համայնքային կեանքին մէջ։

Երախտագիտութեան խօսք ուղղելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, Էմիրութիւններու բարեջան առաջնորդ սրբազանին, ազգային վարչութեանց, գաղութի հիմնադիրներուն, վարժարանի հոգաբարձութեանց, երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան եւ Նառա Առաքելեան կ’ընդգծեն կարեւորութիւնը նեցուկ կանգնելու համայնքային կեանքին:

Յիշեցնենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու համայնքը պաշտօնապէս հիմնուած է 1980-ին, շնորհիւ տեսլական ունեցող երիտասարդներու, որոնց հիմնական մտահոգութիւնը եղած է հայապահպանումը՝ յատկապէս այն հեռանկարով, որ հայերուն թիւը պիտի բազմանայ յաջորդող տասնամեակներուն: Առ այդ, երախտագիտութեամբ կը յշենք անունները հանգուցեալ Տիգրան Թաշճեանի, Նշան Պասմաճեանի, որ ներկայիս Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի առաջնորդարանի դիւանապետն է, Վարուժան Նարկիզեանի, հանգուցեալ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի, հանգուցեալ Եթովպիահայ Պետրոս Ասլանեանի, Նշան Մանճիկեանի, Վիգէն Գլընճեանի (միօրեայ վարժարանը նախկին տնօրէն), Զարեհ Թիւթիւնճեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգշ. Հայր Օշականի, այժմ գերշ. Տ. Օշական արք. Չօլոյեանի, երջանկայիշատակ Գարեգին Բ., հետագային Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա-ի:

«Մենք այստեղ ենք արդէն 4 տարիէ ի վեր եւ միշտ կապի մէջ եղած ենք հայերու հետ։ Միշտ առաջարկներ ներկայացուցած ենք համայնքի զարգացումին համար եւ հաճոյքով կ’աջակցինք այդ նախաձեռնութիւններուն։ Կ՛ուզենք, որ համայնքը աւելի զարգանայ եւ աւելի բազմաթիւ հայեր միացնէ։ Մեզի համար սփիւռքահայութեան մաս կազմել կը նշանակէ մեր ներկայութեամբ նպաստել համայնքի մշակութային զարգացման։ Միշտ կապի մէջ ենք մեր ասպարէզին մէջ գործող մարդոց հետ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ ապրող այլ հայերու հետ, եւ երբեք ոչ մէկ հարց ունեցած ենք համակեցութեան առումով», կը նշեն Երուանդ եւ Նառա։

Ցեղասպանութեան 108-րդ եւ Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի ոգեկոչման  ձեռնարկները, հովանաւորութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մեսրոպ Արք․ Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ թեմիս ազգային վարչութեան տեղի ունեցան Շարժայի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ համալիրի Բիեռ Քէօսէեան սրահին մէջ, կիրակի, 23 ապրիլ, 2023-ին եւ կիրակի 29 ապրիլ 2024-ին: Այս ձեռնարկներուն, գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Նառա Առաքելեան (դաշնամուր) եւ Երուանդ Մարգարեան (թռոմփեթ). ներկաները ըմբոշխնեցին Կոմիտասի «Կռունկ»ն ու «Քելէ Քելէ»ն եւ հայկական այլ ստեղծագործութիւններ:

Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելից.      Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելից.
Տիկ. Նառա Առաքելեան եւ շեփորահար Պրն. Երուանդ Մարգարեան

Երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան հօրենական կողմէ արմատներով էրզրումցի է: Մեծ հայրը՝ Երուանդ 1914 թուականի ծնունդ է. այդ ժամանակ լքած են Էրզրումը եւ հաստատուած Ռուսիոյ Արմաւիր քաղաք, որմէ ետք համաշխարհային 2-րդ պատերազմին, մեծ հայրը կը վիրաւորուի եւ կ’ուղարկուի Թիֆլիսի հիւանդանոցներէն մէկը, ուր ալ կը ծանօթանայ մեծ մօրը՝ Էմմային: Պատերազմէն ետք, անոնք կ’որոշեն մնալ Թիֆթլիս: Երուանդին մօրենական կողմը Թիֆլիսեցի են: Երաժիշտ Երուանդի ծնողքը ծնած է Թիֆլիս, հայրը՝ Լեւոն Մարգարով, մայրը՝ Կուլնարա Աւետով: Երուանդ ծնած է Թիֆլիս, 1977-ին: Ուսանողական տարիներուն, 1997-ին, Երուանդ կը տեղափոխուի Երեւան, ուսումը կը շարունակէ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ: Այդ տարիներուն իր Մարգարով ազգանունը կը փոխէ Մարգարեանի: 1997-էն սկսեալ, տակաւին ուսանող, Երուանդ կ’աշխատի Օփերայի թատրոնի, ֆիլհարմոնիք նուագախումբի, ճազային տարբեր խումբերու, TV-ի մէջ: 2011-ին կ’աւարտէ երաժշտանոցը:

Դաշնակահար եւ երգահան Նառա Առաքելեան ծնած է Երեւան, հօրենական արմատներով՝ Գիւմրեցի. մեծ հայրը՝ Ղազար Առաքելեան, մեծ մայրը՝ Անահիտ: 1946-ին, կը տեղափոխուին Երեւան: Մօրենական կողմէ Նառա մուսա լեռցի է. մեծ հայրը՝ Հարկելեան Սեդրակ Գիւմրի հաստատուած է այդ տարիներուն: Հերկելեանը դարձած է Հարկելեան: «Մենք կապի մէջ ենք սրբազան Վարուժան Հերկելեանի հետ: Իմ մեծ հայրիկը եւ սրբազանին մեծ հայրիկը եղած են հօրեղբօրորդիներ: Սրբազանը գտնուած է մեր տան մէջ. մենք յաճախակի կապի մէջ ենք մեր ազգականներուն հետ», կը պատմէ Նառա Առաքելեան:

Նառային հայրն ու մայրը ուսանողական տարիներուն ծանօթացած են իրարու եւ ամուսնացած: Հայրը՝ Հենրիկ Ղազարի Առաքելեան աւարտած է ճարտարապետական համալսարանը: Մայրը՝ Լուսինէ Սեդրակ Հերկելեան ծնած է 1950-ին, Գիւմրի. հիւանդապահութիւն ուսանած է Երեւանի մէջ եւ  երկար ժամանակ աշխատած է Հանրապետական հիւանդանոցի վիրաբուժական բաժնին մէջ: Իսկ Լուսինէին քոյրերն ու եղբայրները ծնած են Մուսա Լեռ, ապա տեղափոխուած են Պոլիս, ետքը Այնճար..անոնցմէ ոմանք մեկնած են Գանատա, Մ. Նահանգներ, Ֆրանսա, իսկ մեծ հօրե երազանքը եղած է ապրիլ Հայաստան:

Երուանդ եւ Նառա բախտաւորուած երկու որդիներով: «Խաչատուրը (ծնած 1996-ին), որ արդէն աւարտած է համալսարանը եւ կը դասաւանդէ Ամերիկեան համալսարանին մէջ, իսկ Միքայէլը (ծնած 2006-ին) այս տարի կ’աւարտէ բարձրագոյն կրթութիւնը: Միքայէլը ունի քանի մը մասնագիտութիւններ. կը նուագէ թռոմփեթ եւ կիթառ, նաեւ վարպետ ճատրակ խաղցող է, եւ շուտով համալսարան պիտի ընդունուի», կը յայտնէ Նառա:

Արուեստագէտ ամոլը կը բնակի Տուպայ: Թռոմփեթահար Երուանդ կը համագործակցի միջազգային բազմաթիւ արուեստագէտներու հետ տարբեր ծրագրերով եւ Տուպայի Big Band-ին անդամ է։ 2014-ին, Երուանդ պարգեւատրուած է Երեւան քաղաքի «պատուաւոր արթիսթ»ի մետալով եւ կոչումով։ Ներկայիս ան կը շարունակէ ելոյթներ ունենալ եւ ձայնագրուիլ միջազգային երաժշտական տարբեր ծրագրերու մէջ։ 2021-ին, պաշտօնական հրաւէրով դարձած է Տուպայի մէջ կայացած EXPO 2020-ի «Exposonix» խումբի անդամ եւ կատարող։

Վերջերս թռոմփեթահար Երուանդ մաս կազմած է Գանատացի յօրինող, մշակող եւ արտադրիչ Suad Bushnaq-ի «Al Batal» ֆիլմի երաժշտական Original Soundtrack-ի ձայնագրութեան:

Վերջերս թռոմփեթահար Երուանդ մաս կազմած է Գանատացի յօրինող, մշակող եւ արտադրիչ Suad Bushnaq-ի «Al Batal» ֆիլմի երաժշտական Original Soundtrack-ի ձայնագրութեան:

Երուանդ Մարգարեան (trumpet, flugelhorn, vocal) եւ Նառա Առաքելեան (piano, keyboard, vocal) ամոլը այցելած են աւելի քան 60 երկիրներ՝ իրենց մենահամերգներով, ինչպես նաեւ մասնակցելով տարբեր միջազգային ճազ փառատօներու եւ որպէս սիմֆոնիսթներ հանդէս գալով երաժշտական տարբեր  ոճերու մէջ։ Զոյգը ելոյթներ ունեցած են համաշխարհային մակարդակի կատարողներու հետ, ինչպէս՝ Michel Legrand (Ֆրանսա), Ziad Rahbani (Լիբանան), Fairuz (Լիբանան), Igor Butman (Ռուսիա), Roy Hargrove (Մ. Նահանգներ) Charles Davis (Մ. Նահանգներ), Ramon Flores (Մ. Նահանգներ) Victor Espinola (Փարակուէյ), Roby Lakatos (Հունգարիա) , Ventzislav Blagoev (Պուրկարիա), Roger Wright (Անգիա), Arno Van Nieuwenhuize (Հոլանտա), Arto Tunchboyajian (Մ. Նահանգներ), Adam Rapa (Մ. Նահանգներ), Zaid Nasser (Մ. Նահանգներ), Julia Boutros (Լիբանան), Michel Delakian (Ֆրանսա), Stephane Stefan Patry (Ֆրանսա), Alexander Belov (Ռուսիա), Gustavo Bergalli (Արժանթին), նաեւ՝ Royal Philharmonic Orchestra (Լոնտոն), Imperial Orchestra ( Ռուսիա), Puccini Orchestra (Իտալիա):      

«Այս տարի հրաւէրներ ունինք Փեթերսպուրկ քաղաքէն,  ֆրանսայէն, Պելճիքայի Կենթ քաղաքէն, եւ   հերթականութեամբ պիտի այցելենք», կ’ըսէ Նառա Առաքելեան:

Կոմիտասի 150 ամեակ. “True Gene” « Իրական Գէն» խտասկաւառակ (CD)

«Հայ մեծ երաժիշտներու եւ երգահաններու՝ Սայաթ Նովայի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն դիմելու գաղափարը՝ որպէս հայ երաժշտութեան իսկական էութեան՝ ծիներու բացայայտում, վաղուց գոյութիւն ունէր մեր մտածումներուն մէջ։ Մեզի համար առիթ մը ստեղծուեցաւ 2019-ին, երբ Հայաստան եւ ամբողջ աշխարհը որոշեցին նշել մեծն Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը. մենք որոշեցինք մեր ներդրումը ունենալ այս տօնակատարութեան։ Կոմիտասի 150 ամեակի առթիւ, 13 մարտ 2020-ին, թողարկեցինք «True Gene» խտասկաւառակը եւ այդ ալպոմ-ծրագրով շրջագայեցանք եւ մեծ յաջողութեամբ համերգներ տուինք Արժանթինի, Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու, Մոսկուայի, Տուպայի, Պուխարեսթի, Պուլկարիոյ Սոֆիա, Վարնա, Փլովտիւ քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի բոլոր քաղաքներուն՝ Երեւանի, Գիւմրիի, Վանաձորի, Չարենցաւան եւ այլ քաղաքներու մէջ։ “True Gene” խտասկաւառակը ընդգրկուած է Հայաստանի ռատիոյի «ոսկէ ֆոնտ»ին մէջ։ Ռատիոյով յաճախ կը սփռեն մեր երաժշտութիւնը։ Ծրագրին նպատակն է ունկնդրին հասցնել հայկական ազգային երաժշտութեան ամբողջ մեղեդայնութիւնը, գոյներու եւ երանգներու իւրայատկութիւնը, ստեղծագործական մօտեցումը ժամանակակից ճազային կատարմամբ, թէ՛  Հայաստանի եւ թէ՛ Հայաստանի սահմաններէն դուրս», կ’ըսէ Նառա Առաքելեան:   «True Gene» խտասկաւառակ ծրագիրը կը ներառէ մեր՝ Երուանդ Մարգարեանի եւ Նառա Առաքելեանի քառեակի հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններու կատարումները,  Կոմիտասի չորս եւ Սայաթ Նովայի մէկ ստեղծագործութիւնը։    Սայաթ Նովայի, Կոմիտասի եւ Միշել Լեկրանի երաժշտութիւնը կը  հնչէ folk-ի, fusion-ի, funk-ի եւ ճազի ժամանակակից համադրումով, ժամանակակից յանկարծանուագումի (improvisation) տարրերով, այս եզակի ստեղծագործութիւնները թողելով անաղարտ գեղեցկութեան մէջ: True Gene խտասկաւառակի երաժշտութիւնը ամբողջը ես գործիքաւորած եմ նուագախումբի համար», կ’ըսէ Նառա Առաքելեան[1]:

«Con Alma» Band խումբը հիմնուած է 26 նոյեմբերի 2010-ին, Երեւան մէջ, մեր տաղանդաշատ ամոլին կողմէ։ «Խումբին բոլոր անդամները առաջնակարգ երաժիշտներ են Երեւանէն եւ կը նուագեն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող տարբեր ծրագրերու, ինչպէս նաեւ կ’ունենանք հրաշալի համերգներ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ՝ յատուկ հիւրերու մասնակցութեամբ: Մենք կը կատարենք դասական եւ ճազային երաժշտութիւն՝ բոլոր ոճերով, ինչպէս՝ Latin funk, folk-fusion: Կը կատարենք նաեւ  մեր սեփական բազմաթիւ ստեղծագործությունները»։ 2016-ին, «Con Alma» ճանչցուած է Հայաստանի լաւագոյն նուագախումբը։ Խումբի անուանումը կատարուած է Dizzy Gillespie-ի ամենէն հանճարեղ ստեղծագործութիւններէն մէկու անունով, որ սպաներէնէ թարգմանաբար կը նշանակէ «ամբողջ ոգիով»։ Այս խօսքը կը հանդիսանայ անոնց յստակ նշանաբանը: Տարբեր  համերգներու ծրագրերուն կը հրաւիրենք յատուկ հիւրեր՝ տարբեր երաժիշտներ։ Երբ հրաւէրներ ըլլան, մենք կ’երթանք քանի մը օրով ու կը վերադառնանք», կը յայտնէ դաշնակահարուհի Նառա:

 

Ինքնակենսագրութիւնները մայէսթրօ Երուանդ Մարգարեանի եւ դաշնակահարուհի, երգահան Նառա Առաքելեանի տե՛ս կցուած այս յղումով 

https://drive.google.com/file/d/1MGJp-RlLxu-AOMsDkhcBYuHC99jyq952/view?usp=sharing

Առ ի տեղեկութիւն

– Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ձեռնարկին,  Կիրակի, 23 Ապրիլ, 2023-ին, ներկայ էր Հ.Հ. դեսպան Պրն. Կարեն Գրիգորեան:  Ձեռնարկի օրուայ զրուցավարը Պրն. Ժիրայր Հապիպեանն էր, իսկ բանախօսը Տիկ. Թաուասիֆ Պընթ Հումայտ Պըն Մուքպիլ Ալ Ինզի, որ հանդիսատեսին ներկայացուց իր ուսումնասիրութիւնները՝ Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ: Աշխատանք, որուն հիմնական խթանը եղած է հայ-արաբական բարեկամութիւնը եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրականութեան բացակայութիւնը:

– Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի ձեռնարկին, Կիրակի 29 Ապրիլ 2024-ին, ներկայ էին Հ․Հ․ դեսպան Պրն․ Կարէն Գրիգորեան, Հ․Հ․ գլխաւոր Հիւպատոս Պրն․ Արտակ Յովհաննէսեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն: Օրուան զրուցավարն էր  Տիկ․ Քրիստինէ Թոսունեան, դասախօսը Դոկտ․ Վահէ Թաշճեան, որ   ներկայացուց «Յուշամատեան» ծրագիրը,    հայերու հաւաքական յիշատակներու հաւաքածոն, ուր մասնագիտական յօդուածներուն կողքին, հիմնական աղբիւրներէն մինն է աշխարհի տարածքով ընտանեկան շառաւիղներու մասնակցութիւնը՝ լուսանկարներով, վաւերաթուղթերով, եւ զանազան այլ միջոցներով: Դոկտ․ Վահէ Թաշճեան շեշտեց նմանօրինակ հետազօտական գործերու կարեւորութեան այսօրուան դրութեամբ, անդրադառնալով թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը նկատուի Թուրքիոյ կողմէ կատարուած ինքնասպանութիւն՝ որ ոչնչացուցած է դարերու մշակութային զանգուած մը։ Ան նաեւ շեշտեց թէ այսօրուան հրամայականն է Հայոց հարցը ներկայացնել պատմագիտական վաւերացուած մօտեցումով որպէս պատասխան ցեղասպանութիւնը հերքող Թուրքիոյ քաղքականութեան

– Yervand Margaryan & Nara Arakelyan քառեակի True Gene”  « Իրական Գէն» խտասկավառակ (CD) մանրամասնութիւններ  տե՛ս կցուած այս յղումովԿոմիտասի 150 ամեակ.True Gene « Իրական Գէն» խտասկավառակ (CD).pdf

– “Con Alma” band founded on November 2010 by trumpeter Yervand Margaryan and pianist,vocalist Narine Arakelyan. +374 93 821364 [email protected]

-Film Music Composer at ‎سعاد بشناق Suad Bushnaq

[1] https://www.discogs.com/release/18152278-Yervand-Margaryan-Nara-Arakelyan-Group-True-Gene?srsltid=AfmBOooddISle_0YCdMH1fZFAiqLjOE_V5kcYpwQFZSy6JFZz-4ICigR Yervand Margaryan & Nara Arakelyan Group – True Gene

«Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» (Բ. մաս)

Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Ինչպէս նշեցինք, հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով յօդուածը, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի 50-ամեակին առթիւ։ Յօդուածը կը բովանդակէ հարցադրումներ «լիբանանահայ համայնք» հասկացութեան մասին եւ հարցականի տակ կ’առնէ այն հաստատութիւնները, որոնք իրենք իրենց վերապահած են համայնքի անունով խօսելու իրաւունքը։ Այս հարցերը կը քննարկենք յօդուածի հեղինակին՝ Վարագ Գեթսէմանեանի հետ: Վարագը պատմաբան է եւ պատմութեան դասախօս Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ։

Գեղանկարիչ Վալմարը՝ իր իսկ աչքերով

Ամէն տարի, 21 ապրիլին՝ իր ծննդեան օրը, Հայաստանի հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Վալմար (Վլադիմիր Մարգարեան) արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը իր ստեղծագործական ձեռքբերումներուն մասին: Այս անգամ, նկարիչին 53-երորդ անհատական ցուցահանդէսը մէկտեղած էր թէ՛ իր սեփականութիւնը հանդիսացող, թէ՛ ալ հայաստանեան թանգարաններու մէջ պահուող տարիներու ընթացքին տարբեր առիթներով եւ տարբեր վիճակներով իրագործուած ինքնանկարներ:

Վալմարի կենսագրութիւնը լի է բուռն իրադարձութիւններով․ շրջագայած է տասնեակ երկիրներ, բազում անհատական եւ խմբային ցուցահանդէսներ ունեցած է Հայաստանի, Ռուսիոյ, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ամերիկայի եւ Գանատայի շարք մը քաղաքներուն մէջ: Անոր գործերը կը պահուին Հայաստանի, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ, Ճափոնի, Ֆրանսայի ցուցասրահներուն եւ թանգարաններուն մէջ:

«Ես ինքնանկարներ կ’ընեմ, երբ դրական կամ բացասական հոգեվիճակներու մէջ գտնուիմ․ կը նայիմ հայելիին ու ներսս եղածը կը հանեմ, կը տեղափոխեմ կտաւի վրայ. կը մաքրուի ու կը հանգստանայ»,- կը պատմէ Վալմար: Ինքնանկարները որպէս կանոն կը ստեղծուին նկարներու շարքերը աւարտելէ յետոյ: Այս մօտեցումն է թերեւս պատճառը, որ ինքնանկարները իրարմէ տարբեր են ու կը դիտուին առանձնայատուկ հետաքրքրութեամբ: Իւրաքանչիւր ինքնանկար ունի իր ստեղծման շարժառիթն ու պատմութիւնը:

Արուեստասէրին քիչ ծանօթ գործերէն է 1970-ին Գիւմրիի մէջ կատարուած Վալմարի ինքնանկարը, որ մինչեւ վերջերս մնացած է նկարիչին հօրենական տունը: Վառ եւ մեղմ գոյներու հետաքրքրական համադրութեամբ աչքի զարնող այս գործը ստորագրուած է Վոլոդեայ անունով. հեղինակը դեռ չէր սկսած գործածաելու Վալմար կեղծանունը: Ինքնանկարին մէջ, արուեստագէտին թիկունքին պատկերուած են կին մը եւ գինիի շիշ մը՝ իբրեւ ազատ արուեստագէտի խորհրդանիշեր: Լենինականի նկարիչներու միացեալ ցուցահանդէսին ներկայացուած այս ինքնանկարին մէջ իր ապագայ ամուսնոյն առաջին անգամ ըլլալով հանդիպած է մանկաբոյժ Եւգինէ Մինասեան: Զինք տպաւորած է հեղինակին ոչ հայեցի անունը, ու բախտի քմահաճոյքով կարճ ժամանակ ետք, ան ծանօթացած է Վալմարի:

1972

1972-ին պատկերուած ինքնանկարին մէջ նախորդին հետ գոյներու համադրումի նմանութիւն կայ, սակայն ան աւելի խորհրդապաշտական է․ նկարիչի ձեռքին ժամացոյցն է, որ կը յիշեցնէ ժամանակի ընթացքին մասին, իսկ թիկունքին դէպի լոյսը քալող մարդու մը ուրուապատկերն է: Հեղինակը կը յիշէ․ «նոր աւարտած էի ուսումս, ու ըսելիքս այն էր, որ ինձմէ է կախեան իմ յաջողութիւնս»:

Յաջորդ ինքնանկարը բերուած է Ազգային պատկերասրահէն: Ան իրագործուած է 1973-ին, Թիֆլիս, բանակային ծառայութեան ժամանակ: Բանակ երթալէ առաջ, Վալմար նկարիչներու միութեան կողքի սրճարանը մեծ հիւրասիրութիւն կազմակերպած է, թամադայութիւնը ըրած է մաեսթրո Երուանդ Քոչարը․ ան խորհուրդ տուած է մազերը սափրելէ անմիջապէս յետոյ նկարել ինքնանկար մը, որ բանակային ղեկավարութիւնը ծանօթանայ երիտասարդ արուեստագէտի նկարչական ունակութիւններուն ու թոյլատրէ զբաղիլ նկարչութեամբ: «Ես այստեղ տուն ալ չունէի, բանակ գացի այդ սրճարանէն: Ընկերս չուզեց զիս առանձին թողել, ան ալ միացաւ ինծի»,- կը պատմէ Վալմար: Բանակային ինքնանկարն կարծէք եզրաւորուած էջի մը վրայ կատարուած է՝ ըսել ուզելով, թէ կեանքի նոր էջ մը բացուած է նկարիչին կեանքին մէջ: Կեդրոնացած, անհանգիստ հայեացքով մեզի կը նայի երիտասարդ արուեստագէտը, որ իր ստեղծագործական փառաւոր ուղիին արշալոյսին կը գտնուէր տակաւին:

Բանակէն Գիւմրի վերադառնալէ անմիջապէս ետք (1974) ստեղծած է «Ճանապարհորդութիւն» ինքնանկարը, ուր նկարիչին դէմքը զուգորդուած է գանգով եւ երկուքն ալ կը ծագին կեանքը խորհրդանշող հաւկիթէն: Հեղինակը կը նշէ․ «միշտ պիտի յիշես, որ յաւիտենական չես, դուն քու կեանքիդ օրօք քու ընելիքդ մինչեւ վերջ պիտի իրագործես, Աստուծոյ տուածը չվատնես: Քու ներքին պահանջդ, երջանկութիւնդ քու՛ ձեռքերուդ մէջ կը գտնուի»: Այս դիմանկարին մէջ, Վալմար անսովոր կերպարանք մը ունի՝ թաւ պեխերով: Երբ զարմանք կը յայտնեմ, թէ այնքան ալ նման չէ իրեն՝ կը հակադարձէ․ «ընդհակառակը, շատ նման է, սա ե՛ս եմ»:

1973 գծուած ինքնանկարը, որ հեղինակը կը պատկերէ տարբեր դիտանկիւններէ՝ կը յիշեցնէ հայելային արտացոլումներու անոր յայտնի շարքը՝ կապոյտի գերակայութեամբ: Հեղինակը կարծես ինքզինք կ’ուսումնասիրէ տարբեր կողմերէ՝ շարժման մէջ, իր ներաշխարհը կը բանայ դիտողին առջեւ․ «ըսել կ’ուզեմ, որ պիտի յայտնաբերես, թէ Աստուած ինչ տուած է քեզի, անոր վրայ աշխատիս ու զայն մատուցես աշխարհին»:

1974

1974-ին, բանակէն ետք նկարուած է նաեւ արմատախիլ եղած ծառի տեսքով սիւրռէալիսթ «թախիծ» ինքնանկարը․ ան կ’արտայայտէ հեղինակին հոգեվիճակը, մայրաքաղաք տեղափոխուելու, ինքզինք գտնելու ցանկութիւնը: Նկարիչին վրայ իր հայեացքը կը տարածէ հասարակութեան անտարբեր աչքը: Նկարը այնպէս վարպետօրէն կատարուած է, որ իրական կը թուի նոյնիսկ դէմքին վրայ պատկերուած ճեղքուածքը:

Նկարիչը կը շեշտէ, որ իրեն համար կեանքի հիմնասիւներն են Աստուած, Հայրենիքը, ընտանիքը եւ աշխատանքը: Կարծես առանձին, եզրաւորուած էջի մը վրայ պատկերուած է նաեւ Վալմարի ու Եւգինէի հարսանեկան դիմանկարը (1975)՝ խորքին եկեղեցիի սիւներ, քանզի եթէ եկեղեցին հիմնուած է սիւներու վրայ, ապա ամուսնական զոյգն ալ ամուր ընտանիքի հիմքն է․ «կինը եւ տղամարդը իրարու համար յենման կէտեր են, այն զոյգ սիւները, որոնց միջեւ կը բացուի պատուհանը դէպի լոյս»: Ընդհանրապէս, Վալմարի՝ խորհրդային տարիներու ստեղծագործութիւններուն մէջ դժուար է այն ժամանակ պաշտօնապէս պարտադրուած ընկերային իրապաշտութեան որեւէ հետք գտնել:

Աւելի ինքնավստահ հայեացք կ’ուղղէ մեզի 1978-ի ինքնանկարը, որ նորդասականութեան ուղղութիւնը ներկայացնող ուշագրաւ աշխատանք ըն է:

1979

1979-ին գծուած ինքնանկարները աղերսներ ունին հայկական մանրանկարներու հետ: Անոնցմէ մէկուն հեղինակը պատկերուած է սրբապատկերներու բնորոշ հանդիսաւոր հանդարտութեամբ, մեղմ երանգներով: Նոյն թուականին, Վալմար ստեղծած նման լուծումներով այլ աշխատանք մը, որ սակայն աւելի լուսաւոր է ու պակաս տարածական:

1989-ի ինքնանկարը Սպիտակի երկրաշարժին ու նկարիչին «Արհաւիրք» շարքի արձագանգներն են: Յաջորդ ինքնանկարներուն մէջ նկատելի են Արցախեան շարժման, ցուրտ ու մութ տարիներու, արտասահմանեան տպաւորութիւններու հետքերը․ «շարքը աւարտելէ յետոյ պիտի հանգստանաս, մէջէդ դուրս հանես կուտակուածը, ինքնանկարները զիս կը փրկեն, կը բուժեն: Ունիմ նոյնիսկ ազատ ոճով կատարուած ինքնանկարներ, բայց ինծի համար կարեւոր է, որ դէմքիս

1999

արտայայտութիւնը երեւայ»: Այդպիսի գործ մըն է «Անտարբերութիւնը» (1979), ուր անհարազատ միջավայրի մէջ կքած նկարիչը բռնած է գլուխը: Աւելի հանդարտ արտայայտութիւն կը նկատենք 1997 եւ 1999 թուականներու ինքնանկարներուն մէջ: Նշանակալից է խօսուն գոյներով, ընդհանրացուած ու յախուռն գիծերով պատկերուած կրաֆիք

2000

ինքնադիմանկարը (2000), որ կը զարդարէ ցուցահանդէսին հրաւիրատոմսը: Իր ստեղծած դիմանկարներուն, յատկապէս՝ ինքնանկարներուն մէջ, Վալմար նախ եւ առաջ հմուտ հոգեբան է, ի զուր չէ, որ Արտօ Չաքմաքչեանը անոր մասին այսպէս արտայայտուած է․ «ան ինծի համար յայտնութիւն մըն էր իր անհատականութեամբ եւ մարդկային խնդիրներու մէջ խորացող իր նկարչական աշխարհով»:

Վերջին տասնամեակներուն, նկարիչը կը շարունակէ ստեղծել նորաշունչ, տպաւորիչ ինքնանկարներ, քանզի «նկարիչին համար պարպուելու լաւագոյն միջոցը ինքնանկարն է»:  Ի վերջոյ, անկախ անկէ, թէ որքանով խառնակ ու բարդ են ժամանակները, Վալմար շարունակականօրէն իր գործը կը կատարէ՝ արուեստի լոյսն ու ջերմութիւնը բերելով անոր կարիքը ունեցող մարդոց:

Աշոտ Գրիգորեան

Մենք ոչ միայն թուղթէ շերեփը պահեցինք, այլեւ երկաթի փոխարէն լաթ վերցուցինք

AI generated

Վերջերս, Երեւանի մէջ, Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի հետ, որ կը նկատուի Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան առաջատար մասնագէտ մը: Հանդիպումին ընթացքին, Աքչամ ներկայացուց իր տեսակէտը Թուրքիոյ ժողովրդավարական պետութիւն դառնալու անհրաժեշտութեան մասին: Բանակաբար քննարկուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման ու մերժման մօտեցումները: Բազմաթիւ հարցեր արծարծուեցան, շատ մը ձեւակերպումներ եւ ենթադրութիւններ եղան այս կամ այն ուղղութեան, մօտեցման մասին, բայց ես առաւելաբար մէկ հարց կ’ուզէի տալ Աքչամին՝ հարց մը, որ թէ՛ անորոշ էր, թէ՛ բաւական որոշակի: Հարցս ոչ թէ այն, էր թէ արդեօ՞ք երբեւիցէ Թուրքիան կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը կամ ինչպէս կը ճանչնայ, ի՞նչ հատուցում պատրաստ է տալու կամ քննարկելու, այլ՝

-Ի՞նչ է Թուրքիոյ ուզածը:

Թաներ Աքչամը քանի մը երկվայրկեան լռութենէ յետոյ պատասխանեց բաւական երկար, որուն հիմնական իմաստն այն էր, թէ Թուրքիա կ’ուզէ, որ հայերը հասկնան, թէ Թուրքիա Ցեղասպանութիւնը երբեք պիտի չճանչնայ (առնուազն այսօրուայ Թուրքիան), պատրաստ չէ որեւէ հատուցում տալու, իսկ ինչ որ եղած է, եղած է ու հայերը պիտի համակերպին այդ բոլորին:

Մնացածը գեղարուեստական էր: Աքչամ, որ իր խօսքին մէջ բազմիցս նշեց, որ տեղի ունեցածը ամենայն խնամքով նախապատրաստուած ու ծրագրուած Ցեղասպանութիւն էր, նաեւ քանի մը հետաքրքրական բան պատմեց Թուրքիոյ մասին` նշելով, որ Թուրքիա ներկայիս ունի Հիթլերի նացիական ռեժիմին նման դրութիւն մը, ուր հայերը, հրեաները անձնագրուած են «քոտաւորուած» ու ըստ էութեան դասակարգուած են որպէս երկրորդ «տեսակի» ստորին ժողովուրդներ: Ներկայացուց նաեւ ուրիշ բազմաթիւ ծանօթ ու անծանօթ փաստեր: Աքչամ նաեւ քանի մը օր առաջ տուած իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նշած էր, որ ցեղասպանութիւնը կատարուած էր այն նպատակով, որ կանխէր հայկական երկու նահանգներուն մէջ բարենորոգումներու գործադրութիւնը, որովհետեւ բոլորը վստահ էին, որ այդ բարենորոգումները պիտի յանգէին Արեւմտեան Հայաստանի ինքնավարութեան, ապա եւ անկախութեան: Ըսած էր նաեւ, թէ թուրքերը ուզելով կամ չուզելով բնաջնջած էին ամբողջ ժողովուրդ մը, որովհետեւ արդէն իսկ կորսնցուցած էին Եգիպտոսը, Յունաստանը, Պուլկարիան, Ռումանիան եւ չէին կրնար նաեւ կորսնցնել Հայաստանը, քանի որ Հայաստանի կորուստը կրնար գերեզմանաքարը դառնալ Օսմանեան Կայսրութեան, որ առաջին համաշխարհային պատերազմին, երեք ճակատներու վրայ պարտութիւն կրած էր, իսկ 1914-ին, ռուսերը հայերուն ինքնավարութիւն խոստացած էին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Տեսակ մը տհաճ արդարացում:

Հիմա գանք բուն հարցին: Հարցը հոս ոչ թէ Աքչամով հիանալ-չհիանալն է, այլ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հայկական ու թրքական մօտեցումներու՝ զիրար հակասող տրամաբանութիւնը: Մենք Ցեղասպանութեան մասին խօսելու ատեն, միշտ իրարու կը խառնենք ճանաչումն ու հատուցումը` պատկերացնելով, որ եթէ Թուրքիա ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, ապա ինքնաբերաբար նաեւ պիտի հատուցէ (Սեւրեան Հայաստան, կողոպտուած գումարներու, քանդուած շարժական եւ անշարժ գոյքերու դիմաց նիւթական հատուցում զոհերու իրաւայաջորդներուն եւ այլն):

Բայց մենք սովորաբար հարց չենք տար մենք մեզի, թէ Թուրքիան ի՞նչ կ’ուզէ: Մինչդեռ այդ հարցը շատոնց պէտք է տուած ըլլայինք, ոչ թէ այն պատճառով, որ թուրքերու զգացումները շատ կարեւոր եւ գնահատելի են, այլ գոնէ հասկնալ, թէ Թուրքիա ի՞նչ միտքեր ու մօտեցում ունի հայոց Ցեղասպանութեան հարցով (զուտ մերժելը մէկ կողմ թողած, որ հասկնալի է): Այդ կրնայ մեզ յուշել, թէ մեր պահանջատիրութեան հարցով, ե՞րբ ու ի՞նչ ռազմավարութիւն որդեգրենք՝ հաշուի առնելով, թէ ի՞նչ կը կատարուի նոյնիքն այդ Թուրքիոյ մէջ, որմէ մենք պատմական արդարութեան վերականգնում կը պահանջենք: Իսկ ի՞նչ կ’ուզէ Թուրքիան:

Թուրքիա այլեւս չի հերքեր Ցեղասպանութիւնը, հերքելը իմաստ չունի: Կարելի էր հերքել, եթէ անոր մասին խօսէին միայն հայերը, բայց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են տասնեակ երկիրներ, ընդ որում այնպիսի հզօր երկիրներ, ինչպէս օրինակ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ այլն: Եւ ի՞նչ: Մեծ չափով ոչինչ: Մենք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը դրինք նման ճամբու վրայ, նաեւ Թուրքիոյ հնարաւորութիւն տուինք հասկնալու, որ Ցեղասպանութիւնը հերքելը անիմաստ է, որովհետեւ չհերքելը եւս ոչինչով կը պարտաւորեցնէ: Թուրքերը կ’ըսեն այո, նախորդ դարասկզբին ինչ որ դաժան կացութիւն մը տիրած է ու նաեւ հայերը տուժած են ու այդ բոլորը ողբերգութիւն է եւ այլն: Մնացեալը արդէն ձեւակերպումներ են: Բացառուած չէ, որ «ժողովրդավարացման» ճամբով ընթացող Թուրքիան օր մը ճանչնայ նաեւ Ցեղասպանութիւնը, երբ արդէն անոր պէտքը չըլլայ ալ:

Ու հայերը, յանկարծ օր մը կը հասկնան, որ թուրքերը չեն ալ հերքեր Ցեղասպանութիւնը, պարզապէս չեն ընդունիր, որ այդ իրենց մտածածն ու իրագործածն է: Ու որքան ալ Աքչամը կամայ թէ ակամայ հիմնաւորէ Ցեղասպանութեան պատճառները, միեւնոյնն է, թուրքերը Ցեղասպանութիւնը չեն ճանչնար առաջին հերթին ոչ թէ անոր համար, որ հայերուն փող ու հող չտան (թուրքերը այդ մէկը նոյնիսկ չեն ալ քննարկեր), այլ առաջին հերթին իրենց հանրապետական ինքնութիւնը չաղաւաղելու համար: Անոնք պիտի չուզեն ըսել, որ իրենց հպարտութիւնը համարուող հանրապետութիւնը կառուցուած է հայկական ոսկորներու վրայ: Այդ հարուած է թրքական ինքնութեան: Այնպէս ինչպէս Մ. Նահանգներու մէջ պաշտօնապէս չեն ճանչնար, թէեւ շատ լաւ գիտեն, որ երիտասարդ ամերիկեան հանրապետութիւնը ոչնչացուցած է բնիկ ամերիկացիները, այնպէս ալ թուրքերը պիտի չճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բայց քանի որ հերքելն անիմաստ է եւ Ցեղասպանութիւնը շատերու կողմէ ճանչցուած է, հոսանքին դէմ լողալու փոխարէն թուրքերը ընդամէնը կը փոխեն այդ հոսանքին ուղղութիւնը: Այսինքն թուրքերը այնպէս կ’ընեն, որ հայերը իրենք հիասթափին ու յուսահատին Ցեղասպանութեան ճանաչման հեռանկարէն, ընդունին, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը այնպէս, ինչպէս հայերը կը պատկերացնեն, անհնարին է: Առաւելագոյնը, որուն թուրքերը այսօր պատրաստ են, անգամ մը եւս յայտարարելն է, որ նախորդ դարասկզբին տեղի ունեցած ողբերգութիւններու ընթացքին նաեւ հայեր տուժած են եւ վերջ, այսինքն այն, ինչ արդէն կ’ընեն: Ինչ որ պատահած է՝ պատահած է: Այս է թուրքերուն ուզածը:

AI generated

Մենք պարզօրէն պէտք է հասկնանք այդ, թէկուզ մէկի փոխարէն տասը Աքչամ գիրք գրէ ու փաստէ այն, ինչ որ բազմիցս փաստուած է, գործնական արդիւնք չկայ: Ի՞նչ է Թուրքիոյ ուզածը. այն, որ հայը հիասթափի, արժէզրկէ անոր պահանջը, դարձնէ ոչ նիւթական, ոչ գործնական զգացական ու հնչուն բան մը, որը միշտ կարելի է յիշել ու ոչ աւելին: Յատկանշական է, որ 2020-ի պարտութիւնն ու 2023-ի Արցախի կորուստը հայերու մեծ մասը թեւաթափ են ըրած: «Ալ ի՞նչ Արեւմտեան Հայաստան, եթէ Արցախը չկարողացանք պահել» միտքը ունի իր ցաւոտ ու զզուելի, բայց նաեւ ինչ որ առումով հիմնաւոր տեղը:

Իսկ հիմա Ցեղասպանութեան հարցով մեր պատկերացումները թարմացնելու մասին: Անկախ անկէ, որ հասարակութեան մէկ մասը կողմ է դրօշներ այրելուն, միւս մասը՝ ոչ: Մենք պէտք է Ցեղասպանութեան ոգեկոչման աւելի թարմ ու գործնական միտք ունենանք: Առաջին հերթին ունենալ օրէնք մը Ցեղասպանութեան յիշատակումի մասին: Ամէն տարի, ապրիլի 24-ին իրականացնել որեւէ կրթական հաստատութեան վերանորոգում ու բացում, ընկերայնօրէն խոցելի խաւին համար որեւէ արդիւնքի ապահովում, գործարանի բացում, արտադրութեան հիմնում եւ տասնեակ այլ երեւոյթներ: Ամէն տարի ապրիլի 24-ին պակսեցնել անօթի ու անգրագէտ հայերու թիւը, աւելցնել կուշտ ու գրագէտ հայերու թիւը, պակսեցնել մաշած դպրոցները, աւելցնել նորորգուած ու կառուցուած դպրոցները: Այսինքն ամէն տարի ապրիլի 24-ին Հանրապետութեան տարածքով ամրացնել ու պահպանել այն, ինչ որ փորձ կատարուած է արմատախիլ ընելու 1915-ին (աւելի լայն ընդգրկումով 1890-ականներէն մինչեւ 1920-ականներ): Այդ օրը չունենալ առանձին կուսակցական կամ խմբային երեւոյթ, ունենալ համապետական ու համազգային երթ: Ոչ մէկ գիշերային ակումբ ու խաղատուն չաշխատի այդ օրը, փոխարէնը օրը լեցուած ըլլայ նաեւ գիտաժողովով, վերլուծութեամբ, քիչ մը պարզ մարդկային հիւմանիզմով, որ հայերը փորձեն ցուցաբերել իրարու հանդէպ․․․․այնպիսի օր մը ունենանք, որ ցոյց տայ, որ հայերը կոտորուած ու անթաղ մեռել չեն, այլ ապրելո՛ւ կամք ունեցող, որ պիտի ապրի՛ն ու կ’ապրի՛ն արդէն:

«Իսկ հատուցո՞ւմը»,- կը հարցնեն աւելի յամառ մարդիկ:

Իսկ կրնա՞նք: Կրնա՞նք ինչ որ բան պարտադրել Թուրքիոյ: Գործնականօրէն, գետնի վրայ, կրնա՞նք պարտադրել, ստիպել, համոզել: Ոչ թէ իրարմէ պահանջել ու իրարու հայհոյել, այլ պահանջել, ստիպել, ստանալ: Առայժմ չենք կրնար: Թերեւս դեռ երկար ժամանակ ալ չկարողանանք: Թուրքիոյ ուզածն ալ այդ է: Ունենալ թոյլ հարեւան Հայաստան, որ ոչինչ կարենայ պահանջել, որ միայն աղմուկ կը բարձրացնէ, ուրիշ ոչինչ:

Եթէ մենք իրաւ լուրջ ծրագիրներ ունինք Ցեղասպանութեան հարցով, ապա նախ պէտք է կայանայ Հայաստանը: Եթէ Հանրապետութիւնը չդառնայ ուժեղ ու իր կամքը պարտադրող պետութիւն, ապա կրնանք քիլոմեթրով դրօշներ այրել ու հայհոյել այնպէս, որ պատերը կարմրին: Այդ ոչինչ կը փոխէ:

Ի վերջոյ պատմութիւնը դաժան դասեր տուած է: Խրիմեան Հայրիկը մեզի պատգամեց երկաթէ շերեփ ունենալ՝ թուղթի փոխարէն: Մենք ոչ միայն թուղթէ շերեփը պահեցինք, այլեւ երկաթի փոխարէն լաթ վերցուցինք․․․․որ միջկուսակցական հրաձգութիւններու ժամանակ աւելի հայրենասէր երեւանք՝ վիճելով թէ Ցեղասպանութեան ժամանակ ո՞ր կուսակցութենէն աւելի մարդ սպանուած է, ուրեմն անոնք աւելի հայրենասէր են: Հիմա ալ տափակ վէճ առաջ կ’երթայ, թէ հանրապետութենէ՞ն աւելի շատ են զոհուած, թէ՞ Արցախէն:

Նման եղանակով կարելի՞ է հող ետ բերել:

«Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը»

Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթին հիւրն է դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանը: «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ զրոյցը կու տանք երկու անգամով: Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով յօդուածը, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի 50-ամեակին առթիւ։ Յօդուածը կը բովանդակէ հարցադրումներ «լիբանանահայ համայնք» հասկացութեան մասին եւ հարցականի տակ կ’առնէ այն հաստատութիւնները, որոնք իրենք իրենց վերապահած են համայնքի անունով խօսելու իրաւունքը։ Այս հարցերը կը քննարկենք յօդուածի հեղինակին՝ Վարագ Գեթսէմանեանի հետ: Վարագը պատմաբան է եւ պատմութեան դասախօս Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ։

Մեր զրոյցին ընթացքին կ’անդրադառնանք քաղաքացիական պատերազմի հետեւանք-աւանդին՝ ինչ կը վերաբերի Լիբանանի համայնքային դրութեան եւ ընդհանրապէս այդ եզրոյթի շահագործումին բոլորին կողմէ, միասնականութեան պատրանքին՝ նշելով թէ ինչո՞ւ ան պատրանք է, պիտի խօսինք հաստատութենական լճացումին եւ ներկայ պայմաններուն մէջ քաղաքական մասնակցութեան վերանայման անհրաժեշտութեան մասին։

Կ’անդրադառնանք նաեւ երիտասարդութեան հեռու մնալու երեւոյթին, արդիական օրակարգերու բացակայութեան եւ այն հարցին՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի է դուրս գալ աւանդութեան կառչելու փակ շրջանակէն եւ թարմացնելու հանրային խօսոյթն ու հաստատութենական կեանքը։

Վ.Թ.

Սիրան Շաբոյեան Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու հայկական սփիւռքի մէկ մասնիկը

Արմատներով Էրզրումցի, Սիրան Շաբոյեան ծնած է 30 յունուար 1989-ին, Հրազդան քաղաք, Հայաստան յայտնի Շաբոյ ընտանիքին մէջ: «Ծնողքս նոյնպէս ծնած է Հայաստան, մօրենական մեծ հայրս՝ Արմենակեան Երուանդը էրզրումէն էր.  ինք եւ իր կինը՝ Նոյեմզարը պատերազմի տարիներուն տեղահանուած հայերուն հետ կը փախչին եւ կը հասնին  Ֆրանսա՝ որոշ ժամանակ ապրելով հոն, յետոյ կու գան Հայաստան եւ կը կազմեն իրենց ընտանիքը», կը պատմէ Սիրան:

Սիրան ուսումը ստացած է Հրազդան քաղաքի Ջրահատի Յովհաննէս Թումանեանի անուան դպրոցը, որմէ ետք շարունակած է ուսումը Երեւանի  Best Computer Design հիմնարկին մէջ որպես ծրագրաւորող: 2007-ին, Սիրան իր ընտանիքին հետ կը մեկնի Թուրքիա եւ բնակութիւն կը հաստատէ Պոլսոյ մէջ: Սիրան 3 ամսուայ ընթացքին կը սորվի թրքերէնը եւ կը սկսի աշխատիլ իր մասնագիտութեամբ՝ ծրագրաւորող:

2011-ին, Սիրան կը ծանօթանայ իր ամուսնոյն՝ Ժագ Էքմէքճիին, որ արդէն կ’ապրէր ու կ’աշխատէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: «Մեզ կը ծանօթացնէ Ժագին ընկերը եւ մենք առաջին անգամ իրարու  ը հանդիպինք Պոլսոյ Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, եւ այդ արդէն Աստուծոյ խնամութիւնն էր մեր երկուքին համար», կը նշէ ան:

Ժագ ծնած է Հալէպ, յաճախած է յայտնի Զուարթնոց դպրոցը  եւ երկար տարիներ ծառայած է Հալէպի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Սիրան եւ Ժագ տարի մը ետք, 2012-ին, կը պսակուին Ծաղկաձորի Կեչառիս[1] եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք Սիրան Ժագին միանալով՝ կը հաստատուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: 25 սեպտեմբեր 2013-ին, Սիրան եւ Ժագ կը բախտաւորուին իրենց առաջին զաւակով՝ էլէն, 20 մայիս 2015-ին՝ մանչ զաւակով՝ Արթին»: Սիրան իր երկու զաւակներն ալ կը ծննդաբերէ Հայաստանի մէջ:

Սիրանին հետ զրոյցս արեւմտահայերէն էր: Անոր գրաւիչ ու զարմանք պատճառող արեւմտահայերէն առոգանութիւնը  կրնայ զարմացնել նաեւ ընթերցողը, որ բնականօրէն հարց պիտի տայ. Սիրան հալէպէ՞ն է, թէ՞ Պէյրութէն…անվարան կը հաստատեմ այս մէկը: Շաքէ Մանկասարեան

«Արաբերէն կը խօսիմ, կը հասկնամ, բայց ոչ կատարեալ», կ’ըսէ Սիրան:

էլէն 11 տարեկան է, Արթին 9. կը յաճախեն Տուպայի  Saint Mary’s Catholic High School։ Էլէն եւ Արթին յաճախած են նաեւ Շարժայի Օհաննէսեան միօրեայ վարժարանը եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը:

Օգնական Ուսուցչուհիիի ծառայութիւնը

Սիրան իր ջերմ փափաքով կ’որոշէ ծառայել Շարժայի Օհաննէսեան միօրեայ վարժարանին: 2019-ին, կը ներկայանայ վարժարանի տնօրէնութեան, տնօրէնուհի տիկին Վարդուկ Գարակիւլեան-Փիլիպպոսեանին եւ կ’ընդունուի աշխատանքի որպէս կոկոն դասարանի օգնական ուսուցչուհի: Այդ շրջանին, տարի մը մանկապարտէզպանուհին էր տիկին Ալինէ Դաւիթեան-Արթունեան, որմէ ետք մանկապարտէզն ու նախակրթարան ունեցան մէկ տնօրէնութիւն: 2019-2024, Սիրան եղած է կոկոն դասարանի օգնական ուսուցչուհի,  մարտ 2024-էն 2025՝ երկրորդ դասարանի:

Միօրեայ վարժարանի բանակումներ

Հետեւեալ տարիներուն, Սիրան իր մասնակցութիւնը բերած է դպրոցի եռօրեայ բանակումներուն՝ (9-11 Դեկտեմբեր 2022,  21-23 ապրիլ 2023 եւ  23-25 փետրուար 2024), որոնք կազմակերպած էին Արա Խանոյեան եւ Օհանէսսեան Ազգային Միօրեայ վարժարանները, Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, 9 տարեկանէն վեր գաղութի բոլոր պարման-պարմանուհիներուն համար:

Սիրան սիրով կը յիշատակէ բանակումին պատասխանատուները. անցեալ երեք տարիներուն՝  Պրն. Մաթիկ Մանուկեանը, տարբեր տարիներու՝ Պրն. Մանոն, տիկին Մեղրիկը, տիկին Տիգրանուհին, տիկին Դալարը: 

Դպրոցին բանակումը ունէր յատուկ յայտագիր՝ երգի ուսուցում, դաշտային խաղեր, տեսերիզի ցուցադրութիւն, կրօն, ձեռային աշխատանք, մարզանք: Որպէս դաստիարկաչական կեանք, բանակումը ունէր ընդհանուր զարգացման մրցում,  դասախօսութիւններ (Հայաստանի աշխարհագրութիւն, Կոմիտաս վարդապետի մասին, կենցաղավառութիւն եւ Արցախի մասին),  ձեռային աշխատանք եւ հայերէն երգերու ուսուցոմ։ Սիրան սրտի մեծ գոհունակութեամբ կը յիշէ, թէ բանակումի աւարտին ինչպիսի յուզումով բոլորը կը բաժնուէին՝ նման առիթներով վերստին միանալու մաղթանքներով:

Ճաշ եփելու սէրը եւ ասեղնագործութիւնն ու դերձակութիւնը

«Շատ կը սիրեմ պատրաստել հայկական ճաշեր», կ’ըսէ Սիրան: Սիրան հայկական խոհանոցի սիրահար է եւ հաճոյքով ու խանդավառութեամբ կը պատրաստէ մեր բոլորին քիմքին հաճոյ «ղափամա», «տոլմա», «սեմսէք», «լահմաճիւն» եւ այլն…:

2020-ին, Շարժայի Տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպած ասեղնագործութեան դասընթացքին, Սիրան խանդավառութեամբ կը հետեւի քանի մը դասապահերու, բայց իր տկար տեսողութեան պատճառով կ’ընդհատէ դասերը: Սիրան տակաւին իր սրտին մէջ կը փայփայէ Մարաշի ասեղնագործութիւն սորվիլ ու հմտանալ անոր մէջ եւ յոյսով է, որ անպայման պիտի սորվի։

Սիրան հագուստներ կարելու շնորհքը ժառանգած է իր մօրմէն  եւ «օրերով թելն ու ասեղը ձեռքս է», – կ’ըսէ ան, «կարած եմ հագուստներ, տարբեր ձեւի պտուղներու, բանջարեղէններու, ինքնաշարժի կերպարով տարազներ: Պատրաստած եմ փոքրիկներու ուսուցման համար ձեռային խաղալիքներ, որոնք շարժական կերպարներ են՝ արեւ, ամպ, օդանաւ, ծառ, թռչուն, տնակ եւ այս բոլորը իր «քլիբ»ներով կը կպչին ու կը հանուին:

«Շատ կը սիրեմ Շարժայի մեր հայկական դպրոցը, ան իմ տունս է:  Չկայ օր մը, որ ես տխուր մտնեմ դպրոց. կը սիրեմ փոքրիկները եւ ինծի հետ սիրայօժար ծառայող ընկերուհիները», կ’ըսէ Սիրան, ու կը շարունակէ ջերմ ու տաքուկ խանդավառութեամբ. «մեր դպրոցին բոլոր դասապահերը, ձեռնարկները, հանդէսները կը ներկայացնեն շա՜տ հետաքրքրական մանկական աշխարհ մը, ուր մենք՝ ուսուցչական կազմս մէկ ձեռքի նման կ’աշխատինք դպրոցին մէջ եւ որու շնորհիւ ալ պիտի վկայեմ ըսելու, որ գերազանց աշխատանք կը կատարուի հոն»:

իր ամուսնոյն Ժագի սրտի առողջական հարցին պատճառով, Սիրան կ’ընդհատէ իր ծառայութիւնը մարտ 2025-ին. կը մեկնին Հայաստան: Վիրահատութիւնէն ետք, իր կատարեալ առողջութիւնը վերագտնելու համար Ժագ կը կարօտի կազդուրման որոշ շրջանի: Սիրան յոյսով է, որ կը վերադառնան Տուպայ յառաջիկայ ամիսներուն ու ինք կը շարունակէ ծառայել իր սիրած Շարժայի Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ վարժարանին:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքին մէկ մասնիկն է Սիրան Շաբոյեան-Էքմէքճի: Սիրան եւ իր ընտանիքը մասնակից են համայնքի միջոցառումներուն: «Ճիգ չեմ խնայած ընտանիքիս հետ ներկայ գտնուելու եկեղեցւոյ պատարագներուն եւ տօնական տաղաւարներուն, կազմակերպուած դասախօսութիւններուն», կը պատմէ Սիրան: «Արեւմտահայերէն կը խօսիմ նաեւ մեր տան մէջ, իմ զաւակներուս եւ ամուսնոյս հետ»:

[1] Կեչառիսի վանքային համալիր, հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կոտայքի թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցի, Կոտայք մարզի Ծաղկաձոր քաղաքի հիւսիս-արեւմուտքը՝ կառուցուած 11-13րդ դարերուն: Բաղկացած է չորս եկեղեցիներէ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Սուրբ Նշան եկեղեցի, Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցի, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի

Վարշաւայէն Վատիկան շարունակուող ապիկարութիւնը եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը

Փրոֆ Արա Սայեղ

Վարշաւայի սլաքը

Վարշաւայի սլաքը կը յուշէ եւ կ’ընդգծէ 24 մայիս 2024-ին, Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ «Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Ազրպէյճանի բազմամշակութային ինքնութեան մէջ» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը որ մինչեւ 7 յունիս շարունակուեցաւ, որուն մանրամասնօրէն անդրադարձանք եւ բոլոր յարակից հանգամանքները մի առ մի բերելով վերծանեցինք բացայայտելով կաթոլիկ եկեղեցւոյ տեղւոյն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ապիկար ներգրաւումը այդ հակահայ շահարկման մէջ [1]։ Բնական է, կաթոլիկ հոգեւորականներու այս անվայելուչ արարքը ոչ միայն խորապէս վիրաւորեց  իրաւատէր արցախահայութիւնը, այլեւ տագնապ ու զայրոյթ յառաջացուց համայն հայութեան մէջ։

Իրականութեան մէջ Վարշաւայի ցուցահանդէսը կողմնացոյց մըն էր, որմէ կարելի էր գուշակել, դէպի աւելի յանդուգն եւ մշակուած յաջորդ ցուցահանդէսներ, ընդլայնուած միջազգային հերքողական բնոյթով գիտաժողովներ, կլոր ու տարածուն զրոյցի սեղաններ կազմակերպելու կարելիութիւնները։ Վարշաւայի ցուցահանդէսէն այնքան ընկալելի էր Ազրպէյճանի կողմէ «ԱՂՈՒԱՆԱԿԱՆԱՑՄԱՆ» որդեգրած քաղաքականութեան հեռահար նպատակը: Վարշաւայի Ցուցահանդէսը փոքրածաւալ մէկ մանրանկարն էր օրէցօր ընդլայնուող խեղաթիւրումի ծրագրի մը, որուն հիմնական նպատակն է ազերպայճանական քարոզչամեքենայի ամբողջական ուղղուածութեամբ եւ յաջորդական քայլերով՝ հերքել, ուրանալ եւ աղաւաղել հայկական Արցախի հոգեւոր պատկանելիութեան պատմական իրողութիւնը, եւ յատկապէս քարոզչական լայն հողատարածքներ ապահովելու Եւրոպայի մէջ, ժխտելու եւ միջազգայնացնելու պատմական կեղծիքները։

Բոլոր պատեհ առիթներով, մշակութային թէ գեղարուեստական, հնագիտական թէ ազգագրական եւ նոյնիսկ լեզուաբանական ու կրօնական հակահայ սերտուած յայտագիրներով, ցուցադրական ու քարոզչական արշաւներով աղաւաղելու հայ իրաւատէրն ու անոր կրօնապատմական ժառանգութեան ճշմարտութիւնը, իսկական էութիւնը:

Յիշեցուցած էինք, որ անմեկնաբանելի է կաթոլիկ իշխանաւորներու պատմական կեղծիքի սատարողներն ու այդ կեղծիքները տարածելու մասնակիցները ու մեղսակիցները դառնալու անվայելչութիւնը, մանաւանդ որ խղճալի ու մերժելի նման վարմունք մը խաւիարային գարշահոտութիւն մը կը բուրէ: Ազրպէյճան իր նախագծուած անպարկեշտ ու աշխուժ ճիգերով, նենգամիտ ու հեռատես ծրագրերով՝ «Քրիստոնէական մշակոյթ»-ի, հոգեւոր քնքոյշ շղարշին տակ կարողացած է խաւարել, «ուղեղներու լուացում»-ի ենթարկել Կաթոլիկ եկեղեցւոյ վարչական կառոյցի իշխանաւորներու միտքերը, թափանցած է անոնց ողջ կազմերէն ներս եւ սկսած է ներսէն կրծել, չարաշահել Արցախի եւ ընդհանրապէս հայու կրօնամշակութային ինքնութիւնը, հոգեւոր ժառանգութիւնը: Այդ բոլորի դիմաց գերհրամայական էր, որ զգաստ եւ կարող հայ հոգեւոր պետերը իրենց միջկրօնական հանդիպումներուն, հաղորդակցութիւններուն, երկխօսութիւններուն գործնական ծրագրերով [1],

1-     Անյապաղ բարձրաձայնեն մոլորեցնող նման արարքներ, դատապարտեն կաթոլիկ հոգեւորականներու վատառողջ նման արարքներու ներգրաւումը,

2-     Համակարգուած աշխատանքով եւ վճռակամութեամբ հակադարձեն ազերիական կեղծ հրապարակումներուն, սադրիչ պնդումներուն,

3-     Յանձնառութեամբ պաշտպանեն հայապատկան հոգեւոր նիւթեղէն դարաւոր ժառանգութիւնը,

4-     Աշխատանքային յայտագիրներու վրայ մնայուն հրատապ օրակարգ ունենան արցախահայութեան քրիստոնէական կրօնամշակութային խեղաթիւրումներու առաջնակարգութիւնը,

5-     Մանաւանդ հայ հոգեւոր ինքնութեան` սրբազան վայրերու, մշակութային բազմադարեայ պատմութեան, հոգեւոր ժառանգութեան արդարացի պաշտպանութիւնը, կանխելու համար Նախիջեւանի եւ Արցախի մէջ կատարուած նիւթեղէն ժառանգութեան նկատմամբ բարբարոսութիւններու կրկնութիւնը:

Նպատակ չունինք արժեւորելու կամ քննարկելու, թէ որքանով վերոյիշեալ առաջադրանքները իրագործուեցան, կամ ընդհանրապէս ինչպիսի՞ համակարգուած գործնական ծրագրերով մենք կուրծք տուինք  կրօնամշակութային եւ պատմական ժխտողականութեան։ Սակայն փաստ է, որ ճիշդ պահուն հակազդելու մեր աշխուժութիւնը թոյլ է, նախագծուած ու  բաղձալի ծրագրերով չիրականանար։ 

Կարելի է յիշել նաեւ, որ առաջին անգամ չէ, Վատիկանի ծառայութիւնը Պաքուի քարոզչամեքենային․ 2024 թուականի կիսուն Վատիկանի հովանիին տակ «L’Osservatore Romano» պաշտօնաթերթը  յօդուած մը հրատարակած էր՝ «A Khudavang, Ganjasar e Khatiravang Monasteri tra le nuvole» («Խուդավանքը, Խաթրավանքը եւ Գանձասարի վանքը՝ ամպերու մէջ») վերնագրով, ուր հայկական ժառանգութեան կարեւորագոյն յուշարձաններէն՝ Դադիվանքը, Գանձասարը եւ Խաթրավանքը կը ներկայացուէին իբրեւ աղուանական ժառանգութիւն։ Յօդուածին հեղինակ՝ Ռոսելլա Ֆապիանի գրութեան մէջ կը բացայայտէր Ազերպայճան կատարած իր այցելութիւններուն մասին, նշելով թէ գացած է «Garabagh», ծանօթացած՝ «աղուանական ժառանգութեան» վեհաշուք վանքերուն։

Վատիկանի սլաքը

Ապրիլ 2025-ին, դարձեալ ազերիական քարոզչամեքենային նախաձեռնութեամբ, քրիստոնէութեան սիրտը համարուող Վատիկանի մէջ, Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին, մանաւանդ  ցեղասպանուած հայ ուխտապահ ժողովուրդին համար, «նորէն ապրելու կամք»-ի Ապրիլ ամիսը, լեցուն խորհուրդով եւ յատկանշական կսկիծով, յորդորիչ յորդ թելադրողականութեամբ, եւ տակաւին մեր բոլորի յիշողութեան մէջ թարմ է Արցախը, իր հոգեւոր պատմական ժառանգութեամբ, երբ առանց հրաժեշտի, առանց խունկի ու մոմի  դադրեցաւ ապրելէ։ Հակառակորդը իրավիճակին քաջածանօթ գիտակցութեամբ կատարեց կողմնացոյցի նախատեսուած յաջորդ քայլը։ Հռոմի հեղինակաւոր ու նուիրական Գրիգորեան համալսարանին մէջ Սուրբ Աթոռի՝ Ազերպայճանի դեսպանութեան եւ ազերպայճանական որոշ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ Ապրիլ ամսուն 10 եւ 11 թուականին տեղի ունեցաւ «Քրիստոնէութիւնը Ազերպայճանի մէջ. պատ­մութիւն եւ արդիականութիւն» վիճայարոյց վերտառութեամբ գիտաժողովը, տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։  Գիտաժողովի յայտագրին մէջ կը կարդանք, թէ 2001 թուականէն սկսեալ 2025 թուականի կազմակերպուած նշեալ գիտաժողովը 12-րդն է, որուն մէջ իբրեւ լոզունք կը յիշուի նաեւ՝ «Վաղ քրիստոնէութենէն սկսեալ Կովկասեան Ալպանիայի համայնքները, ուր այդ համայնքներ այսօր կ’ապրին Ազրպէյճանի՝ աշխարհիկ եւ բազմամշակութային պետութեան մէջ։ Ազրպէյճանը կ’երաշխաւորէ Քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումն ու զարգացումը՝ միաժամանակ նպաստելով միջկրօնական ներդաշնակութեան»։

Վատիկանի այս գիտաժողովին որպէս անդրադարձ, որոշ ժամանակէ մը հանդարտ ու անաղմուկ մնացող մեր հովուապետական աթոռներու հոգեւոր իշխանաւորները լռութիւնը խզելով, կայծակնային արագութեամբ իրենց լրջախոհ կոչերով հակադարձեցին, սթափած յայտարութիւններով անբաստանեցին, հաղորդագրութիւններով պարսաւեցին, բուռն ձեւով դատապարտեցին Վատիկանի կողմէ նման արարք մը։ Իսկ Վատիկանի ենթակայ հայ հոգեւոր իշխանաւորներ նախընտրեցին աւելի զուսպ մնալ կատարուածին հանդէպ։ Հոս կարելի է հարց տալ՝ ինչո՞ւ այդ բոլոր հոգեւոր իշխանաւորները, հայ աշխարհիկ միաւորները անտարբեր ու անաղմուկ մնացին, յախուռն հակազդեցութիւններ չկատարեցին մայիս 2024 թուի Վարշաւայի ազերիական ցուցահանդէսի պարագային։

Գաղտնի կազմակերպուած նման գիտաժողով մը քարոզարշաւի անշուք սեմինար մը կարելի է համարել, իր անհեթեթ նօսրութեամբ, իր  տարակուսելի մասնակիցներով  եւ իրմէ բխող կասկածելի արդիւնքներով: 

Բայց եւ այնպէս Պաքուի բռնապետական վարչակազմը կարողութիւնը ունեցաւ հայ ազգային տարբեր հարթակներ փոթորկել, հայկական մամուլի մէջ խայտառակող առատ մելան հոսեցնել, ժխտական անդրադարձներու տարափ մը տեղացնել,  ուր բոլորն ալ միաւորուած՝ խոր ցաւ, ընդվզում ու ափսոսանք յայտնեցին մեղսակից Վատիկանին այս անպատասխանատու վարքին համար։ 

Մեղադրանքներ, կոչեր, յորդորներ ուղղուեցան քրիստոնէութիւնը ծախու հանող Վատիկանին, որպէսզի պահպանէ պատմական հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ճշմարտութեան ամբողջականութիւնը եւ յատկապէս մերժէ ու հրաժարի ամէն տեսակի յօրինուած ու կեղծ կրօնական խաբեբայութիւններու մեղսակից ըլլալէ, հեռու մնայ պատմութիւնը վերաշարադրող նման նախաձեռնութիւններէ եւ հանրային պարզաբանում եւ ներողութիւն պահանջեցին Վատիկանէն։ Բացատրութիւններ պարտադրեցին հայ դասախօսներուն միտումնաւոր բացակայութեան համար, զայն նկատելով միակողմանի եւ գիտական անարդարութիւն մը պատմական բացայայտ ճշմարտութեան դէմ։

Միջյարանուանական բազմազան զօրակցական այցելութիւնները աշխուժացան նման նախաձեռնութիւնները կանխելու, դիմադրելու եւ չարագործ այս արարքին դէմ կանգնելու նպատակով։ Իրականութեան մէջ այդ բոլորը խօսքի փոխարէն շատոնց ծրագրուած եւ գործնական նախագիծերով հակազդելու պատրաստ պէտք է ըլլային, երբ թշնամին հանդարտ ձեւով վաղուց ծրագրած եւ Վատիկանի նման միջազգային հարթակի մը մէջ իրականացուցած էր։

ինքնադատութեան կողմնացոյցը

Բոլոր նախատեսուած պոռթկումները շատ ողջունելի, արդար ու գնահատելի են։ Քաջ գիտակցելով նաեւ, որ Վարշաւայի եւ Վատիկանի ծրագրուած քարոզչական յայտագիրներու քաղաքական ուղղուածութեան թիրախը կանխատեսելի եւ յստակ էր, երկու իրադարձութիւնները մէկն ու միւսը զիրար կը լրացնեն, այս մէկը առաջին կամ վերջինը պիտի չըլլայ։ Առաջին դասը որ կարելի է քաղել մեր հակառակորդներէն, մե՛ր տկարութիւններուն անդրադարձն է, մեր խոցելի թերիներուն ինքնաքննարկումն է։ Հարցը միայն Վատիկանի այսպէս կոչուած գիտաժողովի մը իրադարձութիւնը չէ, իսկական արժեւորումը այն է, թէ ի՞նչ ճիշդ ծրագրեր կրնայինք իրագործել ու չըրինք, ո՞ւր են մեր թերացումները, բացթողումները եւ կիսատ-պռատ գործիքակազմերը, հաւաքական թերիները, եւ մանաւանդ ինչպէ՞ս պէտք է դիմագրաւել յառաջիկայի նման ծրագրեր։ Ինքնաքննութեան փորձը չընենք զոհի հոգեբանութեամբ, այլ՝ ճշմարտութեան արդարացի ինքնապաշտպանութեամբ, յառաջ երթալու վճռակամութեամբ եւ յաղթայարելու տրամադրութեամբ։ Հոս կարելի է մի քանի նկատողութիւններ ցանկագրել, պարզապէս օրինակներ յիշելու համար.-

  • Վատիկանը իբրեւ տիեզերական եկեղեցի բազմազգ կղերականներու վարչամեքենայով բանող կառոյց իր գործելաոճին մէջ ազգայինը աննշան է եւ անհրապոյր անհրաժեշտութիւն: Ուստի անխորհուրդ ակնկալութիւն է այդ կառոյցի բոլոր հոգեւորականներէն ակնկալել, որ հայասէրներ ըլլան կամ հայանպաստ ծրագրերուն համակիրներ։ Նոյն ժամանակ վերահասու գիտակցութեամբ, որ Վատիկանի այգիներուն մէջ 5 Ապրիլ 2018-ին, տեղի ունեցաւ հայ փիլիսոփայ, աստուածաբան, բանաստեղծ եւ տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ Գրիգոր Նարեկացիի երկու մեթր հասակով արձանին բացումը։ Վատիկանի մէջ 28 Մարտ 2025-ին, վաւերացուեցաւ 1915 թուի հայոց ցեղասպանութեան նահատակ Երանելի Իգնատիոս Շուքրալահ Մալոյեանի սրբադասման ու երանացման գործընթացը։
  • Հարց տանք մեր հոգեւոր թէ աշխարհիկ բոլոր միաւորներուն՝ նուազագոյն վերջին հինգ տարիներուն ինչպիսի՞ ստուեր եւ պերճաշուք թիւով քարոզչական ծրագրեր եւ աչքագրաւ վայրերու մէջ բռնագրաւուած Արցախի վտանգուած մշակութային ժառանգութեան ցուցադրական արշաւներ նախաձեռնեցինք, շրջուն ցուցահանդէսներ իրականացուցինք, երկխօսութիւններ կազմակերպեցինք։ Նման բազմապիսի քարոզչական բազմազան արշաւներ պէտք էր կազմակերպած ըլլայինք Եւրոպայի զանազան երկիրներու, մայրաքաղաքներու, քաղաքներու, եկեղեցիներու, կրօնամշակութային տարբեր հաստատութիւններու մէջ, հանրայնացնելու հայ հոգեւոր ժառանգութեան յատկաբանութիւնը, արդար ու գիտական լուսաբանութիւններով պարզելու հայ հոգեւոր ժառանգութեան եզականութիւնը, Ազերպայճանի իշխանութիւններու կողմէ ծրագրուած հայկական պատմական փաստերը շահարկելու եւ հայ ժառանգութեան ինքնութեան կեղծումին դէմ։
  • Օրինակելի է Արեւելքի քրիստոնեաներու առանցքով իր գործունէութիւնը ծաւալող Ֆրանսայի «L’Œuvre d’Orient» կազմակերպութիւնը, որուն գործնական արձագանգը չուշացաւ Վարշաւայի մէջ, հակադարձելով Ազերիական մայիսեան ցուցահանդէսին, այս անգամ 2024 թուականի հոկտեմբեր 4-18-ը, Լեհահայերու մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամին հետ՝ «Լեռնային Ղարաբաղ. վտանգուած հայկական ժառանգութիւն մը» խորագրով բացօթեայ ցուցահանդէսը կազմակերպուեցաւ Վարշաւայի մէջ։
  • Շրջուն բնոյթով նման քարոզչական ցուցահանդէսներ, յաճախակի շրջագայութեամբ պէտք է իրականանան Եւրոպայի այլ երկիրներուն մէջ։ Անշուշտ, հոս բարձր կարելի է գնահատել monumentwatch.org կայքի տարած խղճամիտ, գիտապատմական, հարուստ տեղեկութիւններով եւ լուսանկարներով շտեմարանի հարթակը։
  • Միջազգային հարթակներու վրայ աւելի բարձրացնելու անյապաղ կարիքը ունինք Ազերպայճանի կողմէ թիրախ դարձած մշակութային ժառանգութեան աւերուածութիւններուն թիւերու մասին։ «Caucasus Heritage Watch»ը (CHW) 24 Յունիս 2024 թուին, հրապարակած բռնագրաւուած Արցախի վտանգուած մշակութային ժառանգութեան դիտարկման զեկոյցները կը փաստագրեն, որ 2023 էն ի վեր 75 տոկոսով աւելցած է Արցախի մշակութային ժառանգութեան լայնածաւալ ոչնչացումը, արբանեակային պատկերներու բացայայտումով, որոնք նոյն թափով կը շարունակուին:
  • Պէտք է բարձրաձայն հակադարձել «Ազրպէյճանը իբրեւ երաշխաւորը Քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումին ու զարգացումին՝ միաժամանակ նպաստողը միջկրօնական ներդաշնակութեան» անհեթեթ լոզունքին, հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել, նոյնինքն ազերիական ծրագիրներով, ձեռքերով իրագործուած բարբարոսական ոչնչացումը, ինչո՞ւ տեղի կ’ունենայ այդ «աղուանական» եկեղեցիներուն, կրօնապատմական կոթողներուն, գերեզմաններուն ու գիւղերուն քանդումը, ինչո՞ւ այդ բոլորը ամբողջական քանդումին կ՛ենթարկուին։
  • Եւրոպայի եկեղեցիներուն եւ հոգեւորականներու, հանրութեան լայնածաւալ ձեւով տարածա՞ծ ենք «Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի» կոչերը՝ յարգելու Արցախի հայ քրիստոնէական սրբազան վայրերը եւ մշակութային ժառանգութիւնը։
  • Արբանեակային փաստագրումներով բացայայտա՞ծ ենք 2020 թուի պատերազմէն ետք, Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, երբ օրէ օր կը կործանին հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան կոթողներ, հոգեւոր կառոյցները՝ եկեղեցիներ, յուշարձաններ, խաչքարեր, գերեզմանատուներ, արձաններ,կը ջնջուին հայկական արձանագրութիւնները հայկական եկեղեցիներու պատերէն եւ տապանաքարերէն, իսկ որոշ պարագաներուն այդ եկեղեցիները մզկիթներու կը վերածուին:
  • Եւրոպայի տարածքին Պապական Աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումնարաններ եւ կրօնական հաստատութիւններ այցելա՞ծ ենք, մեր ցուցահանդէսներով, գիտական քարոզարշաւներով եւ սեմինարներով ներկայացուցած ու բացատրա՞ծ ենք հայ եկեղեցւոյ կառոյցը, ինքնութիւնն ու մեր հոգեւոր ժառանգութեան արդարացիութիւնը, գիտական հիմքերով բացայայտա՞ծ ենք պատմական ճշմարտութիւնը։
  • Արդար ըլլալու համար քրիստոնեայ արեւմուտքը, Աստուածաբանական ուսումնարանները ընդհանրապէս անտեղեակ են արեւելքի կրօնական հակամարտութիւններէն, քիչ ծանօթ են հայկական պատմական ժառանգութեան մանրամասնութիւններուն, հայ կրօնական մշակոյթի առանձնայատկութիւններու բովանդակութեան։  

Ազերպայճանի իշխանութիւններու հայկական պատմական փաստերը շահարկելու, հայ ժառանգութեան ինքնութեան կեղծումը, բռնաիւրացումը եւ սեփականացնելու քաղաքականութիւնը, ծրագրուած չարաշահումներու ուղեծիրը վաղեմի են բոլորիս, ծանօթ են նաեւ նուաստ  միտումները՝ Վարշաւա, Վատիկան կամ այլուր հակահայ քարոզչութեան հերթական արգաւանդ շուկաներ դարձնելու նախագիծերը:

Կը մնայ միայն յիշել մեր խոկումի եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը, եւ մանաւանդ յիշեցնել՝ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ հարկաւոր է համազգային կամքով՝ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ,  ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՈՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ  ԾՐԱԳՐԵՐՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ  ԼԾՈՒԻԼ: 

[1] https://darperag21.net/%d5%be%d5%a1%d6%80%d5%b7%d5%a1%d6%82%d5%a1%d5%b5%d5%ab-%d5%b4%d5%a7%d5%bb-%d5%a1%d5%a6%d5%a5%d6%80%d5%ba%d5%a1%d5%b5%d5%b3%d5%a1%d5%b6%d5%ab-%d5%a2%d5%a1%d5%a6%d5%b4%d5%a1%d5%b4%d5%b7%d5%a1/

Թամարա Յովհաննիսեան. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական սփիւռքի մէկ մասնիկը

Տիկին Թամարա Յովհաննիսեան երախտագիտութեամբ կը պատմէ Արաբական միացեալ էմիրութիւններու մէջ իր անցուցած տարիներուն, յատկապէս իր ուսուցչական ծառայութեան մասին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրին մաս կազմող Օհաննէսեան ազգային միօրեայ հայկական վարժարանին մէջ, որ հիմնուած է 1998-ին:  Յիշեցնենք, որ Շարժայի հայկական միօրեայ Վարժարանը հիմնուած է 1980-ին, եւ 18 տարի վճռական քայլերով շարունակած է իր դասաւանդումները տարբեր կառոյցներէ ներս մինչեւ հաստատուիլը իր սեփական վայրին մէջ:

«2001-ին, աղջիկս Իրինա եւ ամուսինը աշխատանքի նպատակով մեկնեցան Էմիրութիւններ, երբ իրենց որդին՝ Նարեկը մէկ տարեկան էր: Տղաս Արմէնը նոյնպէս աշխատանքի բերումով Էմիրութիւններ մեկնեցաւ իր կնոջ եւ դուստրին՝ Մարիամիկի հետ: 2005-ին, աղջկաս օգնելու նպատակով, մենք տեղափոխուեցանք Շարժա, երբ լոյս աշխարհ պիտի գար թոռնիկս՝ Իրինային երկրորդ զաւակը՝ Դաւիթը»,- կը պատմէ Թամարա:

«Երբ ես Էմիրութիւններ եկայ, շատ էի մտածում թէ՞ ինչպէս կարելի է ապրել առանց հայութեան: Նոյնիսկ չէի գիտեր, որ եկեղեցի եւ դպրոց կայ: Բարեբախտաբար գնացել էինք Շարժա Grand Hotel մեր թոռնիկներու հետ: Լողաւազանում կը լողային երկու սուրիահայ երեխաներ: Զրոյցին ընթացքին մեզի հարցուցին թէ «ձեր թոռնիկները հայկական վարժարան կը յաճախե՞ն»: Ես պատասխանեցի. «մենք նոր ենք եկել Հայաստանից, ոչ մի կապ չունենք հայ համանքի հետ»: Յաջորդ օր մենք հետաքրքրուեցինք եւ Նարեկին տարինք վարժարան: Ես սկսեցի մեծ թափով Նարեկին հայերէն այբուբէնը սովորեցնել: Ընթացքին, բոլոր ուսուցչուհիները զարմանում էին իմ ձեռագրի վրայ: Մի օր երբ գնացի վարժարան,  ուսուցչուհիներ Նուարդ Թնկրեանը եւ Սիւզին հարցուցին ինծի, թէ «կը փափաքիս աշխատիլ դպրոցին մէջ», ես պատասխանեցի «ի հարկէ»: Անմիջապէս գնացի  պարոն Նշան Պասմաճեանի մօտ՝ դիմելով, որ ընդունի ինձ աշխատանքի: Յետոյ սկսեցի բոլոր նորեկները խրախուսել որ իրենք ալ դառնան հայ համայնքի մի մասնիկը…Ես ամէն անգամ որ կը հանդիպէի հայերու, անպայման հարց կու տայի, թէ «տեղեա՞կ են հայկական եկեղեցւոյ եւ վարժարանին մասին», եւ կը բացատրէի համալիրի գտնուող թաղամասին տուեալները», կը պատմէ Թամարա Յովհաննիսեան:

Ուսուցչական գործունէութիւն – Օհաննէսեան Ազգային միօրեայ հայկական վարժարան

«Թոռնիկներս՝ Նարեկը եւ Դաւիթը յաճախած են Օհաննէսեան. Նարեկը մինչեւ 9-րդ դասարան, Դաւիթը մինչեւ 7-րդ: Դաւիթի յաճախելու տարին էր, որ ընդունուեցայ աշխատանքի: Այնքան սիրալիր տարիներ էին 2009-2018 ինծի համար: Կ’ուզեմ իմ շնորհակալութիւններս յայտնել մեր սիրելի տնօրէններ պրն. Նշան Պասմաճեանին, որ ներկայիս Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի առաջնորդարանի դիւանապետն է, տիկ. Անժել Սապային,  պրն. Հրաչ ՔէլՍահակեանին եւ բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, ես երախտապարտ եմ բոլորին…»  Երբ ես աշխատանքի անցայ Օհաննէսեան, ինչքան ուրախ էինք. թոռնիկներուս հետ անհամբեր կը սպասէինք, թէ ե՞րբ պիտի յաջորդ շաբաթը գայ, որ հայ համայքին հետ կապի մէջ լինենք…: Ես այնչափ ուրախ եմ, որ նման համայնքներ գոյութիւն ունին սփիւռքի մէջ, որ մեր սերունդը կը մեծանայ հայեցի: Բարեկիրթ շրջապատին համար, ես կը խոնարհիմ բոլոր անոնց առջեւ, որոնք ստեղծել են Էմիրութիւններու հայ համանքը…», կը պատմէ Թամարա:

2010-2011 տարեշրջան Տնօրէն Նշան Պասմաճեանի հետ
Ձախէն 4-րդը՝ օգնական ուսուցչուհի Թամարա Յովհաննիսեան հայոց լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցիչ Պրն. Յակոբ Չոլաքեանի հետ: Շարժայ, մարտ 2015[1]
Ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2016, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիսապետեց  Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պատարագը, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը նախագահեց Ազգ. Օհաննէսեան վարժարանի կաղանդի հանդիսութիւնը Փիէր Քէօսէեան սրահին մէջ:

Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2014-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը առաջին անգամ ըլլալով կ’այցելէր Շարժայի Օհաննէսեան հայկական միօրեայ վարժարանը: Աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած էր յատուկ յայտագիր մը: Արամ Վեհափառը Նարեկին հարց կու տայ, թէ «ի՞նչ է անունդ, եւ ի՞նչ գիտես Գրիգոր Նարեկացիի մասին»: Արամ Ա. Կաթողիկոս խաչ կը նուիրէ Նարեկին առ ի գնահատանք տուած ճգրիտ պատասխաններուն:

 

«Պէտք է ասեմ, որ երբ Էմիրութիւններ եկայ՝ չէի իմանում անգլերէն, արաբերէն, բայց ես իմ թոռնիկներուս հետ եւ ճիգ չխնայելով ինքնուս սորվել եմ այդ լեզուները: 4 նոյեմբեր 2017-ին մասնակցել եմ Sharjah Expo «7-գոյն» գիրքի ներկայացմանը: Նշեալ գիրքը կ’ընդգրկէր մանկագիր Ալլա Սերոբեանի «Vasil» պատմուածքը, որ ես արաբերէնով արաբ փոքրիկներուն էի պատմել: Իսկ Էմիրաթցի արաբուհու հետ ընդհանուր հարցերին պատասխանել էի անգլերէնով»:

«2018-ի ամավերջի հանդէսէն ետք, ես պէտք էր, որ թոռնիկներուս հետ վերադառնայի Երեւան, Նարեկի բանակի զօրակոչուելու տարին: Չեմ կարող մոռանալ այդ հրաժեշտի պահը՝ բաժանումս Էմիրութիւններու հայկական եկեղեցւոյ եւ վարժարանի դասարաններէն, տնօրէնութենէն եւ ուսուցչական կազմէն …», կը պատմէ Թամարա: 

Ամավերջի հանդէսը Թամարա Յովհաննիսեանի հրաժեշտի օրն էր՝ Էմիրութիւններու հայ համայնքի մէկ մասնիկը իր սրտին մէջ պահելով ու իր հետ տանելով 9 տարիներու ազգային արժէքներու եւ ինքնութեան գոյատեւումի անվերջ պայքարի վճռականութիւնը, զոր ան կը շօշափէր ամէն օր Էմիրութիւններու հայ սփիւռքին մէջ (Շաքէ Մանկասարեան):

Թամարա Յովհաննիսեանի վերադարձը հայրենիք

Աջէն առաջինը Թամարա Յովհաննիսեան «Մանկան Տան» կազմին հետ:

«Ես պէտք է նաեւ վկայագրեմ, որ Օհաննէսեանի երեխաներուն շնորհիւ, 2017-ին օգնութիւն-նպաստ բերած ենք «Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատանը» : Իսկ, 2018-ին՝ Նորք-Մարաշ վարչական շրջանի «ՄԱՆԿԱՆ ՏԱՆ», ուր փոքրիկներուն մեծ մասը հաշմանդամութիւն ունի», կ’ընդգծէ Թամարա:

2019-էն մինչեւ այսօր Թամարա ժրաջանօրէն եւ ջանասիրաբար կ’աշխատի  Նորք-Մարաշ վարչային շրջանի «ՄԱՆԿԱՆ ՏԱՆ» մէջ որպէս խնամակալ, հոգատար:

Ինքնակենսագրութիւն

«Ծնողներս Արարատի մարզի Լանջառ համայնքի Բիրալու գիւղից են: Ես ծնած եմ 4 դեկտեմբեր 1957-ին, յետոյ ապրել Այգեպատ գիւղում, որտեղ էլ սովորել եւ աւարտել եմ միջնակարգ դպրոցը, որից յետոյ՝ 1974-ին սովորել եմ Երեւանի քոլէճում որպէս ճարտարապետ-գծագրող: Աւարտելուց յետոյ ամուսնացել եմ Երեւանում: 25 տարի աշխատել եմ իմ մասնագիտութեամբ Երեւանի քարտեզագրական ինստիտուտում եմ որպէս գծագրող, (Մոսկուայի քարտեզագրության ճիւղերից է): Միատեղ աշխատել եմ ասեղնագործութեան հետ կապուած յունական գրասենեակում որպէս տնօրէնուհի եւ այլն….»: «Ամուսնոյս ծնողները արմատներով Լանջառ համայնքից էին: 1977-ին ամուսնացել եմ Եուրաի հետ. ունինք մէկ տղայ՝ Արմէն եւ մէկ աղջիկ՝ Իրինա: Մեր զաւակները արդէն ամուսնացեր են եւ մենք ունինք 3 թոռնիկ՝ Նարեկը եւ Դաւիթը Իրինայի զաւակները, Մարիամիկը՝ Արմէնի աղջիկը: Իրինան եւ իր զաւակները կ’ապրին ու կ’աշխատին Տուպայի մէջ: Ամուսինս արդէն մահացեր է: Գոհունակութիւն կ’ապրիմ, որ իմ թոռնիկները հայեցի կրթութիւն են ստացել եւ ես ջանք չեմ խնայել իրենց բարեկիրթ մեծանալու հոգատարութեանս մէջ»,- Կը նշէ Թամարա Յովհաննիսեան:

……………………………………………………………………………….

[1] Շարժայի Օհաննէսեան ազգային վարժարանի հոգաբարձութիւնը վարժարանի ուսուցիչներուն համար կը կազմակերպէ լսարան մը, որ տեղի կ’ունենայ 1 – 5 Մարտ 2015-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահին մէջ: Լսարանի դասաւանդութիւնները կը կատարէ հայոց լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցիչ՝ Պրն. Յակոբ Չոլաքեանը:

Հռոմի պապին վախճանումը եւ…մեր ցնդաբանութիւնները

«Ամբողջ աշխարհը մեզի դէմ է»,- կը մտածէ գրեթէ իւրաքանչիւր միջին հայ եւ համոզուած է, որ քաղաքակրթութիւնն ու աշխարհի մէջ կատարուող քիչ թէ շատ նշանակալի որեւէ իրադարձութիւն մեծ դաւադրութիւն մըն է հայութեան հանդէպ: Արդեօք ինչո՞ւ ամբողջ հայութեան, եւ ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան, այդ միջին հայուն համար պարզ է այնպէս, ինչպէս, որ 2+2=4: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդամէնը երեսուն տարիէ ի վեր, մինչդեռ հայութիւնը հազարաւոր տարիներէ ի վեր ապրած է այս երկրագունդին վրայ ու արդէն անոր թշնամիները նոյնքան ժամանակ փորձած են ամբողջովին ոչնչացնել զինք: Դժուար է ըսել, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ պատճառով սկսած է հայ ժողովուրդին եւ անտեսանելի թշնամիին միջեւ այս հակամարտութիւնը, որու արտայայտութիւնները եղած են տարբեր ժողովուրդներու յարձակումները Հայաստանի վրայ եւ անվերջանալի ջարդերը։ Միջին հայը այս բոլորը չի գիտեր, սակայն համոզուած է, թէ զինք կ’ուզեն ոչնչացնել, եւ յանուն անոր՝ ոչ մէկ բանի առջեւ կը կանգնին։ Ու այս անհաւասար պատերազմին մէջ, հայը միայն մէկ դանշակից-հովանաւոր ունի` Աստուած: Որովհետեւ մենք առաջին քրիստոնեան ենք, այդ իսկ պատճառով ալ, աւագութեան իրաւունքով Աստուած նախ եւ առաջ մեզ պիտի փրկէ ու պահպանէ, յետոյ նոր կարելի է միւսներով զբաղիլ ու միւսները փրկել զուտ այնքանով, որքանով, որ անոնք բարեհաճ եղած են հայուն ու Հայաստանի հանդէպ:

Ու նոյնիքն այդ աստուածային օգնութեան նշաններէն մէկն ալ Հռոմի Պապին մահն էր: Հայերէն շատերը ուրախացան եւ ըսին, որ այդ պատիժ էր անոր համար, որ Վատիկանի մէջ գիտաժողով կատարուած էր «Քրիստոնէութիւնն ու Ատրպէյճանը» խորագրով, որ ուղղուած էր Արցախի ուտիացման եւ աղուանականացման: Միջին հայը նաեւ նման պահերուն կը սկսի յիշել, թէ ալ ո՞վ ու ե՞րբ, ի՞նչ վնասներ տուած է հայուն ու Աստուած որքանով է զանոնք պատժել: Օրինակ Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ մէջ որեւէ պատահարի հեղինակը Աստուած է՝ հրդեհ, երկրաշարժ եւ այլն: Այդ բոլորը Աստուած կը բերէ անոնց գլխուն, որ պատժէ հայուն թշնամիները: Աստուած վնասարար է, ոչ աւելի:

Նման ցնդաբանութիւն, որ մեզի համար իւրայատուկ թմրանիւթ է, կը շարունակէ աճիլ ու զարգանալ անընդհատ ու անվերջ: Միջին հայը նաեւ կը զարմանայ, որ Հռոմի պապը թոյլ տուած է նման այլանդակութիւն կատարել՝ շատ լաւ գիտնալով, թէ ո՞վ է հայը եւ ո՞վ է ատրպէյճանցին: Միջին հայը ի հարկէ ինքն իրեն նեղութիւն չի տար հասկնալ փորձելու, թէ այդ ի՞նչ պատահեցաւ, որ Հռոմի պապը որոշեց օրհնել ատրպէյճանական գիտաժողովը: Կայ պատրաստի երկու տարբերակ: Մէկն այն է, որ Հռոմի պապը ծախուեր է Ալիեւին, միւսը, որ Հռոմի պապը մասոն է, իսկ մասոնները հաւանաբար ստեղծուած են, որ հայերը ոչնչացնեն: Ու Աստուած ալ պատժեց Հռոմի պապը՝ զայն մեռցնելով: «Օ՜, Պապը չէր մոռցած նաեւ տէր եւ տիկ. Ալիեւը խաչ շքանշանով մը պարգեւատրել։ Ինչպէ՞ս կրնայ մարդ խաչ մը շնորհել իսլամի։ (Ճիշդ է՝ Փաշինեանին ալ տուած էին այն խաչերէն մէկը, եւ ընդհանրապէս բոլորին կու տան, որովհետեւ դիւանագիտական գեղեցիկ ժեսթ մըն է, բայց բայց չխօսինք անցանկալիին մասին):

Իսկ եթէ այս զառանցանքները մէկ կողմ դնենք ու Հռոմի պապի մահուան արձագանքենք․ հայկական հակիրճ «ողորմի»-ով, կարելի է մտածել, թէ ինչո՞ւ Հռոմի պապը կ’օրհնէր այդ բոլորը: Պապին ծախուածութեան մասին տեսակէտը ոչ միայն անհեթեթ է, այլեւ ծիծաղելի: Այդ ի՞նչ պիտի տար Ալիեւը պապին, որ վերջինս անձնապէս շահագրգռուէր գիտաժողովով: Թէ՛ պապը մասոն է թէ ոչ՝ առանձին խնդիր մըն է, եւ անոր համար պէտք է վերադառնանք խաչակիրներու առաջին արշաւանքներուն եւ սկսինք պատմել ռազմավանական միաբանութիւններու պատմութիւնը՝ բաց թողած բաժինները մեր ճաշակով լրացնելու մտադրութեամբ։

Հռոմի՝ Ալիեւներուն հանդէպ այսքան բարեհաճ ու հիւրընկալ կեցուածքը միայն անձնական սրիկայութեան մակարդակով չի բացատրուիր։ Հաւանաբար պատճառը այն է, որ «Հայտար Ալիեւ» հիմնադրամը երկար տարիներէ կը ֆինանսաւորէ բազմաթիւ գիտաժողովներ, հնագիտական պեղումներ եւ ազգագրական արշաւներ Վատիկանի մէջ, ինչպէս նաեւ կ’օժանդակէ տարբեր յուշարձաններու եւ շէնքերու վերանորոգման ու պահպանման աշխատանքներուն՝ սկսեալ Սուրբ Սեպասթիանի պազիլիքի գետնադամբանները եւ Քոմոտիլլայի գետնադամբանները հռոմի մէջ, մինչեւ Փիօ Քլէմանթին թանգարանի Զեւսի արձանը, Վատիկանի գրադարանն ու Սիքսթինեան մատուռի դահլիճներէն մէկը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պօղոսի պազիլիքը՝ որ ԵՈւՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան մաս կը կազմէ, եւ որ Վատիկանի ամենէն կարեւոր յուշարձաններէն մէկն է ու կաթողիկէ աշխարհին համար մեծ նշանակութիւն ունեցող երեւոյթ մը:

Ակնյայտ կը դառնայ, թէ ինչպէս Ատրպէյճանը եւ քրիստոնէութիւնը միաժամանակ կրնան տեղ ունենալ։ Պարզ կը դառնայ, թէ Պապը կրնայ իրօք օրհնել գիտաժողով մը՝  կազմակերպուած երկրի մը կողմէ, որ մեծ ներդրում կատարած է կաթողիկէ աշխարհին մէջ։ Ի հարկէ այս բոլորը ունի իր մութ երեսը։ Իսկ մութ երեսը այն է, որ Ալիեւը, որ վերանորոգէ Սուրբ Պօղոսի պազիլիքը, մեծ հաճոյքով կը քանդէ հայկական եկեղեցիներ, կը վերացնէ զանոնք, կը վերածէ մզկիթներու, կը յայտարարէ զանոնք աղուան կամ ուտի, եւ մէկ խօսքով՝ կը փորձէ Արցախը ապահայակականացնել։  Եւ կարելի է հասկնալ հայերուն զայրոյթը, որ Հռոմի պապը տեսակ մը կէս-քրիստոնէական պահուածք ունի՝ տեսնելով միայն այն, ինչ որ իրեն պէտք է եւ փորձելով չտեսնել այն, ինչ որ իրեն պէտք չէ։

Բայց հայերը պէտք էր որ արդէն շատոնց վարժուած ըլլային այդ բոլորին: Հայերը պէտք է առնուազն երկու հազար տարի առաջ հասկցած ըլլային, որ ի վերջոյ ամէն ինչի մէջ կայ բնական շահադիտական կողմ մը, եւ իւրաքանչիւրը կ՚ընէ միայն այն, ինչ իրեն օգուտ է։ Իսկ ինչո՞ւ պիտի Հռոմի պապին սիրտը Արցախի եկեղեցիներուն համար աւելի պէտք է ցաւի, քան Վատիկանի մէջ գտնուող եկեղեցիներուն: Հայաստանի մէջ քանի՞ կիսաքանդ եկեղեցի կայ, թերեւս Ալիեւը զանոնք ալ նորոգէ: Բայց Հռոմի պապը կրնայ նաեւ ըսել, որ Վատիկանի մէջ կայ նաեւ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը, մենք ճանչցած ենք Ցեղասպանութիւնը, սրբացուցած զոհերը, Նարեկացին տիեզերական վարդապետ հռչակած, դեռ ի՞նչ կ’ուզէք: Չէք ուզեր Ս. Պօղոսի պազիլիքը վերականգնե՞նք, եկէք դուք վերանորոգեցէք զայն: «Վայ, եղա՞ւ,- կը նեղանայ հայը, -«վայ, առաջին քրիստոնեայէն դրամ կ’ուզե՞ն»: «Ե՞ս ինչ ընեմ»,- կը հակաճառէ Հռոմի պապը, -«այս անտէր եկեղեցին, ինքն իրեն պիտի չվերանորոգուէր»: Ու այսպէս հայու ուղեղին մէջ անիմաստ մենախօսութիւն կը սկսի, որուն միակ նպատակը Հռոմի պապը յանցաւոր հանելն է:

Իսկ յետոյ՞: Ի՞նչ պիտի պատահի յետոյ: Սպասենք, որ Ատրպէյճանի մէջ ինչ աղէտ պիտի պատահի, որպէս հայերու դէմ գործած յանցանքի պատի՞ժ: Այդ պարագային, ո՞րն է պետութիւն ունենալու իմաստը: Անմիջապէս Հայաստանը հռչակենք մեծ վանական համալիր մը ու առաւօտէն երեկոյ աղօթենք ու ցուցակ ուղարկենք երկինք` Աստուծոյ պատուիրելով, թէ որու երբ սպանէ ու թէ Թուրքիոյ այս հատուածին մէջ հրդեը աւելի լաւ է, իսկ միւս հատուածին մէջ երկրաշարժ աւելի յարմար է՝ 5-7 աստիճան…

Դեռ որքա՞ն կարելի է այսպէս շարունակել: Գոնէ անգամ մը մենք մեր վրայ պատասխանատուութիւն պիտի վերցնե՞նք: Ալիեւը միլիառներ կը ծախսէ աշխարհի խիղճը կաշառելու, ատրպէյճանանասէր դարձնելու համար, իսկ մենք միայն նստած կը գանգատինք: Արդեօք դրամ չունի՞նք, թէ՞ կաշառել չենք գիտեր: Բայց, ո՜չ, մենք միայն մեր գրպանը կը տեսնենք,  կը պաշտենք միայն մեր անձնական երջանկութեան աստուածը ու երբեք չենք փորձեր աշխարհին հետ իր լեզուով խօսիլ։ Մէկ կողմէ, մենք պարապ նստած ենք, իւրաքանչիւրս միւսին հաշւոյն կը հարստանայ, միւս կողմէ կը բարկանանք, որ Պաքուի սուլթանը կը յաջողի աշխարհը համոզել, թէ Արցախի ոչնչացումը սովորական բան մըն է։

Մենք կամ յիմար ենք, կամ յիմարութեան աստիճանի միամիտ, որ այսքան ցաւ տեսնելէ ետք, կը շարունակենք հեքիաթներու հաւատալ: Իսկ թերեւս այդ մէկը հաճելի կը թուի մեզի: Յիմարի դեր խաղալը: Կարելի է միամտութեան ախտորոշումով արդարացնել որեւէ այլանդակութիւն:  Մենք՝ հայերս, շատ լաւ գիտենք, որ խելագարածէն հաշիւ չեն պահանջեր: Եւ ահա մենք ալ գելագալութեան մեր բաժինը ունինք՝ թէ՛ ապահով է, թէ՛ բարոյապէս մաքուր: Թող Հռոմի պապը իր հոգիին մասին մտածէ, որ դժոխքի կրակին մէջ պիտի այրի, իսկ մենք վաղուց մեր հոգիները տարբեր պիզնեսներու մէջ ներդրած ենք՝ դրամ շահող «հաւատքներու» մէջ։ Դեռ չխօսինք այն մասին, որ որեւէ եկեղեցական տօնի ժամանակ մայրաքաղաքի եկեղեցիներուն շուրջը շատ արագ մոմի ու տարատեսակ մանրուքի մեծ պիզնես կը ծաղկի, ուր իւրաքանչիւրը կրնայ երթալ եւ քրիստոնէութեան իր բաժինը գնել՝ առանց մոռնալու, որ մարզերուն մէջ գտնուող, քիչ թէ շատ այցելու ունեցող եկեղեցիներէն շատերու մէկ անկիւնը յուշանուէրներու կրպակներ կը գործեն՝ սուղ գիներով յուշանուէրներ վաճառելու համար ու բոլորը թքած ունին թէ Աստուածաշունչին մէջ գրուած է, որ Քրիստոս վաճառականները վտարեց տաճարէն: Իսկ մենք, ընդհակառակը, լրբաբար կռիւ կ’ընենք որեւէ մէկու հետ, որ կը փորձէ եկեղեցիէն վտարել մանրավաճառը՝ իր գոյնզգոյն լաթերուն եւ զարդարանքներուն հետ մէկտեղ: Իսկական քրիստոնէական մարմաջ:

Ի դէպ, Աստուած կաթողիկէ՞ է, թէ՞ առաքելական: Պէտք է որ առաքելական ըլլայ, կամ գոնէ՝ հայասէր: Հապա՞, մեզ ո՞վ պիտի պաշտպանէ, եթէ Աստուած ալ չպաշատպանէ: Մենք առաջին քրիստոնեան ենք ու այդ մեր թողութիւնն է՝ ոսկի տոմսակը դէպի դրախտ: Մենք մեզ արդէն ապահովագրուած ենք ամէն ինչէ: Մենք դեռ երկար պիտի հաշուետու ըլլանք մեր կեղծաւորութեան համար՝ թէ՛ հայրենասիրական, թէ՛ քրիստոնէական իմաստով։ Աստուած մեզ պիտի դատէ որպէս «հայ-քրիստոնեայ» յօդուածով։

Նոր գիրք. «Լռեցուած ոճիրը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին երեխաներու բռնի տեղափոխումը»

Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առթիւ՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը (ՀՑԹՀ) ընթերցողներու լայն շրջանակին կը ներկայացնէ «The Silenced Crime: Forcible Child Transfer During the Armenian Genocide» («Լռեցուած ոճիրը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին երեխաներու բռնի տեղափոխումը») գիրքը, խմբագրութեամբ՝ ՀՑԹՀ-ի տնօրէնուհի Էդիտա Գզոյեանի։

Գիրքին մէջ ամփոփուած են խմբագրողին, ՀՑԹՀ-ի – այլ գիտաշխատողներ՝ Ռեգինա Գալուստեանի, Նարինէ Մարգարեանի, Շուշան Խաչատրեանի, Ռոբերտ Թաթոյեանի, Յարութիւն Մարութեանի, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ պատմաբան, ՀՑԹՀ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ռեմոն Գէորգեանի ուսումնասիրութիւնները։ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին հետ համագործակցաբար հրատարակուած այս գիրքը Brill | Schöningh հրատարակչութեան նոր՝ Armenian History and Culture (Հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ https://brill.com/view/serial/AHUC) շարքի անդրանիկ հատորն է։ Շարքի խմբագիրներն են Աշոտ Հայրունի եւ Ռոբերտ Սուքիասեան։

Հեղինակներու հետազօտութիւնները նուիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ հայ երեխաներու բռնի տեղափոխման եւ ձուլման տարբեր երեւոյթներուն՝ որպէս հայ ինքնութեան դէմ ուղղուած երիտթուրքական վարչակազմի համակարգուած գործողութիւն։ Հայ երեխաները դարձան ցեղասպանական աւելի լայն ռազմավարութեան թիրախ՝ բռնի կերպով կտրուելով իրենց արմատներէն, տեղափոխուելով իսլամադաւան ընտանիքներու կամ պետական որբանոցներու մէջ։ Կառավարական հրամանագրերու եւ շարքային քաղաքացիներու նախաձեռնութիւններու համակարգուած գործադրութեամբ՝ երեխաներու ազգային ինքնութիւնը համակարգուած կերպով կը ջնջուէր՝ կրօնափոխութեան եւ անձնական տուեալներու փոփոխութեան, երեխաներու իրական ծագումը սքողելու միջոցով։ Պատմական, իրաւական, կրօնական, մարդաբանական, վիճակագրական եւ ընկերաբանական տեսանկիւններէ գիրքը կը ներկայացնէ երեխաներու բռնի տեղափոխումը որպէս Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական բաղադրատարր, նաեւ կ’անդրադառնայ այդ երեխաներու ազատագրման, իրենց հայկական ինքնութեան վերադարձնելու ջանքերուն։
Գիրքին ելեկտրոնային տարբերակը կարելի է գտնել հետեւեալ յղումով՝ https://brill.com/display/title/71069, իսկ տպագիր օրինակը լոյս կը տեսնէ Մայիս 12-ին։

Քաղուածաբար՝ «Նոր Յառաջ»էն

Echoes of a Classroom, հեղինակ՝ Լենա Պօղոսեան

Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ կրթութեան մասին՝ համադրելով ուսուցման, դասարանային փորձառութիւններու եւ ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւններու անդրադարձները։ Այս podcast-ով, Լենային հետ կը խօսինք գիրքին ծննդոցին եւ հիմնական նիւթերուն մասին: Կ’անդրադառնանք նաեւ գիրքին ստեղծման մարտահրաւէրներուն եւ հրատարակչական հոլովոյթին: Վերջապէս, կը խօսինք, թէ ինչպէ՛ս կարելի պիտի ըլլայ տարածել այս գիրքը:

Աւելի քան յուշեր ու ցոլքեր. Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը բոլորիս մասին է

Երբ կ’ըսենք դասարանի մը արձագանգները, կարելի է հասկնալ այն ձայնը, որ կ՚արձակուի անկէ, կը հնչէ հոն, ապա կը կրկնուի անոր պատերուն վրայ: Սակայն «Դասարանի մը արձագանգները» գիրքին մէջ, հեղինակը՝ Լենա Պօղոսեան, նկատի չունի այդ պարզ ու բառացիօրէն լսելի ձայնը, այլ այն ամբարուած հարուստ փորձը, որ արձագանգելով ժամանակի թաւալումին մէջ՝ կը դառնայ մղիչ ուժ եւ ուղի կը հարթէ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու կեանքի հիմնական որոշումներուն եւ իրագործումներուն: Դասարանին այդ արձագանգները կը սաւառնին գրասեղաններէն անդին ու նաեւ կը կերտեն քաջ ու ազնիւ մարդը, եւ այս պարագային՝ կը կոփեն հայ դպրոցէն շրջանաւարտ հայ գիտակից մարդու կերպարը:

Echoes of A Classroom (Դասարանի Մը Արձագանգները) խորագրեալ գիրքը կը բովանդակէ տասներկու գլուխներ, որոնք ընդհանդրապէս կը պատմեն ուսուցչական ասպարէզին մէջ երկարամեայ փորձառութեան առնչուած յուշեր, մտորումներ եւ պատառիկներ հայ դպրոցի երդիքին տակ տեղի ունեցող առօրեայէն, միաձուլուած մանկավարժական գիտելիքներու, ներառելով ուսուցիչին մտահոգութիւնները, նուիրումը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Հոն շեշտը կը դրուի ուսուցիչ-աշակերտ առողջ յարաբերութեան, նաեւ միտք ու նկարագիր կերտող եւ հայ արժէքներ փոխանցող դպրոցի կարեւոր դերին վրայ: Այս բոլորը, շաղախուած մանկավարժական ու մասնագիտական կարեւոր հմտութիւններով ու գիտելիքներով, կը  հարստացնեն ուսուցիչին դերակատարութիւնը, որ հեղինակին համար ասպարէզ ըլլալէ աւելի կոչում է։ Նպատակը գիտելիք փոխանցելէ առաջ ոգի փոխանցելն է՝ մարդակերտումի եւ հայակերտումի ոգին։

Գիտելիքէն բացի, գիրքին էջերը կը հարստանան դպրոցական առօրեայ դէպքերով, որոնք, սահուն, գեղեցիկ եւ մտերմիկ պատկերելով, ընթերցողը կը փոխադրեն իր աշակերտութեան օրերը, իր նստարանը, ու այն խորհրդածութիւններն ու խօսքերը, որոնք հայ ուսուցիչը փոխանցած է այնտեղ, որոնք ժամանակ առ ժամանակ իր մէջ կը հնչեն՝ անկախ անկէ, թէ ու՛ր կ’երթայ եւ որքան ալ ժամանակը փորձէ զանոնք մոռցնել։ Հեղինակը ինք կը վկայէ, որ այս նոյն արձագանգներն են, որոնք մղած են զինք գրի առնելու իր՝ ուսուցիչի յուշերը, որ զանոնք պահպանէ կորուստէ եւ իր մտահոգութիւնները բաժնէ նոր սերունդի ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն հետ։ Հեղինակը հարցադրումներ կ’ուղղէ կրթական պատասխանատուներուն՝ անդրադառնալու այն նոր ու վտանգաւոր հոսանքներուն, որոնք կը սպառնան մեր կրթական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ այն ուսուցիչներուն թիւին, որոնք հայ ոգին կը փոխանցեն, եւ հետեւաբար՝ հայ օճախին շարունակականութեան կը նպաստեն։ Այս պատճառով, գիրքը կը դառնայ յուշագրութեան, խորհրդածութեան եւ մանկավարժութեան համադրութիւն մը, որուն հերոսներն են աշակերտները՝ այն երեխաները, որոնք նոյնպէս այդ դպրոցը յաճախած են, եւ ուսուցիչները, որոնց հեղինակը ձօնած է այս գիրքը։

Հայրենիքն ալ իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ այս գիրքին մէջ, երբ խումբ մը աշակերտներու հետ, հոն՝ ջամբարի մը մէջ, մայր հայրենիքը գրկաբաց կ’ընդունի աշխարհի չորս կողմերէն եկող սփիւռքահայ պատանիները, ճիշդ այդ նոյն գգուանքով, որով հայ դպրոցը կը փայփայէ հայ երեխան ու պատանին:

Ոճը՝ ջերմ եւ հաղորդական, յատուկ ձեւով կը գրաւէ ընթերցողը, որ կ’ուզէ ամբողջ գիրքը մէկ շունչով կարդալ, կարծես այս նպատակով ալ էջերուն թիւը հազիւ անցած է հարիւրը։ Տեղ-տեղ պատկերներու մէջբերումներով կը հարստացնէ ընթերցողին տեսլականը՝ զերծ մնալով բարդ եւ վերացական գաղափարներ փոխանցելէ։ Եւ թէեւ լեզուն գրուած է պարզ անգլերէնով, հոգին հայկական է՝ ուղղուած ոչ միայն հայ ընթերցողին, այլ նաեւ բոլոր ուսուցիչներուն՝ թէ՛ հայկական դպրոցին մէջ եւ թէ՛ դուրսը, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն եւ ծնողներուն, որոնք հայերէն կը խօսին, բայց տարբեր պատճառներով առիթ չեն ունեցած հայերէն գրել եւ կարդալ սորվելու, հետեւաբար գիրքն ու հայ հոգին հասանելի դարձնելով աւելի լայն շրջանակի։ Այս բոլորը համեստ գիրքը կը վերածեն հայկական դպրոցին ուղղուած հրաւէրի մը, եւ միաժամանակ կամուրջի մը՝ հայերէնէն հեռացող սերունդները եւ լեզուին չտիրապետելու անոնց պատրուակները վերացնելու ճիգով՝ անշուշտ միշտ զանոնք մայրենիին վերադարձնելու յոյսով: Այս բոլորէն անդին՝ կարելի է նաեւ նշել, որ գիրքը քայլ մըն է տարբեր մշակոյթներու հետ հաղորդակցութեան եւ ծանօթացման ճամբուն վրայ, որ ինքզինք կը պարտադրէ այս արագ զարգացող ու փոխուող 21-րդ դարուն:

Բարի ընթերցում, բոլոր փափաքողներուն:

Կ.Հ.

ԱՅՆՔԱՆ․․․

Հրանդ Մարգարեան

ԱՅՆՔԱՆ ԱՐԵՒ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՅՈՒՇ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ԺՊԻՏ ԵՒ․․․ ԱՐՑՈՒՆՔ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՇՈԻՆՉ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՑԱՒ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈԻՄ
ԱՅՆՔԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՀԱՒԱՏՔ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ԱՊԱԳԱՅ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԵՍ ԿԱՄ, ԴՈՒ ԿԱՍ, ՄԵՆՔ ԿԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈԻՄ
ԱՅՆՔԱՆ ԵՐԱԶԱՆՔ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ․․

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ

 

Հեռացող աստղունքը ցոլում է,
Երկինքը ընկալում է լոյսը,
Մաքրում է ծաւալը,
Մինչեւ լազուրի ակունքները,
Ծալը ու մնացեալը․․․

Գուբում պատռւում է պատանքը,
Կեանքը տրոփում է անաւարտ,
Մղում, գլորում է քարը․
Բացում է գերեզմանը,
Որպէս կենդանութեան մահիճ,
Կենսաւոր, տրոփող սիրտ:

Եռօրեայ է տեւում տաճարի վերակառուցումը,
Ինչպէս ասել էր:

Սգաւոր կանայք եկել,
Մեռելների մէջ են փնտրում
Յարեալին․․․

Ասում է` հանդիպեն վերնատանը:

Կ’ասկածներ կան․․․

Թող ստուգեն գեղարդի յօշածը,
Մեխերի խոցերը ձեռքերին,
Ոտքերի թաթերին․․․

Գուցէեւ քերթուածքները ճակատի,
Որ թողել է փշէ թագը․․․

Գարնանային հովի հոսանք է,
Աշտարակուած խաչի յիշողութիւն․․․

Երեւակում է վերնատանը․․․

Ոչմի ողջագուրում․․․
Երկրային ոչմի փոշի չպիտի լինի վրան
Երկնային մտնելու պահին․․․

Գեղարդի յօշածը,
Մեխերի խոցերը,
Ճակատի քերթուածը
Ստոյգ են:

Լուսաւոր ճակատին
Լոկ ծիածան, որպէս նարօտ․․․

Ապա պատգամում է,
Սպասեն քառասուն օր
Ընդունելու շնորհի գալուստը․․․

Սուրբ հոգով ծոցուորած
Աստուածային միութիւն է,
Որ անսկիզբ է ու անվախճան․․․

Վերացումը պատկերւում է,
Որպէս համբարձում․․․

Քրիստոս է,
Աստուածորդի,
Ծնունդով մարդորդի,
Բանի քարոզներով,
Ծաղկազարդով,
Խաչելութեամբ,
Յարութեամբ,
Համբարձմամբ
Առ հորիզոնի ծաւալ․․․

Տիեզերքում մենք միայնակ չենք:
Համօրէնը
Աստուածային ստեղծագործութիւն է:
Որդին յաջորդում է հօրը
Սուրբ Հոգու միջնորդութեամբ․
Յաւիտենական հոլովոյթ Է,
Անմահութիւն․․․

Ծանօթանանք լիբանանահայ գիտնական, քաղցկեղաբան դոկտ. Մարկրէթ Շիրինեանին

Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթին այսօրուան հիւրն է գիտնական Դոկտ. Մարկրէթ Շիրինեանը, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին (AUB) professor դասախօսներէն, եւ ուսումնասիրողներէն, որ մասնագիտացած է ուղեղի քաղցկեղի (glioma) ուսումնասիրութեամբ՝ մասնաւորապէս այն փոփոխութիւններով, որոնք կը կատարուին մեր ծիներուն եւ բջիջներուն վրայ։ Դոկտ. Շիրինեան բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու դափնեկիր է՝ ներառեալ Հիւսէյն Թագաւորի անուան Քաղցկեղի Հետազօտութեան Մրցանակին։ Ան աշխատած է Շուէտի, Քանատայի եւ Լիբանանի առաջատար հաստատութիւններուն մէջ։

ԳԱՂԱՓԱՐԷ ՄԻՆՉԵՒ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԻԾԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը հովանաւորէ տարեկան մօտաւորապէս 100 զանազան չափի նախագիծեր շուրջ քսան երկիրներէ։ Առաւել՝ հարիւրաւոր կրթանպաստներ կը շնորհէ համալսարանի ուսանողներու եւ հետազօտողներու։ Նախագիծեր կ՚ընդունուին իրերայաջորդ փուլերով եւ կը գնահատուին տարին երեք անգամ։ Յունուարին գնահատուեցան 125 նախագիծեր, որոնցմէ 32-ը ընտրուեցան նպաստատուութեան համար։

Վաւերացուած նախագիծերէն ոմանք շարունակութիւնն էին առկայ նախաձեռնութիւններու, ինչպէս՝ Զարմանազան, Երդիք, Ուս Հարթակ եւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի ՔարՏես հեռախօսային յաւելուածը։ Այլ նախագիծեր նոր նախաձեռնութիւններ էին առկայ գործընկերներու հետ, օրինակ՝ Vlume-ի ընդարձակումը մանուկ պատանի ընթերցողներու համար նախատեսուած հայալեզու 84 նոր հրատարակութիւններով, որոնք աւելցան չափահաս ընթերցողներու համար պատրաստուած լսողական եւ ելեկտրոնային գիրքերուն կողքին։ Սա նոր ուղղութիւն մը կը բերէ մանկական դաստիարակչական նիւթերու պատրաստութեան մէջ Բաժանմունքին ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ գիրքերու թարգմանութեան իր սեփական Զարդիս մատենաշարին։

Խրախուսիչ որոշ նոր նախաձեռնութիւններ, որոնց Բաժանմունքը համաձայնած է զօրակցիլ, կը ներառեն կրտսեր գիտաշխատողներու հետազօտական խումբի մը ստեղծումը Լայփցիկի համալսարանի Արեւելեան Եւրոպայի Պատմութեան եւ Մշակոյթի Լայպնից Հիմնարկին (GWZO) մէջ։ Հիմնարկութիւնը դոկտորականի երկու կրթանպաստ պիտի շնորհէ GWZO-ի մէջ հայկական ժամանակակից նիւթերու հետազօտութեան։ Երկու այլ կրթանպաստներ պիտի շնորհուին նոյնինքն Հիմնարկին կամ արտաքին աղբիւրներու կողմէ։ Կը նախատեսուի որ այս հիմնարկը դառնայ հայագիտական հետազօտութեան առաջատար կեդրոնը Գերմանիոյ մէջ։ Նաեւ եռամեայ ժամկէտով կը հովանաւորենք INALCO-ի Հայագիտական Մագիստրոսի Աստիճանի Միջազգային Ծրագիրին՝ հետազօտութեան եւ դասաւանդումի իր կարողութիւնները լրացնելով միամսեայ այցելու աւագ գիտաշխատողի հետ։

Հայաստանի մէջ ԹՈՒՄՕ-ի հետ գործակցութիւնը պիտի երաշխաւորէ Վենետիկի Ճարտարապետական 19-րդ միջազգային պիեննալէին Հայկական տաղաւարին կազմակերպումը։ «Մանրաճարտարապետութիւն արհեստական բանականութեան միջոցով. ստեղծելով նոր յիշողութիւններ հնադարեան կոթողներով» վերնագիրը կրող նախագիծը պիտի պեղէ արհեստական բանականութեան զարգացող դերը մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան մէջ եւ իբրեւ նոր արտայայտչաձեւերու ուղի։ Դարձեալ Հայաստանի մէջ Հանրային Քաղաքականութեան Ինստիտուտի տրամադրուած նպաստ մը պիտի զօրակցի «Գիրք եւ միտք» ծրագրին՝ պատրաստելու 36 փոտքասթ-տեսանիւթերու շարք մը վերջին քանի մը տարիներուն հայերէնի թարգմանուած նշանակալից գիրքերու մասին։ Շարքին նպատակն է քննական մտածողութիւնը խթանել այս գիրքերուն եւ ընկերաքաղաքական ու մշակութային միտքին վրայ անոնց ներգործութեան առնչուող քննարկումներով։ Վերջապէս՝ զօրակցութիւնը «Հայ Հալէպ» նախաձեռնութեան. Հալէպի հայ համայնքին վերաբերող բանաւոր պատմութեան այս ծրագիրը պիտի ստեղծէ համապարփակ կայքէջ մը ուր պիտի տեղադրուին տեսագրուած հարցազրոյցներ, լու- սանկարներ եւ այլ նիւթեր ներկայիս լուրջ վտանգի ենթակայ համայնքին մասին։

Թէեւ Բաժանմունքը մեծ մասամբ կը գործէ Փորթուկալէն դուրս, սակայն պատեհ առիթներով կը զօրակցի Փորթուկալի մէջ հայկական մշակոյթն ու պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնող նախաձեռնութիւններու։ Ան հովանաւորեց Սերգէյ Փարաճանովի ժապաւէններու շարքը Cinemateca Portuguesa-ի մէջ ուր Փարաճանովի բոլոր ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին փորթուկալցի հանրութեան։ Հիմնարկութիւնը նաեւ կը զօրակցի «Սասունցի Դաւիթ» հայկական ժողովրդական դիւցազնավէպին փորթուկալերէնի թարգմանութեան՝ տեղացի երիտասարդ ակադեմականի մը կողմէ որ հայ լեզուի խոր գիտութիւն ձեռքբերած է Լիզպոնի Նովա համալսարանի Լեզուներու հիմնարկին (IL-Nova) մէջ Կիւլպէնկեանի հովանա- ւորած դասընթացներուն միջոցով։

Ինչպէս Հիմնարկութեան տրամադրած բոլոր նպաստներուն պա- րագային այս նախագիծերը վաւերացուած են իր նախագահին՝ փրո- ֆեսէօր Անթոնիօ Ֆէյժոյի եւ Հոգաբարձու մարմինին կողմէ։ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը զեկուցէ նախագահին որ ստանձնած է Բաժանմունքին անմիջական պատասխանատւութիւնը 2024-ի վերջերուն պրն Մարթին Եսայեանի հանգստեան կոչուելէն ետք։ Վերոնշեալ նախագիծերը վաւերացնելու առիթով նախագահը ըսաւ.

«Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը, որուն խոր արմատները կ’երթան մինչեւ Հիմնարկութեան հաստատումին թուականը 1956-ին, հիմքը կը կազմէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան: Բաժանմունքը մեզ կ’աղերսէ մեր հիմնադիրին եւ իր մշակոյթին, իր մարդասիրութեան եւ միջազգային աշխարհահայեացքին հետ: Մենք կը փափաքինք ընդլայնել մեր յանձնառութիւնը աշխարհատարած Հայկական Սփիւռքին եւ Հայաստանի նկատմամբ: Այս նախագիծերը դրսեւորումն են այդ երկարաժամկէտ յանձնառութեան»:

Յառաջիկայ շաբաթներուն Հիմնարկութիւնը վաւերացման դիտանկիւնով պիտի քննարկէ ժամանակակից հայ մշակոյթի նպաստատուութեան առնուազն 10 դիմումներ որոնք ներկայացուած են իր արդ եւս նորարարական ծրագրին։ Հիմնարկութիւնը այլ նոր նախագիծերու շարքին կը մշակէ Հայկական Սփիւռքի Հետազօտական Կեդրոն անունով հետազօտական նոր նախաձեռնութիւն մը որ պիտի ստանձնէ Սփիւռքի ինչպէս նաեւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն առնչուող քաղաքականութեան հետաքննութիւններ։ Ինչպէս նախագահը նշեց՝ «Կարեւոր է ոչ միայն պահպանել մշակոյթը այլեւ վեր- աշխուժացնել զայն եւ խրախուսել նոր մշակոյթի ստեղծումը: Նմանապէս՝ ուրոյն հետազօտութեան զօրակցելու զուգահեռ Հիմնարկութիւնը կը ձգտի զարգացնել քննական մտածողութիւնը եւ անոր տարածումը»:

Նախապէս հովանաւորուած նախագիծերու ցանկերը կրնաք գտնել հոս՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/hy/հովանաւորուած-նախագիծեր-եւ-տրամադրո/հովանաւորուած-նախագիծեր/

Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպը… երբ երազները կը դառնան իրականութիւն

Հալէպի հայ դրացիներով բնակելի հինումաշ բակերուն մէջ ծնունդ առած սիրոյ կայծն ու սէրն է, որ այս անգամ նիւթ կը դառնայ Գէորգ Պետիկեանի նոր ստեղծագործութեան: Ի տարբերութիւն իր նախորդ տասնեակ հատորներուն, Պետիկեան կը գրէ սիրավէպ մը, ուր վաթսունական տարիներուն ապրող Հայկին ու Շուշանիկին պատանեկան սիրոյ բոցկլտող տարփանքն ու անմեղունակ զգացումները կը թակեն յաւերժութեան դուռը՝ գեղեցիկ բառերու եւ պատկերներու ընդմէջէն: «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» կը վերակենդանացնէ այն օրերը, երբ ամօթխածութիւնն ու դաստիարակութիւնը գերիշխող էին աւանդական հայ ընտանիքի զուսպ կենցաղին մէջ:

            «Հաստատապէս իր տաք պատանութեան մրրիկներէն ծնունդ առած գաղափար մըն էր։ Շուշանիկին կամ, աւելի ճիշդ, Շուշանին ձայնը վայրկեանապէս զինք տարբեր մտածումներու առաջնորդած էր»։

 Պետիկեանի «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպը իր մէջ կը կրէ երազներու այն մեծ աշխարհը, ուր սիրոյ բնատուր  խաղերը կ’ապրին փոքրիկներու հետաքրքիր աչքերուն մէջ:

            «Յանկարծ եւ ինքնածին, լոյսի արագութեամբ միտք մը ծագած էր իր մէջ՝ բաղնիքի դռան ծակէն ներս նայիլ։ Հակառակ իր հոգիի ճերմակութեան, իր կիրքերուն նժոյգները ըմբոստացած էին, անկասկած եւ հաստատ»։

«Գէորգ Պետիկեան նաեւ հոգեբան է»,- կը հաւաստագրէ  գիրքին խմբագիրը՝ պատմաբան գրող Գէորգ Եազըճեան: 

            Հոգեկան աշխարհի ծալքերը պրպտող միտքն է Գէորգ Պետիկեան, եւ ան մեծ վարպետութեամբ իր գրիչով հիւսած է  Հայկին ու Շուշանիկին տուայտանքներով լեցուն սիրավէպը:  

Սէ՞րն է, թէ՞ կիրքը:

            «Հայկ այդ վայրկեանին ինքզինք հերոս մը նկատած էր, որովհետեւ վերջապէս պիտի վայելէր աներեւակայելին։ Որովհետեւ վերջապէս իր կիրքը, այդ նորաստեղծ ու նորակազմ կիրքը յանկարծակի բռնկած էր։ Ան զինք դէպի նոր ու երանելի աշխարհներ տանող «բան» մըն էր։ Այսպէս տրամաբանած էր իր միտքը, իր եռացող արեան հոսքին հետ»։

            «Երկչոտ եւ կակազոտ լեզուն։ Սրտի տրոփումը։ Անոր նոր արթնցող կիրքին մէջ կը փոխակերպուէր սէրը»։

Իր մտքին ու հոգիին գրիչով Պետիկեան վարպետութեամբ պատկերած է իր հերոսներուն նորափթիթ սիրային կեանքի առաջին համբոյրը, զգացումները, երկչոտութիւնը, Հայկին վարանումը, ալեկոծումները, պատանութեան մրրիկները, Շուշանիկին համարձակ, անվարան ու ծրագրուած քայլերուն մանրամասնութիւնները: Այս բոլորը կարծէք կը վերածուին ֆիլմաշարի մը, զոր ընթերցողը Պետիկեանի յանդուգն գրիչին խաղերով կը դիտէ ու կը դառնայ անհամբեր՝ իմանալու, թէ ի՛նչ հորիզոններ կը սպասեն Հայկի եւ Շուշանիկի զարգացող սիրոյն: Թէեւ Հայկին եւ Շուշանիկին կեանքերը կը շարունակուին՝ իւրաքանչիւրն իր տարբեր հորիզոնով, սակայն առաջին սիրոյ այդ կեանքը իր անքակտելի իմաստը ունեցած է։

Հայկն ու Շուշանիկը բաժնող փոթորկալից կեանքը Պետիկեան ներկայացուցած է իր յայտնի ճկուն գրիչով՝ այնպէս, թէ պատահածները մանրազնին կերպով խոշորացոյցի տակ զետեղուած ըլլային, իսկ անոնց հոգեկան ապրումներու հզօր պահերը, ֆիլմ դիտող-ընթերցողին համար կը վերածուին ներգործող զգացումներու, ուր բոլորը կ’ապրին սիրահարներուն խռովքը: Արդէն բժշկութիւն աւարտած Հայկ իր Հալէպ վերադարձին կը փնտռէ այն բակը, ուր իր տղայական օրերուն առաջին սիրոյ համբոյրն ու անքուն գիշերներները զինք ալեկոծած էին, եւ տակաւին կը փնտռէ անվերադարձ անցեալի  երազը, թէեւ գիտէ որ Շուշանիկ ամուսնացած է:

            «Ո՛չ գիրկընդխառնում եւ ո՛չ ձեռքսեղմում։ Միայն աչքերու երկար  հանդիպում եւ սիրտերու տրոփումներու արագացում։ Ա՛յդչափ։ Քանի մը վայրկեան ետք զոյգը մտաւ ճաշարան։ Մոռցուած կամ անտեսուած կարծուած նախկին սիրոյ մը աղբիւրի նոր ծորակն էր, որ պիտի բացուէր թերեւս։ Ո՞վ գիտէ։

Այդ աղբիւրէն վազող կաթիլները, հոսանքի վերածուելով, անկասկած պիտի դառնային երկուքին սիրտերէն վազող հին ու նոր յուշերու մոռցուած կարծուած անձայն եւ անաղմուկ պատմական ջրվէժ»:

            «Շուշան անիրական էակ մը դարձած էր։ Ամուսնոյն մահէն ետք, կեանքի հրապոյրներէն բոլորովին հեռու եւ քաշուած կ՚ապրէր։ Ո չ ժողովներու կ’երթար եւ ոչ ալ իր բարեկամուհիներուն այցելութիւններ կու տար։ Կղզիացած կեանք մը, որ սկսած էր մաշիլ տան մը չորս պատերէն ներս»։

            «Շուշանին յիշողութիւնը երկար ատենէ ի վեր անկէ հեռացած էր ու միայն հետք մը ձգած։ Սակայն Հայկին ներկայացուցած հրաւէրին դիմաց, սիրտը նոր քաղցրութեամբ եւ թարմութեամբ սկսած էր տրոփել։  Այրող հարց մըն էր այս։ Նոր յոյսին բացուող առաջարկ»:

Քիչերն են, որ կը հաւատան երազներու եւ կը յանդգնին հետապնդելու անոնց իրագործումը։ Այս իմաստով, Գէորգ Պետիկեանի սիրավէպին մէջ՝ ճակատագրի եւ երազներու բախումին լարուածութեամբ գրուած, Շուշանիկին եւ Հայկին երազները կ’իրականանային։ Մեծ բակին դեռատի փոքրիկ աղջիկը ունեցած էր Հայկին հետ ընտանիք կազմելու յաւակնոտ երազը… եւ այդ երազը, ճակատագրին մէկ խաղով, կը դառնար իրական….

            «Շուշան չէր մոռցած իրենց սենեակէն ներս, իր ծնողքի աչքերէն հեռու ու գաղտնի իրեն «դաս սորվեցնելու պատրուակով» կանչուած դրացի տղան, իր կարմիր այտերէն համբոյրներ գողցող սիրահարը, փոքր հրապարակի ծառերու ստուերներուն տակ հնչուն ծիծաղով զինք  երջանակացնող Հայկը»։

             «Ամուսնանալ Հայկի հետ։ Միանալ անոր կեանքին։ Ահա իր պատանութեան, հիմա, հասուն տարիքին վերակենդանացած երազը»:

«Հայկի երազը յաղթած էր»:

Երազներու յաղթական երթ սիրավէպի ընթերցողներուն:

Շաքէ Մանկասարեան

[email protected]

Ծանօթագրութիւն: Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» անունով 141 էջէ բաղկացած գիրքը, հրատարակուած է 2024-ին, KASL printing & graphics, Pasadena, California:  Կողքի Մտայղացում-Ձեւաւորում` Վիգէն Շառոյեան:

 

«Թմրեցուցիչները վտանգաւոր չափերով նաեւ կը տարածուին հայ երիտասարդներու մէջ», կ’ըսէ Կարօ Մարկոսեան

Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի այսօրուայ հիւրն է Կարօ Մարկոսեանը՝ (No For Drugs) «Ո՛չ Թմրեցուցիչներու» կազմակերպութեան հիմնադիրն ու նախագահը։ NFD- ոչ-կառավարական եւ ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որ կը գործէ Լիբանանի մէջ՝ պայքարելով թմրեցուցիչներու տարաբնոյթ սպառնալիքներուն դէմ, ներառեալ՝ հայ երիտասարդներ։

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

ԳՐԻՇ ԴԱՎԹԵԱՆ

Գարնան մի թաց բայց արեւոտ առաւօտ
Աւետիս է տարածւում․
Սուրբ քաղաքը պիտ ընդունի մի ճամբորդ,
Մարդեղացած մարդորդուն։

Հանգրուանը եւ մօտիկ է, եւ հեռու․
Ճամբան օծուած է լոյսով․
Ժողովուրդը, աղաղակով սրտառու,
Ընդառաջում է յոյսով։

Որ գալիս է խոնարհութեամբ մարդկային,
Յոյսով, սիրով, հաւատքով,
Ու հողեղէն․․․ բայց նաեւ մի երկնային
Նուիրութեամբ հոգեթով։

Դէմքը մեղմ է, խորհրդաւոր, հեզագոյն․․․
Չարչարա՞նք, թէ անրջանք․
Ծով հայեացքում վերին պատգամ գերագոյն,
Աստուածային վեհ խոյանք։

Վարդապե՜տը, վարդապե՜տը․․․ աղաղակ․․․
Սրտեր, կուրծքեր հեւահար․
Տարածւում է ողջ քաղաքում ընդարձակ
Ոգեւորում հոծ, վարար։

Ու կոյրերը սկսում են լոյս տեսնել․․․
Ո՞վ է վառել ակունքը․
Բարկ, ծարաւի ոգիները սիրարբել
Իջնում են յոյս-ափունքը։

Եւ ձիթենու բուրումնաւէտ ճիւղերով
Ամբոխները զինավառ
Ծաղկազարդի խաղաղութեան պերճանքով
Գալն են տօնում հրաշափառ։

 

 

 

Կեանքի նժարին մէջ

Կիրակի առաւօտ մըն է․ աչքերս կը բանամ, արտասովոր հանդարտութիւն մը կը տիրէ չորս կողմը։ Կազդուրուած զգալով՝ կ՛ելլեմ անկողինէս։ Տնեցիները տակաւին քնացած են։ Ակնարկով մը կը նկատեմ, թէ արեւուն ոսկեզօծ շողերը ամպերու շղարշին ետեւէն՝ խպնոտութեամբ մերթ ընդ մերթ կ՛երեւին։ Կիրակիի մը հաճոյալի պատկերացումով համակուած՝ սուրճս կը խմեմ։ Գրասեղանիս վրայ զետեղած եմ հայերէն եւ անգլերէն գիրքերու ընտրանի մը, որ մէկ մասն է 2025-ին ընթերցելիք գիրքերուս։ Պատահմամբ հետաքրքրական գաղափար մը կը ճեմէ մտքիս մէջ։ Կը մտածեմ, թէ ինչպէս կեանքի տարբեր հանգրուանները կրնանք զուգակշռել գրական տարբեր սեռեու պատկանող գիրքերու հետ։ Եթէ մանկութիւնը հեքիաթ մըն է, ապա պատանեկութիւնը կրնայ արկածախնդրական վէպ մը ըլլալ եւ շարունակաբար․․․

Այս խոկումներով կը սաւառնիմ դէպի մանկութիւն, որ գունաւոր պատկերներով՝ անմոռաց հեքիաթային աշխարհ մըն է։ Անհո՜գ մանկութիւն, որ եկար ու անցար, ետիդ ձգելով բիւր յիշատաներ անշէջ։ Մեր մանկութեան օրերը անկասկած երանգաւորուած են Թումանեանի հեքիաթներով․ «Սուտասանը», «Քաջն Նազարը», «Ոսկի Կարասը», «Բարեկենդանը», ուր երեւակայութիւնն ու իրականը միաձուլուած են։ Երեւութապէս մանուկի մը պէս պարզունակ, սակայն խորքին մէջ Թումանեան «սխալները» մատնանշելով ցոյց կու տայ, թէ մարդ պէտք է իր «խելք գործածէ» եւ ունենայ իր սեփական որոշումը։ Փոքրիկի մը անձնաւորութիւնը կը կերտուի, երբ ան կը տեսնէ ճիշդի եւ սխալի տարբերութիւնը եւ կ՝անդրադառնայ, թէ աշխարհը միշտ «վարդագոյն» չէ։ 

Ժամանակը կը սահի եւ մենք պատանեկութեան սեմին ենք արդէն։ Կը մտաբերեմ Վախտանգ Անանեանի «Յովազաձորի Գերիները», ուր քանի մը դպրոցական պատանիներ կ՝արգելափակուին ձորի մը մէջ։ Անոնք բնութեան «գերիները» դառնալով՝ արկածախնդրութիւններու շարք մը կ՛ապրին։ Ձիւնը, փուքը, վայրի գազաններու ներկայութիւնը, ուտելիքի չգոյութիւնը սպառնալիքներ են։ Պատանիի մը անձնաւորութեան յատկանիշները կարելի է յստակօրէն տեսնել այս վէպին մէջ։ «Խենթ ջահելութիւն, որ միշտ անհոգ ես ու լաւատես․․․» ։ Աշոտը, որ խումբին «ղեկավարն» է, յաճախ կը խրախուսէ իր ընկերները։ Բան պէտք չէր պատանի մը ոգեւորեու համար։ Վէպին մէջ եւ առհասարակ կեանքի մէջ կը նկատենք պատանիներու ներազդեցութիւնը իրենց հասակակիցներու որոշումներուն վրայ։ Անոնք գերզգայուն են, բայց եւ ինքնավստահ։ Կանխավարկածի դիմելը բնական երեւոյթ է։ Աշոտը եւ իր ընկերները վտանգաւոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին, սակայն կեանքի մեծ դասեր կը քաղեն այդ փորձառութիւններէն եւ շատ բան կը սորվին իրենց գործած սխալներէն։

Երիտասարդութիւնը վրայ կը հասնի․ կը յիշեմ Շիրվանզադէի «Քաոս»-ը, ուր Մարկոս աղա Ալիմեանի երեք երիտասադ տղոցմէ իւրաքանչիւրը իր ուրոյն կերպարով կը ներկայանայ վէպին մէջ։ Երէց տղան՝ Սմբատը, ազատամիտ գաղափարներով հրապուրուած է, բայց աւելի լուրջ է, քան կրտսեր եղբայրները։ Միջնեկը՝ Միքայելը, «ոսկի երիտասարդութեան» ներկայացուցիչն է։ Փճացած եւ ցանկասէր անձնաւորութիւն մը, որ վէպի տարբեր անցուդարձերէն ետք, ինքզինք կը վերագտնէ եւ կը դառնայ «նոր» անձ մը։ Փոքրը՝ Արշակը, կը հետեւի Միքայելի օրինակին։ Մարկոս աղա Ալիմեանի մահէն ետք, երեք տղաքը իրարու դէմ կը պայքարին ժառանգի համար։ Երիտասարդի մը կեանքին տարբեր երեսները, իր դրական եւ ժխտական կողմերով, կարելի է տեսնել վէպին մէջ։ Ակնյայտ է նաեւ մարդկային յարաբերութիւններու քաոսը, ուր երիտասարդ մը ամբողջովին պատասխանատու է իր որոշումներուն եւ արարքներուն։

Վերջերս կը կարդայի Արամ Հայկազի «Ապրէ՛ք Երեխէք»-ը։ Հեղինակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը գաղթէ եւ տարիներու թաւալումին հետ, ան միջին տարիք մուտք կը գործէ․ Կեանքը կը դառնայ աւելի կայուն շրջապատուած իր ընտանիքով, թոռներով․․․։ Ան կարօտով կը մտաբերէ անցեալի յիշատակները․ անվերադարձ մանկութեան անսահման կարօտը կը յուզէ զինք։ «Ու ժամանակի մշուշին մէջէն, պայծառ աչքերով ես կը տեսնեմ ծնողքս ու մեր գիւղը․․․»։  Հիմա սակայն հասուն տարիքի առանձնաշնորհումները կը վայելէ․ դատողութիւն, իմաստութիւն եւ փորձառութիւն։

Եւ կեանքը կը շարունակուի․․․

Պատուհանէս դուրս կը նայիմ․ ամպերը անհետացած են եւ արեւը կը ժպտի ջինջ երկինքին վրայ։

Կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուան առանձնայատուկ է իր յատկանիշներով, հմայքով, մտածելակերպով եւ ձեռքբերումներով։ Իւրաքանչիւր շրջանի շնորհենք արժանաւոր տեղ։ Կեանքը նժար մըն է, ուր տարբեր ժամանակներ, տարբեր «կշռոյթով» նուաճումներ եւ ներդրումներ կը տեղադրենք հոն եւ ապա կ՝ըմբոշխնենք անոնց ծանրակշռութիւնը մեր կեանքի ճանապարհի ընթացքին։ Ողջագուրենք կեանքի տարբեր հանգրուանները եւ ապրինք դրական մօտեցումով, իմաստալից տեսլականով եւ բազմաբովանդակ գոյութեամբ։

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան