Այսպէս կ’ըսէր համացանցի վրայ գրութիւն մը, որուն հանդիպեցայ անցեալ շաբաթ, թէեւ անիկա 2006-ին գրուած էր։ Հեղինակը կ’ակնարկէր Էլիաս Ռիկզի (Elias Riggs) Աստուածաշունչի արեւմտահայերէն թարգմանութեան, շատ վարպետօրէն եւ հնարամիտութեամբ բառախաղ մը ընելով անգլերէն “rig” բառին նշանակութիւններէն մէկը (խաբել) եւ Էլիաս Ռիկզի մականունը կապակցելով իրենց նմանութենէն օգտուելով։
Այս գրութեան հեղինակը այն տպաւորութիւնը ունէր, կամ գոնէ այդպէս կ’ուզէր ցոյց տալ, որ Էլիաս Ռիկզ հայ համայնքը խաբած էր, խարդախած էր, իր անձնական հայերէն խօսելու եւ հայերէն գրելու ոճը, ձեւերը եւ կերպերը պարտադրելու համար։ Ան կոչ կ’ուղղէր հայութեան, որպէսզի «մեր Մեսրոպեան լեզուին սանձը եւ ղեկը ետ առնենք, եւ չի թողունք, որ Էլիաս Ռիկզի նմանները, թուրքերը, եւ ռուսերը մեզի ըսեն թէ ի՞նչպէս պէտք է խօսինք եւ գրենք»։
Կարգ մը պատմական իրողութիւններ կան որ մեր հեղինակին ուշադրութենէն վրիպած են։ Ես կ’ուզեմ զանոնք վերյիշել մեր ընթերցողներուն օգուտին համար։
Էլիաս Ռիկզի Աստուածաշունչի թարգմանութեան առաջին տպագրութիւնը եղաւ Իզմիր, 1853-ին, վերատպուեցաւ Պոլիս 1857-ին, եւ մի քանի տարի ետք Նիւ Եորք։ Հոս շատ կարեւոր է շեշտել, որ երբ «Էլիաս Ռիկզի Թարգմանութիւն» կ’ըսենք, չենք ուզեր նշանակել, որ ինքը, իր կէս կատար գիտցած հայերէնով Աստուածաշունչը թարգմանեց եւ այդ գործը մէջտեղ բերաւ։ Բուն թարգմանութիւնը հայ լեզուաբաններ ըրին։ Ռիկզ միայն անոնց վրայ հսկեց եւ գործը յառաջ տարաւ։ Աւելին՝ այս հայ գիտնականները տարիներ առաջ սկսած էին թարգմանութեան գործը եւ միայն վերջաւորութեան էր, որ Ռիկզ զիրենք քիչ մը առաջնորդեց եւ հրահրեց։
Այս նոր տպուած Աստուածաշունչները արագօրէն բաժնուեցան Թուրքիոյ արեւմտահայերէն խօսող ժողովուրդին, եւ մարդիկ սկսան հայերէն կարդալ այնպիսի լեզուով մը, որ կրնային հասկնալ։ Քաղաքներու մէջ ապրող ունեւոր, բարեկեցիկ եւ կրթուած մարդիկ հայերէն կարդալու այլ միջոցներ ունէին. անոնք ունէին գիրքեր ու թերթեր, թատրոններ, ինչպէս նաեւ դպրոցներու կարելիութիւնը։ Սակայն շատ մը աղքատ ընտանիքներու համար, մանաւանդ գիւղական շրջանակներու մէջ, այս Աստուածաշունչը միակ հայերէն գիրքն էր, որ իրենց կեանքին մէջ տեսած էին։
Ոմանք կարդալ գիտէին, բայց շատերը չէին գիտեր, եւ անոնք ծանօթներ կամ բարեկամներ կը գտնէին, որ իրենց կարդալ սորվեցնէին, ու այսպիսով՝ կամաց-կամաց կը սորվէին լեզուն։ Անոնք այս Աստուածաշունչին միջոցաւ սորվեցան կարդալ։ Շատ հայեր, որ նախապէս թրքախօս էին, այս Աստուածաշունչին միջոցաւ հայերէն սորվեցան։ Իրենց ծնունդները, մահերը եւ ամուսնութիւնները այս Աստուածաշունչներուն առաջին կամ վերջին էջերուն վրայ կ’արձանագրէին, եւ իրենց զաւակներուն ալ այս Աստուածաշունչով կարդալ կը սորվեցնէին։
Այդ տարիներուն, երբ գիրքերը գրաբարով կը գրուէին, որ պարզ ժողովուրդին անհասկնալի էր, եւ մինչ մտաւորականները կը վիճէին, թէ ո՞ր մէկ հայերէնը ընդունելի էր տպագրութեան մէջ գործածուելու համար, հազարաւոր հայեր՝ երկու կամ երեք սերունդներ, նոյնիսկ աւելի, այս Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչին միջոցաւ սորվեցան հայերէնը՝ իրենց առօրեայ խօսակցական լեզուով գրուած։
Որոշ դպրոցներ, աւելի զարգացած քաղաքներու մէջ, ուրիշ հայերէն գիրքեր ալ ունէին, բայց աղքատներուն մեծ մասը միայն Աստուածաշունչի օրինակ մը ունէր։ Նոյնը կը պատահէր որբանոցներու մէջ։ Պզտիկները արեւմտահայերէնով կը կարդային, կը գրէին եւ անկէ հատուածներ գոց կը սորվէին։
Արեւմտահայերէնը հսկայական թափ ստացաւ այս «Էլիաս Ռիկզի» թարգմանութեան շնորհիւ։ Եւ ինչպէս վերը բացատրեցի, թարգմանութիւնը ինքնին, իր լեզուական մանրամասնութիւններուն մէջ, Ռիկզի անձնական գործը չէր, այլ բնիկ հայ գիտնականներու մեծ խումբի մը աշխատանքը, որ ան կը ղեկավարէր եւ կը վերահսկէր։
Այս Աստուածաշունչին տպագրուած առաջին օրէն ի վեր, որմէ արդէն 173 տարիներ անցան, քննադատներ կը գանգատին, թէ թարգմանութիւնը լաւ չէ, թէ սխալներ ունի, թէ շարահիւսութեան մէջ թրքաբանութիւններ կան, եւ թէ կը գործածէ թրքերէն լեզուին յատուկ դարձուածքներ։
Այո՛, սխալներ կարելի է գտնել, բայց, ինչպէս Ե. Պապիկեանի եւ Ա. Պետիկեանի ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, անոնք քիչ են, եւ մեծ մասը աննշան։ Այսպիսի հսկայածաւալ գործի մը մէջ գրեթէ անկարելի է ունենալ կատարեալ թարգմանութիւն մը, որ բոլորին գոհացնէ, մանաւանդ երբ կան վարդապետական հարցեր, որոնց շուրջ մարդիկ 2000 տարիէ ի վեր կը վիճաբանին՝ առանց անոնց մասին համաձայնութեան գալու։
Անկէ զատ, ասիկա այն լեզուն է, որով մենք բոլորս վերջին 200 տարիներուն ամէն օր խօսած ենք։ Կատարեալ կամ ոչ, ժողովուրդին լեզուն է։ Ասիկա իսկական Արեւմտահայերէնն է։
Շնորհակալութիւն քեզի, Էլիաս Ռիկզ, մեզ «խաբելուդ» համար։ Հոյակապ գործ մը կատարեցիր։
Սարգիս Պալթաեան



