Նախորդ երկու յօդուածներով փորձեցինք զանազանել պատմական վաստակը ներկայացուցչական լիազօրութենէն, ապա անդրադարձանք կազմակերպուած հայկական կեանքին եւ կազմակերպական կառոյցներէն դուրս գտնուող սփիւռքին միջեւ գոյութիւն ունեցող անջրպետին։
Այսօր հարց կու տանք. ինչպէ՞ս կարելի է ժողովրդավարական ներկայացուցչութիւն ձեւաւորել այնպիսի հաւաքականութեան մը մէջ, որ չունի հասարակաց քաղաքացիութիւն, միասնական ընտրական համակարգ կամ հասարակաց քաղաքական տարածք։
Հարցը միայն այն չէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ընտրել սփիւռքի ներկայացուցիչները։ Անկէ առաջ անհրաժեշտ է հասկնալ, թէ ի՛նչ նպատակով պիտի ընտրուին անոնք, որո՛նց անունով պիտի գործեն, ի՛նչ լիազօրութիւններ պիտի ունենան եւ ինչպէ՛ս պիտի ձեւաւորուի այն հաւաքական կամքը, զոր կոչուած պիտի ըլլան արտայայտելու։
Ներկայացուցչութիւն՝ ի՞նչ նպատակով
Սփիւռքի ներկայացուցչութեան մասին քննարկումները յաճախ կը կեդրոնանան ներկայացուցչական մարմիններու կազմաւորման վրայ՝ առանց բաւարար չափով յստակացնելու անոնց առաքելութիւնը։
Հայերէնի ուսուցման զարգացումը, մշակութային համագործակցութիւնը, համայնքային կարիքներու հոգացումը, հասարակաց ֆինանսական միջոցներու տնօրինումը, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները եւ միջազգային մակարդակի վրայ հայկական շահերու պաշտպանութիւնը տարբեր բնոյթի խնդիրներ են։ Պայման չէ, որ անոնք ներկայացուցչութեան նոյն համակարգը պահանջեն։
Կրթական ոլորտի մէջ ձեռք բերուած հեղինակութիւնը ինքնաբերաբար քաղաքական ներկայացուցչութեան իրաւունք չի շնորհեր, ինչպէս որ բարեգործական գործունէութեան վաստակը ինքնին չի լիազօրեր անհատ մը կամ հաստատութիւն մը՝ ամբողջ համայնքի անունով խօսելու։ Ներկայացուցչութեան ձեւը եւ լիազօրութեան սահմանները, հետեւաբար, պէտք է համապատասխանեն այն նպատակին, որուն համար կը ստեղծուի ներկայացուցչական մարմինը։
Հաւաքական կամքը կը յայտնաբերե՞նք, թէ՞ կը ձեւաւորենք
Սփիւռքի ներկայացուցչութեան մասին քննարկումները յաճախ կը մեկնին այն ենթադրութենէն, թէ գոյութիւն ունի հաւաքական կամք մը, որ անհրաժեշտ է արտայայտել։ Բայց արդեօք այդպիսի կամք մը գոյութիւն ունի՞։ Տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերը կրնան ունենալ հասարակաց պատմական յիշողութիւն եւ ազգային պատկանելիութեան զգացում՝ առանց անպայման նոյն պատկերացումները ունենալու կրթութեան, մշակոյթի, քաղաքականութեան կամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մասին։
Ժողովրդավարական մտածողութեան մէջ հաւաքական կամքը չի նշանակեր միաձայնութեան առկայութիւնը։ Անիկա կրնայ ձեւաւորուիլ քննարկումներու, բանակցութիւններու, փոխադարձ զիջումներու եւ որոշումներու կայացման ընդունուած ընթացակարգերու միջոցով։ Հետեւաբար, պայման չէ, որ հաւաքական կամքը նախապէս գոյութիւն ունեցող իրականութիւն մը ըլլայ։ Ան կրնայ հասարակական գործընթացի մը արդիւնքը ըլլալ։
Աւելի՛ն. ժողովրդավարական գործընթացին նպատակը միշտ հասարակաց կամք մը ձեւաւորելը չէ։ Անիկա կրնայ նաեւ տարբեր եւ նոյնիսկ հակադիր տեսակէտներու գոյակցութիւնը կարելի դարձնել՝ առանց պարտադրելու անոնց միաձուլումը։
Սփիւռքի ժողովրդավարական կազմակերպման յաջողութիւնը, հետեւաբար, պէտք չէ չափել միայն ձեռք բերուած համաձայնութիւններով, այլեւ տարակարծութիւնները յարգելու եւ անոնց առկայութեան պայմաններուն մէջ համատեղ գործելու կարողութեամբ։
Ո՞վ պիտի ընտրէ եւ ի՞նչ սկզբունքներով
Ենթադրենք, որ կարելի եղաւ համասփիւռքեան ընտրութիւններ կազմակերպել։ Անմիջապէս պիտի ծագի ընտրելու իրաւունքի խնդիրը։ Ո՞վ պիտի ընդգրկուի ընտրողներու ցանկին մէջ։ Հայկական ծագում ունեցող իւրաքանչիւր ա՞նձ, ինքզինք հայ համարող իւրաքանչիւր անհա՞տ, թէ՞ հայկական կեանքին գործնապէս մասնակցող մարդիկ։ Այս հարցումները վարչական մանրամասնութիւններ չեն։ Անոնք կը վերաբերին այն հասարակութեան սահմանումին, որուն համար կը նախատեսուի ներկայացուցչական համակարգը։

Միւս հարցը համայնքներու համեմատական ներկայացուցչութիւնն է։ Եթէ ներկայացուցչութիւնը հիմնուի բացառաբար բնակչութեան թիւին վրայ, մեծ համայնքները կրնան գերակշռել փոքր համայնքներուն վրայ։ Իսկ եթէ բոլոր համայնքներուն հաւասար ներկայացուցչութիւն տրուի, կրնայ անտեսուիլ անհատներու քուէներուն հաւասարութեան սկզբունքը։
Անհրաժեշտ պիտի ըլլայ նաեւ ճշդել, թէ ինչպէ՛ս պիտի պաշտպանուին փոքրամասնութեան տեսակէտները եւ ի՛նչ նշանակութիւն պիտի ունենայ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը։ Եթէ համայնքի մը անդամներուն միայն փոքր տոկոսը մասնակցի, ի՞նչ չափով ընտրուած մարմինը կրնայ յաւակնիլ ներկայացնելու ամբողջ համայնքը։
Սակայն այստեղ կը ծագի աւելի հիմնական հարց մը։ Եթէ Սփիւռքը տակաւին չունի համընդհանուր ճանաչում վայելող ներկայացուցչական մարմին մը, ո՞վ իրաւունք պիտի ունենայ սահմանելու այդ մարմինին կազմաւորման կանոնները։ Ներկայացուցչական համակարգի մը ստեղծումը, հետեւաբար, կը պահանջէ նախապատրաստական լայն գործընթաց մը, որուն մասնակցութեան պայմանները, լիազօրութեան սահմանները եւ որոշումներու ընդունման եղանակները նոյնպէս պէտք է յստակացուին։
Ո՞վ պիտի ունենայ ընտրուելու իրաւունք
Ընտրելու իրաւունքին կողքին գոյութիւն ունի ոչ նուազ կարեւոր հարց մը՝ ընտրուելու իրաւունքը։ Ո՞վ պիտի կարենայ իր թեկնածութիւնը առաջադրել իբրեւ Սփիւռքի ներկայացուցիչ։ Արդեօք հայկական ծագումը կամ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը բաւարա՞ր պայմաններ են, թէ՞ թեկնածուն պէտք է նաեւ ունենայ հայերէնի իմացութիւն, համայնքային գործունէութեան փորձառութիւն, մասնագիտական պատրաստութիւն կամ ազգային ծառայութեան վաստակ։
Անհրաժեշտ է այստեղ զանազանել թեկնածու ըլլալու իրաւունքը եւ ներկայացուցիչ ըլլալու արժանիքները։ Թեկնածուի մը գիտելիքները, կարողութիւնները, փորձառութիւնն ու ազգային նուիրումը կրնան կարեւոր դեր ունենալ ընտրողներուն կողմնորոշման մէջ։ Սակայն արդեօք անոնք պէ՞տք է վերածուին թեկնածութեան պարտադիր պայմաններու։ Եւ եթէ այո՛, ո՞վ պիտի գնահատէ թեկնածուներուն համապատասխանութիւնը այդ պայմաններուն։
Յատկապէս կարեւոր է անկախ թեկնածուներու հարցը։ Հայկական որեւէ կազմակերպութեան չպատկանող անհատ մը պէ՞տք է ունենայ ընտրուելու նոյն կարելիութիւնը, ինչ որ ունի տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող հաստատութեան մը ներկայացուցիչը։ Եթէ թեկնածութեան առաջադրումը կախեալ ըլլայ գոյութիւն ունեցող կազմակերպութիւններու հաւանութենէն, ապա ժողովրդավարական նոր համակարգը կրնայ վերարտադրել ներկայ կազմակերպական համակարգին սահմանափակումները։
Միւս կողմէ, թեկնածութիւն առաջադրելու իրաւունքի հաւասարութիւնը տակաւին չի նշանակեր մրցակցութեան պայմաններու հաւասարութիւն։ Կազմակերպական լայն ցանցեր, ֆինանսական միջոցներ եւ հանրային ճանաչում ունեցող թեկնածուները կրնան անկախ թեկնածուներէն աւելի առաւելութիւն ունենալ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է մտածել նաեւ ընտրապայքարի ֆինանսաւորման, թեկնածուներու տեսակէտներու հրապարակման եւ ընտրողներուն հետ հաղորդակցելու համեմատաբար հաւասար կարելիութիւններու մասին։ Ժողովրդավարական համակարգի մը մէջ կարեւոր է ոչ միայն այն, թէ ո՛վ ընտրելու իրաւունք ունի, այլեւ թէ ո՛վ կրնայ ընտրուիլ։
Ընտրուած ներկայացուցիչը որո՞ւ կը ներկայացնէ
Ենթադրենք, որ հայկական կազմակերպութեան մը ղեկավարը, հոգեւորական մը, գործարար մը կամ քաղաքական կուսակցութեան մը անդամ ընտրուեցաւ համայնքային ընդհանուր ընտրութիւններու միջոցով։ Ան պիտի ներկայացնէ՞ իր պատկանած կազմակերպութիւնը, իրեն քուէ տուած ընտրողները, թէ՞ ամբողջ համայնքը։ Անհատի մը կազմակերպական պատկանելիութիւնը եւ ընտրական լիազօրութիւնը նոյնը չեն։ Կազմակերպութեան մը կողմէ լիազօրուած ներկայացուցիչը եւ համայնքի մը ընտրողներուն կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչը կրնան ունենալ տարբեր պարտաւորութիւններ։
Անհրաժեշտ է անդրադառնալ նաեւ շահերու բախման հարցին։ Անհատ մը կրնա՞յ միաժամանակ ղեկավարել հայկական հաստատութիւն մը եւ մաս կազմել այն ներկայացուցչական մարմինին, որ կոչուած է գնահատելու այդ հաստատութեան գործունէութիւնը կամ որոշելու անոր ֆինանսական աջակցութեան չափը։
Այս հարցերը չեն նշանակեր, թէ կազմակերպական ղեկավարները, հոգեւորականները կամ գործարարները պէտք է զրկուին ընտրուելու իրաւունքէն։ Անոնք կը մատնանշեն ներկայացուցչական լիազօրութեան սահմանները, պարտաւորութիւնները եւ շահերու բախման պարագաները յստակացնելու անհրաժեշտութիւնը։
Բազմակեդրոն ներկայացուցչութիւն
Սփիւռքի ժողովրդավարական կազմակերպման մասին մտածելու ատեն պայման չէ մեկնիլ համաշխարհային կեդրոնական մարմին մը ստեղծելու գաղափարէն։ Կարելի է պատկերացնել բազմակեդրոն համակարգ մը, ուր ներկայացուցչութիւնը կը ձեւաւորուի ըստ համայնքներու, մասնագիտական ոլորտներու եւ հասարակաց հարցերու։

Օրինակ՝ հայկական կրթական հաստատութիւնները, ուսուցիչները եւ ծնողները կրնան մասնակցիլ կրթական քաղաքականութիւն մշակող մարմիններու աշխատանքներուն։ Մշակութային հաստատութիւններն ու արուեստագէտները կրնան մշակել համագործակցութեան իրենց համակարգերը։ Տարբեր համայնքներ կրնան համատեղ մարմիններ ստեղծել հասարակաց խնդիրներու լուծման համար։
Այս մօտեցումը կը նշանակէ, որ նոյն անհատը կրնայ մասնակցիլ ներկայացուցչական տարբեր համակարգերու՝ ըստ իր հետաքրքրութիւններուն, մասնագիտութեան եւ հասարակական ներգրաւուածութեան։
Սակայն բազմակեդրոն համագործակցութիւնը ինքնաբերաբար չի վերածուիր ժողովրդավարական ներկայացուցչութեան։ Մասնագիտական կամ համայնքային մարմին մը ներկայացուցչական բնոյթ կը ստանայ միայն այն ատեն, երբ յստակ է, թէ որո՛նք կը ներկայացնէ, ինչպէ՛ս ստացած է իր լիազօրութիւնը, ի՛նչ հարցերու շուրջ իրաւունք ունի գործելու եւ որո՛ւ առջեւ հաշուետու է։
Յատկապէս կարեւոր է, որ այս համակարգը ըլլայ բաց կազմակերպութիւններէն դուրս գտնուող հայերուն առջեւ։ Մասնակցիլ փափաքող անհատներու կամաւոր արձանագրութիւնը, բաց հանրային խորհրդակցութիւնները եւ որոշակի հարցերու շուրջ ուղղակի մասնակցութիւնը կրնան այդ ուղղութեամբ նոր կարելիութիւններ ստեղծել։ Եթէ մասնակցութեան իրաւունքը դարձեալ պայմանաւորուի կազմակերպական պատկանելիութեամբ, ապա նոր համակարգը պիտի վերարտադրէ այն անջրպետը, զոր կը փորձէ յաղթահարել։
Բազմակեդրոն համակարգը չի նշանակեր անկազմակերպ գործունէութիւն։ Ան կը պահանջէ համագործակցութեան յստակ կանոններ, տարակարծութիւններու լուծման միջոցներ եւ հասարակաց որոշումներու կայացման ընդունուած ընթացակարգեր։ Նպատակը Սփիւռքի բազմազանութիւնը մէկ ձայնի վերածելը չէ, այլ տարբեր ձայներու համատեղ գործունէութիւնը կարելի դարձնելը։
Խորհրդակցութի՞ւն, թէ՞ որոշում
Ներկայացուցչական համակարգերու մշակման ընթացքին անհրաժեշտ է տարբերել խորհրդակցական եւ որոշում կայացնող մարմինները։
Համասփիւռքեան խորհրդակցական հարթակ մը կրնայ օգտակար դեր ունենալ տեղեկութիւններու փոխանակման, առաջնահերթութիւններու ճշդումին եւ հասարակաց նախաձեռնութիւններու մշակման մէջ։ Սակայն խորհրդակցութեան մասնակցիլը ինքնաբերաբար չի նշանակեր պարտաւորեցնող որոշումներ կայացնելու իրաւունք ունենալ։ Եթէ, օրինակ, կրթական համագործակցութեան մարմին մը կը մշակէ հայերէնի ուսուցման ծրագիր մը, այդ ծրագրին գործադրութիւնը կրնայ հիմնուիլ մասնակից հաստատութիւններուն համաձայնութեան վրայ՝ առանց պարտադրուելու հայկական բոլոր վարժարաններուն։
Նոյն սկզբունքը կը վերաբերի ֆինանսական միջոցներու տնօրինման։ Մարմին մը կրնայ որոշումներ կայացնել իրեն վստահուած միջոցներուն մասին, բայց այդ լիազօրութիւնը ինքնաբերաբար չի տարածուիր այլ հաստատութիւններու սեփական միջոցներուն վրայ։
Սփիւռքի պարագային յատկապէս կարեւոր է գիտակցիլ, որ մասնակցութիւնը, համագործակցութիւնը, ներկայացուցչական լիազօրութիւնը եւ պարտաւորեցնող որոշումներ կայացնելու իրաւասութիւնը տարբեր հասկացութիւններ են։ Մէկը ինքնաբերաբար չի բխիր միւսէն։ Այս տարբերակումը կարելի կը դարձնէ համագործակցութեան զարգացումը՝ առանց նախապէս համասփիւռքեան իշխանութեան համակարգ մը ստեղծելու։
Ժողովրդավարութիւնը միայն քուէարկութիւն չէ
Ժողովրդավարական համակարգի մը կենսունակութիւնը կը չափուի ոչ միայն ընտրութիւններով, այլեւ ընտրութիւններուն միջեւ ինկած ժամանակամիջոցին հասարակութեան ունեցած դերակատարութեամբ։ Արդեօք մարդիկ կրնա՞ն մասնակցիլ օրակարգերու ձեւաւորման, ծանօթանալ որոշումներու հիմնաւորումներուն, քննադատել իրենց ներկայացուցիչները եւ առաջարկել այլընտրանքներ։
Հանրային խորհրդակցութիւններու կազմակերպումը, որոշումներու եւ ֆինանսական հաշիւներու հրապարակումը, պատասխանատուներու պաշտօնավարման ժամկէտներու սահմանումը եւ անոնց գործունէութեան պարբերական գնահատումը կրնան աստիճանաբար զարգացնել մասնակցութեան ու հաշուետուութեան մշակոյթ մը։
Սակայն թափանցիկ եւ արդիւնաւէտ կառավարուող հաստատութիւն մը անպայման ժողովրդավարական հաստատութիւն մը չէ։ Ան կրնայ հրապարակել իր բոլոր ֆինանսական հաշիւները եւ կազմակերպել հանրային խորհրդակցութիւններ, մինչ իր ղեկավարները կը շարունակեն նշանակուիլ սահմանափակ շրջանակի մը կողմէ։
Ժողովրդավարական ներկայացուցչութեան հիմնարար սկզբունքն այն է, որ ներկայացուցչական լիազօրութիւնը բխի ներկայացուողներուն կամքէն՝ արտայայտուած քուէարկութեամբ կամ այլ յստակ միջոցներով։
Թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը չեն փոխարիներ ներկայացուողներուն իրաւունքը՝ ընտրելու իրենց ներկայացուցիչները, չվերանորոգելու անոնց լիազօրութիւնը կամ սահմանուած պայմաններու համաձայն զանոնք փոխարինելու։
Առանց այս սկզբունքներուն՝ նոյնիսկ ընտրովի նոր կառոյցները կրնան վերարտադրել հին խնդիրները՝ նոր անուններով։
Համասփիւռքեան ընտրութիւններու իրաւական եւ գործնական մարտահրաւէրները
Սփիւռքի ժողովրդավարական ներկայացուցչութեան հարցն ունի նաեւ իրաւական երես մը, որ կարելի չէ անտեսել։
Ի տարբերութիւն պետութեան մը քաղաքացիներուն՝ սփիւռքահայերը չեն ապրիր միասնական իրաւական համակարգի մը ներքեւ։ Անոնք տարբեր պետութիւններու քաղաքացիներ կամ բնակիչներ են եւ ենթակայ են համապատասխան երկիրներու օրէնսդրութիւններուն։ Հետեւաբար, համասփիւռքեան ընտրութիւններու կազմակերպման գաղափարը կը յառաջացնէ ոչ միայն կազմակերպչական, այլեւ իրաւական հարցումներ։

Արդեօք իւրաքանչիւր երկրի հայ համայնքը իրաւունք ունի՞ համահամայնքային ընտրութիւններ կազմակերպելու։ Ո՞ր հաստատութիւնը իրաւասու պիտի ըլլայ կազմելու ընտրողներու ցանկերը, սահմանելու մասնակցութեան պայմանները եւ վաւերացնելու քուէարկութեան արդիւնքները։ Իսկ իրենց բնակած երկրի քաղաքացիութիւնը չունեցող հայերը պիտի կարենա՞ն մասնակցիլ այդ ընտրութիւններուն։
Այստեղ անհրաժեշտ է զանազանել պետական ընտրութիւնները համայնքային ներկայացուցչական մարմիններու ընտրութիւններէն։ Համասփիւռքեան ներկայացուցչական կառոյցի մը ձեւաւորումը չ՚ենթադրեր պետական իշխանութեան վերապահուած լիազօրութիւններու ստանձնում։ Նպատակը աշխարհագրականօրէն ցրուած հաւաքականութեան մը կարելիութիւն ընձեռելն է՝ կազմակերպուելու իր հասարակական, մշակութային եւ ազգային հարցերուն շուրջ։
Սակայն նոյնիսկ այս պարագային համայնքները պարտին գործել իրենց բնակած երկիրներու իրաւական սահմաններուն մէջ։ Երկիր մը կրնայ թոյլատրել համայնքային լայն մասնակցութեամբ ընտրութիւններու կազմակերպումը, մինչ ուրիշ երկիր մը կրնայ սահմանափակել նոյնիսկ համայնքային կազմակերպութիւններու անդամակցութիւնը կամ անոնց մասնակցութիւնը միջազգային կառոյցներու գործունէութեան։
Համայնքի մը կողմէ ժողովրդավարական եղանակով լիազօրուած մարմինը ինքնաբերաբար չի ստանար այդ համայնքին անունով պետական իշխանութիւններուն առջեւ պաշտօնապէս գործելու իրաւասութիւն։ Ժողովրդավարական լիազօրութիւնը եւ պետական ճանաչումը տարբեր հարցեր են։
Թուային քուէարկութիւնը եւս ինքնին չի լուծեր իրաւական սահմանափակումներու խնդիրը։ Ան կը դիւրացնէ աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու անհատներու մասնակցութիւնը, բայց չի վերացներ տեղական օրէնսդրութիւններէն բխող սահմանափակումները։ Աւելին՝ կը յառաջացնէ անձնական տուեալներու պաշտպանութեան եւ մասնակիցներու ինքնութեան ստուգման առնչուող նոր հարցեր։
Հետեւաբար, պայման չէ, որ համասփիւռքեան ներկայացուցչական համակարգ մը ամէն երկրի մէջ գործէ ընտրական միեւնոյն եղանակով։ Կարելի է պատկերացնել ընդհանուր սկզբունքներու վրայ հիմնուած համակարգ մը, որուն շրջանակին մէջ իւրաքանչիւր համայնք իր ներկայացուցիչներուն ընտրութեան կամ լիազօրման եղանակը կը սահմանէ՝ տեղական օրէնսդրութեան ընձեռած կարելիութիւններուն համաձայն։
Այստեղ, սակայն, կը ծագի այլ հարց մը. ինչպէ՞ս ապահովել, որ տարբեր եղանակներով ձեւաւորուած ներկայացուցչական մարմիններու լիազօրութիւնները հիմնուած ըլլան ժողովրդավարական ընդհանուր սկզբունքներու վրայ։ Ինչպէ՞ս կանխել, որ իրաւական սահմանափակումները պատրուակ դառնան նեղ շրջանակներու կողմէ ներկայացուցիչներ նշանակելու եւ համայնքի լայն խաւերը մասնակցութենէ զրկելու համար։
Համասփիւռքեան ներկայացուցչութեան կառուցումը, ուրեմն, կը պահանջէ ոչ միայն ժողովրդավարական ընդհանուր սկզբունքներու շուրջ համաձայնութիւն, այլեւ տարբեր երկիրներու համապատասխան օրէնսդրութիւններուն ուսումնասիրութիւն։ Համակարգին միասնականութիւնը պայմանաւորուած չէ ընտրական ընթացակարգերուն նոյնութեամբ, այլ անոնց հիմքը կազմող սկզբունքներուն ընդհանրութեամբ։
Ուրկէ՞ սկսիլ
Սփիւռքի ժողովրդավարական կազմակերպումը պէտք չէ անպայման սկսի համասփիւռքեան խորհրդարանի մը կամ կեդրոնական ներկայացուցչական մարմինի մը ստեղծումով։ Կարելի է նախ փորձարկել սահմանափակ, բայց յստակ նպատակներ ունեցող մասնակցային համակարգեր՝ տեղական համայնքներու կամ մասնագիտական ոլորտներու մակարդակով։
Օրինակ՝ համայնք մը կրնայ մշակութային ծրագրերու առաջնահերթութիւնները ճշդելու նպատակով ստեղծել մասնակցային մարմին մը, որուն կազմաւորման կրնան մասնակցիլ թէ՛ կազմակերպութիւններու անդամները եւ թէ՛ անկախ անհատները։ Նախապէս կը սահմանուին մասնակցութեան ու թեկնածութեան պայմանները, ընտրութեան եղանակը, մարմինին լիազօրութիւնները եւ հաշուետուութեան պարտաւորութիւնները։
Այսպիսի փորձառութիւններու միջոցով կարելի պիտի ըլլայ գնահատել, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կը մասնակցին, ինչպէ՛ս կը լիազօրեն իրենց ներկայացուցիչները, ինչպէ՛ս կը լուծեն տարակարծութիւնները եւ ինչպէ՛ս հաշիւ կը պահանջեն որոշում կայացնողներէն։
Յաջող փորձառութիւնները կրնան հիմք ծառայել աւելի ընդգրկուն ներկայացուցչական համակարգերու ստեղծման՝ առանց կանխաւ ենթադրելու, թէ ամբողջ Սփիւռքը պէտք է ունենայ մէկ քաղաքական կամ կազմակերպական կեդրոն։

Ներկայացուցչութիւնը՝ իբրեւ շարունակական գործընթաց
Սփիւռքի ժողովրդավարական բացը կարելի չէ լրացնել պարզապէս ընտրութիւններ կազմակերպելով կամ համասփիւռքեան նոր մարմին մը ստեղծելով։ Անհրաժեշտ է զարգացնել մասնակցութեան, երկխօսութեան եւ հաշուետուութեան այնպիսի մշակոյթ մը, որ տարբեր համայնքներու, կազմակերպութիւններու եւ անհատներու կարելիութիւն ընձեռէ համատեղ որոշումներ առնելու եւ գործելու՝ առանց անտեսելու անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները։
Այս տեսանկիւնէն ժողովրդավարական ներկայացուցչութիւնը ոչ թէ պատրաստի կառոյց մըն է, այլ շարունակաբար զարգացող գործընթաց մը։
Սփիւռքի ժողովրդավարական կազմակերպման նպատակը պէտք չէ ըլլայ ամէն գնով բոլոր հայերուն անունով խօսող մարմին մը ստեղծելը, այլ իւրաքանչիւր հայու համար մասնակցելու, ընտրելու, ընտրուելու եւ իր ներկայացուցիչները լիազօրելու իրական կարելիութիւններ ապահովելը՝ յարգելով նաեւ չմասնակցելու անոր իրաւունքը։
Թերեւս առաջին քայլը պէտք է ըլլայ ոչ թէ ներկայացուցիչներու ընտրութիւնը, այլ այն պայմաններուն ստեղծումը, որոնց շնորհիւ ընտրութիւնը կրնայ ստանալ ժողովրդավարական բովանդակութիւն եւ ներկայացուցչական իրական նշանակութիւն։
Այս հարցադրումը մեզ կը տանի շարքին յաջորդ խնդրին. ի՞նչ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սփիւռքի ժողովրդավարական կազմակերպման այս գործընթացին մէջ։
Վ.Թէնպէլեան


