ԱՐԱ ՄԱԾՈՒՆԵԱՆ

1990-էն առ այսօր ֆիլմարուեստի բնագաւառին մէջ ստեղծագործող անկախ արտադրող եւ բեմադրիչ Արա Մածունեան հեղինակ է աւելի քան մէկ տասնեակ վաւերագրական ֆիլմերու եւ ֆիլմաշարերու: Ան սինեմաթոկրաֆըր է, թատերական հեղինակ, դերասան, լուսանկարիչ եւ համալսարանի դասախօս։

ԱՂԱՍԻ

«Արուեստը յայտարարութիւն մը կ’ընէ, ապրում մը կը ներպահէ եւ մտավիճակ մը կը հաղորդէ: Այդ իմ կեանքիս իւրաքանչիւր պահն է: Իմ նկարներս ու քանդակներս խտացեալ ցուցադրութիւններ են փորձառութիւններուս եւ զգացումներուս: Արուեստը այն է, ինչը գեղեցիկ է եւ իրական: Իմ արուեստս իմ յայտարարութիւնս է»:

ԱՆԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Անի Քիւրքճեան կը համարուի Լիբանանի մէջ իր սերունդի լաւագոյն նկարիչներէն: Ան պաստառին կը բերէ պատերազմի եւ սիրոյ գոյներն ու ձեւերը՝ անձնական փորձառութիւններու անկեղծ անդրադարձումներով: