ԱՆԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Պէյրութի մէջ ապրող եւ ստեղծագործող լիբանանահայ նկարչուհի Անի Քիւրքճեան աւարտած է Լիբանանի պետական համալսարանի Գեղարուեստից ակադեմիան եւ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանը. վերջինէն վկայուած է գործարարութեան, հոգեբանութեան եւ կրօնագիտութեան մասնագիտութիւններուն մէջ: Մասնակցած է աւելի քան 100 ցուցահանդէսներու, արժանացած է Ville de Fontenay-sous-Bois Award (2014), Jouhayna Badour Prize (2012), եւ Atelier-Z’s First Prize in Figurative Painting (2011) մրցանակներուն , ինչպէս նաեւ Պէյրութի Սուրսոք թանգարանի ցուցահանդէսի յատուկ յիշատակութեան մրցանակին (2010:) 2018-ի Ապրիլին Պահրէյնի թագաւորութեան մայրաքաղաքին մէջ, երկրի մշակութային գլխաւոր իրադարձութեան` “Գարնան փառատօնի” շրջանակներուն մէջ բացուեցաւ Անի Քիւրքճեանի անհատական ցուցահանդէսը` “Շղթայուած երկուութիւններ” խորագրով: 2021-ի Մայիս 27-30-ին անոր գործերը ցուցադրուեցան MENART արուեստի միջազգային փառատօնին, Փարիզի մէջ:

Ա. Քիւրքճեանի գործերը ցուցադրուած են 11 տարբեր քաղաքներու թանգարաններուն մէջ եւ ներառնուած են տարբեր երկիրներու հանրային եւ անհատական բազմաթիւ հաւաքածուներու մէջ:

Կը ներկայացնենք շարք մը՝ Անի Քիւրքճեանի նորագոյն ստեղծագործութիւններէն:

 http://www.anniekurkdjian.com/

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x