Հայկական Սփիւռքը կը փոխուի, սակայն արդեօք անոր կազմակերպման եւ ներկայացուցչութեան ձեւերը կը համապատասխանե՞ն այսօրուան իրականութեան։ Ո՞վ իրաւունք ունի խօսելու Սփիւռքի անունով։ Ի՞նչ տեղ ունին հայկական կազմակերպութիւններէն դուրս գտնուող հայերը։ Ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել ժողովրդավարական ներկայացուցչութիւն, եւ ի՞նչ դեր պէտք է ունենայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս գործընթացին մէջ։
Այս եւ առնչակից այլ հարցեր պիտի քննենք յաջորդական յօդուածներով՝ անդրադառնալով նաեւ թուային ժողովրդավարութեան ընձեռած նոր կարելիութիւններուն։
Նպատակը ո՛չ աւանդական կազմակերպութիւններուն վաստակը նսեմացնելն է, ո՛չ ալ պատրաստի լուծումներ առաջարկելը, այլ՝ վերաքննել սփիւռքի կազմակերպման հիմքերը եւ քննարկումի նիւթ դարձնել անոր ապագան։
⁂
Հայկական սփիւռքի կազմակերպութիւնները տասնամեակներ շարունակ եղած են ազգային ինքնութեան պահպանման, կրթութեան, մշակոյթի եւ հասարակական կեանքի հիմնական յենարանները։ Անոնք ընդհանրապէս ստեղծուած են հայ ժողովուրդի ազգային գոյատեւումը կազմակերպելու նպատակով։ Սակայն պատմական վաստակը, որքան ալ նշանակալից ըլլայ, ինքնաբերաբար ներկայացուցչական իրաւունք կու տա՞յ կազմակերպութեան մը, կամ անիկա կրնա՞յ խօսիլ համայնքի մը անունով՝ առանց այդ համայնքէն յստակ լիազօրութիւն ստացած ըլլալու։ Եւ ի՞նչ կը պատահի, երբ համայնքին կազմութիւնը, պահանջները եւ ինքնութեան ընկալումները կը փոխուին, մինչ ներկայացուցչութեան ձեւերը կը շարունակեն գրեթէ անփոփոխ մնալ։
Այս հարցադրումները նոր չեն, բայց հայկական սփիւռքի ներկայ վերափոխումներու պայմաններուն մէջ անոնք կը ստանան առանձնայատուկ հրատապութիւն։
Աւանդական սփիւռքի կազմակերպութիւնները ծնունդ առած են պատմական որոշակի անհրաժեշտութիւններէ։ Անոնք ստեղծած են դպրոցներ, եկեղեցիներ, մշակութային կեդրոններ, մամուլ, բարեսիրական հաստատութիւններ եւ ընկերային օգնութեան համակարգեր։ Շատ մը պարագաներու անոնք ստանձնած են այնպիսի պարտականութիւններ, որոնք բնականոն պայմաններու մէջ պիտի պատկանէին պետական կամ տեղական հանրային հաստատութիւններու։ Այդ գործունէութիւնը ստեղծած է ոչ միայն կազմակերպական փորձառութիւն, այլեւ հասարակական հեղինակութիւն։
Ժամանակի ընթացքին, սակայն, այդ հեղինակութիւնը յաճախ սկսած է ընկալուիլ նաեւ իբրեւ ներկայացուցչական իրաւունք։ Ահա այստեղ է, որ անհրաժեշտ կը դառնայ երկու տարբեր հասկացողութիւններու յստակ զատորոշումը՝ պատմական վաստակ եւ հասարակական լիազօրութիւն։
Վաստակը ներկայացուցչութիւն չէ
Կազմակերպութիւն մը կրնայ հարիւր տարուան պատմութիւն ունենալ, սերունդներ դաստիարակած ըլլալ, մշակութային մեծ ժառանգութիւն ստեղծած ըլլալ եւ ազգային կեանքին մէջ անփոխարինելի դեր կատարած ըլլալ։ Այս բոլորը անոր կու տան պատմական հեղինակութիւն եւ բարոյական արժէք։ Բայց արդեօք այդ վաստակը ինքնաբերաբար իրաւունք կու տա՞յ խօսելու այսօրուան բոլոր հայերուն անունով։
Պատասխանը կը պահանջէ նախ ճշդել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ներկայացնել։
Ներկայացուցչութիւնը պարզապէս հանրային ներկայութիւն կամ ազգային հարցերու մասին դիրքորոշում արտայայտելու կարողութիւն չէ։ Անիկա կ’ենթադրէ որոշակի յարաբերութիւն մը ներկայացնողին եւ ներկայացուողին միջեւ։
Այդ յարաբերութեան հիմքը լիազօրութիւնն է։
Երբ կազմակերպութիւն մը կը խօսի իր անդամներուն անունով, անոր ներկայացուցչական իրաւունքը կրնայ բխիլ անդամակցութեան կանոններէն, ընտրութիւններէն եւ ներքին որոշումներու կայացման ընթացակարգերէն։
Բայց երբ նոյն կազմակերպութիւնը կը յայտարարէ, թէ կը խօսի ամբողջ համայնքի մը կամ սփիւռքի անունով, անխուսափելի կը դառնայ հարցումը՝
Ո՞վ տուած է այդ լիազօրութիւնը։
Կազմակերպութեան մը անդամները կրնան ընտրած ըլլալ իրենց ղեկավարութիւնը։ Սակայն այդ ընտրութիւնը ինքնաբերաբար չի նշանակեր, թէ համայնքին միւս անդամներն ալ լիազօրած են նոյն ղեկավարութիւնը։
Այս տարբերակումը էական է։
Որովհետեւ կազմակերպական օրինականութիւնը եւ հասարակական ներկայացուցչութիւնը նոյն բաները չեն։
Երբ պատմութիւնը կը վերածուի իրաւունքի
Հայկական Սփիւռքի պատմութեան մէջ ազգային ծառայութիւնը յաճախ եղած է հեղինակութեան հիմնական աղբիւրներէն մէկը։ Կազմակերպութիւններու ղեկավարները, բարերարները, կրթական մշակները եւ հասարակական գործիչները հեղինակութիւն ձեռք բերած են իրենց կատարած աշխատանքով։ Այդ հեղինակութիւնը որոշ ժամանակաշրջաններու մէջ կրնար նաեւ լայն հասարակական ընդունելութիւն վայելել։ Սակայն հասարակութիւնները անփոփոխ չեն մնար։
Կը փոխուին սերունդները, կրթական մակարդակները, տնտեսական պայմանները, քաղաքական պատկերացումները եւ ինքնութեան հետ յարաբերութեան ձեւերը։ Հետեւաբար, անցեալին ձեռք բերուած հեղինակութիւնը չի կրնար ինքնաբերաբար երաշխաւորել այսօրուան ներկայացուցչութիւնը։
Այս հարցը յատկապէս կարեւոր է այն համայնքներուն մէջ, ուր կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւնը կը վերարտադրուի սահմանափակ շրջանակներու մէջ, իսկ համայնքի լայն հատուածներուն մասնակցութիւնը որոշումներու կայացման գործընթացներուն կը մնայ սահմանափակ ։
Այստեղ պէտք չէ շփոթել երկու տարբեր երեւոյթներ։ Կազմակերպութիւն մը կրնայ իր ներքին կանոններուն համաձայն լիովին օրինական ղեկավարութիւն ունենալ։ Բայց այդ օրինականութիւնը չի լուծեր ամբողջ համայնքը ներկայացնելու հարցը։ Օրինականութիւնը կրնայ ըլլալ կազմակերպական, մինչ ներկայացուցչութեան պահանջը՝ հասարակական։

Ո՞ր համայնքը կը ներկայացնենք
Կայ նաեւ ուրիշ, աւելի հիմնական խնդիր մը։ Երբ կ՚ըսենք «հայկական համայնք», ճիշդ որո՞ւ մասին կը խօսինք։
Աւանդական պատկերացումով համայնքը յաճախ կը նոյնացուէր իր կազմակերպուած հաստատութիւններուն հետ։ Հայկական դպրոցները, եկեղեցիները, միութիւնները եւ մշակութային կեդրոնները կը կազմէին համայնքային կեանքին տեսանելի կառուցուածքը։ Սակայն այդ կառուցուածքէն դուրս միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են հայեր, որոնք տարբեր պատճառներով չեն մասնակցած կազմակերպուած կեանքին։
Ոմանք հեռու ապրած են հայկական կեդրոններէն։ Ուրիշներ չեն բաժնած գոյութիւն ունեցող կազմակերպութիւններուն գաղափարական կամ քաղաքական ուղղութիւնները։ Ոմանք պարզապէս չեն ուզած անդամակցիլ որեւէ միութեան։
Այս մարդիկը, սակայն, չեն դադրիր համայնքին մաս կազմելէ։
Եթէ համայնքի սահմանումը հիմնենք միայն կազմակերպական անդամակցութեան վրայ, ապա անոր զգալի հատուածները կրնան դուրս մնալ մեր պատկերացումէն։
Աւելի՛ն. այսօր հայկական ծագումով մարդիկ կ՚ապրին այնպիսի քաղաքներու եւ երկիրներու մէջ, ուր հայկական հաստատութիւնները շատ սահմանափակ ներկայութիւն ունին կամ ընդհանրապէս գոյութիւն չունին։ Անոնք կրնան հայկական ինքնութեան հետ ունենալ կենդանի յարաբերութիւն՝ առանց որեւէ կազմակերպութեան անդամ ըլլալու։ Ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ անոնց անունով։
Եւ արդեօք կարելի՞ է համայնքի մը ներկայացուցչութիւնը սահմանել միայն անոր կազմակերպուած հատուածին միջոցով։
Ներկայացուցչութեան սահմանները
Այս հարցադրումները կ’առաջնորդեն կարեւոր սկզբունքի մը։ Կազմակերպութիւն մը կրնայ ներկայացնել իր անդամները, պաշտպանել որոշակի հասարակական շահեր, արտայայտել քաղաքական դիրքորոշումներ եւ ազգային կեանքին մէջ առաջնորդող դեր ստանձնել։ Բայց այս բոլոր գործառոյթները նոյնը չեն։
Ազգային հարցի մը շուրջ դիրքորոշում արտայայտելը չի նշանակեր, թէ այդ դիրքորոշումը կը ներկայացնէ բոլոր հայերուն կարծիքը։ Հասարակական ազդեցութիւն ունենալը չի նշանակեր, թէ այդ ազդեցութիւնը հիմնուած է ներկայացուցչական լիազօրութեան վրայ։ Իսկ պատմական վաստակ ունենալը չի նշանակեր, թէ կազմակերպութիւնը անսահմանափակ ժամանակով ստացած է համայնքին անունով խօսելու իրաւունք։
Այս տարբերակումները պէտք չէ մեկնաբանել իբրեւ կազմակերպութիւններու դերը նսեմացնելու փորձ։
Ընդհակառակը՝ անոնք կրնան նպաստել կազմակերպութիւններուն նկատմամբ հասարակական վստահութեան ամրապնդման։ Որովհետեւ երբ կազմակերպութիւն մը յստակօրէն կը սահմանէ իր ներկայացուցչութեան շրջանակը, անոր հանրային խօսոյթը կը դառնայ աւելի ճշգրիտ եւ պատասխանատու։ Ան կրնայ ըսել, թէ կը ներկայացնէ իր անդամները, իր համակիրները կամ որոշակի հարցի մը շուրջ ձեւաւորուած հասարակական դիրքորոշում մը։ Բայց ամբողջ համայնքին անունով խօսելու համար անհրաժեշտ է աւելի լայն լիազօրութիւն։
Հեղինակութիւն՝ առանց ներկայացուցչութեան
Հոս կ’արժէ անդրադառնալ նաեւ առաջնորդութեան եւ ներկայացուցչութեան տարբերութեան։ Անհատ մը կրնայ մեծ հեղինակութիւն ունենալ իր գիտական, մշակութային կամ հասարակական գործունէութեամբ։ Ան կրնայ ազդել հանրային կարծիքին վրայ, նախաձեռնել կարեւոր ծրագրեր եւ իր շուրջ համախմբել բազմաթիւ մարդիկ։ Բայց այդ հեղինակութիւնը անպայման չի նշանակեր, թէ ան լիազօրուած է ուրիշներու անունով որոշումներ կայացնելու։
Նոյնը կը վերաբերի կազմակերպութիւններուն։
Հայկական մշակութային հաստատութիւն մը կրնայ մեծ դերակատարութիւն ունենալ լեզուի պահպանման մէջ՝ առանց ամբողջ համայնքը ներկայացնելու։ Բարեսիրական կազմակերպութիւն մը կրնայ հսկայական ծառայութիւն մատուցել՝ առանց համայնքին քաղաքական կամ հասարակական կամքը արտայայտելու։ Իսկ քաղաքական կազմակերպութիւն մը կրնայ ազգային հարցերու շուրջ յստակ դիրքորոշումներ ունենալ՝ առանց այդ դիրքորոշումները բոլոր հայերուն վերագրելու։
Այսպիսի տարբերակումը ոչ թէ կը սահմանափակէ ազգային գործունէութիւնը, այլ կը յստակացնէ անոր բնոյթը։
Պայման չէ, որ կազմակերպութիւնները ամբողջ սփիւռքը ներկայացնեն՝ անոր զարգացման մէջ կարեւոր դեր կատարելու համար։
Նոր սերունդներ, նոր պահանջներ
Ներկայացուցչութեան խնդիրը աւելի բարդ կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք սերնդափոխութիւնը։ Աւանդական Սփիւռքի կազմակերպութիւնները մեծ մասամբ ձեւաւորուած են այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ ազգային ինքնութիւնը կը փոխանցուէր համեմատաբար համախմբուած համայնքային միջավայրերու մէջ։
Այսօր այդ միջավայրերը կը փոխուին։
Նոր սերունդներու մէկ մասը հայկական ինքնութեան հետ կը յարաբերի տարբեր լեզուներով, մշակութային տարբեր փորձառութիւններով եւ հասարակական տարբեր առաջնահերթութիւններով։ Անոնց համար կազմակերպութեան մը պատմութիւնը կրնայ յարգանքի արժանի ըլլալ, բայց այդ պատմութիւնը բաւարար պատճառ չըլլալ անոր անդամակցելու կամ անոր ղեկավարութիւնը իբրեւ սեփական ներկայացուցիչ ընդունելու համար։
Նոր սերունդը կրնայ հարցնել, թէ կազմակերպութիւնը ինչպէ՛ս կը գործէ այսօր, որքանո՛վ բաց է մասնակցութեան առջեւ, ինչպէ՛ս կը կայացնէ որոշումները եւ որո՛ւն առջեւ հաշուետու է։ Այս հարցումները ազգային անտարբերութեան արտայայտութիւն չեն։ Անոնք կրնան ըլլալ հասարակական մասնակցութեան նկատմամբ նոր ակնկալութիւններու արտայայտութիւն։
Եւ եթէ կազմակերպութիւնները կ’ուզեն շարունակել իրենց դերակատարութիւնը, ստիպուած են լրջօրէն նկատի առնելու այդ ակնկալութիւնները։
Պատմական ժառանգութիւնը՝ իբրեւ հիմք, ոչ թէ արտօնագիր
Հայկական Սփիւռքի պատմական կազմակերպութիւնները կը տնօրինեն հսկայական ժառանգութիւն մը։ Այդ ժառանգութիւնը միայն շէնքերու, հաստատութիւններու կամ նիւթական միջոցներու ամբողջութիւն մը չէ։ Անիկա կը ներառէ կազմակերպական փորձառութիւն, մշակութային գիտելիք, հասարակական կապեր եւ սերունդներու աշխատանքով ստեղծուած վստահութիւն։
Սակայն այդ ժառանգութիւնը կրնայ ունենալ երկու տարբեր ճակատագիր։ Կրնայ վերածուիլ ինքնաբաւ հեղինակութեան մը, որուն հիմնական հիմնաւորումը անցեալին կատարուած ծառայութիւնն է։ Կամ կրնայ դառնալ նոր մասնակցութեան, նոր համագործակցութիւններու եւ նոր հասարակական յարաբերութիւններու հիմք։
Առաջին պարագային պատմութիւնը կը դառնայ պատնէշ։ Երկրորդ պարագային՝ զարգացման կարելիութեան։ Հետեւաբար, խնդիրը պատմական կազմակերպութիւնները փոխարինելը չէ, այլ անոնց վաստակը ներկայ հասարակական պահանջներուն հետ կապելը։
Այդ մէկը կը պահանջէ լայնախոհութիւն, թափանցիկութիւն, ինքնաքննադատութիւն եւ ներկայացուցչութեան սահմաններուն յստակ գիտակցութիւն։
Դէպի լիազօրութեան նոր ըմբռնում
Ի՞նչ պիտի նշանակէր ներկայացուցչութեան նոր մշակոյթ մը հայկական սփիւռքին մէջ։ Նախ՝ անհրաժեշտ պիտի ըլլար յստակօրէն տարբերել կազմակերպութեան անդամներուն անունով խօսիլը ամբողջ համայնքի անունով խօսելէն։ Երկրորդ՝ անհրաժեշտ պիտի ըլլար ստեղծել մասնակցութեան այնպիսի միջոցներ, որոնք կազմակերպական անդամակցութենէն դուրս գտնուող հայերուն ալ հնարաւորութիւն կու տան արտայայտելու իրենց կարծիքները։ Երրորդ՝ ներկայացուցչական մարմինները պէտք է ունենային լիազօրութեան յստակ սահմաններ եւ հաշուետուութեան գործնական ընթացակարգեր։ Իսկ չորրորդ՝ պէտք է ընդունուէր, որ Սփիւռքի բազմազանութիւնը պայնան չէ, որ արտայայտուի մէկ միասնական ձայնով։
Տարբեր համայնքներ, կազմակերպութիւններ եւ հասարակական խումբեր կրնան ունենալ տարբեր առաջնահերթութիւններ։ Ասիկա անպայման տկարութիւն չէ։ Բազմազանութիւնը կրնայ դառնալ հասարակական կենսունակութեան աղբիւր, եթէ գոյութիւն ունենան համագործակցութեան եւ հասարակաց որոշումներու կայացման ընդունուած միջոցներ։ Հետեւաբար, սփիւռքի ապագայ կազմակերպման խնդիրը միայն նոր ղեկավարներ գտնելը չէ։
Անիկա նաեւ նոր լիազօրութիւններու եւ նոր պատասխանատուութիւններու համակարգ ստեղծելու հարց է։
Ո՞վ տուած է խօսելու իրաւունքը
Ի վերջոյ, հայկական սփիւռքի ներկայացուցչութեան խնդիրը կարելի է ամփոփել պարզ, բայց հիմնարար հարցումով մը։ Երբ անհատ մը կամ կազմակերպութիւն մը կը յայտարարէ, թէ կը խօսի սփիւռքի անունով, ո՞վ տուած է անոր այդ իրաւունքը։
Պատմութի՞ւնը։
Ազգային ծառայութի՞ւնը։
Կազմակերպական անդամակցութի՞ւնը։
Հասարակական հեղինակութի՞ւնը։
Թէ՞ ներկայացուողներուն յստակ լիազօրութիւնը։
Այս հարցումին պատասխանը չի կրնար սահմանափակուիլ մէկ սկզբունքով։ Պատմական վաստակը, հասարակական վստահութիւնը եւ կազմակերպական փորձառութիւնը կարեւոր են։ Բայց անոնք չեն փոխարիներ ներկայացուցչութեան անհրաժեշտ լիազօրութիւնը։
21-րդ դարու հայկական սփիւռքը կը գտնուի այնպիսի հանգրուանի մը առջեւ, ուր իր պատմական հաստատութիւնները պէտք է վերագնահատեն ոչ միայն իրենց գործունէութիւնը, այլեւ իրենց հասարակական դիրքին հիմքերը։ Որովհետեւ ներկայացուցչական իրաւունքը անցեալէն ժառանգուած սեփականութիւն մը չէ։
Անիկա կենդանի յարաբերութիւն մըն է ներկայացնողին եւ ներկայացուողին միջեւ, որ պէտք է շարունակաբար հաստատուի մասնակցութեամբ, վստահութեամբ եւ հաշուետուութեամբ։
Պատմական վաստակը կրնայ հեղինակութիւն ստեղծել։ Բայց ներկայացուցչական իրաւունքը պէտք է բխի այսօրուան հասարակութենէն։
Եւ հաւանաբար հո՛ս պէտք է փնտռել նոր սփիւռքի կազմակերպման առաջին սկզբունքը։



