ԱՐԱ ՄԱԾՈՒՆԵԱՆ

Անկախ արտադրող եւ բեմադրիչ

1990-էն առ այսօր, ֆիլմարուեստի բնագաւառին մէջ ստեղծագործող անկախ արտադրող եւ բեմադրիչ Արա Մածունեան հեղինակ է աւելի քան մէկ տասնեակ վաւերագրական ֆիլմերու եւ ֆիլմաշարերու, որոնց կարեւոր մէկ մասին մէջ արժէքաւոր վկայութիւններ արձանագրուած են հայկական իրականութեան տարբեր երեսներուն մասին՝ պատմական թէ այժմէական դիտանկիւններէն։ Ան սինեմաթոկրաֆըր է, թատերական հեղինակ, դերասան, լուսանկարիչ եւ համալսարանի դասախօս։

Արա Մածունեանի հեղինակած վաւերագրական ֆիլմերուն շարքին են  “Master Eddy” (արտադրող, բեմադրիչ եւ խմբագիր, 2021), “Land Without Graves” (արտադրող եւ համաբեմադրիչ, CST TV 1993, Խորհրդային Հայաստանի պատմութեան եւ Ազրպէյճանի հետ հակամարտութեան մասին), “Pagakidz” (արտադրող եւ բեմադրիչ, Argus Pictures 1996, Լոս Անճելոսի մէջ ապրող արուեստագէտներու մասին) եւ “Velvet Revolution” (համաարտադրող եւ սինեմաթոկրաֆըր, 1990, նուիրուած Չեխոսլովաքիոյ մէջ համայնավարութեան անկումին առաջնորդած ընկերային-քաղաքական իրադարձութիւններուն) ։ 

Մածունեան արտադրած եւ բեմադրած է նաեւ վաւերագրական եւ կրթական նիւթերով ֆիլմաշարեր, ինչպէս Քալիֆորնիայի համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութեանց կեդրոնի պատմութեան նուիրուած երեք մասերէ բաղկացած ժապաւէնը (2008), Հայոց ցեղասպանութեան 50 վերապրողներու վկայութիւններու վաւերագրումը (Zoryan Institute for Oral History),  լեզուի ուսուցման վիտէօներու շարք մը (Monterey Institute for International Studies), Լոս Անճելոսի մէջ մշակութային համարկումի խնդիրներուն նուիրուած 16 մասերէ բաղկացած վիտէօշարքը (Los Angeles County Refugee Project) եւ Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբի ղեկավար Արամ Ղարաբեկեանի յիշատակին նուիրուած յայտագիրը։

Մածունեանի “The Pink Elephant” գեղարուեստական ժապաւէնը (1988), որուն դիպաշարի համահեղինակն էր, ինչպէս նաեւ` արտադրողը, բեմադրիչը եւ խմբագիրը, մեծ ընդունելութեան արժանացաւ թէ հանդիսատեսներու եւ թէ քննադատներու շրջանակներուն մէջ։ «Լոս Անճելոս Թայմզ» օրաթերթի քննադատ Մայքըլ Ուիլմինկթըն “The Pink Elephant”-ը համարեց տարուայ պատմողական կարճ ֆիլմերուն մէջ «լաւագոյններէն մէկը», մինչ «Լոս Անճելոս Ուիքլի»ի քննադատ Մէյրի Պէթ Քրէյն զայն որակեց որպէս «ամենաառինքնող» գործը։

Մածունեան սինեմաթոկրաֆըրն է “Trespass” 1994, “Chickpeas” (1989), “La Fuga” (1986), “The Grass” (1986), “A Shrine On The Road” (1985), “Echoes Of The Past” (1985), “A Divine Intervention” (1984),“Berserker” (2014) եւ “Final Cutz (2019) ժապաւէններուն։ Իբրեւ դերասան հանդէս եկած է “Radio Inside” (բեմադրիչ՝ Jeffrey Bell, MGM 1994) ֆիլմին, ինչպէս նաեւ  “The Pink Elephant,” “Quicksand,” “Baron Garbis,” եւ “Two Hundred” թատերական ներկայացումներուն մէջ, իբրեւ գրող եւ դերասան։

Պատկերասփիւռի մարզին մէջ անոր իրագործումներուն շարքին է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ամենամեայ թելեթոններուն բեմադրութիւնն ու արտադրութիւնը՝ 1996-էն 2006։

2017-ին հրատարակուեցաւ Արա Մածունեանի լուսանկարչական գործերու “Birds’ Nest” հատորը, որ նուիրուած է Լիբանանի Պուրճ Համուտ բնակավայրին եւ յատկապէս անոր հայ բնակիչներու առօրեային տեսողական ուսումնասիրութեան։

Արա Մածունեանի գործերը ցուցադրուած են բազմաթիւ փառատօներու Լիբանանի, Հայաստանի, Իրլանտայի, Հնդկաստանի, Չեխոսլովաքիոյ, Փորթուկալի, Ֆրանսայի, Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու շարք մը քաղաքներուն մէջ։ Անոր “La Fuga” եւ “A Shrine on The Road” գործերը արժանացան “Panavision” մրցանակին, “The Pink Elephant”- ը՝ “Peter Stark” մրցանակին։

Արա Մածունեան ամերիկեան տարբեր համալսարաններու եւ կրթական հաստատութիւններու մէջ դասաւանդած է համաշխարհային ֆիլմարուեստ, խորհրդային եւ յետ-խորհրդային հայկական ֆիլմարուեստ, դերասանութիւն, բեմադրութիւն, թատրոնի լուսաւորում եւ լուսանկարչութիւն։

Կը ներկայացնենք շարք մը Արա Մածունեանի լուսանկարչական գործերէն, որոնք կը ներկայացնեն սովորական մարդոց առօրեան՝ Պէյրութի, Պուրճ Համուտի եւ յարակից շրջաններուն մէջ (լուսանկարներու բացատրականներուն մէջ նշուած են թաղամասերուն անունները, ուր կատարուած են անոնք):

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x