ԱԻ-ն եւ փոքր լեզուներու ապագան. արեւմտահայերէնի պարագան

Երբ լեզուի մը ապագային մասին կը խօսինք, սովորաբար նոյն հարցումները կ’ուղղենք. քանի՞ հոգի կը խօսի զայն, քանի՞ դպրոց կը դասաւանդէ, քանի՞ գիրք կը հրատարակուի, երիտասարդները տունը կը խօսի՞ն այդ լեզուով, նոր սերունդը կրնա՞յ կարդալ ու գրել։ Այս հարցումները անխուսափելի են։ Բայց արուեստական իմացականութեան զարգացման զուգահեռ նոր հարցում մը աւելցած է անոնց վրայ.

Ցանցային գործիքները կը հասկնա՞ն մեր լեզուն։ Կրնա՞նք արեւմտահայերէն հարցում մը ուղղել եւ բնական պատասխան ստանալ։ Գործիքը կրնա՞յ արեւմտահայերէնը տարբերել արեւելահայերէնէն, թարգմանել, սրբագրել, արտասանել, ձայնը գրութեան վերածել, հին մամուլը կարդալ կամ երեխայի մը հետ արեւմտահայերէն զրուցել։ Այս հարցումները այլեւս միայն արհեստագէտներու չեն վերաբերիր։ Անոնք լեզուի գոյատեւման մասին են։

UNESCO-ի տուեալներով՝ աշխարհի մէջ այսօր գործածուող շուրջ 7.000 լեզուներէն միայն շուրջ 1.000-ը ներկայացուած են համացանցին մէջ։ ԱԻ-ի տարածումը կրնայ թուային այս անհաւասարութիւնը վերածել շատ աւելի խոր լեզուական անհաւասարութեան։

Մինչեւ հիմա փոքր լեզուներու մեծ հարցը այն էր, թէ անոնք պիտի գոյատեւե՞ն մեծ լեզուներու կողքին։ Վաղուան հարցը կրնայ ըլլալ՝ անոնք պիտի գոյատեւե՞ն գործիքներուն մէջ։

Երբ հայերէնը կը մնայ թուային կեանքէն դուրս

Պատկերացնենք հայ պատանի մը Փարիզի, Մոնթրէալի կամ Լոս Անճելըսի մէջ։ Ան ԱԻ պիտի գործածէ դասերը պատրաստելու, տեղեկութիւն փնտռելու, գրելու, թարգմանելու, ուսումնասիրելու եւ աշխատելու համար։ Եթէ այս բոլորը կրնայ կատարել անգլերէնով կամ ֆրանսերէնով, բայց ոչ արեւմտահայերէնով, ի՞նչ լեզուով պիտի մտածէ իր թուային կեանքին մէջ։ Հայերէնի անհետացումը մէկ օրէն միւսը տեղի պիտի չունենայ, բայց անիկա կրնայ աստիճանաբար սահմանափակուիլ ընտանիքին, եկեղեցիին, երգին, բանաստեղծութեան եւ անցեալի յիշողութեան մէջ, մինչ երիտասարդը ուրիշ լեզուով կը մտածէ, կը ստեղծագործէ, կը փնտռէ, կ՚աշխատի եւ նոր գիտելիք ձեռք կը բերէ։ Այսինքն՝ լեզուն կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ, բայց միաժամանակ դադրիլ արդիական կեանքի լեզու ըլլալէ։

Ժամանակ մը տպագիր գիրքը մտաւոր զարգացման ամենէն ազդու միջոցը կը նկատուէր: Յետոյ՝ յաջորդաբար մամուլը, ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, համացանցն ու ընկերային ցանցերը։ Այսօր այդ թուային միջավայրին վրայ նոր եւ արագ ընդարձակուող շերտ մը աւելցած է՝ ԱԻ-ն, ուր մշակութային հարստութիւնը ինքնին բաւարար չէ։ ԱԻ-ն լեզու չի սորվիր երեխայի մը պէս։ Ան մեծ մայր չունի, որ իրեն պատմութիւն պատմէ, դպրոց չի յաճախեր եւ թաղի ընկերներ ալ չունի։

Անիկա լեզուական օրինաչափութիւնները կը «սորվի» հսկայական քանակութեամբ ուսուցման նիւթերէ՝ գիրքեր, կայքեր, յօդուածներ, փաստաթուղթեր, թարգմանութիւններ եւ, համապատասխան համակարգերու պարագային, ձայնային նիւթեր։ Այստեղ մեծ լեզուները հսկայական առաւելութիւն ունին։

Ըսել չէ թէ արեւմտահայերէնը աղքատ լեզու է։ Ընդհակառակը, ունի Զօհրապ, Օշական, Շանթ, Թէքէեան, Եսայեան, Մեծարենց ու Վարուժան։ Ունի հարուստ մամուլ, բառարաններ, թարգմանութիւններ, յուշագրութիւններ եւ աւելի քան մէկ դարու սփիւռքեան տպագիր արտադրութիւն։ Բայց ԱԻ գործիքին համար մշակութային հարստութիւնը ինքնաբերաբար թուային հարստութիւն չէ։ Հազարաւոր գիրքեր ունենալը բաւարար չէ, եթէ անոնք գործիքին համար ընթեռնելի չեն։ Հարիւր տարուան մամուլ ունենալը բաւարար չէ, եթէ անոր էջերը փակուած են վատորակ PDF-ներու մէջ կամ երբեք չեն թուայնացած։ Բառարանը բաւարար չէ, եթէ համակարգիչը չի կրնար մշակել անոր բառապաշարը։ Ձայնային ժառանգութիւնն ալ բաւարար չէ, եթէ արձանագրուած ու դասակարգուած չէ։

Ուրեմն մեր մշակութային ժառանգութիւնը պէտք է այնպիսի ձեւով թուայնացնել եւ մշակել, որ համակարգիչն ալ կարենայ զայն կարդալ ու մշակել: Այս ուղղութեամբ արեւմտահայերէնը զերոյէն չի սկսիր։ Ստեղծուած է արեւմտահայերէնի Universal Dependencies Treebank-ը Երեւանի պետական համալսարանի ArmTDP խումբին աշխատանքով եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ։ Ան լեզուի քերականական եւ շարահիւսական կառուցուածքը համակարգչային մշակման համար ծանօթագրուած շտեմարանի կը վերածէ։ 2024-ին հրապարակուած ուսումնասիրութիւն մը ստեղծած է նաեւ արեւմտահայերէն–անգլերէն առաջին զուգահեռ շտեմարանը՝ շուրջ 147.000 նախադասութիւններու զոյգերով, ինչպէս նաեւ երկու լեզուներուն միջեւ մեքենական թարգմանութեան առաջին համակարգը։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքն ալ տարիներէ ի վեր կ՚աջակցի արեւմտահայերէնի թուային ենթակառոյցներու ստեղծման՝ բնագիրներու շտեմարաններէ եւ ուղղագրիչներէ մինչեւ առցանց բառարաններ, ուսուցման միջոցներ եւ լեզուական վերլուծութեան գործիքներ։ Այս բոլորը կարեւոր են։ Բայց միայն սկիզբ են։

ԱԻ-ն լեզու չի փրկեր

ԱԻ-ն կրնա՞յ փրկել արեւմտահայերէնը։ Բնականաբար՝ ո՛չ։

Լեզուն կը պահեն ու կը զարգացնեն զայն գործածող մարդիկը։ Եթէ ծնողքը երեխային հետ հայերէն չի խօսի, ԱԻ-ն չի կրնար փոխարինել ծնողքը։ Եթէ հայերէնով նոր գրականութիւն, լրագրութիւն, գիտութիւն եւ մտածողութիւն չեն ստեղծուիր, գործիքը պիտի ունենայ միայն անցեալը վերարտադրելու նիւթ։

Բայց ԱԻ-ն կրնայ տալ գործիքներ, զորս փոքր լեզուները երբեք չեն ունեցած։

Պատկերացնենք արեւմտահայերէն խօսող ԱԻ օգնական մը, որ երեխային հետ բնական զրոյց կ՚ունենայ։ Ուսուցիչ մը, որ վայրկեաններու մէջ աշակերտին մակարդակին համապատասխան ընթերցանութեան նիւթ կը պատրաստէ։ Պէյրութի հարիւրամեայ հայ մամուլը՝ ամբողջութեամբ որոնելի կը դարձնէ։ Կամ համակարգ մը, որ տարեց մարդու մը պատմած ընտանեկան յուշերը անմիջապէս արեւմտահայերէն գրութեան կը վերածէ։

Ասոնք այլեւս գիտաերեւակայութիւն չեն։

Իսկ եթէ գործիքը սխա՞լ հայերէն սորվի: ԱԻ-ն կրնայ նաեւ վնասել փոքր լեզուին։ Եթէ համակարգի ուսուցման նիւթերուն մէջ արեւմտահայերէնը բաւարար ներկայութիւն չունի, իսկ արեւելահայերէնը անհամեմատ աւելի մեծ ներկայութիւն ունի, համակարգը կրնայ երկուքը խառնել։ Արդիւնքը առաջին հայեացքով «հայերէն» կ՚երեւի, բայց աստիճանաբար արեւմտահայերէնի քերականութիւնը, շարահիւսութիւնը, բառապաշարն ու բնական արտայայտութիւնները կրնան նահանջել։

Վտանգը մեծ է, որովհետեւ գործիքը սխալը զանգուածաբար կը բազմապատկէ։ Իսկ նոր սերունդ մը, որ լեզուին ամբողջական վստահութեամբ չի տիրապետեր, կրնայ գործիքին արտադրածը ընդունիլ իբրեւ ճիշդ հայերէն։ Հետեւաբար, արեւմտահայերէնի համար ԱԻ գործիքներու զարգացումը միայն համակարգչային գիտութեան խնդիր չէ։ Անոր շուրջ պէտք է աշխատին նաեւ լեզուաբաններ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ, գրողներ եւ թարգմանիչներ։ Գործիքը լեզուն կը սորվի մեր տուած նիւթերէն։ Հայերէն ի՞նչ նիւթեր պէտք է տանք անոր։

Մեր արխիւները՝ ապագայի ենթակառոյցը

ԱԻ-ն նաեւ կը ստիպէ մեզ նոր աչքով նայելու մեր ժառանգութեան։ Հին թերթը այլեւս միայն պատմաբանի աղբիւր չէ. անիկա նաեւ լեզուական տուեալ է։ Վէպը միայն գրական ստեղծագործութիւն չէ. համապատասխան թուայնացումէ, մշակումէ եւ իրաւական պայմաններու ապահովումէն ետք՝ անիկա կրնայ նաեւ լեզուական համակարգերու զարգացման նիւթ դառնալ։ Բառարանը միայն բառ մը փնտռելու միջոց չէ. անիկա լեզուական ենթակառոյց է։ Ձայնագրուած հարցազրոյցը միայն յիշողութիւն չէ. անիկա ապագայ ձայնային համակարգի ուսուցման աղբիւր կրնայ դառնալ։ Սփիւռքի թերթերուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, գրադարաններուն եւ անհատական հաւաքածոներուն մէջ միլիոնաւոր էջեր կան, որոնց մշակութային արժէքը գիտենք, բայց որոնց թուային արժէքը տակաւին ամբողջութեամբ չենք հասկցած։

Խնդիրը այն է, որ այս աշխատանքը համակարգում կը պահանջէ։ Մէկը գիրքեր կը թուայնացնէ, ուրիշ մը բառարան կը պատրաստէ, երրորդ մը ԱԻ նախագիծ մը կը սկսի։ Բայց փոքր լեզուի մը համար ցրուած աշխատանքը բաւարար չէ։ Արեւմտահայերէնը պէտք ունի թուային ամբողջական կենսոլորտի՝ բնագիրներ, մամուլ, բառարաններ, ձայնային նմուշներ, բաց շտեմարաններ, լեզուական չափանիշներ եւ զանոնք օգտագործող գործիքներ։

Ամենէն կարեւոր տուեալը տակաւին մարդն է

Կարելի է միլիոնաւոր էջեր թուայնացնել։ Բայց եթէ նոր էջեր չեն գրուիր, մենք միայն անցեալը կը պահպանենք։ Կարելի է գործիքին սորվեցնել անթերի արեւմտահայերէն։ Բայց եթէ երեխան իր մեծ մօր հետ այլեւս հայերէն չի խօսիր, գործիքին յաջողութիւնը մարդկային ձախողութիւնը փոխարինող չի դառնար։ Ուստի ԱԻ-ն փոքր լեզուներու փրկիչը չէ։ Բայց կրնայ ըլլալ անոնց ամենէն հզօր նոր գործիքներէն մէկը։

Արեւմտահայերէնի ապագան միայն այն չէ, որ, օրինակ, 2050-ին համակարգիչ մը կարենայ Դանիէլ Վարուժան կարդալ։ Ապագան այն է, որ 2050-ին հայ երիտասարդ մը կարենայ այդ նոյն համակարգիչին միջոցով նոր բան ստեղծել արեւմտահայերէնով. հարցում տալ, վիճիլ, գրել, սորվիլ, աշխատիլ, կատակել, սիրել, եւ նոր բառ մը ստեղծել այն աշխարհի համար, որ տակաւին գոյութիւն չունի։

Լեզուի վտանգը չի սկսիր միայն այն օրը, երբ վերջին խօսողը կը լռէ։ Ան շատ աւելի կանուխ կը սկսի՝ երբ կը կազմաւորուի նոր աշխարհ մը, ուր այդ լեզուն այլեւս չի գործածուիր կամ չի ճանչցուիր։

Արուեստական իմացականութեան դարաշրջանին արեւմտահայերէնի մարտահրաւէրը, հետեւաբար, միայն գոյատեւելը չէ։ Անիկա պէտք է կարենայ ապագային հասնիլ։ Եւ այս անգամ ապագային հասնելու համար, մարդուն կողքին՝ գործիքն ալ պէտք է արեւմտահայերէն սորվի։

Վ.Թ.

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x