Մութ ամպեր՝ աշխարհի վերեւ. աշխարհակարգը փլուզումի սեմի՞ն
Աշխարհակարգերը մէկ օրէն միւսը չեն փլիր։ Անոնք կը մաշին աստիճանաբար՝ հաստատութիւններու տկարացումով, կանոններու անտեսումով, պատերազմներու տարածումով եւ այն վտանգաւոր ինքնախաբէութեամբ, թէ վաղը անպայման պիտի նմանի երէկուան։ Նախանշանները յաճախ մեր աչքերուն առջեւ կ’ըլլան, սակայն մենք կը նախընտրենք զանոնք նկատել իբրեւ անցողակի երեւոյթներ։
Ստորեւ ներկայացուող A New World Order Is Coming. We Aren’t Ready խորագրեալ յօդուածին մէջ պատմաբան Մարկըրէթ ՄաքՄիլըն պատմական յեղափոխութիւններու, համաշխարհային պատերազմներու եւ այսօրուան աշխարհաքաղաքական ցնցումներու ընդմէջէն կը քննէ մեր ժամանակի մտահոգիչ հարցումը. արդեօք հին աշխարհակարգը պարզապէս դժուար շրջանէ՞ մը կ՚անցնի, թէ՞ արդէն կը գտնուինք նոր եւ աննախատեսելի դարաշրջանի մը սեմին, որուն տակաւին պատրաստ չենք։
«Տարբերակ21»

Երբ փոթորիկ մը մօտենայ, միշտ ալ նախանշաններ կ՚ըլլան։ Քամին կրնայ յանկարծ դադրիլ։ Ծովը սովորականէն աւելի ետ քաշուիլ։ Ամպի երկար երիզներ կրնան սահիլ երկինքին վրայէն։
Կարելի է սխալ մեկնաբանել կամ նոյնիսկ անտեսել այդ նշանները՝ պնդելով, թէ անձրեւի կաթիլները անցողակի տեղատարափի մը նախերգանքն են միայն, մինչեւ որ այլեւս ուշ ըլլայ։ Եւ ահա այդ ատեն է, որ իսկական փորձանքը վրայ կը հասնի։
Ինչ որ ճիշդ է եղանակին պարագային, ճիշդ է նաեւ մարդկային կեանքի ու պատմութեան մէջ։ Վարչակարգերը զօրաւոր կ՚երեւին՝ մինչեւ այն պահը, երբ յանկարծ այդպէս չեն այլեւս։ Ներքին յեղափոխութիւններն ու միջազգային կարգի ցնցումները — որոնք այնքան յաճախ իրարու կ՚ընկերանան — դէպքերէն ետք դիւրին է տեսնել, սակայն զանոնք միշտ չէ, որ կարելի կ՚ըլլայ կանխատեսել։ Այդուհանդերձ, երբ աւելի ուշադիր նայինք, յաճախ կը տեսնենք, թէ նշանները արդէն հոն էին։
Մեզմէ անոնք, որոնք համեմատաբար կայուն եւ կանոնաւոր հասարակութիւններու մէջ կ՚ապրին, պիտի ուզէին հաւատալ Վոլթերի ծիծաղելի տոքթոր Փանկլոսին պէս, որ մէկ աղէտէն միւսը գլորելով հանդերձ կը պնդէր, թէ «ամէն ինչ լաւագոյնին համար է»։ Կրնանք գանգատիլ տնտեսութենէն կամ հեռաւոր նոր պատերազմի մը հեռանկարէն, կրնանք հաւանութեամբ լսել քաղաքական բեւեռներու երկու ծայրերէն հնչող արմատական ձայները, բայց չենք ակնկալեր, որ մեր աշխարհը գլխիվայր շրջի։
Աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ ականջ տայինք ֆրանսացի ուրիշ գրողի մը զգուշացումին։ Ալպէր Քամիւի յետպատերազմեան «Ժանտախտը» վէպին մէջ, երբ սատկած առնէտներ կը յայտնուին ալճերիական Օրան քաղաքի փողոցներուն վրայ, իսկ մարդիկ կը սկսին խորհրդաւոր հիւանդութեամբ մը վարակուիլ, տեղական իշխանութիւններն ու քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը կ՚անտեսեն նշանները՝ մինչեւ որ շատ ուշ կ՚ըլլայ։ «Պատմութեան ընթացքին ժանտախտները պատերազմներուն չափ բազմաթիւ եղած են,— կ՚ըսէ Քամիւի պատմողը,— եւ սակայն ժանտախտներն ու պատերազմները մարդիկը միշտ ալ հաւասարապէս անակնկալի կը բերեն»։
Այսօր մեր շուրջը ամէնուրեք սատկած առնէտներ կան։ Այս ամառ ջերմաստիճանի մրցանիշներ սահմանուեցան եւ անմիջապէս գերազանցուեցան, երկիրը երաշտներու տակ այրեցաւ, իսկ անտառային հրդեհները մոլեգնեցան։ Զարգացած տնտեսութիւններու պարտքերը կը մօտենան պատմական բարձրագոյն մակարդակներու։ Բժշկական եւ սննդային օժանդակութիւններու կրճատումը, մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու կողմէ, անտեղի մահերու պատճառ դարձած եւ նպաստած է հիւանդութիւններու տարածումին, որոնցմէ մէկը ուշ կամ կանուխ կրնայ նոր համավարակի մը վերածուիլ։ Արուեստական իմացականութիւնը կը շարունակէ իր արագ եւ չկարգաւորուած վերելքը՝ վտանգելով աշխատատեղերը, անվտանգութիւնը եւ, ըստ ամենէն մռայլ կանխատեսումներուն, մարդկային գոյութիւնն իսկ։
Գոյութիւն ունեցող կարգը վերանայիլ ուզող տէրութիւնները անպատիժ կերպով կ՚արհամարհեն կանոններն ու ընդունուած չափանիշները։ Ընտրազանգուածները զայրացած եւ անկայուն են։ Դանդաղ, կշռադատուած եւ անհրաժեշտաբար շրջահայեաց դիւանագիտութիւնը, որ վստահութիւն եւ փոխըմբռնում կը կերտէ, իր տեղը տուած է ցուցադրական եւ ամբարտաւան ոճի մը, որ աւելի յարմար է ԹիքԹոքի ազդեցութեան տակ կարճացած ուշադրութեան կամ դպրոցական խաղավայրին։
Ուփսալայի հակամարտութիւններու տուեալներու ծրագիրը անցեալ տարի արձանագրեց պետութիւններու մասնակցութեամբ 65 հակամարտութիւն՝ 1946-էն ի վեր բարձրագոյն թիւը։ Մեծ տէրութիւնները իրենք զիրենք խրած կը գտնեն անհամաչափ պատերազմներու մէջ՝ երկիրներու դէմ, որոնք նոր արհեստագիտութիւններէն առաւելագոյն չափով կ՚օգտուին։ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը, որ քանի մը օրէն պիտի աւարտէր յաղթանակով, ճռնչալով մտած է իր հինգերորդ տարին։ Իրան, ամերիկեան ուժերուն եւ դաշնակիցներուն վրայ յարձակելու համար գործածելով աժան եւ զանգուածաբար արտադրուող անօդաչու սարքեր, իր հակակշռին տակ առած է համաշխարհային առեւտուրի կենսական միջանցքներէն մէկը՝ թերեւս մշտապէս, կտրուկ նուազեցուցած է ամերիկեան հրթիռներու պաշարները եւ նախագահ Թրամփը խրած է իր իսկ ընտրած պատերազմին մէջ։
Համաշխարհային պատերազմը անխուսափելի չէ, սակայն մեծ ու լաւ զինուած տէրութիւններու միջեւ աղէտալի բախումի մը վտանգը աւելի մօտ է, քան եղած է տասնամեակներ շարունակ։
Քամիւի Օրանի բնակիչներուն նման, հասկնալիօրէն դժկամ ենք ընդունելու, թէ աշխարհը որքան խորապէս փոխուած է։ Խնդիրները խրթին, բարդ եւ ձանձրացուցիչ են, իսկ աւելի դիւրին է հայեացքը ուրիշ կողմ դարձնել։ Ուստի ծովափները արձակուրդ կ՚անցընենք, մինչ անտառային հրդեհները կը մոլեգնին։ Արուեստական իմացականութեան կը հարցնենք, թէ ինչպէ՛ս վարժեցնենք նոր շնիկ մը կամ ինչպէ՛ս գրենք այդ նամակը՝ անոր վստահելով մեր փոխարէն մտածելու գործը։ Յոյս ունինք, որ պատերազմները պիտի աւարտին, պաշտպանական պատնէշները, հաստատութիւններն ու դաշինքները պիտի վերակառուցուին, եւ աշխարհը, ինչպէս մենք կը ճանչնանք զայն, պիտի վերականգնի ու գոյատեւէ։
Բայց նոր իրականութիւնը վրայ հասաւ ապշեցուցիչ արագութեամբ։ Աշխարհակարգը, որ աշխարհը միասին կը պահէր մեր կեանքի մեծ մասին ընթացքին, սկսաւ քայքայուիլ, երբ անոր մէջ ապրողները չափազանց հանգիստ զգալով անհոգ դարձան, եւ երբ վնասակար վարքագիծը ոչ միայն հանդուրժուեցաւ, այլեւ երբեմն հաւանութեան արժանացաւ։
Մենք թեւակոխած ենք անկարգութեան նոր դարաշրջան մը։ Պէտք է պատրաստուինք՝ նախ անկեղծօրէն ընդունելով մեր ապրած պահուն լրջութիւնը եւ գիտակցելով, որ մեր փխրուն համակարգը կը խարխլի։ Պէտք է ընդունինք նաեւ, որ երկիրները արդէն կը յարմարին այս նոր կացութեան՝ դէպի լաւը կամ վատը, եւ որ ապագայ որեւէ համագործակցութիւն տարբեր կերպարանք պիտի ունենայ։
Ի՞նչ կը պատահի անոնց, որոնք կը մերժեն յարմարիլ եւ կը պնդեն, թէ փլուզուող համակարգը կրնայ շարունակել իր ընթացքը։ Նկատի առնենք երեք յեղափոխութիւններ, որոնք տեղի ունեցան, եւ մէկը՝ որ տեղի չունեցաւ։
Ֆրանսական յեղափոխութեան նախօրեակին Ֆրանսան՝ Եւրոպայի ցամաքային մեծագոյն տէրութիւնը, հաւանաբար սնանկացած էր։ Ատոր գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն ահռելի գումարներն էին, զորս ան պարտք վերցուցած էր՝ Ամերիկեան յեղափոխութեան ընթացքին բրիտանացիներու պարտութեան նպաստելու համար։ Շռայլ եւ փտած իշխող վերնախաւերը կորսնցուցած էին իրենց կողմնացոյցը, իսկ աճող միջին դասակարգը, քաղաքական իշխանութենէն դուրս ձգուած ըլլալով, փոփոխութիւն կը պահանջէր։ Հասարակութեան ստորին խաւերուն մէջ բանուորներն ու գիւղացիները անօթութեան սպառնալիքին դէմ յանդիման էին եւ հետզհետէ յուսահատութեան կը մատնուէին։
Լուսաւորութեան հզօր նոր գաղափարներ շրջանառութեան մէջ մտած էին։ Անոնցմէ ոմանք Ամերիկեան յեղափոխութենէն ներմուծուած էին եւ կը վերաբերէին մարդկային իրաւունքներուն ու կառավարման նոր ձեւերու, որոնք ժողովուրդի գէթ մէկ մասին իշխանութիւն պիտի տային։
Ֆրանսայի թագաւորներն ու անոնց պալատականները չըմբռնեցին դժգոհութեան խորութիւնը եւ ենթադրեցին, թէ ոչինչ կրնար զիրենք խախտել իրենց առանձնաշնորհեալ դիրքէն։ Անոնք սխալեցան։ Միապետութիւնը տապալեցաւ, եւ ծնունդ առաւ քաոսային ու բռնի հանրապետութիւն մը։ Տասնամեակ մը չանցած՝ Նափոլէոն կայսր պիտի դառնար։
Յեղափոխական փոփոխութեան միակ ու անփոփոխ կաղապար մը չկայ, սակայն վարչակարգին գլուխը գտնուողները յաճախ չեն նկատեր, թէ որքան դիւրաբեկ է ան։ 1917-ի Ռուսական յեղափոխութիւնը ոչ թէ սուղ արժած յաղթանակի մը, այլ արտասահմանի մէջ կրուած պարտութեան մը հետեւանքն էր։ Բայց Նիկոլայ Բ. ցարը եւս, հակառակ բոլոր փաստերուն, կը պնդէր, թէ բարեփոխումներու կարիք չկար, որովհետեւ ռուսերը տակաւին կը պաշտէին զինք։ 1930-ականներու Գերմանիոյ մէջ վերնախաւերը Հիթլերը իշխանութեան հրաւիրեցին՝ սխալմամբ կարծելով, թէ պիտի կարենային օգտագործել զայն, եւ թէ գործող համակարգը բաւականաչափ ամուր էր՝ զայն սահմանափակելու համար։
Այս յեղափոխութիւններէն իւրաքանչիւրը միջազգային խոր հետեւանքներ ունեցաւ։ Նափոլէոն Ֆրանսան առաջնորդեց դէպի եւրոպական ցամաքամասի տիրապետութիւն՝ փշրելով հին հաստատութիւններն ու գաղափարները, ինչպիսին էր թագաւորներու աստուածատուր իշխանութեան ըմբռնումը։ Ռուսիոյ մէջ իշխանութիւնը գրաւած պոլշեւիկները քարոզեցին եւ խթանեցին յեղափոխական միջազգայնականութիւնը՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին պատերազմ մղելով դրամատիրութեան ու ժողովրդավար պետութիւններուն դէմ։ Հիթլեր վերազինեց Գերմանիան, նուաճեց Եւրոպայի մեծ մասը եւ արիական գերակայութեան անունով սպաննեց միլիոնաւոր հրեաներ ու բազմաթիւ այլ մարդիկ։
Սակայն երբեմն ազգերն ու անոնց ղեկավարները ժամանակին կը կարդան գալիքին նշանները։ 1820-ականներուն բրիտանական կառավարութիւնը ճնշումի տակ էր միջին դասակարգերուն կողմէ, որոնք նոր կազմաւորուած էին ճարտարարուեստական յեղափոխութեան հետեւանքով, սակայն քաղաքական որոշումներու կայացումէն դուրս կը մնային։ Բրիտանական վերնախաւը, աչքի առջեւ ունենալով Ֆրանսայի մէջ վերջերս պատահած աղէտը, հասկցած էր, թէ գոյատեւելու համար պէտք էր յարմարիլ։ 1832-ի Բարեկարգումի մեծ օրէնքը գործեց իբրեւ ճնշումը մեղմացնող փական՝ քուէարկելու իրաւունքը բաւարար չափով ընդլայնելով եւ աւելի մեծ ճգնաժամի մը առաջքը առնելով։
Դժուար չէ զուգահեռներ գտնել մեր ապրած ժամանակներուն հետ։ Զայրացած բնակչութիւններ։ Չընտրուած վերնախաւեր, որոնք անհամեմատ մեծ հարստութիւն ունին եւ կառավարութիւնները իրենց կամքին ենթարկելու ուժը։ Ղեկավարներ, որոնք կը մերժեն համաձայնութիւն գոյացնել կամ խորհուրդ լսել։ Երբ Յունուարին պրն. Թրամփին հարցուցին, թէ ի՛նչ սահմաններ դրուած են իր իշխանութեան վրայ, ան պատասխանեց. «Իմ սեփական բարոյականութիւնս»։ Լուի ԺԴ. թագաւորը մեծապէս տկարացած Ֆրանսա մը ձգեց իր մղած պատերազմներէն ետք, որոնք, իր իսկ խօսքով, մղած էր յանուն «la gloire»-ի՝ իր փառքին։
Անոնք, որոնք կը նախընտրեն անտեսել զգուշացնող նշանները եւ պատմութիւնը մերժել՝ ներկայ ժամանակներուն համար անկարեւոր նկատելով զանոնք, կրնան զարմանքով ու սարսափով տեսնել, որ անցանկալի դէպքերը, հակառակ ամէն ինչի, կը պատահին նաեւ իրենց։
Միջազգային կարգը միշտ կախեալ եղած է մեծ տէրութիւններու աջակցութենէն, ինչպէս նաեւ բաւարար թիւով փոքր տէրութիւններու համագործակցութենէն եւ անոնց կամաւոր մասնակցութենէն։ Պաղ պատերազմի աւարտին, Խորհրդային Միութեան անհետացումով, Միացեալ Նահանգները պատրաստ կը թուէին շարունակելու 1945-էն ետք հաստատուած համակարգը երաշխաւորողի իրենց դերը։ Պրն. Թրամփի օրով այդպէս չէ այլեւս։
Կրնայ ըլլալ, որ ուրիշ նախագահի մը իշխանութեան օրով Միացեալ Նահանգները վերստանձնէ գերիշխող տէրութեան իր դերը՝ դառնալով միջազգային հաստատութիւններու եւ կանոններու պատրաստակամ աջակից, լաւ ու վստահելի դաշնակից եւ բռնակալներու հաստատակամ հակառակորդ։ Կրնայ ըլլալ, որ աշխարհը դարձեալ շարունակէ այնքան խաղաղ ընթացք մը, որքան ունեցած է — գէթ կարգ մը դիտանկիւններէ — 1945-էն ի վեր։ Որ մեծ տէրութիւնները, որոնց շարքին այժմ նաեւ Չինաստանն ու Հնդկաստանը, շարունակեն իրարու հետ քիչ թէ շատ համերաշխ ապրիլ, եւ «միջազգային հանրութիւն» կոչուածը վերստին յանձնառու դառնայ աղքատութիւնը, անարդարութիւնը, հակամարտութիւններն ու կլիմայական փոփոխութիւնը վերացնելու աշխատանքին։
Բայց ի՞նչ՝ եթէ արդէն կը գտնուինք անկարգութեան երկարատեւ ժամանակաշրջանի մը սկզբնական փուլերուն մէջ։ Աշխարհի մը մէջ, ուր չենք կրնար ենթադրել, թէ երէկուան ճշմարտութիւնը ճշմարտութիւն պիտի մնայ նաեւ վաղը, կամ թէ անսասան թուող հաստատութիւնները պիտի դիմանան։ Այդ պարագային կրնանք դադրիլ ամէն օր լուրերուն բերած անակնկալներէն զարմանալէ։ Բնական աղէտներ, ինչպիսիք են Նեփալի եւ Թիպէթի հեղեղները, կը պատահին, բայց յստակ չէ, թէ ո՛վ օգնութեան պիտի փութայ։ Ուսե՞րնիս կը թօթուենք եւ կը շարունակե՞նք մեր առօրեան։ Հակամարտութիւններ կը ծագին, որոնցմէ ոմանք մեծ տէրութիւնները իրենց մէջ քաշելու ներուժ ունին, մինչ հորիզոնին վրայ յստակ իրաւարար մը չկայ։ ՆԱԹՕ-ի նման վստահելի դաշինքներ շարունակ փորձութեան կ՚ենթարկուին եւ կրնան քայքայուիլ։ Եւրոպայի դէմ Ռուսիոյ խառնածին պատերազմը կ՚ընդարձակուի։ Չինաստանն ու Միացեալ Նահանգները կրնան Թայուանի շուրջ բախիլ։ Աւելի ջերմ եւ չորցող աշխարհի մը մէջ պաշարներու համար մրցակցութիւնը արդէն իսկ բռնութիւն կը հրահրէ։
Այս աշխարհը հետզհետէ աւելի աննախատեսելի կը դառնայ։ Մենք, մեր ակնկալածէն շատ աւելի մեծ չափով, կախեալ կը մնանք մեր ղեկավարներու քմահաճոյքներէն։ Անոնք արտաքին կառոյցներով նուազ կաշկանդուած են եւ աւելի ազատ կը զգան ընթացքի մէջ որոշելու, թէ ի՛նչ պիտի ընեն։ Պէտք է այդ որոշում կայացնողները այժմ աւելի զգուշութեամբ ընտրէինք, քան երբեւէ՝ ճիշդ այն պահուն, երբ ընտրազանգուածները կարծես աւելի նուազ տրամադիր են այդպէս վարուելու։
Ասոնք մութ ամպեր են։ Սակայն հին համակարգին վախճանը պարտադիր չէ, որ նաեւ համագործակցութեան վախճանը նշանակէ։ Արդիւնաւէտ աշխարհակարգի մը բաղադրիչներէն շատերը տակաւին ունինք։ Ունինք միջազգային հաստատութիւններու հարուստ ցանց մը, որուն մեծ մասը գրեթէ անտեսանելի կերպով կը կառավարէ ազգերու միջեւ կապերը՝ քաղաքացիական օդային թռիչքներէն մինչեւ համացանց։ Դաշնագիրները տակաւին մեծ մասամբ կը յարգուին։ Միջազգային իրաւունքն ու գերիշխանութիւնը գործադրելն ու պաշտպանելը կրնան դժուար ըլլալ, սակայն մեզմէ շատերը տակաւին կը դատապարտեն անոնց խախտումները։ Միջազգային հանրային կարծիքի գոյութիւնն իսկ տակաւին կրնայ ճնշում բանեցնել մեր ղեկավարներուն վրայ։ Մաշող կառոյցներու կազմակերպութիւններէն շատերը՝ ներառեալ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւնն ու Համաշխարհային դրամատունը, հետզհետէ կը զրկուին իրենց միջոցներէն եւ նշանակութենէն, բայց տակաւին գոյութիւն ունին։
Յունուարին Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ արտասանած եւ լայնօրէն քննարկուած ճառով մը Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնի, Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտրական բանակցութիւններու խզումէն ամիսներ առաջ, Pax Americana-ի վախճանը նկարագրեց իբրեւ «հաճելի պատրանքի» մը վախճանը։ Սակայն, անոր համաձայն, ուրիշ երկիրներ կրնային հակազդել, մանաւանդ եթէ միանային հասարակաց արժէքներ եւ հասարակաց նպատակներ ունեցող դաշինքներու։ Միջին ուժի շարք մը տէրութիւններ, որոնց շարքին՝ Գանատան, Աւստրալիան եւ Ճափոնը, կը համագործակցին՝ լեցնելու համար այն բացը, որ գոյացած է բարեհաճ գերտէրութեան իր դերէն Միացեալ Նահանգներու նահանջով։
Փոփոխութիւնը դժուար է, սակայն հին ուղիներուն կառչիլը կրնայ վտանգաւոր ինքնախաբէութիւն մը ըլլալ։ 1914-ի ամրան Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտուըրտ Կրէյը եւ Բրիտանիոյ ու ամբողջ Եւրոպայի մէջ իշխանութեան դիրքեր գրաւող շատ մը ուրիշներ կը կարծէին, թէ Պալքաններու մէջ ծագած վերջին ճգնաժամը, նախորդ նմանօրինակ ճգնաժամերուն պէս, պիտի հարթուէր մեծ տէրութիւններու խորհրդաժողովով մը։ Ան չկրցաւ հասկնալ, թէ Եւրոպան որքան արագ դէպի պատերազմ կ՚ընթանար, ոչ ալ օգտագործեց Բրիտանիոյ մեծ տէրութեան ուժը՝ հակադիր կողմերը համախմբելու համար։ Ա. Համաշխարհային պատերազմը ընդմիշտ փոխեց Եւրոպան եւ աշխարհը։
Մինչեւ 1945՝ Բրիտանիան, Խորհրդային Միութիւնը, Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները երեք տասնամեակի ընթացքին երկու դաժան համաշխարհային պատերազմներ մղած էին։ Երբ անոնք ստեղծեցին ներկայ աշխարհակարգի ճարտարապետութիւնը, շատ յստակ գիտէին, թէ ի՛նչ կ՚ուզէին կանխել։ Նախորդ կառոյցները ձախողած էին, ուստի պիտի ստեղծէին նոր համակարգ մը, որ պիտի չձախողէր։
Անհիմն լաւատեսութեան փանկլոսեան ուղին փակուղի մըն է։ Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ չենք կրնար ընել այն, ինչ անցեալին այնքան յաճախ ըրած ենք՝ ձեռնարկելով նոր բան մը հիմէն կառուցելու երկար ու տքնաջան աշխատանքին։
The New York Times, 1 Սեպտեմբեր 2026
Մարկըրէթ ՄաքՄիլըն
ՄաքՄիլըն պատմաբան է եւ Օքսֆորտի Սուրբ Անթընի քոլէճի նախկին տեսուչը։



