Թարգմանութիւնը եւ ժամանակակից գաղափարները հայերէնով արտայայտելու հրամայականը

Աշխարհի մեծ գաղափարները հազուադէպօրէն մնացած են այն լեզուին սահմաններուն մէջ, ուր ծնունդ առած են։ Անոնք ճամբորդած են երկրէ երկիր, մշակոյթէ մշակոյթ եւ դարէ դար։ Իսկ այդ ճամբորդութեան անտեսանելի ուղեկիցները եղած են թարգմանիչները։

Մտածենք պահ մը։ Ի՞նչ պիտի ըլլար հայ մշակոյթն ու հայ մտաւոր կեանքը, եթէ հինգերորդ դարուն Սահակ Պարթեւի, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոնց աշակերտներուն՝ Թարգմանիչներուն մեծ շարժումը չըլլար։ Աստուածաշունչի թարգմանութենէն մինչեւ ժամանակի աստուածաբանական, փիլիսոփայական եւ պատմագիտական երկերու հայացումը՝ անոնք ոչ միայն օտար գիտելիքը հայերէնի փոխադրեցին, այլ հայերէնը դարձուցին գիտելիք ստեղծելու, մտածելու եւ ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը կրելու լեզու։

Դարեր ետք, նոյն երեւոյթին մէկ ուրիշ արտայայտութիւնը կը տեսնենք 19-րդ դարու հայկական զարթօնքի շրջանին, յատկապէս Պոլսոյ մէջ։ Եւրոպական գրականութեան, պատմութեան, գիտութեան, քաղաքական ու հասարակական գաղափարներու թարգմանութիւնը հայ ընթերցողին առջեւ բացաւ ժամանակակից աշխարհի դռները եւ միաժամանակ ստիպեց հայերէնը նորոգուելու՝ նոր բառեր, հասկացողութիւններ եւ արտայայտութեան միջոցներ ստեղծելով։ Թարգմանութիւնը այսպիսով միայն եւրոպական միտքը հայերուն ծանօթացնելու միջոց չեղաւ. ան նաեւ աշխարհաբարի զարգացման, հայ մամուլի ու գրականութեան վերելքին եւ նոր հայկական մտաւորականութեան ձեւաւորման շարժիչ ուժերէն մէկը դարձաւ։

Տակաւին, ի՞նչ պիտի ըլլար Եւրոպական Վերածնունդը, եթէ հին յոյն մտածողներուն գործերը դարեր շարունակ չթարգմանուէին։

5-րդ եւ 19-րդ դարերու Հայոց պատմութեան այս երկու մեծ հանգրուաններուն միջեւ դարեր կան, բայց զանոնք միացնող սկզբունքը նոյնն է. լեզուն կը զարգանայ, երբ կը ստիպուի նոր գիտելիքներ եւ նոր գաղափարներ արտայայտել։ Եւ ասիկա անցեալին չի պատկանիր միայն:

Նոյն գիտակցութեան ժամանակակից արտայայտութիւններէն մէկը կարելի է տեսնել Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին նախաձեռնած թարգմանական ծրագրին մէջ։ 2015-ին սկսած «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարը » (Calouste Gulbenkian Translation Series» նպատակ ճշդած է ընկերային եւ մարդկային գիտութիւններու հիմնարար աշխատութիւնները հայերէնի մատչելի դարձնել։ Ֆուքոյէն, Արենտէն, Սայիտէն եւ Հապերմասէն մինչեւ Սփիվաք, Ռոլզ եւ Վենութի՝ խնդիրը պարզապէս կարեւոր գիրքեր հայերէնի թարգմանելը չէ։ Խորքին մէջ փորձը նոյնն է, ինչ որ եղած է մեր պատմութեան ուրիշ հանգրուաններուն՝ հայերէնը դնել նոր գաղափարներ արտայայտելու անհրաժեշտութեան առջեւ եւ այդ անհրաժեշտութեան միջոցով ընդարձակել անոր բառապաշարն ու հասկացողական դաշտը։

Այս իմաստով ուշագրաւ է, որ հիմնարկութիւնը իր թարգմանական ծրագրի նպատակներուն շարքին կը նշէ հայերէնի արդիականացումը՝ նոր բառապաշար ներմուծելով։ Ան նաեւ կը շեշտէ թարգմանուած գիրքերու համալսարաններու մէջ շրջանառութեան եւ ժամանակակից համաշխարհային մտածողութեան հետ հայերէնի կապը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։ Այսինքն՝ թարգմանութիւնը այստեղ արդիւնք չէ միայն. լեզուաշինութեան եւ մտաւոր զարգացման գիտակցուած միջոց է։ Ոչ մէկ ստեղծագործ մշակոյթ ծաղկած է միայն ինքն իրեն խօսելով։ Ան նախ լսած է ուրիշները, եւ լսելու համար՝ թարգմանած։

Թարգմանութիւնը բառեր փոխադրել չէ

Մենք յաճախ թարգմանութիւնը կը պատկերացնենք որպէս օտար լեզուով գրուած նախադասութիւնը հասկնալ եւ նոյն միտքը հայերէնով արտայայտել։ Բայց իսկական թարգմանութիւնը շատ աւելին է։ Ամէն լաւ թարգմանութիւն նոր մտածողութիւն մը կը բերէ լեզուին մէջ։ Ան մեզի միայն նոր բառեր չի տար. նոր հասկացողութիւններ, նոր հարցադրումներ եւ աշխարհը դիտելու նոր եղանակներ կու տայ։ Որովհետեւ լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ։ Լեզուն նաեւ մտածելու միջոց է։

Երբ հայերէնի մէջ կը մտնեն «քննական մտածողութիւն» (critical thinking), «ճանաչողական կողմնակալութիւն» (Cognitive Bias), «համակարգային մտածողութիւն» (Systems thinking), «արուեստական իմացականութիւն» (Artificial intelligence-AI), «վարքագծային տնտեսագիտութիւն» (Behavioral economics) կամ նման նոր հասկացողութիւններ, պարզապէս մեր բառապաշարը չէ, որ կը հարստանայ։ Կ’ընդարձակուի նաեւ հայերէնով այդ գաղափարներուն մասին մտածելու, զանոնք քննարկելու եւ անոնցմէ նոր միտքեր զարգացնելու մեր կարողութիւնը։ Այս է թարգմանութեան ամենէն կարեւոր ուժերէն մէկը։ Լեզուին նոր բաներ ըսելու կարելիութիւն տալով՝ ան մարդուն նաեւ նոր բաներ մտածելու կարելիութիւն կու տայ։

Ի՞նչ կը թարգմանենք այսօր։

Մենք՝ հայերս, արդար հպարտութեամբ կը խօսինք մեր գրականութեան, մատենագրութեան, տպագրութեան պատմութեան եւ մեծ հեղինակներուն մասին։ Բայց քիչ կը պատահի, որ հարցնենք. Ի՞նչ կը թարգմանենք այսօր։ Եւ աւելի կարեւորը՝ ինչո՞ւ ճիշդ այդ գիրքերը կը թարգմանենք։ Հայերէնը, անշուշտ, հարուստ է թարգմանական գրականութեամբ։ Համաշխարհային գրականութեան դասականներն ու ժամանակակից հեղինակները շարունակ կը թարգմանուին, եւ շնորհալի թարգմանիչներ մեծ նուիրումով կը կատարեն այդ աշխատանքը, եւ շնորհակալ աշխատանք կը տանին: Գրականութիւնը կը հարստացնէ լեզուն, կը խորացնէ մարդկային փորձառութեան մեր ընկալումը, կը զարգացնէ երեւակայութիւնը եւ կը յղկէ մեր զգացական ընկալումը։ Բայց ժողովուրդ մը պահանջները չեն սահմանափակուիր զգացական փորձառութեամբ։ Ան նաեւ մտածելու կարիք ունի։

Այսօր աշխարհը աննախընթաց արագութեամբ կը փոխուի։ Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) կը վերաձեւէ աշխատանքն ու կրթութիւնը։ Նեարդագիտութիւնը նոր լոյս կը սփռէ մարդկային ուղեղին վրայ։ Ծինագիտութիւնը կը փոխէ բժշկութիւնը։ Տնտեսագիտութիւնը, քաղաքագիտութիւնը եւ ընկերաբանութիւնը նոր գործիքներ կու տան հաւաքականութիւնները հասկնալու համար։ Կլիմայական փոփոխութիւնը մեզ կը ստիպէ վերանայելու զարգացման, տնտեսութեան եւ բնութեան հետ մեր յարաբերութեան մասին բազմաթիւ համոզումներ։

Այս բոլորը որքանո՞վ հասանելի են հայերէնով։ Հարցումը կարեւոր է, որովհետեւ եթէ մեր ժամանակներու հիմնական գաղափարները կարելի չէ հայերէնով կարդալ եւ քննարկել, ժամանակի ընթացքին հայերէնը կրնայ մնալ մեր յիշողութեան, զգացումներուն եւ գրական ստեղծագործութեան լեզուն, բայց աստիճանաբար նուազ կրնայ մասնակցիլ այն մտաւոր զրոյցին, որ կը ձեւաւորէ մեր ներկան եւ ապագան։ Լեզու մը չի կրնար միայն անցեալի լեզուն ըլլալ եւ միաժամանակ կենսունակ մնալ։ Ան պէտք է կարենայ խօսիլ նաեւ ապագային մասին։

Բայց կայ եւ տարբեր հարց մը. թարգմանելը ինքնին բաւարար չէ։ Թարգմանուած գիրքը պէտք է նաեւ ընթերցող ունենայ, քննարկուի, գրախօսուի, մտնէ համալսարան, մամուլ եւ հանրային զրոյց։ Այլապէս նոր գաղափարը հայերէն բառեր կը ստանայ, բայց տակաւին հայ մտաւոր կեանքին մաս չի դառնար։ Թարգմանութեան իսկական յաջողութիւնը կը սկսի այն ատեն, երբ թարգմանուած գաղափարը կը դադրի օտար գիրքի մը գաղափարը ըլլալէ եւ կը սկսի հայերէնով մտածող մարդոց մէջ ապրիլ։ Պատահական չէ, որ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան թարգմանական ծրագրին շուրջ կազմակերպուած քննարկումներուն մէջ եւս շեշտուած է թարգմանուած գործերը համալսարանական շրջանառութեան մէջ դնելու եւ զանոնք քննական մտածողութեան զարգացման ծառայեցնելու կարեւորութիւնը։

Թարգմանութիւնը որպէս ընտրութիւն

Ոչ մէկ ժողովուրդ կրնայ թարգմանել աշխարհի մէջ հրատարակուող բոլոր գիրքերը։ Հետեւաբար թարգմանութիւնը միշտ ընտրութիւն կ’ենթադրէ։ Ամէն անգամ, երբ գիրք մը կը թարգմանենք, գիտակցաբար կամ ոչ, որոշում մը կ’առնենք. այս գաղափարը արժանի է մեր լեզուին մէջ ապրելու։ Հետեւաբար հարցը միայն այն չէ, թէ որքան կը թարգմանենք։ Հարցը այն է, թէ ի՛նչ կը թարգմանենք։ Կրնանք հարիւրաւոր վէպեր թարգմանել եւ միաժամանակ հայերէնով գրեթէ չունենալ ժամանակակից տնտեսագիտութեան, հոգեբանութեան, կրթութեան, գիտութեան փիլիսոփայութեան կամ արուեստական իմացականութեան կարեւոր աշխատութիւնները։ Ասիկա գրականութեան դերը նուազեցնել չի նշանակեր։ Ընդհակառակը։

Առանց գրականութեան մշակոյթ մը կը կորսնցնէ իր հոգին։ Բայց առանց ժամանակակից գիտելիքի եւ գաղափարներու՝ ան կրնայ կորսնցնել աշխարհը հասկնալու կարողութիւնը։ Հետեւաբար թարգմանական քաղաքականութեան մը հիմնական հարցումը պէտք չէ ըլլայ միայն՝ «այս գիրքը պիտի վաճառուի՞» կամ «հեղինակը հանրածանօ՞թ է»։ Աւելի կարեւոր է՝ այս գիրքը ի՞նչ նոր բան կը բերէ հայ ընթերցողին։ Կ’ընդարձակէ՞ անոր աշխարհայեացքը։ Կը ստիպէ՞ վերանայելու իր համոզումները։ Նոր հարցադրումներու առիթ կը ստեղծէ՞։ Հայերէնի մէջ կը բերէ՞ գիտելիք մը կամ մտածելակերպ մը, որ տակաւին գոյութիւն չունի։ Որովհետեւ ժողովուրդ մը չի հարստանար միայն իր գրադարանին մէջ աւելի շատ գիրքեր ունենալով։ Ան կը հարստանայ, երբ այդ գիրքերը կը բազմապատկեն իր մտածելու կարողութիւնը։

Թարգմանիչը՝ լուռ մշակութային գործիչ

Այս բոլորէն ետք թարգմանիչին կարեւորութիւնը աւելի պարզ կը դառնայ:  Թարգմանիչը պարզ միջնորդ մը չէ երկու լեզուներու միջեւ։ Երբ ամիսներ, երբեմն տարիներ կը նուիրէ գիրքի մը թարգմանութեան, ան միայն նախադասութիւններ չի փոխադրեր մէկ լեզուէն միւսը։ Ան հայ ընթերցողին առջեւ պատուհան մը կը բանայ դէպի մտածողութեան ուրիշ աշխարհ մը։ Բայց ժամանակակից մտքի թարգմանութիւնը նաեւ եզրաշինութեան աշխատանք է։

Երբ հայերէնը տակաւին պատրաստ համարժէք չունի նոր հասկացողութեան մը համար, թարգմանիչը ստիպուած է ոչ միայն թարգմանելու, այլ երբեմն նաեւ լեզուական լուծում ստեղծելու։ Նոր բառ մը ստեղծելը բաւարար չէ։ Անիկա պէտք է ճշգրիտ եւ հասկնալի ըլլայ, ապա ընդունուի ու գործածութեան մէջ մտնէ։ Այս իմաստով թարգմանիչը երբեմն ոչ միայն երկու լեզուներու միջեւ միջնորդ է, այլ նաեւ հայերէնի ապագայ բառապաշարը կերտողներէն մէկը։

Այս մարտահրաւէրը տեսական չէ միայն։ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան թարգմանական ծրագրի փորձառութեան մէջ եւս թարգմանիչները անդրադարձած են հայերէն համարժէքներ գտնելու եւ նոր կամ անսովոր եզրերը ընթերցողին հասկնալի դարձնելու դժուարութեան։ Հիմնարկութեան ծրագիրը սկզբնապէս նախատեսած էր նաեւ նոր եզրաբանութեան տարածման միջոցներ։

Հետեւաբար, թարգմանիչը պէտք է հասկնալ կարենայ իր ժամանակը, հետեւիլ գաղափարներու շարժումին եւ զատորոշել այն գործերը, որոնք կրնան իսկապէս բան մը աւելցնել իր մշակոյթին։

Հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ այս գիտակցութիւնը նոր չէ։ Մեր մատենագիրները, վարդապետներն ու Մխիթարեան հայրերը ուրիշ ժողովուրդներու իմաստութիւնը հայերէնի փոխադրելը երբեք ազգային ինքնութեան սպառնալիք չնկատեցին։ Ընդհակառակը՝ հասկցան, որ ուրիշին ստեղծածը իւրացնելով եւ հայերէնով վերարտադրելով՝ լեզուն եւ մշակոյթը կը հարստանան։ Այսօր խնդիրը նոյնն է, միայն աշխարհն է անհամեմատ աւելի արագ։ Ամէն օր նոր գաղափարներ կը ծնին։ Նոր գիտելիքներ կը փոխեն մեր պատկերացումը մարդուն, հասարակութեան, կրթութեան, տնտեսութեան եւ նոյնիսկ բանականութեան մասին։ Բոլորը չենք կրնար թարգմանել։ Անհրաժեշտ ալ չէ։ Բայց պէտք է գիտնանք, թէ որո՛նք արժանի են հայերէնով ապրելու։ Եւ թերեւս հոս է մեր ժամանակներու թարգմանութեան մեծագոյն պատասխանատուութիւնը։

Լեզու մը չի պահպանուիր միայն որովհետեւ մարդիկ կը շարունակեն խօսիլ զայն։ Ոչ ալ միայն անցեալի գրականութիւնը վերահրատարակելով։ Լեզու մը իսկապէս կ’ապրի, երբ անով կարելի է մտածել ժամանակակից աշխարհին մասին։ Երբ կարելի է անով խօսիլ ոչ միայն մեր յիշողութեան, այլ նաեւ մեր ապագային մասին։ Երբ նոր սերունդը ստիպուած չէ ուրիշ լեզուի անցնելու ամէն անգամ, երբ կ’ուզէ հանդիպիլ նոր գաղափարի մը։

Արեւմտահայերէնի պարագային այս հրամայականը կրկնակի է։ Լեզու մը, որ արդէն կը պայքարի իր առօրեայ գործածութեան տարածքը պահպանելու համար, չի կրնար ինքն իրեն թոյլ տալ հրաժարելու ժամանակակից գիտելիքի լեզու ըլլալու իր հանգամանքէն։ Այս պատճառով թարգմանութիւնը մշակութային երկրորդական աշխատանք մը չէ։ Անիկա լեզուի ապագան կառուցելու միջոցներէն մէկն է։

Եւ թերեւս ազգի մը մտաւոր հարստութիւնը պէտք չէ չափել միայն այն հարցումով, թէ քանի՛ մեծ գիրք ան արտադրած է։ Պէտք է հարցնել նաեւ՝ համաշխարհային քանի՞ մեծ գաղափարներ ծնունդ առած են իր լեզուով: Որովհետեւ ազգ մը կը մեծնայ ոչ միայն իր գրածներով։

Ան կը մեծնայ նաեւ իր թարգմանածներով։

Վ.Թէնպէլեան

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x