Վաթսուն տարի ետք՝ նոյն հաւասարումը, նո՞յն անյայտները

Յարութիւն Քիւրքճեաճի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածին մասին

2024-ին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին կազմակերպած «Հաւասարում նորոգ. սերունդներու զրոյց մը» նախաձեռնութիւնը վերստին ուշադրութեան յանձնեց Յարութիւն Քիւրքճեանի՝ 1968-ին գրուած «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածը եւ անոր առանցքային հարցադրումը՝ ի՞նչ կը նշանակէ սփիւռքահայ ըլլալ փոխուող աշխարհի մը մէջ։

Քիւրքճեանի գրութիւնը կոչ մըն էր Սփիւռքին՝ վերիմաստաւորելու իր ինքնութիւնը ոչ թէ նահանջելով դէպի մեկուսացում եւ անցելապաշտութիւն, այլ բացուելով «այլ»-ին, նոր պայմաններուն եւ համամարդկային արժէքներուն։ Ան կը փորձէր ցոյց տալ, որ հայկականութիւնը կրնայ պահպանուիլ ոչ միայն ժառանգուածը պաշտպանելով, այլ նաեւ զայն նոր փորձառութիւններով, գաղափարներով ու արժէքներով հարստացնելով։

Գրեթէ վեց տասնամեակ անց, այդ հարցադրումները ոչ միայն չեն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը, այլ թերեւս աւելի հրատապ դարձած են։ Սփիւռքը այսօր ալ կը շարունակէ փնտռել իր տեղը անցեալի ժառանգութեան, ներկայ աշխարհի եւ ապագայի միջեւ։ Ի՞նչ պէտք է պահպանել, ի՞նչ պէտք է վերաիմաստաւորել, եւ ինչպէ՞ս կարելի է հայ մնալ՝ առանց հայութիւնը վերածելու փակ ու անշարժ ինքնութեան։

Այս պատճառով է, որ այսօր վերստին կը հրատարակենք Յարութիւն Քիւրքճեանի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածին առիթով գրուած մեր անդրադարձը։ 1968-ին գրուած Քիւրքճեանի էջերը կարդալով՝ դժուար է չհարցնել. շուրջ վաթսուն տարի ետք՝ անյայտները փոխուա՞ծ են, թէ՞ մենք տակաւին նոյն հաւասարումը կը փորձենք լուծել։

Քիւրքճեան իր «Հաւասարում» յօդուածը կը սկսի լուսարձակի տակ առնելով հայ ինքնութեան բարդութիւնները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ՝ մեկնելով «Գարուն» (1968) ամսագրին մէջ լոյս տեսած հայրենի գրող Վարդգէս Պետրոսեանի գրութենէն, ուր այս վերջինը կ’անդրադառնայ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերափոխութեան վերջին 40-50 տարիներուն՝ ընդգծելով հայ ժողովուրդի անցումը գիւղական կեանքէ քաղաքային կեանքի, եւ կը նշէ անոր գիտական ու ճարտարարուեստական յառաջդիմութիւնը եւ դերը որպէս ժամանակակից աշխարհին մէկ մասը: Պետրոսեան կը շեշտէ, որ հայկական խառնուածքը (ինքնութիւնը) կը զարգանայ ու կը ձեւաւորուի նոր գաղափարներով եւ ազդեցութիւններով եւ պէտք չէ սահմանափակուի անցեալի աւանդոյթներով: Հայրենի գրողները, ներառեալ՝ ինքը, կանգնած են այս բազմաշերտ ինքնութիւնը մեկնաբանելու մարտահրաւէրին առջեւ, որ աւելի կը բարդանայ, երբ կը փոխուի նաեւ աշխարհը:

Քիւրքճեան կը ձայնակցի Պետրոսեանին՝ բաղդատելով Սփիւռքի հայկական ինքնութեան մասին սերունդներու տարբեր ու երբեմն հակասական տեսակէտները: Ան կը պատմէ Փարիզի մէջ իր հայ ընկերոջը՝ Շարլիի հետ ունեցած զրոյցը, ուր անոնք կը քննարկեն սփիւռքի հայկական ինքնութեան իրենց օրերու վիճակը, մասնաւորաբար աւանդապաշտութեան եւ շրջապատին յարմարուելու (ձուլումի) ստեղծած երկուութիւնը: Ի տարբերութիւն նախկին սերունդին, որ շրջապատին բացուիլը կը համարէր օտարացում եւ կորուստ ու զայն կը տեսնէր որպէս ողբերգութիւն, Շարլին եւ անոր ժամանակակիցները իրենց իրավիճակը կը նկատեն շատ աւելի բարդ եւ շերտաւոր: Անոնք կը մերժեն աւանդապաշտութեան եւ ձուլման միջեւ չափազանց պարզեցուած բաժանումը՝ ընդունելով, որ իրենց ինքնութիւնը ազդուած է ժամանակակից կեանքէն: Երիտասարդ ֆրանսահայերու հետ իր զրոյցին մէջ, Քիւրքճեան կը նկատէ, որ շատերը իրենք զիրենք կտրուած կը զգան նախորդ սերունդի հոգերէն, մասնաւորաբար՝ անոնց յոռետեսութենէն, ինչ կը վերաբերի մշակոյթի պահպանումին:

Ըստ էութեան, թէ՛ Վարդգէս Պետրոսեան եւ թէ՛ Յարութիւն Քիւրքճեան կը քննարկեն հայկական ինքնութեան սահմանումի շարունակական գործընթացը տեւաբար փոխուող այս աշխարհին մէջ:

Յարութիւն Քիւրքճեան կը պեղէ հայկական ինքնութեան տարբեր դրսեւորումները՝ կեդրոնանալով հայկական սփիւռքի, մասնաւորապէս «արեւելեան» գաղութներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն վրայ՝ մասնաւորաբար ձուլուելու կամ նահանջելու ծանր ճնշումներուն: Ան լուսարձակի տակ կ’առնէ թէ ինչպէ՛ս, օրինակ Պուրճ Համուտի, Թեհրանի եւ Գահիրէի հայերը կը պայքարին իրենց մշակութային ինքնութեան պահպանման համար, ուր խոր արմատներ նետած է 1915-ի ողբերգութեան նման հոգեցնցումը (trauma)՝ առաջնորդելով մեկուսացման եւ պահպանողական միտումներու: Քիւրքճեան այս միտումները կը հակադրէ Փարիզի տարբեր սերունդներու ինքնութեան պայքարին, ուր գոյութենական մարտահրաւէրներ տարբեր կերպով դրսեւորուած են: Քիւրքճեան համամիտ չէ «արեւելեան» գաղութներու պարտուողական այս միտումներուն: Այս գաղութները, ըստ իրեն, կտրուած են ժամանակակից կեանքի իրականութիւններէն՝ փոխարէնը կեդրոնանալով ինքնապահպանման եւ նահանջի շերտերուն վրայ, հետեւաբար սահմանափակելով ժամանակակից ինքնութեան հետ քայլ պահելու իրենց կարողութիւնը:

Ապա Քիւրքճեան կը ներկայացնէ 1950-ականներուն հասակ առած երիտասարդ հայ սերունդին դիմագրաւած զգացական եւ մշակութային բարդ մարտահրաւէրները սփիւռքի տարբեր գաղութներու, մասնաւորաբար Պէյրութի մէջ: Բազմաթիւ լեզուներու եւ մշակոյթներու ազդեցութեան տակ, անոնք կը պայքարէին իրենց ժառանգած հայկական ինքնութիւնը պատշաճեցնելու ժամանակակից կեանքի իրականութիւններուն: Ներքին տագնապ մը՝ որ աւելի կը խորանար աւանդական արժէքներու պահպանման վրայ կեդրոնացած «ազգային» կրթութեան բերումով՝ ընդհանրապէս հակադրուած այդ իրականութիւններուն: Հետեւանքը՝ ինքնամեկուսացում, անորոշութիւն եւ ներքին տագնապ ազգային արժանապատուութեան եւ շրջապատին բացուելու ճնշումներուն միջեւ: Քիւրքճեան լուսարձակի տակ կ’առնէ այս սերունդին հաւաքական հոգեկան վիճակը, որ կը յատկանշուի «այլուրութեան» զգացումով եւ հեռաւոր անցեալն ու զարգացող ներկան հաշտեցնելու շարունակական ճիգով: Գրական որոշ ստեղծագործութիւններ, ինչպէս է պարագան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի»ին, պարզապէս սրած են այդ տագնապը՝ հակառակ ուղղութեամբ տանելով հոսանքը…

Ան կը քննարկէ այլուրութեան զգացումը, զոր կ’ապրին սփիւռքահայերը՝ օտար մշակոյթներու բացուելու եւ աւանդական հայկական ինքնութիւնը պահպանելու ուղղութիւններուն միջեւ յառաջացած ներքին պայքարին պատճառով: Ան լուսարձակի տակ կ’առնէ, թէ ինչպէ՞ս առօրեայ կեանքին մէջ գերակշռող դարձած են պարզունակութիւնն ու միօրինակութիւնը՝ օտարուած թէ՛ աւանդականէն, եւ թէ՛ ժամանակակից իրականութիւններէն: Քիւրքճեան կը վիճարկէ, օրինակ, որ թէեւ տնտեսական անհատական յաջողութիւնները արմատացած են լիբանանեան առօրեային մէջ, անդին հաւաքական արժէքները կը մնան իրականութենէն կտրուած՝ այս բեւեռները կամրջելու տեսական ըմբռնողութեան մը բացակայութեան լոյսին տակ: Մարդիկ կորսուած են ուծացման եւ պահպանումի առասպելներուն միջեւ:

Քիւրքճեան կ’անդրադառնայ սփիւռքեան տարբեր փորձառութիւններու, օրինակ՝ հայերը Ֆրանսայի կամ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր անոնք մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն երբ միաժամանակ կը փորձեն թէ՛ իրենց ինքնութիւնը պահպանել եւ թէ՛ օտար մշակոյթներու բացուիլ: Ան հարցականի տակ կ’առնէ ձուլուողներու եւ պահպանութեան ձգտողներու միջեւ ստեղծուած խրամատը՝ կենդանի օրինակներով: Քիւրքճեան կը քննադատէ Սփիւռքի մէջ տարածուած ինքնապահպանման պահպանողական գաղափարախօսութիւնը՝ նշելով, որ ան ձախողած գաղափարախօսութիւն մըն է եւ նկատի չ’առներ ժամանակակից հայկական գոյութեան իրականութիւնները, մասնաւորաբար հայկական պետականութեան եւ հաստատութիւններու բացակայութեան լոյսին տակ:

Քիւրքճեան կը քննադատէ նաեւ սփիւռքեան կեանքի պարզեցուած տրամաբանութիւնը, որ օտար արժէքները կը դիտէ որպէս սպառնալիք, եւ ոչ թէ հարստացման հնարաւորութիւն: Նոր մշակոյթի բացուելու եւ սեփական մշակոյթը պահպանելու միջեւ ընտրութիւն կատարելու անճկուն մտածողութիւնը կը ստեղծէ լճացած եւ իրականութենէն անջատուած ապրելակերպ մը: Հետեւանքը՝ երիտասարդ սերունդները իրենք զիրենք կորսուած ու կտրուած կը զգան իրենց մշակութային արմատներէն՝ պայքարելով գտնելու իրենց ինքնութիւնը շրջագիծի մը մէջ, ուր անոնք բզկտուած են երկու մշակոյթներու միջեւ: Ի վերջոյ, Քիւրքճեան կը թելադրէ հեռու մնալ հին, պարզունակ ստորոգութիւններէ (օրինակ` «ձուլում» ընդդէմ «պահպանում») եւ որդեգրել բարդ եւ յարմարուող՝ հայ ըլլալը սահմանող մտածողութիւն մը, որ կը ճանչնայ եւ կը ներառէ արտաքին ազդեցութիւններն ու իրականութիւնները՝ միաժամանակ անաղարտ պահելով հայկական ինքնութեան կարեւոր երեսները:

Տակաւին, Քիւրքճեան խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ սփիւռքահայ գաղութներու մէջ առկայ մշակութային օտարումին մասին՝ օրինակ առնելով Պուրճ Համուտը, ուր ցայտուն է հայ ժամանակակից գրականութեան մը բացակայութիւնը, որ կ’արտայայտէ համայնքին ներկայ կեանքն ու անոր հարուստ ու խայտաբղէտ առօրեան: Իսկ եղած գրական գործերը կա՛մ չափազանցօրէն կ’անդրադառնան անցեալին, կա՛մ չեն կարողանար առնչուելու ժամանակակից հարցերու՝ մշակութային զգալի պարապ մը ձգելով:

Ան կը ձաղկէ գրականութեան մէջ Պուրճ Համուտի ժողովուրդին պայքարները, խօսած լեզուն՝ փողոցինը՝ «արկոն», մշակոյթները եւ իւրայատուկ մթնոլորտը ներկայացնելու այս ձախողութիւնը: Հայկական սփիւռքի անցեալ տասնամեակներու կեանքը՝ իր բոլոր մարտահրաւէրներով, փոփոխութիւններով ու զարգացումներով, փաստօրէն անցած է առանց գրաւոր արձանագրութեան կամ խեղաթիւրուած գրականութեամբ: Գրական այս պարապը, կը վիճարկէ Քիւրքճեան, զրկուածութեան ձեւ մըն է, որ սփիւռքահայ հասարակութիւնը կը հեռացնէ իր սեփական ինքնութենէն եւ կը խզէ ներկայ իրականութիւններէն: Ան կոչ կ’ուղղէ նոր տեսակի գրականութեան մը ստեղծումին, որ հում է, բարդ եւ հաւատարիմ հայկական սփիւռքի ներկային՝ դուրս գալով հնամաշ աւանդութիւններէն եւ ամբողջովին նուիրուած այսօրուայ, թերեւս քաոսային, բայց կենսունակ կեանքին: Նորարարութիւնը աւանդութեան հակադրելու փոխարէն՝ Քիւրքճեան կ’ընդգծէ, թէ ինչպէ՛ս իսկական նորարարութիւնը յաճախ կը յառաջանայ նոյնինքն աւանդութեան խոր ըմբռնումէն: Աւանդութեան ենթադրեալ պաշտպանները, սակայն, կը մերժեն փոփոխութիւնները՝ կրկնելով նոյն սխալները՝ դատապարտելով օտար ազդեցութիւնները՝ միաժամանակ անտեսելով իրենց շրջապատին մէջ զարգացող նոր իրականութիւնները:

Ի՞նչ սփիւռքի մասին է խօսքը, հարց կու տայ ան, երբ մէկ գաղութը չի ճանչնար միւսը։ Հակառակ երբեմն սփիւռքը մշակութային ու ազգային մէկ պարունակի մէջ ընդգրկող խօսոյթներուն, նոյնինքն Պուրճ Համուտի հայութիւնը օտարացած եւ անջատուած է աշխարհի միւս հայ գաղութներէն, ինչպէս՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի: Այս օտարումը աւելի կը շեշտուի նոր սերունդի մը բացակայութեամբ, որ ունակ է ընդունելու թէ՛ տեղական իրականութիւնները, եւ թէ՛ բացուելու եւ կապուելու աւելի լայն հայաշխարհին: Նոր սերունդ մը ընկերաբաններու, մտաւորականներու եւ գրողներու, որոնք կ’ուսումնասիրեն սփիւռքի բարդութիւնները՝ ոչ թէ հայկականութիւնը պահպանելու միտումով, այլ ստեղծելու անոր նոր տարբերակը՝ որակայինը: Պէտք է կեդրոնանալ նորարարութեա՛ն, ստեղծագործութեա՛ն վրայ, եւ ոչ թէ՝ պահպանումի:

Ապա, Քիւրքճեան ֆրանսահայ գաղութը կ’առնէ որպէս կենդանի օրինակ, թէ ինչպէ՛ս հայերը կրնան ձուլուիլ՝ առա՛նց կորսնցնելու իրենց ինքնութիւնը։ Հիմնուելով Ֆրանսայի մէջ իր սեփական փորձառութեան վրայ, ան ցոյց կու տայ, թէ ֆրանսահայը ինչպէ՞ս կրցած է նորաստեղծ ինքնութիւն մը զարգացնել՝ աւանդութիւնը միաձուլելով արդիականութեան: Ֆրանսահայերը յարմարած են իրականութեան եւ պահպանած իրենց մշակութային արմատները՝ հակադրուելով անխուսափելի ձուլման առասպելին: Քիւրքճեան կը հաւատայ, որ ինքնութեան պահպանումը կը կատարուի նորարարութեամբ եւ ստեղծագործական յարմարեցումով, եւ ոչ թէ ինքնանպատակ հայապահպանումով:

Այս բոլորին լոյսին տակ, Քիւրքճեան կը ներկայացնէ ֆրանսահայ Ժոսլինը՝ արեւելեան գիտութիւններու հետեւող ուսանողուհին, որ ներքին տագնապ մը կ’ապրի իր ինքնութեան շուրջ: Ժոսլին ինքզինք կտրուած կը զգայ իր հայկական արմատներէն՝ բռնուած ժառանգուած աւանդութիւններու եւ արդիականութեան միջեւ: Անոր պատմութիւնը կը ներկայացնէ սփիւռքահայերու առջեւ ծառացած աւելի մեծ մարտահրաւէր մը. լարումը վերացական անցեալին եւ մշակութային նորարարութենէ զուրկ ներկային միջեւ: Քիւրքճեան դիտել կու տայ, որ սփիւռքի գոյատեւումը ոչ թէ կախեալ է հայկականութեան պահպանումէն, այլ անոր նորաստեղծումէն՝ աւանդութիւնը միաձուլելով ժամանակակից գաղափարներու։

Քիւրքճեանի ֆրանսահայ ընկերները այս կամ այն ձեւով կ’ապրին ինքնութեան, մշակոյթի եւ քաղաքականութեան կապուած տագնապներ: Փօլ միացած է խումբին հայ ընկեր գտնելու յոյսով: Զինք աւելի կը հետաքրքրեն ժամանակակից հարցերը, ապրուած ներկան, քան հնամենի պատմութիւնները, ինչպէս, օրինակ, 1863-ի Ազգային Սահմանադրութիւնը: Փաթրիք կը մերժէ հայկական աւանդական քաղաքական մտահոգութիւնները: Պէտք է կեդրոնանալ այժմէական հարցերու վրայ, քան, օրինակ, մտածել թրքական դեսպանատան մը վրայ ռումբ նետելու մասին: Խումբին միանալէ ետք, ան աստիճանաբար կը սկսի ներգրաւուիլ խումբին քննարկումներով՝ անդրադառնալով, որ ընդհանրական մտահոգութիւններ բաժնելն ալ կարեւոր է: Ժոսլին եւ միւսները, բոլորը յուսախափ են հայկական Սփիւռքի մաշած մտասեւեռումներէն՝ զանոնք նկատելով անջատուած իրենց առօրեայէն:

Վահէն, Ֆրանսահայ անշուշտ, այլ մօտեցում ունի: Ան հայկական ինքնութիւնը կը նկատէ գիտակցօրէն ընտրուած եւ փորձառութեամբ ձեւաւորուած՝ քան ժառանգուած ըմբռնում մը: Քիւրքճեան դիտել կու տայ, որ Վահէին ինքնութիւնը կը համատեղէ աւանդականը՝ ֆրանսական ժամանակակից արժէքներու հետ, եւ կը քննադատէ այն նեղ աշխարհայեացքը, որ հայկականութիւնը կը սահմանէ միայն անցեալով:

1968-ին, երբ Փարիզի մէջ կը բռնկի մայիսեան ուսանողական շարժումը, ֆրանսահայ այս երիտասարդները կը սկսին լրջօրէն մտածել իրենց դերին մասին ապագայի կերտումին մէջ, թէ՛ իբրեւ անհատներ, թէ՛ ալ որպէս համայնքի մը պատկանող անդամներ: Այս առիթով, Քիւրքճեան կը ներկայացնէ ժամանակի քաղաքական եւ մտաւորական աշխարհահայեացքը, մասնաւորաբար Սէն-Միշել պողոտայի բողոքի ցոյցի ժամանակ, ուր մեր ուսանողները կը քննարկեն յեղափոխական շարժումները, մարդկային արժէքները եւ քաղաքական յանձնառութիւնը: Քիւրքճեանի Փարիզի ընկերները՝ Ժոսլինը, Փօլը, Փաթրիքը եւ Վահէն, իւրաքանչիւրը տարբեր տեսակէտ ունի յանձնառութեան եւ ինքնութեան մասին: Ժոսլինը կասկածի տակ կ’առնէ քաղաքական նեղ եւ սահմանափակ մօտեցումները, Փօլը մտահոգ է ուսանողական շարժումի քաղաքական շահագործումով, իսկ Փաթրիք համոզուած է, որ գաղափարական հարցերը աւելի կարեւոր են, քան քաղաքականը:

Քննարկման մէջ առանցքային տեղ կը գրաւէ յանձնառութեան սահմանումը ոչ միայն որպէս քաղաքական վարքագիծ, այլ իբրեւ աւելի մեծ պարտաւորութիւն կեանքի՝ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի նկատմամբ: Վահէն կ’ընդգծէ, որ իսկական յանձնառութիւնը կ’ենթադրէ ընդունիլ սեփական գոյութեան բարդութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ ազգային ինքնութիւնը: Ան կը բացատրէ, թէ ինչպէս մարդկային արժէքներու պահպանութեան ի խնդիր ծաւալած մայիսեան շարժումը եւ անոր հանդէպ իր յանձնառութիւնը զինք աւելի կը կապէ իր հայկական ժառանգութեան՝ ընդգծելով սեփական ինքնութեան եւ համամարդկային արժէքներու սերտ առնչութիւնը:

«Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով»ի եզրափակիչ մասով, Յարութիւն Քիւրքճեան կ’անդրադառնայ սփիւռքի մէջ հայ ըլլալու մարտահրաւէրներուն՝ նշելով, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ըմբռնել ու ընդունիլ հայկական ինքնութիւնը՝ միաժամանակ զայն պատշաճեցնելով աւելի ընդհանրական, համամարդկային արժէքներու: Նախապէս տեսանք, թէ Քիւրքճեան որքա՛ն կարեւոր կը նկատէ ֆրանսահայ երիտասարդներու ապրած փորձառութիւնը 1968-ի մայիսեան ուսանողական շարժման ատեն՝ ընդգծելով, որ անոնց յանձնառութիւնը համամարդկային արժէքներու հանդէպ, նպաստեց աւելի նրբերանգ եւ մտածուած հայկական ինքնութեան մը ձեւաւորումին:

Ապա ան կը բաղդատէ Երեւանի եւ սփիւռքի տարբեր «հաւասարումները»՝ մատնանշելով, որ թէեւ անոնք ունին պատմական եւ մշակութային նոյն հիմքերը, սակայն այս երկու հաւասարումները կ’ընթանան տարբեր ուղղութիւններով: Փոխարէնը, իւրաքանչիւրը զարգացուցած է իր անկախ գոյութիւնը՝ ձեւաւորուած աշխարհաքաղաքական, մշակութային եւ ընկերային տարբեր հանգամանքներով: Հակառակ իրենց հասարակաց ժառանգութեան, Երեւանի եւ սփիւռքի տարբեր իրականութիւնները առաջնորդած են փոխադարձ թիւրիմացութեան եւ զիրար ճանչնալու դժուարութեան: Այսպիսով, Քիւրքճեան աւելի նպատակայարմար կը նկատէ, որ առայժմ այս երկու հաւասարումները գործեն անջատաբար՝ իւրաքանչիւրը իր ձեւով դիմակալելու առկայ առաջնահերթութիւններն ու մարտահրաւէրները:

Քիւրքճեան չի բաժներ հայկական ինքնութեան մասին նախորդ սերունդի պարզունակ հայեացքները, որոնք կը կեդրոնանան լոկ հայապահպանման եւ նահանջի վրայ: Փոխարէնը, ան կ’առաջադրէ աւելի ճկուն սահմանում մը՝ հիմնուած ներկային վրայ, որ կ’ընդգրկէ թէ՛ հայկական, եւ թէ՛ համամարդկային մարտահրաւէրները՝ իբրեւ ինքնութիւնը հարստացնող ազդակներ: Քիւրքճեան կ’ընդգծէ իսկական յանձնառութեան կարեւորութիւնը՝ շեշտելով, որ հայութիւնը պէտք չէ յամառօրէն սահմանուի միայն աւանդութիւններով, այլ ըլլա՛յ դիւրահաղորդ փոփոխութիւններու եւ բարդութիւններու: Ի վերջոյ, ան կոչ կ’ուղղէ մարդայնական մօտեցում ցուցաբերելու հայկական ինքնութեան նկատմամբ, ուր թէ՛ որպէս հա՛յ եւ թէ՛ որպէս մա՛րդ լիարժէք ապրելու ուղին կը ձեւաւորուի անհատական համոզումով ու ճիգով:

Հուսկ, իր եզրափակիչ բաժնով, Քիւրքճեան կեդրոնական թեման կը կապէ յօդուածին մէջ քննարկուած տարբեր գաղափարներուն ու տեսակէտներուն՝ ինքնութեան հասկացողութիւնը ներկայացնելով որպէս բարդ, անդադար զարգացող «հաւասարում» մը, զոր կարելի չէ լուծել պարզեցուած միջոցներով, այլ յարատեւ յանձնառութեամբ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ համամարդկային արժէքներու նկատմամբ:

1968-ին գրուած Քիւրքճեանի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածը, ինչպէս Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին տնօրէնը՝ Ռազմիկ Փանոսեան օրին կը բնորոշէր, կոչ մըն է ուղղուած հայկական սփիւռքին՝ վերիմաստաւորելու իր ինքնութիւնը՝ բացուելով աշխարհին, այլ ոչ թէ նահանջելով ու մեկուսանալով «կեթոյին» մէջ:

Յարութիւն Քիւրքճեան, նաեւ իր 68-ի սերնդակիցներուն բերնով, կը պեղէ սփիւռքահայ ինքնութեան ծալքերը եւ կ’ընդգծէ «այլ»-ին բացուելու, նոր պայմաններուն յարմարելու անհրաժեշտութիւնը: «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» գրութեան հերոսները կը վկայեն, որ աւանդականէն ու աւանդութիւններէն անդին, մարդկային ու համամարդկային նոր արժէքներու միաձուլումը ինքնութեան հետ՝ նոր խորք, երանգ ու թռիչք կու տայ իրենց հայկականութեան:

Քիւրքճեանի այս խորհրդածութիւնները, սակայն, շուրջ 60 տարի ետք, թէեւ շեշտակիօրէն այժմէական, կը մնան անպատասխան ու հայկական սփիւռքը կը շարունակէ տուայտիլ անորոշութեան մէջ, գրեթէ անդիմագիծ ու կորսուած՝ անցելապաշտութեան ու պահպանողականութեան, եւ ոչ թէ ձուլումի, այլ ամբողջական օտարացումի միջեւ. հայը կը գաղթէ իր հայութենէն՝ պահպանողական ու անցելապաշտ իր հայութենէն:

Յո՞ երթաս ինքնութիւն:

Վ. Թէնպէլեան

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x