ԱԻ՞-ն է վտանգը, թէ՞ զայն ստեղծող մարդը

Վերջերս «Տարբերակ21»-ի մէջ քանի մը հետաքրքրական անդրադարձներ եղան ԱԻ-ի (AI) նիւթին, որոնց մէջ կը նշուէին թէ՛ կանխատեսուող առաւելութիւնները, թէ՛ սպասուող վտանգները։ Բայց հիմնական հարցը բաց կը մնայ. իսկ ի՞նչ կ՚ուզէ մարդը։

ԱԻ-ն կրնայ փորձանք դառնալ մարդուն գլխուն, կրնայ նաեւ չդառնալ։ Աւելի կարեւորը այն է, թէ արդեօք մարդը կը հասկնա՞յ, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ, թէ՞ անոր համար ամէն ինչ տեղի կ՚ունենայ, այսպէս ըսած, ինքնաբերաբար՝ առանց յստակօրէն հասկնալու եւ ծրագրելու։ Իսկ մարդը կը սկսի հակազդել միայն շատ ուշ, երբ այլեւս կարելի չէ հրաժարիլ անկէ, եւ կը մնայ միայն հաշտուիլ ստեղծուած կացութեան հետ ու փորձել զայն վերահսկել։

ԱԻ-ն առաջին պարագան չէ, երբ մեր առջեւ որոշակի վտանգ մը կը հասուննայ։ ԱԻ-էն առաջ ունեցած ենք բազմաթիւ նման ժամանակակից «հրէշներ», որոնց բոլորին ալ մարդը ծնունդ տուած է, իսկ յետոյ սկսած է վախնալ անոնցմէ։ Կորիզային ռումբերը, համացանցը, անկէ առաջ՝ տնտեսական ու բժշկական տարբեր զարգացումները… Ամէն ինչ կրնայ թէ՛ սպառնալ մարդուն, թէ՛ ոգեւորել զինք։

Բայց վասն ինչի՞։ Ո՞ւր կ՚երթայ մարդը։ Իսկ ո՞ւր կ՚ուզէ երթալ։ Ի՞նչ կ՚ընէ ան։ Իսկ ի՞նչ կ՚ուզէ ընել։

Մենք այս հարցումներուն պատասխանները չունինք։ Մարդը իր գոյութեան տարբեր հանգրուաններուն տարբեր ձեւերով փորձած է այս հարցումներուն պատասխաններ գտնել եւ ամէն անգամ, կեանքը այնպէս, ինչպէս որ է, ընկալելու փոխարէն, փորձած է ամէն ինչ վերածել մեծագոյն առաքելութեան մը, ինչ որ դարձած է իր մեծագոյն ողբերգութիւններուն պատճառը։

Վերջին նման «մեծ առաքելութիւնը», որուն մարդը փորձեց հաւատալ, ազատական դրամատիրութիւնն էր։ Ատիկա հրաշալի գործող համակարգ մըն էր, որ արագ արդիւնքներ կու տար, եւ բոլորը քիչ թէ շատ գոհ էին։ Ազատական դրամատիրութեան յաղթանակը ազգային ընկերվարութեան, ֆաշականութեան, կայսերապաշտութեան եւ ընկերվարական համայնավարութեան դէմ ցոյց տուաւ, որ ատիկա մարդուն համար ամենէն արդիւնաւէտ համակարգն է։ Ազատութիւն, առատութիւն, խաղաղութիւն։ Մի՞թէ կարելի է աւելին ցանկալ։

Բայց երկրային դրախտը սկսաւ ճեղքեր տալ, թէեւ մարդը ինքն ալ չհասկցաւ, թէ ինչո՛ւ։ Եւ հիմա նոյն այդ ազատական դրամատիրութեամբ շնչող Արեւմուտքը, նախ՝ պառակտուած է իր իսկ ներսը, երկրորդ՝ ինքն ալ կը հասկնայ, որ իր ազատականութիւնը այլեւս այնքան ուժեղ չէ, որքան առաջ, իսկ դրամատիրութիւնն ալ կը սկսի վերադառնալ դէպի ճարտարարուեստական յեղափոխութեան առաջին տասնամեակները, երբ հարուստները աւելի կը հարստանային, իսկ աղքատները՝ աւելի կ՚աղքատանային։

Բայց ինչո՞ւ։ Հետեւանքները կարելի է այս կամ այն ձեւով բացատրել, իսկ պատճա՞ռը։ Ո՞րն է պատճառը, որ մարդը ոչ մէկ ձեւով կը յաջողի իր տեղը գտնել ու դիրքորոշուիլ։ Ի՞նչ կ՚ուզէ մարդը։ Ան ո՛չ պատերազմին կը դիմանայ, ո՛չ ալ խաղաղութեան։ Ո՞ւր կ՚ուզէ հասնիլ մարդը, որ այդպէս ալ չի յաջողիր հասնիլ։

Իր այս անհասկնալի վազքին ընթացքին մարդը յօրինած է տարբեր ուտոպիաներ, որոնց պէտք է հասնի, եւ որոնք իրեն պիտի պարգեւեն երանելի հանգստութիւն մը։ Այդ բոլոր ուտոպիաներն ալ շատ արագ սնանկ կը հռչակուին, թէեւ իբրեւ գաղափարներ հետաքրքրական են։ Սնանկ՝ այն իմաստով, որ անոնք կը հակասեն նոյնինքն մարդուն։ Ըլլայ ատիկա յետադիմական վիպապաշտութիւնը, որ կ՚ուզէ մարդը վերադարձնել դէպի երանելի երկրագործական դարաշրջան մը, թէ Ֆրեսքոյի «Վեներա» ծրագիրը, անոնք կը հակասեն մարդուն։ Այլընտրանքային կենսաճարտարագիտութիւնն ու ցեղաբանական բարելաւման տեսութիւնները նոյնպէս մարդուն ոչ մէկ լաւ բան կը խոստանան։ Անոնց մէկ մասը կ՚ուզէ մարդը վերածել անհատականութենէ զրկուած ու միատարր զանգուածի մը, ուրիշ մաս մը զինք կը զրկէ սովորական մարդկային յատկութիւններէն, իսկ ուրիշ մաս մը կը փորձէ կասեցնել զարգացումը։ Մարդը կը հրաժարի այդ ուտոպիաներէն, որոնք բոլորն ալ կը սպառնան վերածուիլ հակաուտոպիաներու։

Միւս կողմէ, մարդը ամէն ինչ փորձած է՝ բացարձակ ստրկատիրական քրմապետութենէն ու կրօնապետութենէն մինչեւ ազատ տնտեսական (Խորհրդային Միութեան մէջ կը սիրէին ըսել՝ գիտական) անաստուածութիւն։ Ոչինչ օգնած է։ Ձախողած են եւ կը շարունակեն ձախողիլ տարբեր տեսակի բռնատիրութիւններն ու կրօնական եւ ազգային նացիզմները։ Անոնցմէ ոչ մէկը մարդուն երջանկութիւն բերած է։

Մարդը հրաժարած է այդ բոլորէն եւ հիմա ալ անհագ ծարաւով նետուած է ԱԻ-ի վրայ։ Վերջին երեք-չորս տարիներուն ԱԻ-ի միջոցով մարդը ստեղծած է անհաշուելի քանակութեամբ նկարներ, երգեր, գրութիւններ, տեսանիւթեր եւ հիմա սկսած է նաեւ ձանձրանալ անոնցմէ։

Երանի՜ թէ խնդիրը միայն ատիկա ըլլար։ ԱԻ-ն կը սպառնայ փլուզել համաշխարհային տնտեսութիւնը կամ դառնալ նոր տեսակի ամբողջատիրութեան գործիք մը, եթէ յայտնուի սխալ մարդու ձեռքերուն մէջ։ Իսկ մարդը բազմաթիւ փաստուած պատճառներ ունի ինքն իրեն չվստահելու։ Անվերջ պատերազմները, անհաշիւ զոհերը, ամենէն սարսափելի վարչակարգերը… Մարդը ինքն իրմէ վախնալու պատճառ ունի։ Եւ, ընդհանուր առմամբ, եթէ ԱԻ-ն մարդուն համար հերթական աղէտը դառնայ, ըսենք՝ հաստատէ նոր ու անտեսանելի բռնատիրական վարչակարգ մը, մարդը գիտէ, որ ինք եւ միայն ինք յանցաւոր է այդ բոլորին համար։

Իսկ ի՞նչ՝ եթէ ԱԻ-ն ոչինչ աւերէ կամ քանդէ։ Ի՞նչ՝ եթէ ԱԻ-ն չդառնայ այն չարաղէտ փորձանքը, որմէ սկսած ենք վախնալ։ Ի՞նչ նոր գիւտ պիտի ընէ մարդը եւ սկսի սարսափիլ անկէ։ Ծինային փոփոխութեան ենթարկուած մա՞րդ, արհեստագիտական անմահութեան նշոյլնե՞ր։ Կամ գուցէ ազգային պետութիւններու փոխարինո՞ւմը միջազգային ընկերութիւններով, կամ ալ սովորական դարձած հերթական ծանրագոյն պատերազմ մը, պայմանական «Հիթլերի մը պարտութիւնը» եւ դարձեալ վէրքերը լզելու բերկրանքը, թէ «մարդկութիւնը յաղթահարեց այսինչ բանը»։

Իսկ գուցէ մարդկութիւնը պիտի հրաժարի իր մեսիական զառանցանքներէն ու նայի իր շուրջը։ Նայի եւ հասկնայ, որ իր գերագոյն նպատակը իր մոլորակը ամէն օր աւելի լաւը դարձնելն է կամ, առնուազն, անոր աւելի քիչ վնաս հասցնելը։ Որովհետեւ մենք պարզապէս հերթական աղէտի մը հետ գործ չունինք, այլ՝ հազարամեայ խելագարութեան մը։ Եթէ երկրագործական դարաշրջանէն մինչեւ ստրկատիրական մոլեգնութեան կամ գաղութային նուաճումներու ժամանակաշրջանը «բնական» կը նկատուէր որեւէ դժբախտ ժողովուրդի մը կոտորածը, ապա հիմա ի՞նչ պատճառաբանութիւն կրնանք բերել։ Մէկ «իզմ»ը՝ միւս «իզմ»ին դէ՞մ։ Մինչեւ ե՞րբ։ Մինչեւ ո՞ւր։

Այս ընթացքով մարդածին դարաշրջանը՝ անթրոփոսենը, կրնայ աւարտիլ աւելի կանուխ եւ աւելի յիմար ձեւով։ Հոմօ սափիէնսը վտանգի տակ կը դնէ իր իսկ գոյութիւնը։ Անիկա կրնայ աւարտիլ կա՛մ Նովասենով, կա՛մ ուրիշ երեւոյթով մը, որ, սակայն, մեզի համար արդէն բոլորովին միեւնոյնը պիտի ըլլայ։ Մենք այնքան երկար ժամանակ այս մոլորակին Ռոպինսոնը եղած ենք, որ մոռցած ենք, թէ իբրեւ տեսակ միակը չենք եղած։ Եւ մեր չթագադրուած միապետութեան աւարտը մեզի նոր դրացիներ կը խոստանայ, որոնք, հաւանաբար, մեզի հետ պիտի վարուին այնպէս, ինչպէս մենք վարուած ենք մեր երբեմնի մեծ ու աղմկոտ ընտանիքին անդամներուն հետ՝ լռութեամբ ու մոռացութեամբ։

Ամէն ինչ անցողիկ է։ Մենք՝ նոյնպէս։

Արայիկ Մկրտումեան

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x