Մեծապետական մրցակցութեան նոր թատերաբեմը՝ ԱԻ-ն

Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) այլեւս պարզապէս արհեստագիտական  զարգացում մը չէ։ Ան աստիճանաբար կը դառնայ այն հիմնական թատերաբեմը, ուր պիտի որոշուին համաշխարհային ուժերու հաւասարակշռութիւնը, տնտեսական գերակայութիւնը, ռազմական ազդեցութիւնը եւ նոյնիսկ գաղափարական ուղղութիւնները։ Այսօր հարցը միայն այն չէ, թէ ո՛վ ունի ամենէն հզօր ալկորիթմները կամ ամենէն արագ համակարգիչները։ Աւելի խոր հարցումը հետեւեալն է․ ո՞վ պիտի ձեւաւորէ ապագայ ԱԻ աշխարհին կանոնները, արժէքները եւ ենթակառոյցները, ներառեալ արուեստական իմացականութեան անվտանգութեան կանոնները:

Վերջին տարիներուն, արուեստական իմացականութիւնը դուրս եկաւ համալսարաններէն եւ հետազօտական կեդրոններէն ու սկսաւ դառնալ աշխարհաքաղաքականութեան մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցող գործօն մը։ Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ մրցակցութիւնը այլեւս միայն առեւտուրի կամ ռազմական ուժի հարց չէ։ Ան երթալով կը կեդրոնանայ արուեստական իմացականութեան, կիսահաղորդիչներու, հաշուարկային կարողութեան, տուեալային ենթակառոյցներու եւ արհեստագիտական ինքնաբաւութեան շուրջ։ Բազմաթիւ վերլուծաբաններ արդէն ԱԻ-ն կը համեմատեն նաւթի, կորիզային ուժի կամ համացանցի յեղափոխութեան հետ։ Սակայն տարբերութիւնը այն է, որ ԱԻ-ն միաժամանակ կ’ազդէ տնտեսութեան, պատերազմի, լրատուութեան, կրթութեան եւ առօրեայ մարդկային յարաբերութիւններուն վրայ։

Ըստ World Economic Forum-ի հրապարակած նիւթերուն, յառաջիկայ տարիները պիտի ըլլան վճռորոշ՝ գիտնալու, թէ որո՞ւ պիտի պատկանի արհեստագիտական  գերիշխանութիւնը, նաեւ ի՞նչ սկզբունքներով ու կանոններով պիտի առաջնորդուի թուային քաղաքակրթութիւնը։

 Արուեստական իմացականութիւնը՝ որպէս աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան նոր ոլորտ

Տասնամեակներ շարունակ համաշխարհային ազդեցութիւնը երկար ժամանակ կը չափուէր ռազմական ուժով, արդիւնաբերական կարողութեամբ կամ ուժանիւթի պաշարներով։ Այսօր, սակայն, արուեստական իմացականութիւնը արագօրէն կը դառնայ ռազմավարական հիմնական առանցք մը։

Միացեալ Նահանգները տակաւին զգալի առաւելութիւն ունի ԱԻ-ի լաւագոյն մոտելներու, ներդրումներու, կիսահաղորդիչներու արտադրութեան եւ ակնառու մասնագէտներու առումով։ NVIDIA, OpenAI, Google եւ Anthropic ընկերութիւնները կը ղեկավարեն ԱԻ հետազօտութեան եւ կիրարկութեան բազմաթիւ ոլորտներ։ Աշխարհի ներդրումային մեծագոյն դրամատուներէն՝ Morgan Stanley-ի վերլուծութիւններուն համաձայն, Միացեալ Նահանգները ներկայիս կը գերիշխէ ԱԻ-ի մոտելներու որակով, ներդրումային ծաւալով եւ բացառիկ ենթակառոյցներով։

Սակայն, Չինաստան արագօրէն կը նուազեցնէ այդ տարբերութիւնը։ Պէյճինկ ԱԻ-ն կը դիտէ ոչ միայն որպէս տնտեսական հնարաւորութիւն, այլեւ ազգային ռազմավարական առաջնահերթութիւն։ Պետական հսկայական ներդրումները, կեդրոնացուած ծրագրաւորումը եւ համակարգուած արդիւնաբերական քաղաքականութիւնը թոյլ տուած են Չինաստանի շատ արագ զարգացնելու սեփական ԱԻ-ի ենթակառոյցները եւ կիսահաղորդիչներու արտադրութիւնը։ Huawei, Alibaba եւ ByteDance ընկերութիւնները արդէն կարեւոր դերակատարներ են համաշխարհային ԱԻ տնտեսութեան մէջ։

Այս մրցակցութիւնը այլեւս միայն արհեստագիտական չէ։ Ան աստիճանաբար կը դառնայ գաղափարական։

Ժողովրդավարակա՞ն ԱԻ, թէ՞ ամբողջատիրական ԱԻ

 ԱԻ-ի շուրջ զարգացող ամենէն հետաքրքրական բանավէճերէն մէկը կը վերաբերի քաղաքական համակարգերուն։ World Economic Forum-ի հրապարակած նիւթերուն մէջ, Anthropic-ի հրապարակումներուն համաձայն, ապագայի ԱԻ աշխարհակարգը կրնայ ձեւաւորուիլ կա՛մ ժողովրդավարական սկզբունքներով, կամ՝ ամբողջատիրական կառավարման մոտելներով։

Այս մտահոգութիւնը տեսական չէ։ Արդէն այսօր, ԱԻ համակարգերը կը գործածուին գրաքննութեան, դէմքի ճանաչման, հսկողութեան, թուային յարձակումներու եւ ռազմական ծրագիրներու մէջ։ Շատեր կը վախնան, որ ամբողջատիրական եւ միապետական վարչակարգերը ԱԻ-ն կրնան օգտագործել եւ զանգուածային վերահսկողութիւնը եւ հաւաքական քանդումի զէնքերը հասցնել աննախադէպ մակարդակի։

Չինաստանի Շինճիանկ ինքնավար շրջանին մէջ կիրարկուած հսկողութեան համակարգերը յաճախ կը ներկայացուին որպէս օրինակ, թէ ինչպէս ԱԻ-ն կրնայ ամրապնդել պետական վերահսկողութիւնը։ Արեւմտեան քաղաքական շրջանակներու հիմնական մտավախութիւններէն մէկը այն է, որ եթէ ապագայի ԱԻ ենթակառոյցները ձեւաւորուին ամբողջատիրական համակարգերու կողմէ, ապա այդ համակարգերուն գաղափարները աստիճանաբար կրնան տարածուիլ ամբողջ աշխարհով։

Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգները եւ իր դաշնակիցները կը ներկայանան  որպէս «ժողովրդավարական ԱԻ»-ի պաշտպանութեան ախոյեաններ։ Սակայն այս պատկերացումը եւս հակասութիւններէ զերծ չէ։ Ամերիկեան արհեստագիտական մեծ ընկերութիւնները նոյնպէս հսկայական ազդեցութիւն ունին տեղեկատուութեան, տուեալներու եւ հանրային խօսոյթի վրայ։ ԱԻ-ի զարգացումով, այդ սահմանները կրնան աւելի եւս աղօտիլ։

Ուստի ապագայի պայքարը միայն այն չէ, թէ ո՛վ կը կառուցէ ամենէն հզօր համակարգերը, այլ նաեւ՝ ի՛նչ տեսակի քաղաքակրթութիւն պիտի զարգացնեն այդ համակարգերը։

Ինչո՞ւ չիփերը (chips) այսօր աւելի կարեւոր են, քան նաւթը

 Եթէ 20-րդ դարը բնորոշուեցաւ նաւթով, ապա 21-րդ դարը մեծ հաւանականութեամբ պիտի բնորոշուի կիսահաղորդիչներով (չիփեր)։

Արուեստական իմացականութիւնը ամբողջութեամբ կախեալ է բարձրորակ չիփերէ եւ հաշուարկային հսկայական կարողութենէ։ Առանց այդ կիսահաղորդիչներուն, ԱԻ համակարգերը չեն կրնար ո՛չ մարզուիլ, ո՛չ ալ գործել։ Այս պատճառով չիփերու շուրջ պայքարը դարձած է Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի մրցակցութեան ամենէն զգայուն առանցքներէն մէկը։

Այսօր աշխարհի ամենէն զարգացած կիսահաղորդիչներու արտադրութեան շղթային մէջ առանցքային դեր ունին TSMC ընկերութիւնը Թայուանի մէջ, ASML-ը՝ Հոլանտայի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Հարաւային Քորէայի եւ Ճափոնի ընկերութիւնները։ Այս կապակցուած համակարգը, սակայն, նաեւ հսկայական խոցելիութիւն կը ստեղծէ։

Թայուանը առանձին կ’արտադրէ աշխարհի ամենէն յառաջացեալ կիսահաղորդիչներուն մեծ մասը։ Հետեւաբար, Թայուանի շուրջ որեւէ աշխարհաքաղաքական տագնապ կրնայ ցնցել ամբողջ համաշխարհային ԱԻ տնտեսութիւնը։ Հարցը այլեւս միայն ռազմական կամ քաղաքական չէ․ անիկա ենթակառուցային եւ քաղաքակրթական բնոյթ ունի։

Հորմուզի նեղուցին շուրջ վերջին լարուածութիւնները նաեւ ցոյց տուին, թէ ԱԻ ենթակառոյցները որքա՛ն խորապէս կախեալ կը մնան ուժանիւթէն եւ աշխարհաքաղաքական կայունութենէն։ Կիսահաղորդիչներու արտադրութիւնը հսկայական ուժանիւթ եւ արդիւնաբերական նիւթեր կը պահանջէ։ Միջին Արեւելքի մէջ ուժանիւթային խափանումները ուղղակի ազդեցութիւն կրնան ունենալ համաշխարհային ԱԻ արտադրութեան վրայ։

Այս իմաստով, ԱԻ դարաշրջանը տակաւին խիստ կերպով կապուած կը մնայ աւանդական աշխարհաքաղաքական իրականութիւններուն։ Թուային ապագան տակաւին կախեալ է աշխարհագրական տարածքներէ, նաւահանգիստներէ, հում նիւթերէ, առեւտրական ուղիներէ եւ ուժանիւթային անվտանգութենէ։

Ո՞վ պիտի վերահսկէ ԱԻ համակարգերու համաշխարհային տարածումը

 Թէեւ Միացեալ Նահանգները ներկայիս կը գերիշխէ առաջատար մոտելներով, Չինաստան արագ կերպով կը փորձէ ամրապնդել իր ներկայութիւնը զարգացող շուկաներու մէջ՝ աւելի մատչելի ենթակառոյցներով եւ պետական աջակցութեամբ։ Շատ մը վերլուծաբաններ այս ռազմավարութիւնը կը համեմատեն Huawei-ի նախկին հեռահաղորդակցական տարածման քաղաքականութեան հետ՝ «բաւականաչափ լաւ» եւ մատչելի ենթակառոյցներու միջոցով համաշխարհային ազդեցութիւն ձեռք բերելու ձեւով։

Այս մէկը չափազանց կարեւոր է, որովհետեւ արհեստագիտական ենթակառոյցները ժամանակի ընթացքին կը վերածուին քաղաքական եւ տնտեսական ազդեցութեան միջոցներու։

Այլ խօսքով, ԱԻ մրցակցութիւնը միայն գիւտարարութեան հարց չէ։ Ան նաեւ ազդեցութեան գօտիներու պայքար է։

Արհեստագիտութենէն անդին

Թերեւս ամենէն կարեւոր բացայայտումներէն մէկը այն է, որ ԱԻ դարաշրջանը միայն մեքենաներով պիտի չորոշուի։

Տաղանդը, կրթութիւնը, հասարակական վստահութիւնը, քաղաքական կայունութիւնը եւ մշակութային յարմարողականութիւնը նոյնքա՛ն վճռական կրնան դառնալ։ Բազմաթիւ վերլուծաբաններ կը պնդեն, թէ ԱԻ մրցակցութիւնը նաեւ հասարակութիւններու միջեւ մրցակցութիւն է․ ո՞ր դրութիւնները կրնան յարմարիլ փոփոխութիւններու առանց ներքին փլուզման։

Այս հարցը աւելի հրատապ պիտի դառնայ, երբ ԱԻ-ն սկսի փոխել աշխատանքի շուկան, կրթութիւնը, լրատուամիջոցները եւ նոյնիսկ մարդկային յարաբերութիւնները։ Հաւանաբար ապագային ամենէն յաջող հասարակութիւնները պիտի չըլլան միայն ամենէն հզօր չիփեր ունեցողները, այլ՝ անոնք, որոնք կրնան արհեստագիտական փոփոխութիւնը համատեղել հասարակական կայունութեան հետ։

Համաշխարհային ԱԻ դարաշրջանը պիտի չձեւաւորուի միայն հետազօտարաններու կամ տուեալային կեդրոններու մէջ։ Ան ծնունդ պիտի առնէ պետութիւններու, ընկերութիւններու, ենթակառոյցներու, գաղափարախօսութիւններու եւ ամբողջ հասարակութիւններու միջեւ շարունակուող բարդ պայքարէն։

Միացեալ Նահանգները ներկայիս ունի զգալի առաջատարութիւն մը ԱԻ հետազօտութեան, ներդրումներու եւ կիսահաղորդիչներու ոլորտին մէջ։ Սակայն, Չինաստանը ունի պետական հսկայական կարողութիւն, համակարգուած ռազմավարութիւն եւ երկարաժամկէտ վճռականութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ, Եւրոպան, Հարաւային Քորէան եւ Ծոցի երկիրները եւս կը փորձեն իրենց տեղը գրաւել այս նոր աշխարհակարգին մէջ։

Ամենէն յստակը այն է, սակայն, որ արուեստական իմացականութիւնը այլեւս պարզ գործիք մը չէ։ Ան աստիճանաբար կը դառնայ այն ենթակառոյցը, որուն միջոցով ապագայի իշխանութիւնները պիտի ձեւաւորուին։

Եւ թերեւս գալիք տասնամեակներուն ամենէն կարեւոր հարցումը պիտի չըլլայ այն , թէ ո՛վ կը ստեղծէ ամենէն հզօր ԱԻ համակարգերը, այլ անոնց մէջ ի՞նչ արժէքներ, ի՞նչ աշխարհայեացք եւ մարդկութեան ո՞ր ընկալումը պիտի արտացոլուին։

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x