Որո՞ւ համար կը թարգմանենք. Լեզուին եւ ընթերցողին միջեւ

«Թարգմանութիւնը եւ ժամանակակից գաղափարները հայերէնով արտայայտելու հրամայականը» մեր յօդուածին առիթով, սիրելի բարեկամ մը դիտել կու տար հետեւեալը. «ի՞նչ կ’արժէ թարգմանական գործ մը, եթէ անոր լեզուն հասկնալի չէ ընթերթողին»: Այս յօդուածը ծնունդն է այդ նկատողութեան:

կը խօսինք արդի հայերէն թարգմանական գրականութեան բացթողումներուն մասին։ Կը նշենք այն կարեւոր գիրքերը, որոնք տակաւին հայերէնով չկան, այն գաղափարները, որոնք շրջանառութեան մէջ չեն մեր լեզուով, կ’ընդգծենք այն գիտական, փիլիսոփայական, ընկերային կամ արհեստագիտական նոր հասկացողութիւնները, որոնց համար տակաւին պատշաճ բառեր կը փնտռենք։ Եւ իրաւացիօրէն կը պնդենք, որ լեզու մը, որ չի կրնար ժամանակակից աշխարհը իր բառերով արտայայտել, աստիճանաբար կը հեռանայ այդ աշխարհէն։

Բայց թարգմանելը ինքնին բաւարա՞ր է։ Բնականօրէն՝ ո՛չ: Թարգմանուած գիրքը պէտք է նաեւ ընթերցող ունենայ, քննարկուի, գրախօսուի, մտնէ համալսարան, մամուլ, դասարան եւ արժանանայ հրապարակային քննարկման։ Այլապէս կրնանք ունենալ թարգմանուած գիրքերու ցանկ մը, բայց ոչ՝ թարգմանական մշակոյթ։ Կրնանք ունենալ հայերէնի վերածուած բնագիրներ, որոնք կը մնան գրադարաններու մէջ՝ առանց որեւէ նպաստ բերելու մեր մտաւոր կեանքին։ Իսկ որպէսզի թարգմանուած գիրքը կարդացուի, անոր լեզուն պէտք է ընթերցողին հասանելի ըլլայ։ Եւ հոս կը կայանայ մեծագոյն մարտահրաւէրը:

Գաղափարի՞, թէ՞ լեզուի դժուարութիւն

Բոլոր գիրքերը չեն կրնար դիւրընկալելի ըլլալ։ Փիլիսոփայական աշխատութիւն մը, լեզուաբանական տեսութիւն մը կամ գիտական ուսումնասիրութիւն մը երբեմն ընթերցողէն ճիգ պիտի պահանջեն։ Թարգմանիչին պարտականութիւնը չէ բարդ գաղափարը պարզունակ դարձնել կամ հեղինակին մտածողութիւնը աղքատացնել՝ ընթերցումը դիւրացնելու համար։

Բայց պէտք է զանազանել գաղափարին դժուարութիւնը լեզուին ստեղծած դժուարութենէն։

Ընթերցողը կրնայ դժուարութիւն ունենալ գաղափարին հետ, բայց պէտք չէ ստիպուած ըլլայ նախ պայքարելու հայերէնին հետ՝ գաղափարը հասկնալու համար։ Երբ նախադասութիւնը այնքան խճճուած է, որ երկու-երեք անգամ կարդալէ ետք միայն կարելի է հասկնալ անոր կառուցուածքը, երբ օտար լեզուի շարահիւսութիւնը գրեթէ նոյնութեամբ փոխադրուած է հայերէնի, երբ իւրաքանչիւր էջի վրայ ընթերցողը կը հանդիպի իրեն բոլորովին անծանօթ նորակերտ բառերու, դժուարութիւնը այլեւս չի սահմանափակուիր հեղինակին բարդ մտածումներով։ Թարգմանութեան լեզուն ինք խոչընդոտի վերածուած է։

Այս պարագային թարգմանիչը, ակամայ, ընթերցողին եւ գաղափարին միջեւ կամուրջ կառուցելու փոխարէն՝ նոր պատ մը բարձրացուցած կ’ըլլայ։

Դիւրամատչելի հայերէնը աղքատ հայերէն չէ

Երբ կը խօսինք դիւրամատչելի լեզուի մասին, անմիջապէս կրնայ առարկուիլ. արդեօք պէտք է հայերէնը պարզեցնե՞լ՝ ընթերցողին հաճելի դառնալու համար։ Բնականաբար՝ ո՛չ։

Պարզութիւնը պարզունակութիւն չէ։ Դիւրամատչելիութիւնը լեզուական աղքատութիւն չէ։ Ընդհակառակը՝ յաճախ շատ աւելի խոր լեզուական իմացութիւն կը պահանջուի բարդ գաղափար մը պարզ, ճշգրիտ եւ բնական հայերէնով արտայայտելու, քան օտար նախադասութեան կառոյցը բառ առ բառ հայերէնի փոխադրելու։ Լեզուի հարստութիւնը չի չափուիր անոր դժուարութեամբ։ Բառի մը հայերէն ըլլալն ալ ինքնին չի նշանակեր, որ անիկա անպայման ճիշդ իմաստը կ’արտայայտէ:

Ասիկա յատկապէս կարեւոր է եզրաբանութեան պարագային։ Ժամանակակից գիտութիւնը, արհեստագիտութիւնը եւ ընկերային գիտութիւնները անընդհատ նոր հասկացողութիւններ կը ստեղծեն։ Հայերէնը բնականաբար պէտք է կարենայ զանոնք արտայայտել։ Պէտք է նոր բառեր ստեղծել, հին բառերու նոր իմաստներ տալ, երբեմն ալ ընդունիլ արդէն միջազգային շրջանառութեան մէջ մտած եզրեր։

Բայց նոր եզր ստեղծելը գործին կէսն է։ Միւս կէսը զայն ընթերցողին սեփականութիւնը դարձնելն է։ Նոր բառը պէտք է բացատրուի, գործածուի, կրկնուի, մտնէ յօդուածներու, դասագիրքերու, համալսարանական դասախօսութիւններու եւ հանրային խօսակցութեան մէջ։ Միայն այդ ժամանակ ան բառարանային առաջարկ ըլլալէ կը դադրի եւ կենդանի բառապաշարի մաս կը դառնայ։

Թարգմանիչը միայն հաշուետու չէ հեղինակին

Թարգմանութեան մասին խօսած ատեն յաճախ կը շեշտենք հաւատարմութիւնը հեղինակին բնագրին հանդէպ։ Ճիշդ է։ Թարգմանիչը իրաւունք չունի հեղինակին միտքերը փոխելու, պարզացնելու այն աստիճան, որ անոնք կորսնցնեն իրենց խորքը: Թարգմանիչը իրաւունք չունի նաեւ իր սեփական մեկնաբանութիւնը պարտադրելու։ Բայց թարգմանիչը երկրորդ պատասխանատուութիւն մըն ալ ունի՝ ընթերցողին հանդէպ։

Ի վերջոյ, թարգմանութիւնը երկու լեզուներու միջեւ կատարուող մեքենական գործողութիւն մը չէ։ Անիկա երկխօսութիւն մըն է երկու ընթերցող աշխարհներու միջեւ։ Թարգմանիչը կարդացած է բնագիրը, հասկցած է անոր եզրաբանութիւնը, մտածողութեան հոլովոյթը եւ մշակութային ենթահողը։ Իր պարտականութիւնն է այդ բոլորը հասցնել լեզուական ուրիշ միջավայրի մէջ ապրող ընթերցողին։

Ուստի լաւ թարգմանիչը միայն չի հարցներ. «Արդեօք ճի՞շդ թարգմանեցի այս նախադասութիւնը»։ Ան նաեւ հարց կու տայ. «Այս նախադասութիւնը արդեօք կրնա՞յ հայերէնով շնչել»։

Հասնիլ ընթերցողին՝ եւ զայն քիչ մը յառաջ տանիլ

Սակայն այստեղ հակառակ ծայրայեղութեան վտանգն ալ կայ։ Երբ հայերէնը արդէն ունի օտար բնագիրին գաղափարը ճշգրտօրէն եւ բնականօրէն արտայայտող բառը կամ դարձուածքը, թարգմանիչը պատճառ չունի նորը ստեղծելու։ Թարգմանութեան նպատակը լեզուն արուեստականօրէն բարդացնելը կամ ընթերցողին անծանօթ բառեր պարտադրելը չէ։ Ընդհակառակը՝ եղած հայերէնին ամբողջ հարստութենէն օգտուիլը թարգմանիչին առաջին պարտականութիւններէն մէկն է։

Բայց ի՞նչ կը պատահի, երբ բնագիրը կը ներկայացնէ նոր գաղափար մը, գիտական նոր հասկացողութիւն մը կամ արհեստագիտական նոր իրականութիւն մը, որուն համար հայերէնը տակաւին հաստատուած եզր չունի։ Հոս է, որ թարգմանիչը կ’ունենայ նաեւ բառ ստեղծելու առաքելութիւն։ Ան պիտի փորձէ հայերէնի մէջ գտնել նոր գաղափարին համարժէքը՝ նախ քննելով լեզուական առկայ միջոցները, ապա, անհրաժեշտութեան պարագային, նոր եզր առաջարկելով կամ գոյութիւն ունեցող բառի մը նոր մասնագիտական իմաստ տալով։ Այս առումով է, որ թարգմանութիւնը պէտք չէ միայն յարմարի այսօրուան ընթերցողին։ Անիկա նաեւ պէտք է սատարէ վաղուան ընթերցողին։

Թարգմանիչին պարտականութիւնը, ուրեմն, կրկնակի է. ան պէտք է հասնի ընթերցողին, բայց նաեւ զայն քիչ մը յառաջ տանի՝ ոչ թէ անծանօթ բառեր հնարելու սիրոյն, այլ որովհետեւ երբ աշխարհը նոր գաղափարներ կը ծնի, հայերէնն ալ պէտք է կարենայ զանոնք արտայայտել:

Լաւ թարգմանութիւնը ընթերցողին կրնայ նոր բառ մը սորվեցնել, բայց աւելի կարեւորը՝ նոր հասկացողութեան մը ծանօթացնել հայերէնով։ Երբեմն ընթերցողը կրնայ ստիպուիլ նախադասութիւն մը երկրորդ անգամ կարդալու, որովհետեւ գաղափարը բարդ է կամ նոր։ Բայց ան պէտք չէ ընթերցողին տայ այն զգացումը, թէ իր դիմաց գտնուող հիմնական դժուարութիւնը հայերէնն է։

Այս հարցը շատ աւելի լուրջ է արեւմտահայերէնի պարագային, որովհետեւ մեր ընթերցողական շրջանակը արդէն սահմանափակ է։ Արեւմտահայ ընթերցողին մեծ մասը բազմալեզու է։ Ան կրնայ նոյն գիրքը կարդալ անգլերէնով, ֆրանսերէնով, ռուսերէնով, արաբերէնով կամ այլ լեզուով։ Եթէ հայերէն թարգմանութիւնը իրեն համար աւելի դժուար է, քան օտար բնագիրը, շատ բնական է, որ ան վերադառնայ իրեն աւելի մատչելի լեզուին։

Հետեւաբար՝

Եթէ արեւմտահայերէնը պաշտպանելու մեր ձեւը զայն այնքան դժուարամատչելի դարձնելն է, որ արեւմտահայ ընթերցողը նախընտրէ նոյն նիւթը անգլերէն կամ ֆրանսերէն կարդալ, ապա ի՞նչ պաշտպանած եղանք։

Լեզու մը միայն իր բառարաններով եւ քերականութեամբ չի պահպանուիր։ Ան կը պահպանուի, երբ մարդիկ զայն կ’ընտրեն՝ կարդալու, գրելու, վիճելու, ուսումնասիրելու եւ մտածելու համար։

Թարգմանել՝ որ գաղափարը ապրի

Ուրեմն թարգմանութեան յաջողութիւնը միայն հրատարակուած հատորներու թիւով պէտք չէ չափել։ Թարգմանուած գիրքը կրնայ մատենագիտական յաջողութիւն ըլլալ։ Բայց երբ ան կը կարդացուի, կը քննարկուի, կը գրախօսուի, համալսարանական դասընթացքի մաս կը դառնայ, լրագրողի մը նոր բառապաշար կու տայ, երիտասարդի մը նոր հարցում ուղղել կու տայ կամ ուրիշ հեղինակ մը կը մղէ հայերէնով նոր բան ստեղծելու՝ այն ատեն ան կը դառնայ մտաւոր նուաճում մը։

Մեր նպատակը միայն այն չէ, որ աշխարհի կարեւոր գիրքերը հայերէն անուններով տեղ ունենան մեր գրադարաններուն մէջ։ Նպատակը այն է, որ անոնց գաղափարները մտնեն հայերէն մտածողութեան մէջ։ Այս պատճառով, թարգմանիչը երկու հաւատարմութիւն ունի՝ հեղինակին եւ ընթերցողին հանդէպ։ Առաջինին հանդէպ անհաւատարմութիւն է միտքը աղաւաղելը։ Երկրորդին հանդէպ անհաւատարմութիւն է այդ միտքը այնպիսի հայերէնով ներկայացնելը, որ զայն հասկնալը դժուար դառնայ:

Լաւ թարգմանութիւնը ընթերցողին ցոյց չի տար, թէ հայերէնը որքան դժուար լեզու է։ Ան ցոյց կու տայ, որ ամենէն դժուար գաղափարներն անգամ կարելի է հայերէնով մտածել ու արտայայտել:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x