Ուալիտ Ռաատ՝ թաքնուած ճշմարտութիւններու արուեստագէտը

Մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ, երբ Պէյրութի Ashkal Alwan ժամանակակից արուեստի կեդրոնին մէջ կ’ուսանէի, առիթ ունեցայ հանդիպելու «Ուալիտ Ռաատ» անունով  նշանաւոր արուեստագէտի մը։

Մեզի՝ այսինքն աշակերտներուս, լուր տուած էին, որ ան ուսանողներուն արուեստանոցները մէկ առ մէկ պիտի այցելէր՝ մեր գործերը քննարկելու համար։ Ինծի հետ միւս ուսանողները, իրենց աշխատանոցներուն մէջ կարծես կալանքի դատապարտուած, կը սպասէին, որ ժամանակակից արուեստի աստղերէն մէկը իրենց սենեակին դուռը զարնէ։ Այն ատեն ինծի համար Ուալիտ Ռաատի անունը գրեթէ անծանօթ անուն մըն էր։

Դ՜խ, դ՜խ, դուռս զարնուեցաւ։ Սիկարը բերնին, ճաղատ մարդ մը նստեցաւ դիմացս.  Իր հետ պէտք էր առնուազն մէկ ժամ զրուցէի։

Ան սկսաւ ուսումնասիրել գծանկարներս` յատկապէս թաղիքներով  պատրաստած պզտիկ գծագրութիւններս, որոնք հայոց պատմութեան պատմագրական ոճը հեգնանքով քննադատելու նպատակ ունէին։

Ան գործերը ցուցադրելու ոճին մասին հետաքրքրական եւ նոր մօտեցումներ առաջարկեց, եւ պնդեց, որ թուղթերուն ետեւի մասին վրայ թափանցող ներկերուն հետքերը եւ անոնց ստեղծած վերացական պատկերները իրականութեան մէջ շատ կարեւոր էր ցուցադրել, որովհետեւ այդ մնացած հետքերուն անորոշութեան եւ վերացականութեան մէջ էր իմ գաղափարային քննադատութիւնս։

Նորատուսի Տէր Կարապետ Յովհաննէսի Յովակիմեանի դիմանկարը- Հրանդ Գալէմքէրեան

 

Ուսումս շարունակելու ընթացքին, ուզեցի աւելի մօտէն հետաքրքրուիլ Ուալիտ Ռաատով։ Իր արուեստի գործերուն հիմնական նպատակներէն մէկը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն մնացած արխիւներուն եւ յիշողութիւններուն տարտամութիւնը, պատմագրութեան բարդութիւններն ու խնդիրները բացայայտելն է, ինչպէս նաեւ կեղծ փաստաթուղթերու եւ պատմական վկայութիւններու նկատմամբ հասարակութեան միամտութիւնն ու դիւրահաւանութիւնը հարցականի տակ դնելը։

Ռաատ, որ ծնած է 1967-ին, Լիբանանի մէջ, եւ մեծցած՝ Պէյրութի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, իր գործերուն մէջ կը փորձէ ուսումնասիրել այդ պատերազմէն մնացած հետքերը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի ճնշուած ժողովուրդներու չիրականացած յոյսերն ու անցեալէն ժառանգած հաւաքական խոցերը։

Ան հարց կու տայ, թէ եթէ պատմաբանը պէտք է մտահոգուի պատմութիւնը առարկայական կերպով` անսայթաքաբար արձանագրելու  դժուարութիւններով, ապա արուեստագէտը ինչո՞վ պէտք է մտահոգուի։

Ուալիտ Ռաատ՝ ցուցասրահի մը մէջ, իր գործերը ներկայացնելու ընթացքին։

1989-էն մինչեւ 2004 Ռաատ կ’աշխատի  “The Atlas Group” նախագիծին վրայ՝ բացայայտելու Լիբանանի ներքին դաւանաբանական վէճերու ու անլոյծ լարուածութիւններու անհեթեթութիւնը։ The Atlas Group-ը իբր թէ պատմական փաստաթուղթեր հաւաքող եւ պահպանող հետազօտական խումբ մըն է, որուն արխիւներուն մէջ կը գտնուին անսովոր լուսանկարներ, տեսանիւթեր եւ զանազան փաստաթուղթեր։

” The Atlas Group”-ի հրատարակած արխիւներէն` Missing Lebanese Wars գործին մէջ Ռաատ կը ներկայացնէ առասպելական  լիբանանցի պատմաբան` Ֆատլ Ֆախուրիի նօթատետրի էջերը, ուր արձանագրուած են ձիարշաւներու ընթացքին առնուած լուսանկարներ: Ըստ Ֆախուրիին, քաղաքացիական պատերազմի պատմաբանները ձիարշաւներու ընթացքին գրաւ կ’առաջարկէին, բախտախաղեր կը կազմակերպէին, գուշակելու համար, թէ արդեօք լուսանկարիչը պիտի կարենա՞ր նկարել ձիուն վերջնագիծէն անցնելու ճշգրիտ պահը, թէ քանի՛ վայրկեանով պիտի ուշանար։

Ուալիտ Ռաատ, Notebook, հատոր 72

Ուալիտ Ռաատ այս առասպելով լոյս կը սփռէ այն իրողութեան վրայ, որ պատմաբաններն ալ բաժնուած են քաղաքական եւ դաւանական պատկանելիութիւններու հիմունքով: Հետեւաբար, լրագրողին վրայ ճնշում բանեցնելու, անոր պարտութինը ցանկալու կամ որոշ փաստաթուղթերու կասկածելի վաւերականութեան պատասխանատուութիւնը`  այդ վայրագ մրցումները կազմակերպողներուն ուսերուն վրայ է։

Վերջերս տեղեկացայ, որ Ուալիտ Ռաատ Փարիզի CENTQUATRE-PARIS կեդրոնին մէջ ցուցահանդէս մը պիտի ունենար։ Քանի որ Նանթի մէջ կ՚ապրիմ, եւ Փարիզն ալ այնքան հեռու չէ, անմիջապէս տոմսակս գնեցի։ Աւելի ուշ իմացայ, որ Ռաատ նաեւ անձամբ պիտի ատենաբանէ ցուցահանդէսի ընթացքին՝ իր գործերուն մասին եւ միջին արեւելքի պատմութեան մասին։ Այս լուրը աւելի եւս խանդավառեց զիս:

Better be watching the clouds (again) —երիտասարդ Պենիամին (Պիպի) Նեթանիահուն

Առաջին գործը, որուն մասին կ՚ուզեմ խօսիլ, Better be watching the clouds շարքն է։ Ըստ Ուալիտ Ռաատի յօրինած պատմութեան, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, ծաղիկներու մասնագէտ կին մը կը ստանձնէր քաղաքական գործիչներուն ծածկանուններ տալու պարտականութիւնը՝ իւրաքանչիւրին անունը կապելով որոշ ծաղիկի մը ։ Ան կը պատմէ, որ այդ կինը նաեւ “collage”-ներ կը պատրաստէր՝ քաղաքական գործիչներուն դէմքերուն ետեւ ծաղկաթերթեր փակցնելով։ Այս “collage”-ները իբր թէ ոչնչացուած են, իսկ Ռաատ, պահպանուած արխիւային լուսանկարներու հիմամբ, վերակազմած է զանոնք։

Լրատուամիջոցներուն մէջ, այս գործիչները սովորաբար կը ներկայանան իբրեւ ուժեղ, ինքնավստահ եւ իշխանութիւն խորհրդանշող տղամարդիկ՝ իրենց առնականութիւնը շեշտող կեցուածքներով ու պատկերներով:  Ռաատի գործերուն մէջ, սակայն, անոնց դէմքերը կը յայտնուին վարդագոյն կամ կապոյտ ծաղիկներու քնարական պատկերներուն մէջ։ Կարծես Ռաատ զանոնք կը զրկէ այն լրջութենէն եւ հեղինակութենէն, զորս իրենք կը փորձեն ամեն գնով պահպանել։

Երկրորդ գործը, որուն մասին կ՚ուզեմ խօսիլ, Far from quieting շարքն է, որուն կեդրոնը Եասէր Արաֆաթի անձն ու կեանքն են։ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան` “PLO” -ի առաջնորդը, իսրայէլեան մահափորձերու մշտական սպառնալիքին տակ ապրելով, ըստ TIME պարբերականին 1988-ին վարած հարցազրոյցին, ամէն գիշեր տարբեր ննջասենեակի մը մէջ կը քնանար։

Far from Quieting (1969–2026) —Եասէր Արաֆաթի ննջասենեակներէն մէկը։

Ռաատ, իբր թէ,  շուրջ երեսուն տարի փնտռած է այն տուներն ու մահճակալները, ուր Արաֆաթ գիշերած է։ Երկարատեւ պրպտումներէ ետք, ան կը յայտնաբերէ ննջասենեակներու կարգ մը լուսանկարներ։ Ցուցադրութեան ընթացքին այցելունները հրաւիրուած էին կռահելու, թէ իւրաքանչիւր սենեակ ո՛ր երկրին կը պատկանի, եւ երեւակայելու, թէ Արաֆաթ իր կեանքի ո՞ր հանգրուանին, ի՞նչ քաղաքական իրադարձութիւններու կամ բանակցութիւններու ընթացքին հոն գիշերած կրնայ ըլլալ։

 Ռաատ կը պատմէ Արաֆաթի մշտական փախուստի, վտանգաւոր, փորձանաւոր առօրեային  մասին, սակայն այդ կեանքը կը ներկայացնէ խաղաղ, լուռ եւ երբեմն նոյնիսկ գեղատեսիլ ննջասենեակներու պատկերներով։

Ննջասենեակը` որ սովորաբար, մտերմութեան եւ ապահովութեան վայր կը համարուի, հո’ս ուրուական պատկերի, կամ անբաղձալի անցեալի յիշողութիւն մը կը դառնայ, ուր ո՛չ հանգիստը, ո՛չ ալ առանձնանալու իրաւունքը կրնայ իրականութիւն դառնալ։

Ցուցահանդէսի աւարտին` որոշեցի մօտենալ Ուալիտ Ռաատին եւ համարձակեցայ երեսին ըսել այն, ինչ որ մտքիս մէջ ունէի. «Քեզի համար մտահոգիչ եւ անընդունելի չէ՞, որ այս բոլոր քոլաժները պատրաստած եւ քաղաքական գործիչներուն ծածկանունները որոշող կնոջ անունը բնաւ չյիշեցիր։ Խնդիր մը չէ՞, որ ուրիշի կատարած աշխատանքային ոճը կը սեփականացնես, եւ կը հպարտանաս։ Ուալիտ Ռաատ, անշուշտ, բացատրեց, որ ինք յօրինած էր այդ կնոջ պատմութիւնը, եւ թէ ան գոյութիւն չէ ունեցած։ Անոր պատմելու ձեւին մէջ այնքան համոզում եւ վստահութիւն կար, որ հանդիսատեսներուն մեծամասնութիւնը, նոյնիսկ՝ լիբանանցիները, չկրցան նշմարել այն իրողութիւնը, թէ իրենց լսած տեղեկութիւններուն մէկ մասը իրական չէր:     

Ռաատի առասպելները քմածին կեղծիքներ չեն, այլ՝ գեղարուեստական եւ քաղաքական ռազմավարութիւն մը, որուն միջոցաւ ան կը բացայայտէ ճշմարտութեան խոցելիութիւնն ու փաստագրական նիւթերուն հանդէպ հասարակութեան անվերապահ վստահութիւնը։ Անոր գործը նոր իմաստ եւ թարմութիւն կը ստանայ արուեստական իմացականութեան դարաշրջանին, երբ ճշմարիտ վաւերագիրն ու կեղծը զանազանելը հետզհետէ կը դժուարանայ։

Հրանդ Գալեմքէրեան

 

Հրանդ Գալեմքէրեան ծնած է 2002-ին, Լիբանան։ Շրջանաւարտ է Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն։ Դպրոցական տարիներուն աշխատակցած է ճեմարանի աշակերտներուն կողմէ հրատարակուող «Ջահակիր» պարբերաթերթին։
Լիբանանի պետական համալսարանին մէջ ուսանած է «Plastic Arts», որ նաեւ կ’ընդգրկէ փիլիսոփայութիւն, քանդակագործութիւն եւ գեղանկարչութիւն։ Ներկայիս ուսումը կը շարունակէ Ֆրանսա, ուր կը հետեւի գեղարուեստի մարզին, Նանթի արուեստից համալսարանին մէջ։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x