Սարին Սանտրա Պաճաքեան. լուսանկարչութիւնը իմ «կարմիր փուչիկ»ս է

Սարին Սանտրա Պաճաքեան. լուսանկարիչ, ՆշմAr վիտէօ-շարքի հեղինակ

Քանի մը տարի առաջ, երբ ձեռքս անցաւ լուսանկարչական գործիքը, մաս կը կազմէի «Արին» պարախումբին: Կը պարէի եւ անդին, միւս դասարաններու փորձերուն ժամանակ, ուշի-ուշով կը հետեւէի մարդոց դէմքի արտայայտութիւններուն եւ ձեռքերու շարժումներուն: Այն ատեն շատ լաւ չէի հասկնար, թէ ինչո՛ւ կ’ուզեմ անմահացնել այդ պահերը:

Աւելի ուշ, սկսայ պտըտիլ Պէյրութի նեղ թաղերը եւ տեսածս նկարել: Բայց բուն հարցումը այն էր, թէ ինչո՛ւ մարդուս աչքը միայն մէկ տեղ կը կեդրոնանայ, եւ արդեօք ի՛նչ էր ընդհանրապէս փնտռածս: Բաւական ետք հասկցայ, որ նկարն է, որ քովդ կու գայ եւ անգիտակցաբար կը յայտնագործես այն, ինչ որ դո՛ւն կ’ուզես տեսնել: Մէկ խօսքով՝ կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ կը տեսնես, այլ ինչպէ՛ս կը տեսնես: Ճիշդ այդ է հայեացքս ստեղծագործութեան հանդէպ. կ’ուզեմ անմահացնել մարդոց ամէնէն անձնական վայրկեանները, երբ կ’արտայայտուին առանց մտածելու: Կը կարծեմ՝ միշտ չէ, որ մարդիկ կ’ուզեն երեւիլ ինչպէս որ են, մանաւանդ այս օրերուն, երբ անոնք կաշկանդուած ու ճզմուած են հասարակութեան կողմէ եւ ընկերային ցանցերուն մէջ:

Բաւական ետք նշմարեցի, որ բոլոր նկարներուս մէջ մարդիկ կա՛մ կը ժպտային, կա՛մ կու լային, կա՛մ 32 ակռաներով կը խնդային, կա՛մ ալ դարձուցած էին իրենց կռնակը: Այն ատեն հասկցայ, որ շատ սովորական տեղ մը, մարդիկ դիտելը եւ անոնց բնական ու պարզ վիճակը անմահացնելը գեղեցիկ է: Հասկցայ, որ զանոնք տարբեր իրավիճակներու եւ հոգեվիճակներու մէջ տեսնելը ինքնին արուեստ է:

Լուսանկարչութեան միջոցով ես կը յաջողիմ ներաշխարհէս հեռու միջավայրին, առարկային կամ անձին հանդէպ ունենալ պատկանելիութեան զգացում մը:

Բաւական նկարելէ ետք կը ծնի «Նշմար»ը։

ՆշմAR-ը լսատեսողական նախագիծ մըն է` ներշնչուած լուսանկարիչ Պրանտըն Սթանթընի նշանաւոր “Humans of New York” շարքէն, ուր պատումի հիմնական միջոցը լուսանկարչութիւնն է: Լուսանկարներուն կ՚ընկերակցին անոնց մէջ պատկերուած անձերուն մասին պատմող արեւմտահայերէնով փոքրիկ գրութիւններ եւ պատկերները կենդանացնող ձայնագրութիւններ: Նախագիծը ՆշմAR կը կոչուի որովհետեւ նշմար կը նշանակէ հետք, նշոյլ, մնացորդ, այսինքն՝ յուշ, իսկ լատինատառ AR-ը կը յուշէ ծրագիրին հայկական բնոյթը:

«Մեծահասակներէն ո՞վ կը յիշէ երբեւիցէ մանուկ եղած ըլլալը». վիտէօ՝ ՆշմAr-ի շարքէն

Ծրագրին մէջ յաճախ խօսելու իրաւունքէն անտեղեակ կամ զրկուած անձեր կան, որոնց անկեղծ արտայայտութիւններուն «նշմարները» ուզեցի վաւերագրել: Նախագիծը վաւերագրական ըլլալէ վեր է եւ կը ներկայացնէ արուեստի ստեղծագործութիւններ՝ պատկերի, ձեւի, գոյնի, ձայնի եւ խօսքի համատեղութեամբ: Գերմանացի նշանաւոր պարադրող Փինա Պաուշ ըսած է «I’m not interested in how you move but what makes you move.» Մեզմէ իւրաքանչիւրը պատմութիւն մը ունի պատմելիք եւ չկան կարեւոր եւ անկարեւոր, արժէքաւոր եւ անարժան պատմութիւններ, սակայն սովորական մարդոց պատմութիւնները ընդհանրապէս չեն հասնիր հանրութեան: Այս պատճառով ալ, կ՚ուզեմ «սովորական» հայուն «սովորական» պատմութիւնները լսելի դարձնել եւ մէկտեղել անոնց ազատ եւ անկաշկանդ արտայայտութիւնները, յուսալով արեւմտահայերէնը վաւերագրել իր բնական վիճակին մէջ:

«Ես որոշած եմ այլեւս միայն գեղեցիկ բաները նշմարել». վիտէօ՝ ՆշմAr-ի շարքէն:

Վերջապէս, կ’ուզեմ աւելցնել, որ լուսանկարչութիւնը իմ «կարմիր փուչիկ»ս է՝ ինչպէս տեսած ենք Ալպէր Լամորիսի տեսերեզին մէջ: Այդ կարմիր փուչիկը իմ երջանկութիւնս է, ուրախութիւնս, եւ շատ կը փափաքիմ զայն փոխանցել բոլոր անոնց, որոնք կորսնցուցած են իրենց կարմիր փուչիկը: Կ’ուզեմ ըլլալ մարդոց կարմիր փուչիկը եւ ժպիտ գծագրել անոնց դէմքերուն վրայ:

Սարին Սանտրա Պաճաքեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Hrair Balian
Hrair Balian
2 years ago

Very interesting project, your optimism is refreshing!

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x