ԱՂԱՍԻ

Պօղոս Թասլաքեան՝ Աղասի այժմ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած հայ նկարիչ եւ քանդակագործ է, որ աւելի ծանօթ է իր ռոմանթիք իւղանկարներով եւ Վերածնունդի ոճով մարմարեայ եւ միայնակ կերպարներու պրոնզէ քանդակներով:

Աղասի ծնած է Լիբանանի հայկական Այնճար գիւղին մէջ, 1964-ին: Ան շատ փոքր տարիքին ցոյց տուած է վաղաժամ տաղանդ եւ խրախուսուած է դիմելու կերպարուեստի հիմնաւոր կրթութեան, որուն առաջին հանգրուանը հանդիսացած է Երեւանի Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ակադեմիան, 1981-ին: 1986-ին Աղասի տեղափոխուած է Իտալիա, ուր շարունակած իր ուսումը Վենետիկի Արուեստի ակադեմիային մէջ: Յաջորդ տասը տարիները Աղասի անցուցած է Իտալիոյ մէջ՝ կատարելագործելով նկարչութեան եւ քանդակագործութեան հմտութիւնները: Անոր աշխատանքները այժմ յստակօրէն կը ցուցադրեն ռոմանթիք ոճ, խորապէս ներշնչուած եւ խոնարհաբար համեմատուած Վերածնունդի դարաշրջանի վարպետներուն հետ: Աղասիի յուշակոթողային գործերը տարածուած են տարբեր վայրերու մէջ. անոնցմէ վերջինը, նուիրուած Հայկական ցեղասպանութեան զոհերուն եւ հայ-լիբանանեան բարեկամութեան, կանգնեցուած է Լիբանանի Ժիւնի քաղաքի մայրուղիին վրայ:

1992-էն ի վեր, Աղասի մասնակցած է աւելի քան 25 ցուցահանդէսներու ամբողջ աշխարհի տարածքին՝ ընդգրկելով Հայաստանն ու Լիբանանը, Ժնեւը, Նիւ Եորքն ու Սան Տիեկոն:

Աղասի՝ իր արուեստին մասին. «Արուեստը յայտարարութիւն մը կ’ընէ, ապրում մը կը ներպահէ եւ մտավիճակ մը կը հաղորդէ: Այդ իմ կեանքիս իւրաքանչիւր պահն է: Իմ նկարներս ու քանդակներս խտացեալ ցուցադրութիւններ են փորձառութիւններուս եւ զգացումներուս: Արուեստը այն է, ինչը գեղեցիկ է եւ իրական: Իմ արուեստս իմ յայտարարութիւնս է»:

Արուեստի քննադատը՝ Աղասիի մասին. Աղասի արհեստավարժ նկարիչ է. ան կ’օգտագործէ դասական թեքնիքը, պատուաստուած՝ ժամանակակից մտազգայնութեամբ, արտադրելու համար 21-րդ դարու յոյզերու և ուժի գլուխգործոցներ: Ռոմանթիզմը և խորհրդապաշտութիւնը կը բնակին անոր աշխարհին մէջ, բայց այնտեղ երբեք քլիշէի նշոյլ չկայ: Անոր թեմաները յաւերժական են, խորապէս մարդկային եւ երբեմն հիւմըրով՝ ցաւագնօրէն ինքն իրեն ուղղուած, մինչ կերպարները, զորս ան կ’օգտագործէ իր պատմութիւններուն համար, եզակի են: Անոր ներկապնակը կ’արձագանգէ տրամադրութեանց, վրձնահարուածը տինամիք է, եւ ընդհանուր ազդեցութիւնը՝ գրաւչօրէն իւրայատուկ:

Թամարա Գանոն (ԱՄՆ)

Play Video
Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x