Սփիւռք եւ Հայաստան․ մրցակիցնե՞ր, թէ՞ ռազմավարական գործընկերներ

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի երեւոյթ մը, որ քիչ ժողովուրդներու պարագային կը հանդիպինք։ Մենք ունինք պետութիւն, բայց նաեւ ունինք աշխարհով մէկ տարածուած համայնքներ, որոնք ոչ միայն մշակութային կամ տնտեսական դեր կը խաղան, այլեւ յաճախ ազգային հարցերու շուրջ կ’արտայայտուին նո՛յն հետաքրքրութեամբ եւ պատասխանատուութեան զգացումով, ինչպէ՛ս Հայաստանի մէջ ապրող քաղաքացիները։

Թէեւ այս իրականութիւնը ծնունդ առած է պատմական ողբերգութենէ, բայց տասնամեակներու ընթացքին դարձած է ազգային գոյատեւման կարեւոր յենասիւներէն մէկը։ Սփիւռքը պահպանած է լեզուն, մշակոյթը, կրթական հաստատութիւնները եւ ազգային ինքնութիւնը այն ժամանակաշրջաններուն, երբ հայկական անկախ պետութիւն գոյութիւն չունէր։

Սակայն Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ. ի՞նչ պէտք է ըլլայ սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութեան բնոյթը։ Այս հարցին պատասխանելու համար նախ պէտք է ընդունիլ պարզ իրողութիւն մը։ Պետութիւնը եւ ազգը նոյն բաները չեն։ Ազգը աւելի լայն հասկացողութիւն է, իսկ պետութիւնը՝ իրաւական եւ քաղաքական կառոյց։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային ճանաչում ունեցող ինքնիշխան պետութիւն է, որուն քաղաքացիներն են, ի վերջոյ, պատասխանատու իրենց իշխանութիւններուն ընտրութեան, վերահսկողութեան եւ փոփոխութեան։

Այս պատճառով ալ դժուար է վիճարկել այն սկզբունքը, որ սփիւռքը, որքան ալ հայրենասէր կամ նուիրուած ըլլայ, չի կրնար եւ պէտք չէ ուղղակի կերպով միջամտէ Հայաստանի ներքին քաղաքական հարցերուն։ Շատեր կը կարծեն, թէ պետութիւնը համայն հայութեան պատկանող զգացական սեփականութիւն մըն է, ուր իւրաքանչիւրը կրնայ հեռակայ կարգով թելադրել, ներազդել կամ նոյնիսկ միջամուխ ըլլալ ներքին հարցերուն՝ ըստ սեփական պատկերացումներուն։ Պետութեան ներքին որոշումները պէտք է ընդունուին այն քաղաքացիներուն կողմէ, որոնք ամէն օր կ’ապրին այդ որոշումներուն հետեւանքները։ Բայց սխալ պիտի ըլլար այս եզրակացութիւնը մեկնաբանել որպէս սփիւռքի դերին նուազեցումը։ Ընդհակառակը։

Ամէնէն յաջող պետութիւնները չեն ծաղկիր ու զարգանար միայն իրենց ներքին կարողականութեամբ եւ ուժով։ Անոնք կը յենին նաեւ արտաքին կապերու, գիտելիքի, փորձառութեան եւ միջազգային ազդեցութեան վրայ։ Իսկ հոս է, որ սփիւռքը կրնայ դառնալ Հայաստանի մեծագոյն ռազմավարական առաւելութիւններէն մէկը։

Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայ մասնագէտներ կը ղեկավարեն ընկերութիւններ, համալսարանական կեդրոններ, սթարթափներ, գիտահետազօտական հաստատութիւններ եւ նորարարական ծրագիրներ։ Անոնք կուտակած են գիտելիք եւ փորձառութիւն, որոնց արժէքը երբեմն շատ աւելի մեծ է, քան նիւթական օժանդակութիւնը։ Տասնամեակներ շարունակ «սփիւռքի օժանդակութիւն» արտայայտութիւնը հիմնականօրէն կապուած էր նուիրատուութիւններու կամ բարեսիրական նախաձեռնութիւններու։ Շատեր կը կարծեն, թէ Սփիւռքի դերը սահմանափակուած է քանի մը պարզ, խորհրդանշական քայլերով. դրամահաւաք մը կազմակերպել, բարեգործական ծրագիր մը հովանաւորել կամ ընկերային ցանցերուն մէջ հայրենասիրական կոչեր տարածել։ Այս բոլորը արժէքաւոր են, բայց անոնք միայն առաջին քայլերն են հազար մղոնին։ Այսօր, 21-րդ դարը տարբեր մտածողութիւն եւ տարբեր մօտեցումներ կը պահանջէ։

Հայաստանի կարիքը միայն դրամով չի սահմանափակուիր։ Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի կարիքը արդիականացման, տնտեսական ճկունութեան, գիտելիքի, նորարարութեան, կառավարման փորձառութեան, միջազգային ցանցերու եւ մասնագիտական կարողութիւններու։ Ահա թէ ինչո՛ւ Սփիւռքի ամենէն արդիւնաւէտ դերը թերեւս ոչ թէ քաղաքական աղմուկի ստեղծումն է, այլ գիտելիքի, փորձառութեան եւ արհեստագիտական հմտութիւններու անդադար փոխանցումը դէպի հայրենիք։

Աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան ներկայ պայմաններուն մէջ, փոքր պետութիւններու հզօրութիւնը ոչ միայն կը չափուի բանակով կամ տնտեսութեամբ, այլ նաեւ իրենց «փափուկ ուժով» (այս առիթով կ’արժէ վերընթերցել դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի «Հայկական «փափուկ ուժը» սփիւռքի մէջ» խորագրեալ յօդուածը հետեւեալ կապով https://tinyurl.com/48a3xh97): Այս հասկացողութիւնը կը վերաբերի այն կարողութեան, որով պետութիւն մը կամ հաւաքականութիւն մը կրնայ ազդեցութիւն ունենալ ուրիշներու վրայ՝ մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան, նորարարութեան եւ հեղինակութեան միջոցով։ Սփիւռքը, իր հանրային ու քաղաքական կապերով, կոչուած է ըլլալու Հայաստանի պետական շահերու լոպիիսթական լծակը օտար ափերու վրայ։

Այս առումով, հայ ժողովուրդը եզակի առաւելութիւն ունի։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի այն, ինչ սփիւռքը չունի՝ պետականութիւն։ Իսկ սփիւռքը ունի այն, ինչ Հայաստանը ամբողջութեամբ չունի՝ համաշխարհային տարածում, բազմազան փորձառութիւն եւ ազդեցութեան բազմաթիւ լծակներ ու կեդրոններ։ Երբ այս երկու իրականութիւնները համագործակցին, անոնք կը լրացնեն զիրար։ Երբ անոնք կը մրցին կամ կը փորձեն փոխարինել զիրար, կը յառաջանան լարուածութիւններ եւ հիասթափութիւններ։ Հետեւաբար հարցը այն չէ, թէ սփիւռքը պէտք է լռէ՞, թէ՞ խօսի։ Հարցը այն է, թէ ո՛ր ոլորտին մէջ կրնայ ան ամենէն մեծ արժէքը ստեղծել։

Թերեւս ժամանակն է, որ սփիւռքի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները վերասահմանուին ոչ թէ որպէս քաղաքական խնամակալութիւն կամ անվերջ ցանկ մը փոխադարձ ակնկալութիւններու, այլ որպէս ռազմավարական գործընկերութիւն։

Մէկը կը կառավարէ պետութիւնը։ Միւսը կը բազմապատկէ անոր կարողութիւնները։

Եւ երբ այդ երկու դերերը յստակ ըլլան, Հայաստանն ու սփիւռքը կրնան աւելի հզօր դառնալ միասին, քան երբեւէ առանձին-առանձին։ Երբ սփիւռքի գիտնականը, տնտեսագէտը կամ կառավարման մասնագէտը իր տաղանդն ու փորձագիտութիւնը կը դնէ հայրենի պետական համակարգի տրամադրութեան տակ՝ առանց քաղաքական նախապայմաններու, այդ պարագային համագործակցութիւնը կը դառնայ գործնական իրականութիւն։

Որովհետեւ ի վերջոյ, հայրենիքի պահպանութիւնը միայն զայն հեռուէն սիրելու կամ անոր ներքին հարցերուն շուրջ վիճելու մասին չէ. անիկա մեր արժէքներուն, պետականութիւնը որպէս բացարձակ հիմք ընդունելու կամքին եւ զայն գիտելիքով ու փափուկ ուժով զրահաւորելու պատասխանատուութեան մասին է։

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Viken L. Attarian
Viken L. Attarian
1 month ago

Յարգարժան Պրն. խմբագիր,

Ձեր յօդուածը տեղին է: Տեղին եւ մանրամասն է նաեւ Դոկտ. Չիլինկիրեանի վերլուծութիւնը: Ինքզինքիս սակայն պիտի արտօնեմ կարգ մը կարեւոր մատնանշումներ:

Ա. Հայաստանն ու Սփիւռքը (Թէեւ Սփիւռք մը գոյութիւն չունի այլ կան բազմատրոհուած ՞՞Սփիւռքներ”) ո’չ մրցակից են եւ ո’չ ալ գործընկերներ: Որովհետեւ երկուքին ալ պարագային՝ չկայ յարաբերութիւնը սնանող (ինչպիսին ալ ըլլար այդ յարաբերութիւնը դրական թէ ժխտական) կառուցային եւ պիւտճէի մը վրայ հիմնուած կազմակերպուած իրավիճակ, որ կրնայ յստակ նպատակներու վրայ աշխատիլ: Օրինակ, Հայաստանի բնակչութիւնը աւելցնել 100,000 հոգիով կազմակերպուած ներգաղթով մը: Կամ ալ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի աշխարհաքաղաքական ռազմավարութիւնը միացեալ կերպով մշակելու լծուիլ:

Բ. Հայաստանի պետութիւնը չի վարեր համազգային քաղաքականութիւն եւ բնաւ ալ չէ վարած զայն իր անկախացումէն ի վեր: Համազգային քաղաքականութիւն կը նշանակէ ընդհանուր մտահոգութիւն ազգին վերապրումով ի սփիւռս աշխարհի (եւ ո’չ միայն Հայաստանի մէջ): Կը նշանակէ ստեղծել միացնող ազգային ոգեղինացնող ինքնագիտակցութիւն (ethos) մը որ միմիայն կը դրսեւորուի կրթական, քարոզչական, մշակութային լեզուական, պետական մակարդակի յստակ, երկարաժամկէտ եւ չափելի աշխատանքով:

Գ. Նմանօրինակ աշխատանք մը կարելի է կազմակերպել շատ յստակ քաղաքական ծրագիր որդեգրելով: Պիւտճէ յատկացնելով: Կառոյցներ ստեղծելով: Վարչական մասնագէտ անձնակազմով եւ երկարաշունչ ծրագիր մշակելով որոնք յստակ են եւ հասանելի: Ճանապարհը երկար է եւ սակայն նոյնիսկ առաջին քայլ մը անգամ չէ առնուած մինչեւ հիմա, հակառակ անվերջ եւ ամպագոռգոռ լոզունգներու եւ համագումարներու, միացեալ հաւաքներու, ճաշկերոյթներու, բաժակաճառերու եւ մասամբ նորին: Չի բաւեր ունենալ «նախարարութիւն» մը կամ «գրասենեակ» մը: Այլ պէտք է յայտարարել թէ ի՞նչ պիտի ընէ եւ թէ ի՞նչպէս պիտի չափուին անոր յաջողութիւնը (կամ ձախողութիւնը) եւ թէ ի՞նչ են այդ աշխատանքին ակնկալուած հետեւանքները եւ թէ ո՞րքան ժամանակի մէջ պիտի իրագործուին:

Դ. Լոպիինկ-ը կը պահանջէ ինքնին ոչ միայն ծրագրուած մօտեցում, այլ կը պահանջէ հմտացած եւ մասնագիտացած անձնակազմ, մեծագումար յատկացում, համախոհներու զօրաշարժի կարողութիւն, եւ կամաւորներու մեծ բանակի կազմակերպուածութիւն: Ցոյց տուէք ինծի յստակ թիւերով թէ Սփիւռքներէն ո՞ր մէկը ունի նման կարողութիւններ: Միասին լուսանկարուիլը, այցելութիւններ տալն ու հաղորդագրութիւն հրապարակելը լոպիինկ չէ: Եղածը պէտք է չափել միմիայն արդիւնքով: Արցախեան վերջին պատերազմը եւ 2023ի մեր երկրորդ պաշտօնական ցեղասպանութիւնը վկայ:

Ե. Համաշխարհային հանրութեան միտքին վրայ կազմակերպուած կերպով ազդելու կարողութիւնը հաւանաբար կարեւորագոյն չափանիշը պէտք է սեպել: Ո’չ որպէս կարելիութիւն ա’յլ որպէս կատարուած իրողութիւն: Եթէ այդ անկիւնէն նայինք՝ Սփիւռքներու կարողութիւնները խոշոր զերօ մըն են: Կարելի՞ է փոխել ատիկա, այո’: Սակայն միայն եթէ աշխատանք տարուի ատոր համար: Ո’չ անհատապէս, ո’չ այս կամ այն կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ՛ ո’չ ալ նոյնիսկ պարզապէս Հայաստանի աշխատանքով: Այլ ա’զգովին: Ազգովին ըլլալու համար՝ պէտք է ունենալ վերոյիշեալ նախապէս մշակուած ethosը: Բան մը, որուն յառաջատարը միմիայն կրնայ ըլլալ Հայաստանը: Որովհետեւ ի’նքն է որ պետութիւն է: Ի’նքն է որ ունի դիւանագիտական համակարգ, պետական պիւտճէ, օրէնք ստեղծելու կարողութիւն, միջազգային վարկ բանալու կարողութիւն, բանակ պահելու իրաւունք, մեծաերազ ենթակառոյցներու ծրագիրներ մշակելու իրաւունք, հայ ժողովուրդը իրար զօդող գլխաւոր մղիչ ոյժը ըլլալու պատմական լիազօրութիւն եւ օրինականութիւն եւ այլն, եւ այլն:

Մոռնանք Սփիւռքները, յոռեգոյն պարագային, Հայաստանի պետութիւնը պէտք է ինքնապահպանման համար իսկ առնէ վերոյիշեալ քայլերը: Մղուած իր իսկ «ինքնասիրութենէն»: Այսօրուան հսկայական աշխարհաքաղաքական տեղաշարժներուն զոհը պիտի դառնան բոլոր այն ազգերը որոնք ամբողջութեամբ լծուած չեն ինքնագոյատեւման պայքարին: Հայերը՝ ամէնէն առաջ:

Ձեր շինիչ գրութիւնները միշտ խանդավառութեամբ ընթերցող եւ բարեկամօրէն

Վիգէն Լ. Ադդարեան

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x